Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Ա. Գիրք) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

Յուլիս 25, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Էջմիածնի մայր աթոռի վանական տեսչութեան նախաձեռնութեամբ 2018-ին լոյս տեսաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի «Քարոզներ» Ա. գիրքը (Բ. հրատարակութիւն)` 660 էջ: Կազմող` Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան. խմբագիր` Մարիամ Վարդանեան: Գիրքը հրատարակուած է Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով, Գրիգոր Մովսիսեան եւ Նայիրա Կարապետեան ամուսիններու մեկենասութեամբ:

Գարեգին Բ. վեհափառ կ՛ըսէ, որ իր եռամեծ նախորդի` ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի գիրքերէն իւրաքանչիւրը անոր երախտարժան կեանքի մէկ հանգրուանի, որոշակի ժամանակահատուածի մը կամ այդ ժամանակահատուածի գործունէութեան առանձին բնագաւառի իւրօրինակ հանրագումարն է:

Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը կը շարունակէ ըսելով, որ այս գիրքի իւրաքանչիւր էջը, իբրեւ հաւաքական պատգամ, ընթերցողին կ՛ուսուցանէ, որ «դէպի լոյս եւ կեանք» տանող ճանապարհին, Բեթղեհէմեան աստղի հետ մեր կենդանի հաղորդութիւնը մեր ժողովուրդին համար կ՛անցնի  Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիով` կեդրոն ունենալով մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, «Քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»:

Գիրքին իբրեւ խորհրդանշական ընդհանուր խորագիր ընտրուած է «Հայրենիքը պատկերն է հայութեան»:

Գարեգին Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ, որ մեր եկեղեցին շաղախուած է հայ կեանքին մէջ: Օտար աստուածաբաններ կ՛ըսեն, որ կրօնք եւ ազգ իրարմէ տարբեր են, բայց ատիկա սխալ է, որովհետեւ ո՞ւր պիտի գործէ Աստուած` մարդո՞ց մէջ պիտի գործէ: Մարդիկ ազգերէ բաղկացած են: Եկեղեցին ժողովուրդի, ազգի կազմաւորման ընթացքին կազմաւորիչ դեր խաղցած է:

Մեր եկեղեցին է՛ նաեւ շաղախ ազգային միութեան եւ սնուցիչ ու ամրապնդիչ ուժ` մեր զօրութենականութեան: Ներկայ աշխարհի նոր դրուածքը եւ հայութեան այժմեան կացութիւնը ուրիշ բան չեն թելադրեր մեզի, բայց միայն ամրապնդում հայոց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միութեան:

Երջանկայիշատակ վեհափառը կը շարունակէ ըսելով, որ քրիստոնէութիւնը Քրիստոսի անձով է կեանքի կոչուած, եւ այդ անձին ներկայութիւնը ունի իր մէջ` իբրեւ իր բուն էութիւնը կազմող զօրութիւն: Քրիստոս կ՛ապրի եւ չի դադրիր երբեք կեանք ճառագայթելէ: Աստուած էր, եղաւ մարդ. Աստուած է, եւ չի դադրիր մարմին ըլլալէ` նիւթեղէն մարմինը փոխարինելով «խորհրդական մարմինով», այսինքն` եկեղեցիով: Ատոր համար է, որ եկեղեցին մեր ծննդավայրն է, իր մարմնին հետ մեր հաղորդութիւնը: Մեր մէջ Աստուծոյ ներգոյութիւնն ու ներգործութիւնը մեր հարազատ ինքնութեան կնիքն է եւ միանգամայն մեր կեանքին հոգեկան զօրութեան աղբիւրը: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ մարդիկ յաճախ երբ հեռացած են Աստուծմէ, տկարացած են ու նաեւ այլասերած իրենց հարազատ մարդկային ինքնութեան մէջ:

Դարերու ընթացքին շատ ուժեր, հզօր իշխանութիւններ ուզեցին մեզ հեռացնել Քրիստոսի ճանապարհէն, Աստուծոյ իշխանութենէն: Շատ բան քանդեցին մեր հայրերու սուրբ աւանդութիւններէն, բայց չկրցան մեր քրիստոնէական հաւատքը պոկել մեզմէ, արմատախիլ ընել մեր հոգիի խոր ընդերքէն: Հաւատքը մնաց կենդանի. հաւատքը սոսկ զգացում չէ, այլ կեա՛նք է, ըմբռնողութիւն, ճանաչում, ապրելու, գործելու եղանակ է:

Հայաստան անթիւ մահեր տուաւ, բայց ինք մահ չտեսաւ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր ողջ գոյութեամբ հաւատաց Յարութեան:

Այսօր մենք կոչուած ենք վերստին զգալու, որ Քրիստոսի հետ միասին մենք է, որ յարութիւն կ՛առնենք, այսինքն` Յարութեան գաղափարովը կ՛ըմբռնենք եւ կ՛իրագործենք մեր կեանքը: Դարաւոր մեր կեանքը Հայաստանի մէջ թէ այլուր եղաւ Յարութեան գաղափարին, հաւատքին եւ տեսիլքին հաւատարիմ կեանք մը:

Գարեգին Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ, որ որքան ալ գիտութիւնը յառաջացած ըլլայ, անիկա երբեք ուժ չունի հաւատքի տարածքին մէջ մտնելու: Մարդը աւելի է, քան իր միտքը, այսինքն` սոսկ տրամախոհական կարողութիւնը:

Մեր ժողովուրդը Յարութեան հաւատքով յաջողեցաւ յաղթահարել բոլոր տեսակի վտանգներն ու կործանարար ուժերը, որոնք կը սպառնային մեր գոյութեան:

Գարեգին Ա. կը նշէ, որ Էջմիածինը այնքան Էջմիածին է, որքան Միածնախօս է, որքան Քրիստոս այս կեդրոնէն կը խօսի մեր ժողովուրդին: Էջմիածինը հաստատութիւն ըլլալէ առաջ` առաքելութիւն է, Աստուծոյ թարգմանութիւնը, Աւետարանի քարոզութիւնը, մեր հայրերու սուրբ աւանդներու կենդանի փոխանցումը մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Քանի հարուածներ եկան մեր պատմութեան մէջ` մեր հաւատքը ապականելու, սպաննելու մեր մէջ, սակայն չկրցան: Այդ հաւատքն էր, որ կենդանի պահեց Սուրբ Էջմիածինը:

Երջանկայիշատակ վեհափառը կ՛ընդգծէ ըսելով, որ քրիստոնէութիւնը եւ քրիստոնէութեան հիմնադիր Աստուածորդին` Քրիստոս, Ինք չեկաւ աշխարհ, որպէսզի մենք Իրեն ծառայենք, այլ եկաւ, որ Ինքը` Աստուած, մեզի ծառայէ: Աստուծոյ սէրը այնպիսի անպարփակելի ուժ է, որ չի կրնար անհատ անձը ինքն իր մէջ պահել: Աստուած սէր է: Աստուած մէկ անուն ունի: Աստուած բառէն դուրս սէր բառն է: Եւ հետեւաբար եկեղեցին հիմնուած է, որ երթայ դէպի ժողովուրդը, մտնէ ժողովուրդին մէջ, ծառայէ ժողովուրդին, ցաւերը դարմանէ, ճիշդ ճանապարհը ցոյց տայ: Յիսուս Աստուծոյ սիրոյն մարմնացումն է Իր կեանքով, Իր խօսքով եւ Իր գործով:

Երբ հաւատքը կենդանի է մարդու հոգիին մէջ, անոր կեանքը այդ հաւատքի ուղղութեամբ, ուղղուածութեամբ ու թելադրութեամբ կ՛ապրուի: Աստուծոյ սէրը կը փոխանցուի մարդոց սիրոյ միջոցով: Մենք երբ այդ սէրը ցոյց տանք իրարու հանդէպ, մեր կեանքը դրախտ կ՛ըլլայ:

Մարդ չի կրնար ապրիլ առանց հացի, բայց մարդ չի կրնար ապրիլ միայն հացով: Մեր եկեղեցին հոգեւոր հացն է որ կու տայ մեզի Աւետարանէն քաղելով եւ կը փոխանցէ մեր հայրերուն ընկալումներն ու աւանդութիւնները, եւ ատոնք են, որ մեր սերունդներուն կերակուր կը դառնան:

Գարեգին Ա. վեհափառ կ՛աւելցնէ ըսելով, որ եկեղեցին Քրիստոս Ինք հիմնած է եւ ոչ թէ մենք, որ զայն կառուցած ենք: Մենք եկեղեցւոյ մարմինն է որ կը կառուցենք: Եկեղեցին միջոցն է, որ երկինքը երկրին կը կապէ: Եկեղեցին միացումն է Աստուծոյ եւ մարդուն: Մարդուն վրայ կայ Աստուծոյ կնիքը: Աստուած իր շունչը փչեց մարդուն մէջ, եւ մարդը Աստուծոյ նման էակ եղաւ, եւ մենք պէտք է արժեցնենք Աստուծոյ պատկերը մեր մէջ` եկեղեցւոյ կապուած ըլլալով:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Գիրք Բ.) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?