Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:30ը, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն (եւ անոնց ներկայացուցիչներուն) Խրիսոսթոմոս Արք.ի (առողջական պատճառով բանաւոր բացակայ) ներկայացուցիչ՝ Տ. Փորֆիրիոս Եպիսկոպոսի, Իմամ Շաքիրի, Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի, Լատին եկեղեցւոյ պետ` Հայր Ճօրճ Գրաճի հետ, ընդառաջելով Շուէտի դեսպան՝ Անտըրս Հակըլպէրկի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Religious Track–ի ժողով – հանդիպումի մը Շուէտի դեսպանի բնակարանէն ներս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) խաղաղապահ ուժերու ներկայացուցիչ՝ Պրն. Գոլին Սթիուըրթի եւ անձնակազմի օժանդակ անդամներուն հետ:
Բարի գալստեան ու բացման խօսքը կատարեց Պրն. Դեսպանը, որ անդրադարձաւ ընդհանուր քաղաքական եւ կրօնական հարցերուն ու երկխօսութեանց: Religious Track–ի գրասենեակի կողմէ խօսք առաւ Տիկին Սալբի Էսքիճեանը: Ելոյթ ունեցան հերթաբար կրօնապետները եւ իւրաքանչիւրը իր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանցեց: Սրբազան Հայրը առաւելաբար շեշտը դրաւ աղօթատեղիներու կամ սրբավայրերու ազատ մուտքն ու գործածութիւնը եւ գրաւեալ կամ ազատ գօտիի տարածքին գտնուող գերեզմանատուներու այցելութեան հարցը: Քանիցս հարցումներ ուղղեց Պրն. Գոլին Սթիուըրթը, որուն պատասխանեցին խօսք առնողները: Աւարտին, ան իր խօսքն ու գործակցութեան տրամադրութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:
Կէսօրին, կրօնապետները ճաշի հիւրը եղան Պրն. Դեսպանին:
Կէսօրէ ետք Պրն. Դեսպանն ու կրօնապետները ուղղուեցան Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղին, ուր արդիւնաւէտ հանդիպում – երկխօսութիւն մը ունեցան Պրուքսելէն ժամանած Եւրոմիութեան փոխնախագահ՝ Պրն. Մարկարիթիս Սքինասի եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կրօնապետները հնարաւորութիւնը ունեցան քննարկելու Եւրոպական եւ Կիպրական կեանքի հետ առնչուած օրակարգի հարցեր, որոնք հիմնուած են մարդկային իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան յարգման վրայ: Ինչպէս առաւօտեան հանդիպումին, հոս եւս բարի գալստեան խօսքերէն ետք ելոյթ ունեցան՝ Դեսպանը, Տիկին Սալբին ու կրօնապետները: Սրբազան Հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Ս. Մակարայ վանքի վերանորոգութեանց աշխատանքներու անհրաժեշտութեան եւ խոստացուած նիւթական օժանդակութեանց, ինչպէս նաեւ արծարծեց վերանորոգութիւններէն ետք աղօթավայրերու «մշակութային կոթող անուանելուն» եւ անոնց՝ ոչ նպատակին գործածութեան, բանալիներու հարցին, որ սեպականատէրերուն չեն յանձնուիր եւ կախեալ կը մնանք երրորդ կամ չորրորդ կողմի մը «բարեհաճութեան», զանոնք գործածելու կամ յաճախելու համար: Սրբազանը նաեւ խնդրեց սրբավայրերէն ներս, ոչ կրօնական հաւաքոյթներ տեղի չունենան եւ յարգուին իսլամ թէ քրիստոնեայ բոլոր սրբավայրերը:
Յայտնենք, որ Եւրոմիութիւնը տարեկան նիւթական մասնաւոր յատկացումներ կը կատարէ վանքերու, եկեղեցիներու, սրբավայրերու եւ մշակութային համալիրներու վերականգման, վերանորոգութեան եւ վերաշինութեան համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նաեւ Պրն. Մարկարիթիսի անդրադարձը իր Twitter-ի Էջին վրայ եւ Religious Track-ի հրապարակած երկու հաղորդագրութիւնները.-
Margaritis Schinas.- “A pleasure to exchange with religious leaders during my stay in Cyprus. Interfaith dialogue is crucial to counter voices of division and hatred in Europe. Focus on peaceful co-existence and preservation of cultural and religious sites.”
Religious Leaders of Cyprus working within the framework of the Religious Track of the Cyprus Peace Process under the Auspices of the Embassy of Sweden (#RTCYPP) warmly welcomed, the new Special Representative of the Secretary General of the United Nations and Head of the UN Peacekeeping Force in Cyprus (UNFICYP), Mr. Colin Stewart, to a meeting held at the Swedish Residence on 21 February 2022, hosted by the Ambassador of Sweden Mr. Anders Hagelberg accompanied by Deputy Head of Mission Mr. Baedecke.
The RTCYPP was represented by Bishop Porfyrios of Neapolis, Imam Shakir Alemdar, Archbishop Khoren, Archbishop Sfeir, Father Kraj accompanied by the Director of the Office of RTCYPP and vacillator of the Religious Leaders dialogue Ms Salpy Eskidjian. SRSG Stewart was accompanied by Mr. Illarionov, Mr Baudin & Ms Crystal of the United Nations Good Offices in Cyprus. Embassy of Sweden in Nicosia UNFICYP.
At the invitation of Mr. Schinas, Vice President of the EU Commission, the Religious Leaders of Cyprus working together within the framework of the RTCYPP, under the auspices of the Embassy of Sweden, gather at the EU House in Nicosia for an extremely fruitful dialogue on freedom of religion, peacebuilding & reconciliation. During the meeting the religious leaders had an opportunity to discuss the agenda on the European Way of Life which is founded on the respect of human dignity, in a society in which pluralism, non-discrimination, tolerance, justice, solidarity, and equality between men & women prevail. Joining the meeting were Ambassador of Sweden, Head of the EC Representation in Cyprus, Director of the Office of RTCYPP & Head of Vice President’s Cabinet. Earlier that morning the religious leaders had the opportunity to meet with and welcome the new Special Representative of the UN Secretary General to Cyprus. (21.2.2022). Embassy of Sweden in Nicosia European Commission in Cyprus
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
22 Փետրուար 2022
https://www.facebook.com/ArmenianPrelatureOfCyprus/posts/1856893577833909


