Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 153-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 7 հոկտեմբերին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը` երաժշտագէտ, երգահան, հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգեր մշակող, խմբավար ու մանկավարժ, ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր, մեծն երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 153-ամեակին առիթով` լուսարձակի տակ առնելով անոր կեանքն ու գործունէութիւնը: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Կիպրոս ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան 7 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը եւ հանդիպում ունեցաւ  թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին անոնք խօսեցան ՀՄԸՄ-ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի եւ սփիւռքի կարգ մը երկիրներու մէջ կատարուած գործունէութեանց, դիմագրաւած...

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Մարսէյի «Համազգային»-ի Վերամուտի Եւ Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Մարսէյի «Համազգային» դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին դպրոցի մուտքի բակին մէջ` միասնաբար նշելու դպրոցի վերամուտն ու վերանկախութեան տօնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Շաքէ Ժամկոչեանը, որ հաստատեց, թէ ամէն տարիներէ տարբեր անկախութեան տօն է այս տարի` նկատի ունենալով մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգները, ազերիական ոտնձգութիւնները եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Պատմական Շէնքի Վերաբացում Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի վերամուտին մեկնարկը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2022-ին, կրկնակի խանդավառութեամբ: Ճեմարանի 75-ամեակին առիթով 75-րդ վերամուտը եղաւ յիշատակելի օր մը` Ճեմարանի պատմական շէնքին վերաբացման առիթով: Ճեմարանը ունի երկու շէնքեր, առաջինը, որ հիմնադրութեան տարիներուն կառուցուած էր, եւ երկրորդը, որ հետագային աշակերտներու թիւին ու կրթական կարիքներու աճին պատճառով կառուցուած էր:...

Սարգիս Ետալեան Ընտրուած Է  Ռայտի Փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետալեան Ընտրուած Է Ռայտի Փոխքաղաքապետ

Սարգիս Ետալեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի փոխքաղաքապետ: Ան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ամէնէն երկարատեւ ծառայած անձն է, եւ առաջին անգամ իբրեւ անկախ խորհրդական խորհուրդի անդամ ընտրուած է մարտ 2004-ին: Ետալեան վերջին տասնամեակին ներկայացուցած է Ազատական կուսակցութիւնը եւ 2007-ին ու 2008-ի ընտրուած է փոխքաղաքապետ: Ան Լիբանանէն Աւստրալիա գաղթած է 1979-ին: 2009-ին պարգեւատրուած է Աւստրալիոյ կարգի մետալով` բազմամշակութային համարկման նախաձեռնութիւններու ջատագովման ու...

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Հայ Դատի Առաքելութեան Համար Գանատայի Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Գոյացաւ 120 Հազար Տոլար

Հոկտեմբեր 1-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած նուիրահաւաքի ընթացքին, Հայ Դատի առաքելութեան հաւատարիմ գանատահայեր 120 հազար տոլար հանգանակեցին ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի։ ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի եւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած միջոցառման պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ փոխանցեց օրուան պատգամն ու Հայ Դատի քաղաքական ծրագրային ուղեծիրը։ Ան շեշտեց, որ դառնաղէտ հայոց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Արժանթին Արժանթինի Հայութեան Երթ` Դէպի Ազրպէյճանի Դեսպանատուն Արժանթինի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւնները, Արժանթինի հայկական հաստատութիւններուն (IARA) աջակցութեամբ, 25 սեպտեմբերին երթ կատարեցին դէպի Ազրպէյճանի դեսպանատուն` իրենց բողոքը արտայայտելով 13 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման դէմ: Այս մասին կը գրէ «Տիարօ Արմենիա»-ն: Նկատի ունենալով, որ 27 սեպտեմբերին ամբողջացաւ Արցախի դէմ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծուած պատերազմին 2-րդ տարին, երիտասարդները ընդգծեցին....

Սուրիոյ Ազգային Սեմֆոնիկ Նուագախումբը, Ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակը Նշեց  Հալէպի Մէջ

Սուրիոյ Ազգային Սեմֆոնիկ Նուագախումբը, Ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակը Նշեց Հալէպի Մէջ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ        Հինգ տարիներ` 2012-2017, հակապետական ընդդիմադիր ուժեր պաշարեցին Հալէպի  պատմական բերդը: Քաղաքի հնադարեայ շրջանի կոթողները եւ պետական կառոյցները մեծ մասամբ քանդուեցան, սակայն բերդը պաշտպանող պահակագունդը մնաց անպարտելի` հինգ հազար տարուան ամրոցին գոյութիւնը հաստատելով: Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հաստատման յիսնամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեամբ պատկան նախարարին եւ ներկայութեամբ Հալէպի պետական աւագանիին: Յայտագիրի սկզբնաւորութեան վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ...

ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Ճեզիրէի Շրջանի «Աղաւնօ» Տարեկան Բանակում

ԲԺՇԿՀ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ Հայրենիքէն հեռու , սակայն հայրենիքի ցաւով ապրող ու հայրենասիրութեամբ շաղախուած ՀՄԸՄ-ականը միշտ պատնէշի վրայ կանգնած է սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պահելու իր ազգային դիմագիծը եւ պահապան մնալու ազգային արժէքներուն՝ մեկնելով իր «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանէն։ Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը շարունակէ մնալ  հայապահպանման ու հայակերտումի  դարբնոցը։ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ 15-19  Սետպ. 2022-ին տեղի...

Սփիւռքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Նախաձեռնութիւններ` Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Վրայ Գործուած Յարձակման Դէմ

Սփիւռքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Նախաձեռնութիւններ` Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Վրայ Գործուած Յարձակման Դէմ

Ֆրանսահայերու Բողոքի Ցոյց` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիմաց   15 սեպտեմբերի 2022-ին հազարաւոր մարդիկ հաւաքուեցան Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ` իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի կանխամտածուած յարձակումին դէմ: Ցուցարարները կը վանկարկէին «Կա՛նգ առ, Ալիե՛ւ, դո՛ւրս ել Հայաստանէն», «Փանթուրքիզմ = ֆաշիզմ» եւ այլն: Մօտաւորապէս 20 քաղաքական գործիչներ եկած էին աջակցելու հայկական պայքարին,  ներառեալ` Կապրիէլ Աթթալ` երկրի կառավարութեան նախկին...

«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Տարեկան Մրցանակի Տուչութիւն

«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Տարեկան Մրցանակի Տուչութիւն

Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեան երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2022-ին Քուէյթի ազգային վարժարանին մէջ «Ս. Ներսէս Շնորհալի»  տարեկան մրցանակը յանձնեց 2021-2022 տարեշրջանի պաքալորէայի պետական քննութեանց 100 տոկոս գնահատականով առաջին դիրք գրաւած աշակերտ Ռանի Թաշճեանին: Ներկայ էին` Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը, տէր եւ տիկին Կիրակոս Գույումճեանները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնն...

Ոչ Եւս Է Հայ Ժողովրդային Երաժշտութեան Նուիրուած Պետրոս Ալահայտոյեան

Ոչ Եւս Է Հայ Ժողովրդային Երաժշտութեան Նուիրուած Պետրոս Ալահայտոյեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ ժողովրդային երգեր հաւաքագրող եւ ազգագրական երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ Պետրոս Ալահայտոյեան: Պետրոս Ալահայտոյեան ծնած էր Լիբանան, 1934-ին, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ: Ան շրջանաւարտ էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի, իսկ հայ երաժշտութեան հանդէպ անոր սէրը զարգացած էր Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին անդամակցելու օրերէն: Ան Պելճիքայի մէջ ստացած էր երաժշտագիտութեան մէջ մագիստրոսի վկայականը, իսկ 1985-1995...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Ազգային Թաղում` Դպրոցաշէն Բարերար Վահան Շամլեանի 30 օգոստոսին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաղման եկեղեցւոյ կարգը` «Կիլիկեան իշխան» ազգային բարերար, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան հաւատարիմ զօրակից, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Աթոռին հարազատ զաւակ, Արեւմտեան թեմի առաքելութեան հաւատացող եւ հայ դպրոցի ամենաջերմ պաշտպան ու ռահվիրայ եւ գլխաւոր բարերար Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի` Վահան Շամլեանի:...

Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա Քաղաքէն Հպարտառիթ Լուր. 1 Սեպտեմբերը ՝ «Երուանդ Զօրեանի Օր»

Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա Քաղաքէն Հպարտառիթ Լուր. 1 Սեպտեմբերը ՝ «Երուանդ Զօրեանի Օր»

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ՝ դոկտոր Երուանդ Զօրեան արժանացած է աննախադէպ գնահատանքի։ Յարգելով դոկտոր Զօրեանի ողջ կեանքի ընթացքի ձեռքբերումը եւ կրթութեան ոլորտէն ներս անոր յեղափոխական մօտեցումը՝ Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա քաղաքը 2022 թուականի 1 Սեպտեմբերը հռչակած է դոկտոր Երուանդ Զօրեանի օր։ Այս մասին յայտնած է ՀԲԸՄ-ը ։ Երուանդ Զօրեան ծնած է 1956-ի 17 Մայիսին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Երուանդի ծնողները՝ Աբիկն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան Գրիգորիս Քհնյ. Ներսէսեանին` Լանջախաչ Կրելու Իրաւունք Ամիսներ առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորհուրդը, եկեղեցւոյ հովիւին` Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեանին մատուցած տարիներու բարի ծառայութեան առիթով, նամակով խնդրամատոյց եղած էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, որպէսզի քահանայ հօրը լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհէ: Սրբազան հայրը ընդառաջելով խնդրանքին` դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի հայրապետական կոնդակով քահանայ հօր...

Վանգուվըրահայեր Կ՛արժանան Էլիզապէթ Թագուհիի Յոբելեանական Շքանշանին

Վանգուվըրահայեր Կ՛արժանան Էլիզապէթ Թագուհիի Յոբելեանական Շքանշանին

Օգոստոս 28-ին եւ Սեպտեմբեր 1-ին  Վանգուվըրի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութիւններու ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի շարք մը քաղաքացիներ արժանացան Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Թագուհիի գահակալութեան 70-ամեայ յոբելեանական շքանշանին։ Համայնքային երկարամեայ ծառայութեան համար շքանշանին արժանացան նաեւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան եւ Սօսի Թերզեան-Եագուպեան։  

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Յունաստան Պօղոս Սնապեանի Վաստակը Կ՛ապրի Իր Տուն-Թանգարանով 22 օգոստոսին Յարութիւն եւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան այցելեցին «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը, ուր Թամար ունեցաւ  մտերմիկ զրոյց մը թերթի խմբագրութեան հետ: Թամար Սնապեան դուստրն է սփիւռքահայ հանրածանօթ մտաւորական եւ գրող, Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթի երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի, միաժամանակ ան ՀՅԴ արխիւներու մասնագէտ, մտաւորական եւ հանրային գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի օգնականն է արխիւներու Պէյրութի գրասենեակին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Տարբեր Եկեղեցիներու Մէջ Սուրիա * Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով,  15 օգոստոսին, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Այնուհետեւ շրջափակէն ներս, սրբազան հօր ձեռամբ, կատարուեցաւ մատաղի եւ բկեղի օրհնութիւն, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Սրբազան հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով,  աղօթք բարձրացուց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Առիթով Սկաուտական Աւանդական Տողանցք Քեսապի Մէջ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային  վարչութեան, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագի սկաուտական աւանդական տողանցք տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ` մասնակցութեամբ` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն: Քեսապի Տարեկան Փառատօնը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին Նուիրուած «Ուրախ Երեկոյ» Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ  Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, 10 յուլիսին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Խաթուն Սարեան» բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ երեկոյ»` նուիրուած Լիբանանի մէջ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին: «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց բացման խօսքը` ներկայացնելով պաշտօնական հիւրերը, որմէ ետք...

Page 26 of 47 1 … 25 26 27 … 47

Արխիւներ