Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Հայ դատի նամակը ԵԱՀԿ-ի յոյն երեսփոխաններուն

Փետրուար 11, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը բաց նա­մակ մը ու­ղար­կած է ԵԱՀԿ-ի մօտ ­Յու­նաս­տա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն, դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի սպառ­նա­լիք­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի դէմ եւ կոչ ու­ղղե­լով ԵԱՀԿ-ին մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րուն են­թար­կելու Ատր­պէյ­ճանն ու ա­նոր նա­խա­գա­հը։

­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս գրո­ւած է.

«­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը թի­րա­խա­ւո­րե­լէ ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը այս ան­գամ կը յար­ձա­կի ԵԱՀԿ-ի ­Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք յանձն ա­ռած են Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։

12 ­Յու­նո­ւար 2022-ին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն տո­ւած իր հար­ցազ­րոյ­ցին, Իլ­համ Ա­լիեւ, գո­ռո­զու­թեամբ եւ ար­հա­մա­րհան­քով, յայ­տա­րա­րեց իր մտադ­րու­թիւ­նը վերջ տա­լու ­Մինս­քի խում­բի խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ջան­քե­րուն։

Ա­ռա­ւել, ան հեգ­նան­քով յայ­տա­րա­րեց, որ հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րը բա­ցա­կայ են եւ պար­զա­պէս զբա­ղած են ­Խում­բի կազ­մու­թեան 30-ա­մեա­կի նշու­մի պատ­րաս­տու­թեամբ։ Ա­ւել­ցուց, որ ժա­մա­նա­կը հա­սած է, որ­պէս­զի ա­նոնք թո­շա­կի անց­նին ու այ­լեւս չզբա­ղին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րով, ո­րով­հե­տեւ մէկ կող­մէն ան թոյլ պի­տի չտայ զբա­ղե­լու, միւս կող­մէն՝ կը հա­ւա­տայ, որ Ար­ցա­խի խնդի­րը այ­լեւս լու­ծո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։

Իլ­համ Ա­լիե­ւի լրբու­թիւնն ու հեգ­նան­քը մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հան­դէպ յա­ռաջ կու գան վեր­ջի­նի ան­բա­ւա­րար հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն, ինչ­պէս նաեւ պա­տե­րազ­մա­կան յան­ձա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ ան­պատ­ժու­թե­նէն, ո­րոնք Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի դէմ։

Իլ­համ Ա­լիեւ կը նկա­տէ, որ Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան հաս­տա­տու­թիւ­նը մեծ խո­չըն­դոտ մըն է ի­րեն հա­մար։ ­Կը բա­ւէ վեր­յի­շել թէ ինչ­պէս ան 2014-ին ար­ժեզր­կեց ԵԱՀԿ-ի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը ­Պա­քո­ւի մէջ, մեր­ժեց ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ ի վեր­ջոյ յան­գե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան գրա­սե­նեա­կի փա­կու­մին։

2015-ի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ան սահ­մա­նա­փա­կեց ODIHR-ի (­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ԵԱՀԿ-ի գրա­սե­նեակ) դի­տորդ­նե­րու թի­ւը, ո­րուն պատ­ճա­ռով առ­կա­խո­ւե­ցաւ ամ­բողջ ա­ռա­քե­լու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը երկ­րէն ներս։ Իսկ, 2017-ին, իր ներ­կա­յա­ցու­ցած «վէ­թօ»-ին հե­տե­ւան­քով, պատ­ճառ դար­ձաւ ԵԱՀԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կի փա­կու­մին։
Իր զա­րան­ցան­քին մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը ան­գամ մը եւս խե­ղա­թիւ­րեց պատ­մու­թիւ­նը եւ ներ­կա­յա­ցուց իր սե­փա­կան ե­րե­ւա­կա­յա­կան վար­կա­ծը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­բար, դար­ձեալ սպառ­նաց, որ ե­թէ նկա­տէ ո­րե­ւէ տե­սա­կի վտանգ իր երկ­րին հա­մար, ան­մի­ջա­պէս պի­տի յար­ձա­կի ­Հա­յաս­տա­նի վրայ եւ պի­տի «ճզմէ» զայն։ Վ­տան­գա­ւոր ընբռ­նում­ներ՝ ո­րոնք ա­կա­նա­հա­րու­մի կ­՚են­թար­կեն լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու բո­լոր ջան­քե­րը եւ ո­րոնք նոր ու վտան­գա­ւոր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կրնան յա­ռաջ բե­րել, ի վեր­ջոյ սպառ­նա­լով եւ­րո­պա­կան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­ան­գու­թեան վրայ։

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, որ­պէս յու­նա­հայ հա­մայն­քի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, կ­՚ող­ջու­նէ ­Մինս­քի խում­բի զօ­րակ­ցու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ կը հա­ւա­տայ, որ այն թէեւ ճիշդ ու­ղիի մը վրայ կը քա­լէ, այ­սու­հան­դերձ կը շա­րու­նա­կէ տկար ըլ­լալ։

­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք ԵԱՀԿ-ին՝

-­Կար­գի կան­չել Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը
-­Կան­խել ա­նոր սպառ­նա­լիք­նե­րը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ
-­Մեր­ժել են­թար­կո­ւիլ ա­նոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն վա­խի մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մին
-­Պա­հան­ջել Ատր­պէյ­ճա­նէն՝ որ վեր­ջի­նը իր կե­ցո­ւած­քը ուղ­ղէ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու հի­ման վրայ

Նաեւ կոչ կ­՚ուղ­ղենք ԵԱՀԿ-ին, որ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր ա­ռա­քե­լու­թեան, ստի­պել Ատր­պէյ­ճա­նը վերա­դառ­նա­լու ­Մինս­քի խում­բի կող­մէ կա­տա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին, ըն­դու­նե­լով զայն որ­պէս միակ հար­թա­կը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի բար­ւոք լուծ­ման հա­մար»։

azator.gr

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Տղոց Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբին Յաղթական Մեկնարկը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?