Ստացուած Գիրքեր. «Աւետիս Ահարոնեան 150» Միջազգային Գիտաժողովի Նիւթեր
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Աւետիս Ահարոնեան 150» հատորը, բաղկացած` 389 էջերէ: Ժողովածուն կը ներառէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Երեւանի պետական համալսարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2016 դեկտեմբեր 15-ին տեղի ունեցած «Աւետիս Ահարոնեան» միջազգային գիտաժողովի նիւթերը: Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը համակողմանիօրէն քննեց եւ արժեւորեց անոր գրական ժառանգութիւնը եւ ազգային-պետական գործունէութիւնը: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ քսանմէկ զեկուցումները:...




















