Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 27, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Աւետարանական Համայնքի Պատասխանատուներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

19 յունուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանը, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանը եւ փոխնախագահ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը:

Տօնական օրերու փոխադարձ բարեմաղթութիւններու կողքին, հիւրերը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան եւ այս առիթով առաջնորդ սրբազան հօր յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` վերանորոգ թափով շարունակելու լիբանանահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները եւ կարելի փութկոտութեամբ օգնութեան նոր ձեռք մեկնելու Լիբանան ապրող հայ ազգի բոլոր զաւակներուն:

Սուրիա

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Անձնակազմին Հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ` «Սփիւռքի Տարուան» Առիթով

Շաբաթ, 22 յունուար 2022-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի վարչութեան, տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ երրորդ ու չորրորդ կարգերու ուսանողներուն հետ, Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ազգային գործիչ, դասախօս Աւօ Գաթրճեան եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի անձնակազմին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այդ հանդիպումին առիթով:

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան ներկայացուց Հայագիտական հիմնարկին առաքելութիւնը, յատկապէս` հայ դպրոցները հայերէնաւանդ ուսուցիչներով օժտելու դերակատարութիւնը:

Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան ծանօթացուց հիմնարկին դասախօսական կազմը` ներկայացնելով իւրաքանչիւրին դասաւանդած նիւթը:

Սրբազան հօր հրաւէրով դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսին «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրէն բաժիններ կարդաց:

Մասիս եպիսկոպոս «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրին լոյսին տակ ընդգծեց Հայագիտական հիմնարկին յոյժ կարեւոր դերը հայախօսութեան, հայերէնագիտութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան գործընթացին մէջ: Ան պատուիրեց, որ վեհափառին հռչակագիրը հիմնարկի դասարաններէն ներս կարդացուի եւ դասախօսներուն ու ուսանողներուն միջեւ զրոյցի նիւթ դառնայ եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացնելու առիթ հանդիսանայ:

Ներկաները զրուցեցին հռչակագիրի կարեւոր կէտերուն շուրջ:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ հայ մնալը նախ եւ առաջ գիտակցութիւն է, ապա պատասխանատուութիւն եւ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ: Ան օրինակ բերաւ Սուրիոյ շրջաններու այն հայերը, որոնք թէեւ հայերէն խօսելու դժուարութիւն ունին, սակայն համախմբուելով հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին եւ միութիւններուն շուրջ` նուիրաբար կը ծառայեն հայ համայնքին եւ ազգին:

Ան մաղթեց, որ Հայագիտական հիմնարկը իր գործունէութիւնը ծաւալէ` ներառելով շրջաններէն եւս ուսանողներ, որպէսզի անոնք եւս զարգացնեն հայերէնի իրենց իմացութիւնն ու գիտելիքները:

Այնուհետեւ միաւորի վարչութեան ատենապետ Յովիկ Ղազարեան անդրադարձաւ Հայագիտական հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Հանդիպումի աւարտին Մասիս եպիսկոպոս գնահատելով հիմնարկի դասախօսական կազմը` յայտնեց, որ անոր աշխատանքը նուիրում է` ի նպաստ մեր ազգային արժէքներու պահպանման:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան, Հայագիտական հիմնարկի միաւորի Վարչութեան եւ տնօրէնութեան հետեւողական աշխատանքը` յատկապէս գնահատելով հայակերտումի շարունակուող երթը, հակառակ երկրի տնտեսական եւ առողջապահական ծանր պայմաններուն:

«Արմիս» Երաժշտանոցի Հիմնադրութեան 15-Ամեակ

Վերապատուելի համայնքապետ դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ իր կնոջ` Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մտայղացումով 2006 թուականին ծնունդ առած «ԱՐՄԻՍ» երաժշտանոցը իր անուանումը ստացած է հոգեւոր հովիւ, երգահան, երաժիշտ եւ գծանկարիչ վեր. Արմենակ Միսիրեանէն:

Հովանաւորութեամբ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի` 16 յունուարին Հայ աւետարանական Բեթէլ վերանորոգ  եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցան «Արմիս» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 15-ամեակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի տնօրէնուհի Թամար Սողոյեան, որ անդրադարձաւ «Արմիս»-ականներու վերելքին եւ երաժշտանոցի առաքելութեան:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի ուսուցիչները  եւ աշակերտները: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Լուսին Ապաճեան-Չիլաբօշեանի կողմէ պատրաստուած «Արմիս» երաժշտանոցի պատմականն ու ներկայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Մերթ ընդ մերթ տեսերիզով իրենց յիշատակները ներկաներուն հետ բաժնեկցեցան եւ շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ուղղեցին արտերկիր գտնուող երաժշտանոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ  ուսուցչական կազմի նախկին անդամներ:

Հանդիսութիւնը իր սրտի խօսքով եզրափակեց վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ նկատել տուաւ, որ երբ  մտադրած են հիմնել սոյն երաժշտանոցը, իրենց նպատակն էր ունենալ երաժշտական տուն մը, ուր երեխան կը ստանայ արուեստի գիտելիքներ, կը յղկէ իր ճաշակը ու կը դառնայ խոստմնալից երիտասարդ մը, աւելցնելով, որ տարիներու անխոնջ աշխատանքով, ինչպէս նաեւ նուիրեալ արուեստագէտներու ներկայութեամբ «Արմիս»-ը դարձաւ զարգացող երաժշտանոց մը:

Վերապատուելին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, որոնք մեծ հոգատարութեամբ եւ նուիրումով հայ երաժշտութիւնը հոգեհարազատ եւ անբաժանելի մէկ մասնիկը կը դարձնեն երեխային կեանքին:

Յունաստան

Հայաստան–Յունաստան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-Ամեակ

Նախաձեռնությամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ աջակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետարանին, Հայաստան-Յունաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով Աթէնքի կեդրոնական Օմոնիա հրապարակի շատրուանները լուսաւորուեցան հայկական եռագոյնի գոյներով:

Նոյն առիթով Կրետէ կղզիի Խանիա քաղաքի փարոսը եւ հիւսիս-արեւելեան Յունաստանի Աղեքսանդրապոլ քաղաքի քաղաքապետարանի շէնքը լուսաւորուեցան հայկական եռագոյնի գոյներով:

Յայտնենք, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւնները երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 30 տարի առաջ, 20 յունուար 1992-ին:

Թեհրան

Սրբազան Հօր Ընդունելութիւնները

* 11 յունուարին, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, սրբազան հայրը Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան մշակութային հարցերով տեղակալ Եասեր Ահմատվանտի այցելութիւնը:

Սրբազան հայրը մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութիւնը կառոյցի ամենամօտ բարեկամը համարելով հաստատեց այն ճշմարտութիւնը, որ երկկողմանի համագործակցութիւնները իրենց դրական ներդրումը կ՛ունենան Իրանի համար, աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը Իրանի մէջ ինքզինք փոքրամասութիւն չի համարեր եւ որպէս առաջին կարգի քաղաքացի` ինքզինք կը համարէ մեծամասնութեան ազդեցիկ մէկ մասնիկը: Սրբազանը անդրադառնալով տարծաշրջանին մէջ Իրանի ունեցած ազդեցութեան` մատնանշեց, որ ոչ թէ միայն կ՛աղօթեն երկրի բարգաւաճման ու բարօրութեան համար, այլ բոլոր միջազգային ատեաններուն մէջ կը պաշտպանեն Իրանի իրաւունքները:

Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ արտասահմանի եւ Իրանի մէջ կրօններու սրբութիւնները արհամարող անձնաւորութիւններուն, որոնք կը փորձեն խանգարել կրօններու համակեցութիւնը:

Դոկտ. Ահմատանտ իր երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը Իրանի կարեւոր մասնիկը կը համարուի, աւելցնելով, որ իրանի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի բաղկացուցիչ են հայերը:

Ան նաեւ յոյս յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի եւ նախարարութեան յարաբերութիւններու սերտացման, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան հարուստ մշակոյթի իրականացման` Իրանի կողմէ:

Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վահէ Թարոյեան անդրադարձաւ նախարարութեան եւ կառոյցին միջեւ նախկին յարաբերութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ միատեղ աշխատանքներով եւ համագործակցութեամբ կարելի ըլլայ ընդլայնել ապագայ աշխատանքներու բնագաւառը:

* 20 յունուարին սրբազան հայրը իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց ազգային բարերար, «Փիւնիկ» հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեանը,  որուն կ՛ընկերանային Հրանդ Եպիսկոպոսեան եւ Միքայէլ Համբարձումեան:

Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց Չէմպէրճեանը եւ ընկերակիցները: Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան մասին:

Ատրպատական

Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Մէջ Սրբապատկերի Օծում

14 յունուարին Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս երեկոյեան ժամերգութեան` կատարուեցաւ սրբապատկերի օծում` ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի:

Սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով օծելէ ետք Քրիստոսի խորհրդանշական պատկերը ներկայացնող սրբանկարը, տուաւ իր պատգամը: Ան բարձր գնահատեց սրբապատկերի նուիրատու Սեւատա Աբրահամեանին մտայղացումը` նման նուէր մը տրամադրելու: Սրբազան հայրը բացատրեց նաեւ մեր եկեղեցւոյ սրբապատկերներու ունեցած դերակատարութիւնը եւ յարգանքը` մաղթելով, որ նորօծ պատկերին առջեւ կանգնած եւ աղօթող իւրաքանչիւր անձ երկնային անտեսանելի զօրութեամբ ստանայ իր բարի խնդրանքի անմիջական պատասխանը:

Ճափոն

Հայ Երաժշտութիւն Տարածող Ճափոնցի Երաժիշտները Կը Մեծարուին

Ճափոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար Թոքիոյի մէջ Կոմիտասի անուան երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մետալով, կը հաղորդէ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

Դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան դեսպանատան մէջ մետալը յանձնեց ճափոնցի երաժիշտին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապագայ ծրագիրները, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատելու 30-ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկները:

13 մարտին Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Աքիպայի եւ ջութակահար Քէիքօ Ուրուշիհարայի համերգը, որուն ընթացքին երաժիշտները պիտի կատարեն նաեւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները` հայ անուանի երգահանին 100-ամեակին արիթով:

Փարիզ

Փարիզի Մէջ Վայր Մը Պիտի Անուանուի Հրանդ Տինքի Անունով

Փարիզի քաղաքապետի Եւրոպայի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան հարցերու գծով տեղակալ Առնօ Նկաչա վերջերս տեղեկացուց, որ ազգայնամոլ թուրքի մը կողմէ սպաննուած պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս»-ի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով Փարիզի մէջ վայր մը պիտի կոչուի: Ան նկատել տուաւ, որ Փարիզը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ անոր յիշատակին` 13-րդ թաղամասին մէջ անոր անունով վայր մը անուանակոչելով:

Նկաչա նաեւ մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած եւ Տինքի յիշատակին նուիրուած առցանց ձեռնարկին` յիշեցելով, որ 15 տարի առաջ Պոլսոյ իր խմբագրատան առջեւ սպաննուած Տինքը արժանացած է Oxfam Novib մրցանակին` խօսքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման ուղղութեամբ կատարած աշխատանքին համար:

 

 

 

Նախորդը

Հոգեբանական Ժամանց. Ձեր Գծագրութիւնը Կը Պարզէ Ձեր Անձնասիրութիւնը

Յաջորդը

Նամակ «Վանայ Ձայն»-ին` «Ազդակ» Օրաթերթի Ճամբով

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?