Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլազան Լուրեր

July 24, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

«Ափըլ»-ն Ու «Սամսունկ»-ը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Դադրեցուցին Արտօնագրային Պատերազմը

«Ափըլ»-ն ու «Սամսունկ»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ դադրեցուցին եօթը տարի երկարած արտօնագրային պատերազմը: Դատավէճերու շարքը կապուած էր «Այֆոն»-ի ծրագրման եւ պատրաստման թեքնիքին համար «Ափըլ»-ի իրաւունքներու խախտման հարցին հետ:

Այս մասին գրած է «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը: Քալիֆորնիոյ նահանգի հիւսիսային շրջանի դատարանի դատաւոր Լիւսի Քոն յայտնած է, որ կողմերը իրեն ծանուցած են վէճի կարգաւորման մասին: Ընկերութիւնները արտօնագիրներու խախտման մէջ զիրար կը մեղադրէին 2011-ի գարունէն` փորձելով սահմանափակել մրցակիցին վաճառքները:

Առաջին հարցը յարուցած էր «Ափըլ»-ը` մատնանշելով, որ «Սամսունկ»-ը պատճէնած է «Այֆոն» սարքի պատրաստութեան արհեստագիտութիւնն ու ծրագիրը, եւ սկզբնապէս Միացեալ Նահանգներու ընկերութեան յատկացուցած էին 1 միլիառ տոլար: Սակայն այնուհետեւ սկսած էին «Սամսունկ»-ի բողոքներն ու պատասխան հայցերը, գումարը բազմիցս վերանայուած է: Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, թէ՛ «Ափըլ»-ը եւ թէ՛ «Սամսունկ»-ը հրաժարած են ճշդել է համաձայնութեան պայմանները:

Գիտնականները Գտած Են Ուղեղի Քաղցկեղի Զարգացումը Կասեցնելու Միջոցը

Տեուկի համալսարանի գիտնականները կրցած են զգալիօրէն երկարել ուղեղի ուռի ամէնէն ծանր ձեւով` կլիոպլասմոթայով հիւանդներու կեանքը: Անոր համար անոնք օգտագործած են ծագումաբանօրէն վերափոխուած բազմաժահր: Այդ մասին ըսուած է «Նիու Ինկլընտ Ճըռնըլ Աֆ Մետիսին» հանդէսին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Կլոպլասթոման ուղեղի ոչ միայն ամէնէն ծանր, այլ նաեւ ամէնէն տարածուած ուռերէն մէկն է. այդ օրկանին մէջ սկզբնական քիմիական նորագոյացութիւններու մինչեւ 52 առ հարիւրը: Հիւանդութեան դէմ պայքարելու ժամանակ կը կիրարկեն քիմիաբուժութիւն, ճառագայթաբուժութիւն եւ վիրահատական բուժում, բայց հիւանդները ախտորոշումը կատարուելէ ետք հազուադէպօրէն կ՛ապրին 15-20 ամիսէն աւելի:

Բուժման նոր մեթոտներու հետազօտութեան մասնակցած է 61 հիւանդ` կրկնուող ձեւով կլիոպլասթոմայով: Այդ բուժումը ստացած հիւանդներուն 21 առ հարիւրը կրցած է ապրիլ աւելի քան երեք տարի: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, նոյն հիւանդութեամբ 104 մարդէ բաղկացած ստուգիչ խումբի մը մէջ, որոնք բուժուած են մինչեւ այժմ ընդունուած մեթոտներով, կեանքի նման տեւողութիւն արձանագրած է միայն 4 առ հարիւրը:

«Սամսունկ»-ը Հնդկաստանի Մէջ Բացած Է Սմարթֆոներու Արտադրութեան Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Գործարանը

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին եւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինը 9 յուլիսին Նիւ Տելհիէն ոչ շատ հեռու գտնուող Նոյիտա քաղաքին մէջ բացած են «Սամսունկ»-ի շարժական հեռաձայններու արտադրութեան գործարան:

Ըստ «Էն. Տի. Թի. Վի.» հեռատեսիլի կայանին, գործարանը տարեկան կրնայ արտադրել մինչեւ 120 միլիոն հեռաձայն եւ պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն մեծը: Ըստ հեռատեսիլի կայանին, գործարանը պիտի արտադրէ տարբեր տեսակի գործիքներ` 100 տոլարէն պակաս գինով ոչ սուղ հեռաձայններէն մինչեւ ամէնէն արդիական սմարթֆոները:

Գործարանը բացուած է «Պատրաստէ՛ Հնդկաստանի մէջ» ազգային ծրագիրի ծիրին մէջ, որ կը նախատեսէ արտասահմանի ընկերութիւններու արտադրութեան տեղաբաշխում Հնդկաստանի տարածքին: «Սամսունկ»-ը ելեկտրական գործիքներու ամէնէն մեծ արտադրողներէն մէկն է եւ «Ափըլ»-ի գլխաւոր մրցակիցը շուկայի վրայ: Ընկերութեան կեդրոնակայանը կը գտնուի Հարաւային Քորէայի Սուվոն քաղաքին մէջ: Անոր անունը կը թարգմանուի իբրեւ «երեք աստղ», որոնց տակ, որոշ փորձագէտներու կարծիքով, ենթադրուած են ընկերութեան հիմնադիր Լի Պիոն Չհոլի երեք որդիները: Ըստ ԹԱՍՍ-ի, անցեալ տարի ընկերութեան շրջանառութիւնը կազմած է աւելի քան 220 միլիառ տոլար:

Աճուրդի Ընթացքին Մրցանիշային Գինով Բրիտանական Ինքնաշարժ Մը Վաճառուած Է

«Էսթըն Մարթին» վաճառանիշի ինքնաշարժներէն մէկը վաճառուած է աւելի քան 10 միլիոն սթերլինի` դառնալով եւրոպական աճուրդի ընթացքի մը վաճառուած բրիտանական ամէնէն արժէքաւոր ինքնաշարժը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

1961-ին այդ ինքնաշարժը գնած է եւրոպացի մը` Սուսեքսի մէջ տեղի ունեցած փառատօնի մը ժամանակ:

Ինքնաշարժը նախապէս վարած է Բրիտանիոյ աշխարհի «Ֆորմիւլա-1»-ի երկակի ախոյեան Ճիմ Քլարքը:

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Պարպի Պուպրիկը Ներկայացուցած Են Մարդամեքենայի Կերպարով

«Մաթել» ամերիկեան ընկերութիւնը, որ կը պատրաստէ ամբողջ աշխարհի յայտնի Պարպի պուպրիկները, Միացեալ Նահանգներու մէջ պուպրիկներու նոր շարք մը ներկայացուցած է մարդամեքենայի մասնագէտներու կերպարով: Այս մէկը եղած է, որպէսզի աղջիկներու մօտ ծրագրաւորման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու մարզի մասնագիտութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջանայ: Այս մասին կը հաղորդուի ընկերութեան կայքին մէջ:

Նոր պարպին «ճինզ» տաբատ հագած է, աչքերուն դրած է յատուկ պաշտպանական ակնոց` սարքաւորումներու հետ աշխատելու համար: Պուպրիկին ձեռքին կայ փոքր նոթպուք մը, անոր հետ դրուած է մարդամեքենային մանրակերտը: Խաղալիքին հետ գնողը երեխաներու համար ծրագրաւորման վեց դաս կը ստանայ «Թիքըր» յաւելուածին մէջ: Անոնց ընթացքին մասնաւորապէս պիտի բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս մարդամեքենայ պէտք է կառուցել, եւ թէ ինչպէ՛ս անոր պարել պէտք է սորվեցնել: Ընկերութեան ներկայացուցիչները արձանագրած են, որ 2017-ին, ըստ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան տեղեկութիւններուն, գիտութեան, արհեստագիտութեան, թեքնիքի եւ ուսողութեան վերաբերող թափուր աթոռներուն միայն 24 առ հարիւրը գրաւած են կիները:

«Մաթել»-ի մէջ յայտարարած են «աղջիկներու նոր սերունդ» դաստիարակելու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք շատ աւելի պիտի հետաքրքրուին այս մարզերով: Ըստ ԹԱՍՍ-ի, տեսերիզին մէջ, որ տեղադրուած է ընկերութեան կայքին վրայ, կ՛ընդգծուի, որ ասոր համար երեխաներուն ընդօրինակման համար համապատասխան օրինակներ պէտք են:

«Ինսթակրամ»-ի Նոր Գործառոյթը Թոյլ Կու Տայ «Սթորիզ»-ի Տեսանիւթերուն Երաժշտութիւն Աւելցնել

«Ինսթակրամ» ընկերային ցանցը 28 յունիսին հրապարակած է նորացում մը, որուն շնորհիւ` անոր յաւելուածին մէջ կարելիութիւն կը ստեղծուի «սթորիզ»-ի տեսանիւթերուն երաժշտութիւն աւելցնել: Այդ մասին կը հաղորդուի «Ինսթակրամ»-ի մամուլի տեղեկագիրին մէջ: «Սթորիզ»-ը գործառոյթ մըն է, որուն օգնութեամբ կարելի է բեռնել լուսանկարներ եւ մինչեւ 15 երկվայրկեան տեւողութեամբ կարճ տեսանիւթեր: Անոնք հասանելի են միայն 24 ժամ:

«Այժմ կրնաք երաժշտութիւն աւելցնել «սթորիզ»-ին, որ պիտի համապատասխանէ որեւէ պահի եւ պիտի օգնէ ձեր զգացումները յայտնելու: «Ինսթակրամ սթորիզ»-ը ամէն օր կ՛օգտագործէ 400 միլիոն մարդ: Մենք ուրախ ենք մեր օգտատէրերուն նոր միջոցներ տալու իրենց` աւելի մօտ զգալու իրենց ընկերներուն ու հետեւողներուն», ըսուած է մամուլի տեղեկագիրին մէջ: Կը նշուի, որ համապատասխան բովանդակութիւնը կարելի է տեսագրութիւնը սկսելէն առաջ ընտրել «Ինսթակրամ»-ի գրադարանէն: Աւելի առաջ ընկերային ցանցը հրատարակած է նորացում մը, որուն շնորհիւ` ծրագիրին մէջ յայտնուած է տեսազանգի գործառոյթ, ըստ ԹԱՍՍ-ի:

«Թուիթըր»-ը Կարելիութիւն Ընձեռած Է Գտնելու Հրապարակուած Որեւէ Ծանուցումի Հաղորդում

«Թուիթըր» ընկերային ցանցը գործարկած է ծառայութիւն մը, որուն օգնութեամբ օգտատէրերը պիտի կարենան գտնել անոր մէջ հրապարակուած որեւէ ծանուցումի հաղորդում, ինչպէս` քաղաքական բնոյթի եւ տեղեկատուութիւն ստանալ ծանուցումը տեղադրողին մասին: Ինչպէս ըսուած է ընկերային ցանցի համացանց-պլոկին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, ծառայութեան խնդիրն է ապահովել ծանուցումի հաղորդումներու զետեղման թափանցիկութիւնը:

Մտնելով յատուկ ստեղծուած էջ` օգտատէրերը որոնման գործառոյթի օգնութեամբ պիտի կարենան գտնել որեւէ ծանուցումի «թուիթ», ինչպէս նաեւ համապատասխան տեղեկատուութիւն` ծանուցումը տեղադրողին մասին:

Եթէ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական ծանուցումին, ապա կը ներկայացուին յաւելեալ տուեալներ, ներառեալ` անոր տեղաբաշխման համար ծախսուած գումարը, ինչպէս նաեւ` այն մասին թէ ի՛նչ լսարանի ուղղուած է տեղեկատուութիւնը: Ըստ ԹԱՍՍ-ի, ինչպէս կը հետեւցուի յայտարարութենէն, ներկայ փուլին կարելի է իրականացնել միայն քաղաքական ծանուցումի որոնումը, որ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային ընտրութիւններուն, սակայն ժամանակի ընթացքին ընկերային ցանցը կը խոստանայ կարելիութիւն տալ տեղեկատուութիւն ստանալ «Թուիթըր»-ի վրայ զետեղուած որեւէ ծանուցումի հաղորդման վերաբերեալ:

Ռազմական Արդիւնաբերութիւն, Ենթակառուցուածքներ, Կրթութիւն. «Տիճիթեք Առեւտրական Ֆորումը» Պատրաստ Է Մեկնարկին

29 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի «Խելացի լուծումներ` խելացի առեւտուրի համար» խորագիրին տակ տեղի ունեցող 11-րդ տարեկան «ՏիճիԹեք առեւտրական ֆորումը»:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին նշեց «ՏիճիԹեք առեւտրական ֆորում»-ի կազմակերպիչ, յառաջատար արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ Ալեքսանդր Եսայեանը, ֆորումին նպատակն է աջակցիլ տեղեկատուական եւ հեռաձայնային հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու ներդրումին պետական համակարգին եւ տնտեսութեան տարբեր մարզերու մէջ:

«Կարելի է ըսել, որ այս ֆորումը միակ  բեմն է, ուր տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւնները կրնան հաղորդակցիլ առեւտուրի հետ, ներկայացնել իրենց լուծումները եւ տարուէ տարի արձանագրած յաջողութիւնները: Առեւտուրն ալ իր կարգին մէկ բեմի վրայ կը ծանօթանայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան լուծումներուն», ըսաւ Ալեքսանդր Եսայեանը:

Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ 2 օր` 29 եւ 30 յուլիսին, պիտի ըլլան տարբեր ուղղութիւններով քննարկումներ` տեղեկատուական անվտանգութեան, ելեկտրոնային համակարգերու զարգացման խնդիրներ, վերականգնուող եւ ուժանիւթային արդիւնաւէտ արհեստագիտութիւն, ռազմական արդիւնաբերութիւն եւ այլն:

Յառաջատար արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանը նշեց, որ միութեան համագումարին ներկայացուած է այսօրուան արհեստագիտութեան վերաբերեալ տեսլականը:

«Մենք վարչապետին առաջարկեցինք հետեւեալը. այն, ինչ որ կը վերաբերի արհեստագիտական զարգացումներուն, ապա նախարարութենէն կողմէ կը ստեղծուի կոմիտէ մը, որ կը զբաղի արհեստագիտութեան արդիականացումով: Անիկա պիտի վերաբերի տարբեր ուղղութիւններու` ռազմական արդիւնաբերութիւն, ենթակառուցուածքներ, կրթութիւն եւ այլն: Այսինքն համալիր մօտեցում ըլլայ: Այս ֆորումին մենք որոշեցինք այդ գաղափարը բանալ, ամէն մէկ բաղադրիչը առանձին քննարկել եւ արդիւնքները ներկայացնել ղեկավարութեան», ըսաւ Կարէն Վարդանեանը:

Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Ռուբէն Մուրատեանը նշեց, որ մարզի մասնագէտները եւ ընկերութիւնները հերթական անգամ շատ լրջօրէն ներկայացուած են ֆորումի աշխատանքներուն մէջ:

«Հիմնական քննարկուող թեմաներէն պիտի ըլլայ համագործակցութիւնը առեւտուրի եւ անվտանգութեան լուծումներ առաջարկող կազմակերպութիւններու միջեւ: Հիմա գիտենք, որ տեղեկագրական արտահոսքերը կը բազմանան, եւ Հայաստանի մէջ անոր հետ կապուած լուրջ խնդիր կայ: Երկու տարի առաջ Հայաստանը շատ լուրջ հարուած ստացաւ կրիպտովիրուսներէն, 2017-ին խնդիրներ յառաջացած էին դրամատնային համակարգին մէջ, երբ անվտանգութիւնը խախտած էր կարգ մը պարագաներու: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպենք համագործակցութիւնը առեւտրական համայնքի եւ տեղեկատուական անվտանգութեան մարզի մասնագէտներու միջեւ», ըսաւ Ռուբէն Մուրատեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Աւագ Աւանէսեանը նշեց, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ բարձր արհեստագիտութիւնը առանցքային յենասիւներէն է:

«Այս հարցին պէտք է շատ լրջօրէն մօտենանք եւ հասկնանք, թէ ի՛նչ կառուցուածքային լուծումներ կան: Մեզի համար տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզը` իբրեւ գիտելիքային եւ բարձր արժէք ստեղծող ուղղութիւն, շատ կարեւոր է: Ամէնէն արագ աճող, մէկ աշխատողին բաժին ինկող  յաւելեալ արժէքի հարկով (ՅԱՀ) բարձր ճիւղերէն մէկն է: Մենք կարեւոր կը նկատենք նման հարթակները, որոնք կը նպաստեն նոր արհեստագիտական լուծումներ առաջարկողներու եւ առեւտուրի կապի ձեւաւորման: Հիմնականին մէջ կ՛ակնկալենք եղած ներուժը ուղղել սպառողին աւելի լաւ  եւ աւելի որակաւոր ծառայութիւններ մատուցելուն», ըսաւ փոխնախարարը:

 

Նախորդը

Մինաս (Աւետիսեան, 1928-1975). Հայաստանի Գոյներուն Եւ Լոյսի Խաղերուն Հանճարեղ Նկարիչը

Յաջորդը

Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.