Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

February 16, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպանորդ՝ Պրն. Հայտար Ալի Ահմատը, որ դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ:

Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակը: Պրն. դեսպանորդը անդրադարձաւ Սուրիոյ երկրէն ներս օտար պետութեանց ժխտական միջամտութիւններուն քաղաքական ու զինուորական իմաստով, յատկապէս թուրքիոյ խաղացած վատ ու քանդիչ դերին եւ տնտեսական ահաւոր վիճակին:

Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ յանուն հայութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Պետութեան, որ 1915-ի ջարդերէն ետք, աքսորեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն տէր դարձաւ եւ կը շարունակէ իր սիրալիր գուրգուրանքը մինչեւ օրս: Միեւնոյն ժամանակ ցաւ յայտնեց Սուրիոյ նման հիւրընկալ երկրի մը աւերման ու հազարաւոր մարդոց սպաննման, ինչպէս նաեւ պարտադրուած գաղթին: Սրբազանը նաեւ իր ընդվզումը յայտնեց անմարդկային դէպքերուն, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման, սրբավայրերու պղծման ու յատկապէս Տէր Զօրի յուշահամալիրի ականահարման քանի մը տարի առաջ:

Սրբազանն ու Պրն. Դեսպանորդը լաւագոյն խօսքերով անդրադարձան արաբ եւ հայ ժողովուրդներու սերտ բարեկամութեան եւ Սուրիոյ հայրենիքին կառչած մնալու իրենց կամքին ու վերածաղկման հաւատքին:

Աւարտին, Պրն. դեսպանորդը Սրբազան Հօր յանձնեց յուշանուէր մը

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

16 Փետրուար 2022

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աշխարհասփիւռ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 44-րդ Առցանց Լսարան. Ղազախստանը` Թուրանի Կարեւոր Երկիրներէն Մէկը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.