Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն.  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Հաղորդագրութիւն. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Սփիւռքահայ այլ համայնք մը վտանգուած է այսօր: Այս անգամ Ուքրանիոյ հայ համայնքն է: Ուքրանիոյ պատերազմը արտակարգ աղէտի պատճառ դարձած է, եւ շտապ օգնութիւնը անհրաժեշտ է այս պատերազմէն տուժած հայերուն համար: Ուքրանիայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահմանամերձ երկիրներու մէջ, ինչպէս`  Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` Եւրոպայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ ծառայութեան դաշտի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա  Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի վարչութեան հրաւէրով 10 մարտին  Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ, շրջեցաւ դասարանները, զրուցեց ուսանողութեան հետ, ապա մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային վարչութեան, հիմնարկի վարչութեան, դասախօսական կազմին եւ տնօրէնութեան հետ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տարուած անձնուէր աշխատանքը եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 18 Մարտ 2022-ին, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ Արքեպիսկոպոս Մակարիոս Գ – Տասուպոլիս Երկրորդական Վարժարանի հանդիսութեան՝ «Լեզուն Մեր Միակ Սեփականութիւնը», Մայրենի Լեզուի Օրուան առիթով՝ նուիրուած Հայերէն լեզուին, որ ընթացիկ 2021-2022 տարեշրջանին կը դասաւանդուի սոյն դպրոցին մէջ։ Պրն․ Մահտեսեան, ձեռնարկին իր պատգամը փոխանցեց նշելով իր խոր երախտագիտութիւնը հանդէպ՝ Արքեպիսկոպոս Մակարիոս Գ – Տասուպոլիս Երկրորդական Վարժարանին, Կիպրոսի Կրթութեան,...

Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ

Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ

Ժընեւի մեր աշխատակիցը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ: Արդէն երեք շաբաթներէ ի վեր շարունակուող ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով միլիոնաւոր գաղթականներ հերթաբար կը հասնին Եւրոպա: Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանէն ու Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գազանճեանէն քաղուած տեղեկութիւններէն կ՛իմանանք, որ շուրջ քսանհինգ  ուքրանահայեր Քիեւէն, Խարքովէն եւ Օտեսայէն հասած են Ժընեւ, ոմանք Ուքարնիա ապրող Հայաստանի քաղաքացիներ են:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Թորոնթոն Մեծ Շուքով Կը Տօնէ ՀՅԴ 131-ամեակը` Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Շարժումի Սկզբնաւորման Տարեդարձներուն Զուգահեռ 5 մարտին Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-րդ տարեդարձը, ազգային ըմբոստացումի երկու կարեւոր փաստերու` Փետրուարեան ապստամբութեան 101-րդ տարեդարձին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումի 34-րդ տարեդարձին զուգահեռ: Օրուան հանդիսավար ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00 – 13:00, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն (եւ անոնց ներկայացուցիչներուն) Խրիսոսթոմոս Արք.ի (առողջական պատճառով բանաւոր բացակայ) ներկայացուցիչ՝ Տ. Փորֆիրիոս Եպիսկոպոսի, Իմամ Շաքիրի, Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի, Լատին եկեղեցւոյ պետ` Հայր Ճօրճ Գրաճի հետ, ընդառաջելով Շուէտի դեսպան՝ Անտըրս Հակըլպէրկի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Religious Track–ի արտակարգ հանդիպումի մը Շուէտի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Սրբոց Վարդանանց Տօնի Յիշատակում - Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 25 փետրուարին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային-կրօնական կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող, Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուած Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան, որ եկաւ ճակատագրական վճիռը տալու հայ ժողովուրդի անկախ եւ քրիստոնավայել...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան՝ Պրն. Իուանիս Բաբամելէթիուն, որ դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրոսի, Յունաստանի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակը: Յայտնենք, որ Պրն. դեսպանը վերոնշեալ երկիրները բացի Արցախէն, զանազան առիթներով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Քանատա Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Հաւաք ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ 34 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթի քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով փետրուար 26-ին բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները: Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ: Հաւաքը կայացաւ Քանատայի հանրային ռատիոկայանի Վանգուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 34...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Լոյս Տեսաւ Հալէպահայ Գրող Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ...» Շարքին Երրորդ Հատորը Վերջերս լոյս տեսաւ հալէպահայ մտաւորական, գրող Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» երրորդ հատորը: Շարքին Ա. հատորը հրատարակուած էր 2016-ին, իսկ երկրորդը` 2018-ին: Հեղինակը Դիմատետրի իր էջին վրայ կ՛արձանագրէ, որ նորատիպ Գ. հատորը (2022 թուակիր) արտաքին կերպարանքով ու ծաւալով նախորդներուն հարազատ կրկնօրինակն է: Այս եւս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:30ը, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն (եւ անոնց ներկայացուցիչներուն) Խրիսոսթոմոս Արք.ի (առողջական պատճառով բանաւոր բացակայ) ներկայացուցիչ՝ Տ. Փորֆիրիոս Եպիսկոպոսի, Իմամ Շաքիրի, Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի, Լատին եկեղեցւոյ պետ` Հայր Ճօրճ Գրաճի հետ, ընդառաջելով Շուէտի դեսպան՝ Անտըրս Հակըլպէրկի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Religious Track–ի ժողով –...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ   Աւստրալիա ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպում 1 փետրուարին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան  գաղութը յուզող զանազան հարցեր: Ներկաները խօսեցան նախորդ երկու տարիներուն «Քորոնա» ժահրի եւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներու ձգած ազդեցութեան եւ այդ առնչութեամբ գաղութի կազմակերպութիւններուն տանելիք աշխատանքներուն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպանորդ՝ Պրն. Հայտար Ալի Ահմատը, որ դիմաւորուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակը: Պրն. դեսպանորդը անդրադարձաւ Սուրիոյ երկրէն ներս օտար պետութեանց ժխտական...

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը. Յանուն Համահայկական Այս Ճգնաժամի Յաղթահարման

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստիւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Կողմէ Կիրառուած Մշակութային Ցեղասպանութիւնը Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքով բռնագրաւուած հայկական հողերու մշակութային կոթողներու ճակատագրին գծով յատուկ յանձնախումբ ստեղծելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումին համար, որ կը նպատակադրէ՝ հայկական սրբատեղիներու, պատմամշակութային կոթողներու եւ տեղանուններու նենգափոխումը, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական հետքերու ջնջումն ու այդ հարստութեան իւրացումը։ Տուեալ քայլը անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու այն ակնյայտ փաստը, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու...

Յունաստանի Հայ դատի նամակը ԵԱՀԿ-ի յոյն երեսփոխաններուն

Յունաստանի Հայ դատի նամակը ԵԱՀԿ-ի յոյն երեսփոխաններուն

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը բաց նա­մակ մը ու­ղար­կած է ԵԱՀԿ-ի մօտ ­Յու­նաս­տա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն, դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի սպառ­նա­լիք­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի դէմ եւ կոչ ու­ղղե­լով ԵԱՀԿ-ին մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րուն են­թար­կելու Ատր­պէյ­ճանն ու ա­նոր նա­խա­գա­հը։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս գրո­ւած է. «­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը թի­րա­խա­ւո­րե­լէ ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը այս ան­գամ կը յար­ձա­կի ԵԱՀԿ-ի ­Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րուն վրայ,...

Միացեալ Նահանգներ.  Կարպիս Պեզճեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

Միացեալ Նահանգներ. Կարպիս Պեզճեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի տարի»-ի ծիրին մէջ մնայուն կերպով կ՛աշխատի, յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին: Շաբաթ, 5 փետրուար 2022-ին առաջնորդին նոյնատիպ երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց Լիբանանի ազգային վարժարաններ յաճախող հարիւր (100) նոր աշակերտներու կրթաթոշակին հովանաւորութիւնը, 2022-2023 տարեշրջանի...

Հաղորդագրութիւն. Ստրովոլոսի Քաղաքապետին Այցը Ազգային Առաջնորդարան

Հաղորդագրութիւն. Ստրովոլոսի Քաղաքապետին Այցը Ազգային Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Ստրովոլոսի Քաղաքապետ՝ Պրն. Անտրէաս Բաբախարալամպուսը ընկերակցութեամբ իր քարտուղարուհիին եւ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան քաղաքապետարանի ձեռնարկելիք քանի մը նոր ծրագիրները, Կիպրահայ գաղութը, Ազգային Առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները յատկապէս թագաժահրի՝ (Քորոնա համավարակի) պատճառաւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Միացեալ Նահանգներ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պատասխանատուներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան 19 յունուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանը, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Գամիշլիի Մէջ Հանդիսաւոր Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ 131-Ամեակը Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղին, վերջերս  Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 131-ամեակը` «Յաւերժական պայքար» խորագիրով: Օրուան հանդիսավարներ Յարութ Մելքոնեան եւ Լուսին Մելքոնեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը: Բացման...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Թեհրան Այցելութիւն` «Ալիք» Օրաթերթի Խմբագրատուն «Ալիք» թերթի 90-ամեայ յոբելեանը եւ Ամանորը շնորհաւորելու նպատակով 4 յունուարին «Ալիք» այցելեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը` գլխաւորութեամբ Մաշտոց քհնյ. Խաչատուրեանի: Հիւրերը սկսան Տէրունական աղօթքով, շարականներու երգեցողութեամբ եւ ազգային յեղափոխական երգերու կատարմամբ, որմէ ետք անոնց բացատրութիւններ տրուեցան օրաթերթի պատմականին, առօրեայ աշխատանքներուն, հրատարակութեան դժւարութիւններուն եւ հարցերուն մասին: Հիւրերը յայտնեցին իրենց տեսակէտներն ու հարցերը, ապա...

Page 29 of 47 1 … 28 29 30 … 47

Արխիւներ