Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Մարտ 24, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ այլ համայնք մը վտանգուած է այսօր: Այս անգամ Ուքրանիոյ հայ համայնքն է: Ուքրանիոյ պատերազմը արտակարգ աղէտի պատճառ դարձած է, եւ շտապ օգնութիւնը անհրաժեշտ է այս պատերազմէն տուժած հայերուն համար: Ուքրանիայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահմանամերձ երկիրներու մէջ, ինչպէս`  Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` Եւրոպայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ ծառայութեան դաշտի իր գործակիցներու լայն ցանցին միջոցով իրավիճակը գնահատելէ ետք, մարդասիրական օգնութեան ձեռք երկարեց` հասնելու ուքրանահայ գաղթականներուն, որոնք Պուլկարիա հասնելով ապահով օրրան մը կը փնտռեն: Պուլկարիոյ մեր Հայ աւետարանական եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Վառնայի եկեղեցիներու հովիւներ վեր. Պետրոս Ալթունեանի եւ պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի, ամէն օր կապի մէջ են տեղահանուած գաղթականներուն հետ, անոնց կարելի եղածին չափ արագօրէն տրամադրելու անհրաժեշտ անմիջական նպաստ եւ օգնութիւն: Վառնա գտնուող գաղթականներուն մեծ մասը տեղաւորուած է յատուկ հանգստեան տուներու մէջ (փանսիոն), ուր անոնց կը տրամադրուի ուտելիք, բժշկական օգնութիւն եւ այլ անհրաժեշտ միջոցներ: Յատուկ օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը տրամադրուի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Հայաստան փոխադրուիլ եւ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Պատուելի Ներսէս Կէտիկեան կապի մէջ է նաեւ տարածաշրջանի Հայաստանի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն հետ, Ուքրանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ` համակարգելու համար օգնութեան աշխատանքները եւ օժանդակելու այն գաղթականներուն, որոնք կը փափաքին Հայաստան տեղափոխուիլ:

Պուլկարիոյ եւ մերձակայ երկիրներու մէջ գտնուող ուքրանահայ գաղթականները շտապ օգնութեան գծով կրնան կապ հաստատել պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի հետ` nketikian@gmail.com  հասցէով:

Աւետարանչականի ուքրանահայ գաղթականներու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն աջակցելու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկել AMAA, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէին կամ առցանց` www.amaa.org կայքին վրայ:

Պատերազմը վէճերու լուծում չէ:

Աղօթենք պատերազմի աւարտին համար:

Աղօթենք պատերազմի զոհերուն համար:

«Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք: Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ» (Բ. Կորնթացիս 13. 11):

Փրեմըս, Նիւ Ճըրզի

Նախորդը

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

Յաջորդը

«Անհնար Է Ոչնչացնել Շուշիի Հայկական Ոգին, Այն Վերածնուել Է 1992 Թուականի Մայիսին Եւ Կը Վերածնուի Կրկին». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?