Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Այն Հեռաւոր Ամրանը» (Հեղինակ` Լեւոն Ադեան)

Յուլիս 4, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ Լեւոն Ադեանի «Այն հեռաւոր ամրանը» գիրքը, բաղկացած` 480 էջերէ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր որդիներու յիշատակին: Խմբագիր` Վահագն Աբրահամեան:

«Այն հեռաւոր ամրանը» ժողովածուն կը բովանդակէ քանի մը վիպակներ, պատմուածքներ եւ շարք մը մանրաքանդակներ, որոնց ընդմէջէն հեղինակը կը ներկայացնէ Արցախ լեռնաշխարհը եւ արցախցիներու առօրեան:

Մանրաքանդակներ բաժինով Ադեան կը պատկերէ գիւղական բնանկարը, հեռաւոր լեռները, բնութեան գեղեցկութիւնները, Արցախը եւ այլն: Ան կ՛ըսէ.

Արեւը կը հանգչի սարերուն վրայ, եւ հրաբոսոր հորիզոնը կը վառի բազում գոյներով` երկինք ու երկիր իրար կապելով: Ձորերը լուռ կը խորասուզուին իրիկնային աղջամուղջի մէջ. ձայները կամաց կը մարին դուրսը եւ հետզհետէ կ՛իջնէ մութը` իր սեւ շղարշով ընդգրկելով ամէն մէկ շշուկ, ամէն մէկ շարժում:

Ադեան կը շարունակէ` գովերգելով չքնաղ Ղարաբաղը, լեռներէն անդին` հեռո՜ւ հեռու արեւուն խաղը, ցոլքը արեւի` բարձրաբոց խարոյկ, գետի խոխոջն ու ցայգալոյսի մէջ տուներուն վրայ` շողը շէնշող, արտոյտի անուշ արտորումը արտին մէջ, խրխինջը ձիուն, եւ ամառուան տաքին` մեղուի գվվոցը ու սոխակի տաղը:

Անհուն կարօտով ու ջերմ զգացումով յիշելով իր ծննդավայր Ղարաբաղը հեղինակը կ՛ըսէ. Մռաւի սարի թուխ ամպերով, Քիրս սարով` միշտ ձիւնածածկ, մատուռներով` հին դարերէն, մեր խաչերով, խենթ ու խելառ մեր Թարթառով ու Խաչենով` մեզի հետ ես դուն` ուր որ ալ ըլլանք, ուր ալ երթանք, հեռու թէ մօտ` ուր ալ մնանք, մեզի հետ ես դուն, մշտաբողբոջ մեր այգեստան, մեր բուրաստան, յաւերժի հետ ընկերակից մեր Լեռնաստան: Ջուրերդ զով ու քչքչան, հովդ անուշ, արօտներդ ալպիական` լորի կանաչով կախարդական, անտառներդ հեքիաթային: Կկուի ձայնով ու կուսական, խոնջ հանդերդ, սարդ ու ձորդ աստուածային` չքնաղագեղ ու դիւթական: Արար աշխարհ գնա պտտիր, Աստուած վկայ ուրիշ նման դրախտ չկայ:

Աստուածանիստ դրախտ ես դուն երկնային, կ՛ըսէ Ադեան Արցախի համար, եւ կը շարունակէ. որքան ալ հեռու ըլլանք մենք քեզմէ, մեր  օրրան, ուր ալ ըլլանք յարափոփոխ մեր այս կեանքին մէջ, կ՛ապրիս մեր մէջ դուն հանապազ, միշտ անպակաս ես դուն մեզմէ, մեր յուշերուն, մեր սրտերուն ու մեր հոգիին մէջ: Հայրենի հող, անուշաբոյր դուն մեր ոստան, մեր այգեստան: Մենք ինչպէս մոռնանք ապառաժոտ մեր լեռները, Մռաւ սարը` երկինքի մովին մէջ, աղբիւրներուն ջուրը վճիտ, ականակիտ, ինչպէս մոռնանք, այդ կարօտին ինչպէս դիմանանք:

Իմ սիրտը հեռու լեռներուն մէջ է միշտ, կ՛ըսէ Ադեան, հեռուէն նայողը զիս չի հասկնար, իմ սիրտը հեռու լեռներուն մէջ է միշտ… ողջ գիշերը աչքին քուն չեկած մարդը միայն կը հասկնայ, թէ որքան երկար կը տեւէ գիշերը, եւ թէ արեւը ինչպէս դանդաղ կ՛երթայ մարելու` իր լոյսը բաշխելով, վարդը կը թառամի` իր բուրմունքը տալով, խունկը կ՛այրի` շուրջը սփռելով իր բուրումնաւէտ հոտը: Այդպէս է անշուշտ, վատը չտեսածը` լաւը չի հասկնար, ինչպէս որ կուշտը` սովէն մեռնողը:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ ուր բարին կայ, չարը հոն է, ու յաղթողը միշտ ան է, հազար ափսոս արդարեւ` այս անարդար աշխարհին մէջ: Աստուած վատը ստեղծեց` լաւերուն տեղը իմանանք, ոչ  արդար գործ, ոչ ալ խօսք: Մահն է արդարը միայն, ոչ հարուստ կը ճանչնայ, ոչ զազրելի պաշտօնեայ, ոչ ալ անգէտ ու գիտուն. անխտրական կը տանի հեռու անյայտ աշխարհ մը: Կեանքը սիրուն խաբկանք է, գալիք օրուան յոյս չկայ, այսօր թռչունը մրջիւնը կ՛ուտէ, վաղը մրջիւնը` թռչունը:

Ադեան կը շարունակէ ըսելով, որ Ղարաբաղը իմ սիրտն է հեռաւոր, եզերքը իմ` այլեւս անհաս, եւ հոգին իմ` վհատ ու նկուն, երբ կ՛իջնէ գիշերը լուսնկայ, կը թափառի քնացած հանդերուն ու կածաններուն վրայ:

Դեղձան արտերը կը ծփան, կ՛օրօրուին, շրջան կը կազմեն, ծիտերու երամը կ՛անցնի հին կալերուն վրայէն, ծիրանագոյն արեւին մէջ տատրակը օդին մէջ կը կախուի, կը քարանայ անշարժ, եւ լորի գեղգեղանքը կը ծորայ ծաղկանախշ դաշտերուն վրայ:

Երկինքը աստղազարդ, մուգ կապոյտ է հոն, սարերը վսեմ` աստղերը շաղ եկած սարերուն վրայ, ջուրերը կը կարկաչեն` երգեցիկ, անտառները կը խշշան օրն ի բուն, եւ դիւթեղ բոյրերէն տամուկ սիրտը կը ճաքի ըղձանքէն: Երկինք լուսաջինջ, ծովը կապուտակ` տաք արեւի տակ, ու սէրը մեր ջինջ: Ինչ բարեբախտ, երջանիկ էինք այն երանելի հեռու եդեմին մէջ: Չարի կամքով էր, դեւի կամքով` ձգած տուն ու տեղ, լքուած, վշտաբեկ, ինչպէս սովահար վայրի գազանէն հալածուած հօտ, բախտը մեզ աշնան տերեւի նման նետեց այլ ափեր ու մենք մնացինք իրարմէ հեռու ու իրարու համար լուռ տուայտելով: Իմ յուշերուն մէջ դուն միշտ ցանկալի ու յուզագրգիռ, անվերջ սրտիս մէջ ես:

Այնուհետեւ հեղինակը կարօտով կը յիշէ հայրենի տունը եւ կ՛ըսէ. հեռո՜ւ, հեռու, իմ հեռաւոր հայրենի տուն, ինչո՞ւ այսպէս անընդհատ կը յիշեմ քեզ, իմ հոգին կսկծագին, երբ կ՛իջնէ գիշերը խոր` լիալուսնի լոյսով օծուած, կը դեգերի եդեմական մեր սարերուն վրայ, ձորերուն մէջ ու ցիրուցան մեր հանդերուն վրայ ծաղկածփուն: Ինչո՞ւ այսպէս վերստին կը յիշեմ քեզ, իմ դէմ` կապոյտ երկինքը մեր, գետը` խելառ, որ խայտալով կը գլորուի քարերն ի վար, անտառները ամպածրար` կը խնկարկեն բուրմունքները իրենց տամուկ, մեղմիւ հովը կ՛օրօրէ խոտ ու ծաղիկ, զմրուխտ արտէն լորը կը կանչէ տրտմալիր, ու կարօտէն, ա՜խ կարօտէն իմ սիրտը ներսէն ճաք կու տայ:

Քիչ անդին Ադեան կ՛ըսէ, որ աշխարհի վրայ ամէն ինչ անցողիկ է, ու տեւական ոչինչ կայ: Ինչ որ կեանքի մէջ սկիզբ ունի, ունի եւ վերջ: Սիրոյ յուշն է լոկ տեւական, որ հեռաւոր մշուշներու շղարշներէն յանկարծ կը յառնէ, թեւ կ՛առնէ, որ դուն տարուիս ցնորքներով անրջական ու կարենաս երջանկաւէտ այն պահերու անուշ յուշի ցաւը մեղմել: Արագընթաց քաղցր յուշի, որ առյաւէտ եկաւ անցաւ ու այլեւս չի կրկնուիր:

Ահաւասիկ սիրոյ յուշն է լոկ տեւական, սիրոյ յուշը եւ կորսնցնելու վախէն ծնած խանդը ուժգին, որ մեր ներսը կ՛ալեկոծէ: Սիրոյ համար ազգութիւն ու կրօն չկայ: Սէրը վարդ է, իսկ խանդը` փուշ: Առանց փուշի վարդ չըլլար, առաց խանդի` սէր չըլլար: Սէրը վեր է ամէն ինչէ, քանի որ անոր կենդանարար սուրբ լոյսով օծուած է շուրջը ամէն բան: Սէրը հրաշք ու անմեռ է:

Այնուհետեւ Ադեան կ՛ըսէ. արար աշխարհ ման եկայ. Աստուած վկայ, մօրմէ վսեմ ոչ ոք կայ: Սէրը անդաւ` մօր սէրն է լոկ, յաւէտ անդաւ, քանզի ինչ ալ որ ընես` պիտի ներէ, ինչպիսին ալ որ դուն ըլլաս` սիրելու է: Մօրմէ թանկը` մայրն է միայն: Մօրմէ սուրբ մայրն է միայն: Ինն ամիս` իր կուրծքին տակ, երեք տարի` իր ձեռքերուն, ամբողջ կեանքին մէջ` իր սիրտին մէջ, ու եթէ յանկարծ ոտքդ սուր քարին զարնուի, անունը տուր` ցաւը կ՛անցնի, նեղը ինկար` քեզի հետ է ան ամէն վայրկեան` սրբանուէր իր պարզութեամբ, իր վեհաշուք ազնուութեամբ, արարչական իր բարութեամբ: Աստուծմէ բարձր ու կեանքէն թանկ` մայրն է, մայրն է մեր միայն ու երբ որ դուն թեւեր առնես ու հեռանաս` գերուած օտար հրայրքներով, քմայքներով հոգեզմայլ, ան քեզ երբեք չի մոռնար, իր աւեր տան սեմին կանգնած` կը սպասէ քեզի, աչքը ճամբուն, սիրտը ճամբուն, հոգին ճամբուն:

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Անձրեւից Յետոյ (Հեղինակ` Լեւոն Ադեան)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?