Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Կողմէ Կիրառուած Մշակութային Ցեղասպանութիւնը Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ

February 12, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքով բռնագրաւուած հայկական հողերու մշակութային կոթողներու ճակատագրին գծով յատուկ յանձնախումբ ստեղծելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումին համար, որ կը նպատակադրէ՝ հայկական սրբատեղիներու, պատմամշակութային կոթողներու եւ տեղանուններու նենգափոխումը, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական հետքերու ջնջումն ու այդ հարստութեան իւրացումը։ Տուեալ քայլը անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու այն ակնյայտ փաստը, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ենթակայ է իր պատմական արմատներէն պոկուելու իսկական վտանգին: Սոյն արարքը միջազգային հանրութեան եւ փորձագիտական շրջանակներուն մօտ յստակ համոզում կը յառաջացնէ, թէ մշակութային եւ կրօնական կոթողներու, սրբատեղիներու ոչնչացումն ու սրբապղծումը ոտնձգութիւն են ժողովուրդներու արժանապատուութեան, իսկ Ատրպէյճան կը նպատակադրէ մէկընդմիշտ խափանել պատմական փորձութիւններուն դիմակայելու եւ զարգանալու հայ ազգին կարելիութիւնը։ Ան, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Եթէ Ատրպէյճանի համար Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սկզբնական փուլով կը ծառայէր պատմութեան եւ մշակոյթի դէմ մեքենայութիւններ հիւսելու՝ արդարացնելու նախկին Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութենէն հայկական բնակչութեան բռնի տեղահանումը, ներկայիս Ատրպէյճան կը միտի Արցախի դէմ ի գործ դրուած ռազմական ուժի ապօրինի կիրարկումը օրինականացնել: Արդարեւ, Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուած մշակութային ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան կանխարգիլելու եւ կասեցնելու Ատրպէյճանի անմարդկային եւ գազանարար արարքը, եւ զայն միջազգային ատեաններու մօտ դասելու, որպէս պատերազմական ոճիր:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Հարցախոյզը Ցոյց Կու Տայ, Որ Մեծ Թիւով Հայեր Կը Զգան Իրենց Երկրին Սխալ Ընթացքը

Յաջորդը

Ժողովրդավարութեան Մասին. Կամ` Կը Լինի՞ Հայկական Ռեֆորմացիա

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.