Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալ եւ Քաղաքականութիւն

Յուլիս 13, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մոռցէ՛ք Ֆութպոլը, Վլատիմիր Փութին
Մոնտիալի Իսկական Յաղթողն Է
Վլատիմիր Փութին կը վայելէ Մոնտիալը

Ռուսիոյ նախագահը հմուտ դիւանագէտի դերը կը կատարէ Մոնտիալի սկիզբէն ի վեր` հիւրընկալելով նախագահներ եւ վարչապետներ:

Աւելի քան 2,5 միլիոն տոմսեր յատկացուած են Ռուսիայէն եւ ամբողջ աշխարհէն համակիրներու համար` Ռուսիան դարձնելով  զբօսաշրջային ուղղութիւն մը:

Ռուսիոյ ազգային խումբը, որ իր խմբակին ամէնէն վերջին խումբն էր, սպասուած են աւելի լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերեց:

Մոնտիալը նաեւ բարձրացուց Փութինի աշխարհաքաղաքական պատկերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ողջունեց զայն` յայտնելով, որ ինք կը ցանկայ իմանալ, թէ Փութին «ինչպէ՛ս կարգաւորեց այսքան յաջող Մոնտիալ մը, այլ բաներու կողքին»:

Ասիկա պարզ դիւանագիտական նրբութենէ անդին կ՛երթայ: Տեսական առումով, Մոնտիալը կը թուի աւարտել Փութինի համար փուլ մը, որ սկսած էր Սոչիի մէջ:

2014-ի Սոչիի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութենէն օրեր ետք Ռուսիոյ կառավարութիւնը սկսաւ Խրիմ թերակղզին Ուքրանիայէն անջատելու գործընթացը` հրահրելով միջազգային մեծ տագնապ եւ ենթարկուելով տնտեսական պատժամիջոցներու: Մալեզիական օդանաւի ջախջախումը Ուքրանիոյ արեւելքը` աւելի խորացուց Ռուսիոյ մեկուսացումը, ինչպէս` Փութինի ռազմական միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ միջամտութիւնը 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն:

Սոչիի ողիմպիականը նաեւ ստուեր դրաւ ռուսական մարմնամարզին վրայ: Անկախ զեկոյց մը յայտնեց, որ ռուսերը կ՛օգտագործէին պետական հովանաւորութեամբ դեղեր` Սոչիի խաղերու ընթացքին: Իբրեւ հետեւանք` Ռուսիոյ արգիլուեցաւ իբրեւ երկիր մասնակցիլ Փիոնկ Չանկ ձմեռնային Ողիմպիականի խաղերուն, բայց դեղը չգործածող ռուս մարզիկները կարողացան մասնակցիլ Ողիմպիականի դրօշին տակ:

Այժմ Փութին կը նախագահէ ռուսասիրութեան միջազգային պահ մը, գոնէ` երեւութապէս: Խաղերը չեն խանգարուիր համակիրներու վայրագութեամբ կամ ահաբեկչութեամբ: Համակիրներու պատկերներ, որոնք յաղթանակները կը տօնեն Մոսկուայի եւ այլ ռուսական քաղաքներու մէջ, երկրին կը պարգեւեն տօնական լոյս մը: Աշխարհաքաղաքական ճակատի վրայ Ռուսիոյ նախագահը Մոնտիալը իր աւարտին պիտի հասցնէ` հանդիպելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ, 16 յուլիսին, Հելսինքիի մէջ, աւարտական մրցումէն քանի մը օր ետք:

Մինչեւ այսօր հանդիպման օրակարգը բաւական ընդհանուր է: Պատասխանելով «Սին.Էն.Էն»-ի հարցումին` հանդիպման նիւթերուն մասին, Պոլթըն նշեց, որ պիտի արծարծուի «երկու երկիրներու միջեւ հարցերու ամբողջական շարքը», ներառեալ` Խրիմի բռնակցումը, հարց մը, որ Քրեմլինը փակուած կը համարէ` հակառակ այս քայլին աննշան միջազգային ճանաչման:

Անդրադառնալով ժողով գումարելու այն տրամաբանութեան, երբ Ռուսիա չէ փոխած իր վարքագիծը, որուն համար պատժուած էր, Պոլթըն ըսաւ.

«Փաստը այն է, թէ կարեւոր է, որ այս երկու երկիրներու ղեկավարները հանդիպին: Հակառակ մեր տարբերութիւններուն` կան բազմաթիւ հարցեր, որոնց համար նախագահ Թրամփ եւ նախագահ Փութին կը կարծեն, որ կրնան շինիչ լուծումներ գտնել: Կ՛ուզեմ լսել, որ մէկը կ՛ըսէ, թէ` «ասիկա գէշ գաղափար է»:

Ատիկա Փութինի նկատմամբ միակ միջազգային բարի կամքի ակնարկը չէ: Ամերիկացի խումբ մը հանրապետական ծերակուտականներ յուլիս ամսուան ընթացքին այցելեցին Ռուսիա, այլ բարձր մակարդակի հանդիպում մը, որ տեղի կ՛ունենայ` հակառակ աշխարհի ախոյեանութեան ենթանկարին:

15 յուլիսին Մոնտիալի աւարտական մրցումը Փութինին կու տայ այլ առիթ մը` խաղալու հմուտ դիւանագէտի դերը. Ռուսիոյ նախագահը հրաւիրած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` դիտելու մրցումը: Մինչ Նեթանիահու տակաւին չէ պատասխանած հրաւէրին, սակայն պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս արդէն իսկ հաստատած է իր ներկայութիւնը:

Թրամփ-Փութին ժողովին նման, դժուար է ըսել, թէ եռակողմանի հանդիպում մը` Փութինի, Ապպասի եւ Նեթանիահուի միջեւ, պիտի ըլլայ երկար խորհրդանշական իմաստով եւ կարճ` բովանդակային նշանակութեամբ: Ռուսիա տակաւին պատժամիջոցներու ենթակայ է, եւ ամերիկեան-ռուսական յարաբերութիւնները սառն են: Սակայն նկարներու կարելիութիւններու առումով, Մոնտիալը պարգեւած է բացառիկ ենթանկար մը:

Ռուսիոյ` Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն միջամտելը պիտի մնայ կարեւոր հանգոյց ամերիկեան-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ: Քրեմլին հակառակ ձեւով կը մօտենայ այս հարցին: Փութին կը մեղադրէ Արեւմուտքը` Ռուսիոյ ներքին քաղաքականութեան միջամտելու համար եւ կը ժխտէ Ռուսիոյ միջամտութիւնը` արտաքին ընտրութիւններուն մէջ, եւ դժուար է երեւակայել, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա հասարակաց եզր մը պիտի գտնեն:

Տմիթրի Թրենին, «Քառնեկի Մոսկուա» կեդրոնի տնօրէն եւ ամերիկեան-ռուսական յարաբերութիւններու յառաջատար դիտորդներէն, առաջարկեց, որ երկու երկիրները դրսեւորեն  խորհրդանշական որոշ կամք` ժողովին տալու որոշ օրինականութիւն:

Ուքրանիոյ Կարգախօսը Ժխտականօրէն Կ՛ազդէ
Քաղաքականութիւնը Մոնտիալէն
Հեռու Պահելու Փութինի Գրաւին Վրայ

Երբ Խրուաթիոյ խումբը յաղթեց Ռուսիոյ` Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին, խրուաթ պաշտպանող մարզիկը` Տոմակոժ Վիտա պոռաց` «Փա՛ռք Ուքրանիոյ», առցանց վիտէոյի մը մէջ, ինչ որ յիշեցում էր, որ մարմնամարզը եւ քաղաքականութիւնը միշտ ալ չեն կրնար անջատուիլ` հակառակ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պնդումին: Վիտա, որ աւելի քան 5 տարի մաս կազմած էր «Տինամօ Քիեւ» (Ուքրանիա) խումբին, Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ինք եւ օգնական մարզիչը, որ նոյնպէս վիտէոյին մէջն էր, պարզապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէին ուքրանացի համակիրներուն` իրենց քաջալերանքին համար: Օգնական մարզիչը Ռուսիոյ դէմ այս յաղթանակը կոչած էր «յաղթանակ` «Տինամօ»-ի եւ Ուքրանիոյ համար»:

«Անկեղծօրէն կը յուսամ, որ այս պատգամը այլ ձեւով չի մեկնաբանուիր», յայտնած էր Վիտա:

Սակայն քանի մը օր ետք ֆետերասիոնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց, որ չեղեալ նկատած է օգնական մարզիչին պայմանագիրը եւ դադրեցուցած է ազգային խումբին անոր մասնակցութիւնը` վիտէոն հրապարակելուն պատճառով:

Ըստ հաղորդագրութեան, օգնական մարզիչը եւ Վիտա ներողութիւն խնդրած են իրենց արտայայտութեան համար, որ` «ոչ մէկ ձեւով քաղաքական նշանակութիւն ունէր, բայց դժբախտաբար այդպէս մեկնաբանուեցաւ»:

Ներողութիւն

Մինչ ինք ոչ մէկ քաղաքական պատգամ կ՛ուղղէր, «իմ արտայայտութիւններս կրնային այլ ձեւով մեկնաբանուիլ», ըսած է օգնական մարզիչը ֆետերասիոնի կայքէջին վրայ: «Ներողութիւն կը խնդրեմ Ռուսիոյ ժողովուրդէն, եթէ իմ խօսքերս այդ ձեւով մեկնաբանուեցան»:

«Փա՛ռք Ուքրանիոյ» նախադասութիւնը յաճախ կը գործածուէր 2014-ի յեղափոխութեան կողմնակիցներուն կողմէ, որոնք տապալեցին երկրի ռուսամէտ նախագահը: Մինչ Ուքրանիա եւ Ռուսիա ճակատումի մէջ են 2014-ին Խրիմ թերակղզիի կցումէն եւ Ուքրանիոյ արեւելքը տեղի ունեցած եւ Քրեմլինի աջակցութիւնը վայելող անջատողականներուն դէմ պատերազմէն ետք, այս նախադասութիւնը յաւելեալ քաղաքական նշանակութիւններ ունի:

Պալքանեան երկիրներու մէջ շատեր զուգահեռներ կը տեսնեն Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ այն պատերազմին միջեւ, որ տեղի ունեցաւ 1990-ականներուն` սերպերուն եւ խրուաթներուն միջեւ, երբ նախկին Եուկոսլաւիան փլուզման ենթարկուեցաւ: Մինչ Ռուսիոյ լրատու միջոցներուն մէջ հակասութիւններ տարածուեցան արտայայտութեան վերաբերեալ, ՖԻՖԱ-ն, որ օրէնքներ ունի քաղաքական արարքներուն դէմ, Վիտային տուաւ նախազգուշացում` բայց որոշելով չարգիլել անոր մասնակցութիւնը Անգլիոյ դէմ կիսաւարտականի մրցումին:

Նախապէս ՖԻՖԱ տուգանքի ենթարկած էր քոսովեան արմատներով երկու շուէտ մարզիկներ, որոնք Սերպիոյ դէմ իրենց յաղթանակը նշած էին կատարելով կրկնակի գլուխով արծիւի շարժումներ` իրենց ձեռքերով, ինչ որ Ալպանիոյ դրօշի պատկերն է: Սերպիա եւ Ռուսիա չեն ճանչնար Քոսովոյի անկախութիւնը:

Մինչ Փութին կը շեշտէ, որ մարմնամարզի մէջ քաղաքականութիւն պէտք չէ մտնէ, ան ֆութպոլի նախկին մարզիկները Քրեմլին հրաւիրելով` ըսաւ, որ Ռուսիոյ մէջ Մոնտիալի կայացումը «օգնած է քանդելու բազմաթիւ կարծրատիպեր» երկրին վերաբերեալ, միջազգային լարուածութիւններու այս պահուն: Ռուսիա մեծ գովասանքի արժանացաւ աշխարհի ամէնէն շատ դիտուած մարզական ձեռնարկին արդիւնաւէտ կազմակերպութեան համար, մինչ օտար համակիրներ ըսին, որ իրենք զարմացած են ռուսերու ջերմ ընդունելութենէն:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը հրամայած է բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, ներառեալ` իշխան Ուիլիամին, որ Անգլիոյ ֆութպոլի կազմակերպութեան նախագահն է, պոյքոթելու Մոնտիալը` Անգլիոյ մէջ նախկին լրտեսի մը թունաւորման պատճառով, որուն համար Բրիտանիա կը մեղադրէ Քրեմլինը:

Անգլիոյ քաղաքացիի մը մահը նոյն թոյնէն, անցեալ կիրակի, աւելի հակասական կը դարձնէ Փութինին հրաւէրը ընդունելու աւարտական մրցումին համար:

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ» եւ «ՏԸ ԹԵԼԵԿՐԱՖ»

 

 

Նախորդը

Թրքագէտ Մելինէ Անումեանի Գիրքի Անգլերէն Հրատարակութեան Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?