ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ստեփանակերտի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Լեւոն Ադեանի «Անձրեւից յետոյ» արձակ ստեղծագործութիւններու ժողովածուն, բաղկացած` 144 էջերէ: Խմբագիր Միքայէլ Հաջեան: Գիրքը հրատարակուած է բանաստեղծուհի Նելլի Աւակովա-Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Գիրքը բաղկացած է շարք մը պատմուածքներէ` Զովասուն թաւ անտառ էր, Անձրեւից յետոյ, «Ընդհատուած թռիչք», «Թուխ ճայը», «Ապաշխարանք», «Հայրը», «Տղան եւ կարմիր ժապաւէններով աղջիկը», «Էն Լուռու ձորն է», ինչպէս նաեւ մանրաքանդակներ եւ անցողիկ միտքեր:
Պատմուածքներուն մէջ գեղարուեստօրէն ներկայացուած են հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս արցախցիներու կեանքի հոլովոյթներն ու երեւոյթները, խտացուած` ներհուն խոհերով ու փիլիսոփայական մտորումներով:
Էն Լոռու ձորն է պատմուածքին մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան Դսեղ գիւղին, ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տան եւ գերդաստանին մասին:
Հզօր եղած են Թումանեանները, անոնք պարսկական ասպատակութեան ժամանակ ժողովուրդին գլուխը անցած են եւ պաշտպանած շրջակայ գիւղերու խաղաղ բնակիչները:
Մանրաքանդակներու բաժինին մէջ, խօսելով Արցախի մասին Ադեան կ՛ըսէ. Հայաստանը մաքուր ոսկիէ մատանի` ակն ես անոր շողշողուն ադամանդ: Աստուածանիստ դրախտ ես դուն երկնային, քու կարօտէն հեռուներէն` ներսէն այրող դէզի նման կ՛այրինք մենք լուռ ու մարմանդ: Որքան ալ հեռու ըլլանք մենք քեզմէ, մեր օրրան, ուր ալ ըլլանք յարափոփոխ մեր այս կեանքին մէջ, կ՛ապրիս մեր մէջ դուն հանապազ, միշտ անպակաս դուն մեզմէ` մեր յուշերուն, մեր սիրտերուն ու մեր հոգիին մէջ: Հայրենի հող, անուշաբոյր դուն մեր ոստան, մեր այգեստան:
Խրատ տալով իր որդւոյն Ադեան կ՛ըսէ, ջահել ժամանակ մենք կ՛երազենք աշխարհը փոխել, հասուն տարիքի մէջ` զուտ մենք մեզի: Մեր անցած կեանքէն ոչինչ կը վերցնենք բացի յուշերէն: Ուրիշին հայրը չյարգող որդին հազիւ իր հօրը բանի տեղ կը դնէ: Ծնողի տեղը չիմացող մարդը Աստուծոյ տեղը հազիւ կ՛իմանայ: Անարդար մարդէն արդար խօսք ու գործ մի՛ ակնկալեր: Յանուն իր շահի` տունդ կը քանդէ` դէմքիդ ժպտալով: Դուրս նետէ տունէն` ով հացիդ նստած` կը բանսարկէ քեզ իր ընկերոջմէ: Անոր մօտ նստած` քեզ կը բանսարկէ: Բարեկամ չէ ան եւ ոչ ալ ընկեր, եթէ կողքիդ չէ, երբ նեղ ինկած ես: Մենք մարդը կը գնահատենք լոկ` երբ չկայ արդէն: Աստուած ոչ թէ բարձրը, այլ քու մէջդ փնտռէ, թէ որ չգտար` ի զուր կ՛որոնես: Հոգիդ մի ծախեր, որ հարուստ ըլլաս, ուր ճոխութիւն` հոն դաւեր ու նենգամտութիւն: Ինչ որ կ՛ընես` օտար ափերու վրայ անկոչ հիւր ես դուն, հայրենի հողին վրայ սարքէ քու տունդ, ուրիշ ոչ մէկ տեղ` մարդ իր տան մէջ սոսկ ինքզինք երջանիկ կրնայ զգալ: