Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Իմաստուն Խօսքեր, Ժողովրդական Ասոյթներ, Մտածումներ, Խորհուրդներ Եւ Առածներ (Հեղինակ` Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան)

July 18, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գահիրէի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեանի պատրաստած «Իմաստուն խօսքեր, ժողովրդական ասոյթներ, մտածումներ, խորհուրդներ եւ առածներ» գիրքը, բաղկացած` 108 էջերէ:

Գիրքը կը բացուի Տիրոջ ուղղուած աղերսով: Տո՛ւր ինծի, Տէր, պայծառատեսութիւնը կարենալ ընդունելու համար այն ամէնը, ինչ որ չեմ կրնար փոխել, քաջութիւնը` կարենալ փոխելու համար այն, ինչ որ պէտք է փոխել, եւ իմաստութիւնը` զանազանելու համար տարբերութիւնը:

Խորհուրդներ բաժինը կ՛ընդգրկէ խօսքեր` Արամ Ա. կաթողիկոսէն, Ս. Ներսէս Շնորհալիէն, Եզնիկ Կողբացիէն, Սողոմոնէն, Ս. Թովմաս Ագուինացիէն, Արփիար Արփիարեանէն, Յովհաննէս Շիրազէն, Շաւարշ Նարդունիէն, Մաղաքիա արք. Օրմանեանէն, Ս. Բարսեղ Հայրապետէն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն, Կոմիտաս վարդապետէն, Դաւիթ Անյաղթէն, Վահան Տէրեանէն, Գրիգոր Զօհրապէն, Երուանդ Օտեանէն, Ղազարոս Աղայեանէն, Զապէլ Եսայանէն, Մուրացանէն, եւ այլն:

Ասոյթներ բաժինը կ՛ընդգրկէ խօսքեր` համաշխարհային գրականութեան ու մշակոյթի գործիչներէն, աստուածաբաններէն, իմաստասէրներէն եւ քաղաքական դէմքերէ: Այսպէս, Վիքթոր Հիւկօ կ՛ըսէ միտքը կը հարստանայ ստացուածով, սիրտը` տուածով: Կեանքը ծաղիկ մըն է եւ սէրը անոր մեղրը: Պալզաքի խօսքերէն` կեանքի մէջ երբեք չէք կրնար մօրմէ աւելի լաւ խոր ու իրական սէր գտնել: Մահաթմա Կանտիի խօսքերէն` առանց կրօնի կեանքը անսկզբունք կեանք մըն է. անսկզբունք կեանք մը նման է անղեկ նաւու մը: Վոլթէրի խօսքերէն` աշխատանքը կը վանէ երեք չարիք. ձանձրոյթը, մոլութիւնը եւ զրկանքը: Շէյքսփիրի խօսքերէն` երջանկութիւնը կը գտնուի` երջանկութիւնը գտնելու հետապնդումին մէջ: Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերէն` Առաքինութիւնները Աստուծոյ սրտին դուռը կը բախեն, բայց խոնարհութիւնն է, որ զայն կը բանայ: Սոկրատի խօսքերէն` պատերազմի ժամանակ կը յայտնուի իսկական քաջը, իսկ դժբախտութեան ժամանակ` իսկական խելացին: Լամարթինի խօսքերէն` փորձառութիւնն է իմաստուններու վսեմ պատգամը: Արիստոտէլի խօսքերէն` դաստիարակութեան արմատները դառն են, մինչդեռ պտուղները քաղցր:

Իմաստուն խօսքերէն յիշենք քանի մը օրինակ: Ադամանդը կը մնայ ադամանդ, նոյնիսկ ցեխի մէջ: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր: Անցեալը ապագային դաստիարակն է: Աստուած արդար վարձահատոյց է: Միութիւնը զօրութիւն է: Հարկը օրէնքը կը լուծէ: Ինչ որ ցանկաս, այն կը հնձես: Չսխալելու համար շատ մտածէ, սխալդ շտկելու համար շատ մտիկ ըրէ: Ընկերովի երջանկութիւնը ամէնէն քաղցր է: Մարդը ինքն է, որ կը ծրագրէ, բայց Աստուած է, որ կը տնօրինէ:

Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան կ՛ըսէ, որ սոյն գրքոյկին բովանդակութիւնը արժէք եւ իմաստ կ՛ունենայ այն ատեն միայն, երբ կը գործադրուի:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Սպիտակ Այգիներու Ճամբեզրին» (Հեղինակ` Համբիկ Պիլալեան)

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.