Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Սպիտակ Այգիներու Ճամբեզրին» (Հեղինակ` Համբիկ Պիլալեան)

Յուլիս 18, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Համբիկ Պիլալեանի «Սպիտակ այգիներու ճամբեզրին» գիրքը, բաղկացած` 536 էջերէ: Խմբագիր` Արմենակ Եղիայեան: Մեկենասը հատորը կը նուիրէ հայ գիրի ու դպրութեան ծառայած իրերայաջորդ սերունդներուն:

Փոխան յառաջաբանի կ՛ըսուի, որ գիրքին մէջ յաջորդաբար ներկայացուած գրութիւնները հայ մամուլի էջերուն լոյս տեսած հրապարակագրական աշխատանքի մը արգասիքն են. անոնք կ՛ընդգրկեն որոշակի ժամանակահատուած մը (2000-2015):

Վարդանանց նուիրուած բաժինին մէջ Համբիկ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ մեր նախնիքը դարերու հեռաւորութեամբ ցոյց տուին թշնամիին դէմ կանգնելու վճռակամութիւնն ու արիութիւնը եւ տուեալ ժամանակի հատու հասկացողութեամբ` ամրակայեցին գիտակցական հայրենասիրութեան եւ նուիրաբերումի վեհափառ զգացողութիւնը: Աւարայրի ճակատամարտով կը բիւրեղանար ազգային դիմակայութեան սրբազան պահուածքը` ծնունդ տալով ազատախոհութեան, ինքնուրոյն մտածելակերպի եւ հայրենապաշտութեան վառ օրինակներու:

Պիլալեան կը շարունակէ ըսելով որ Վարդանանց խորհուրդը ինքնապաշտպանական կամքին առընթեր իր մէջ կը պարփակէ ցեղային առանձնայատկութիւններու այնպիսի արժանիքներ, որոնց հանդէպ հարկ է ցուցաբերել երկիւղածութիւն, պաշտամունքի համազօր հնչեղութիւն ու մանաւանդ` բացարձակ հաւատարմութիւն:

Ուսուցչաց տօնին նուիրուած բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ. այնքան ատեն որ մեր հաւաքական կեանքին ներքին ամրութիւնը անսասան պահող եւ ազգային գոյատեւման կռուանները իմաստաւորող երկու յենարանները` հայ վարժարանն ու հայ ուսուցիչը, հայօրէն փայլատակելու կոչուած իրենց առաքելութեան մէջ անըմբռնելիօրէն խարխափեալ իրավիճակ մը կ՛ապրին, եւ ասիկա` նոյնիսկ վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ, զգաստութեան եւ ինքնաճանաչման հրաւիրող բոլոր ահազանգերը լրջութեամբ ընկալելու պարտադրանքին տակ կը թողու մեզ ազգովին: Այլապէս, ի զուր կը փորձենք մեր գնահատականներուն թէ քննական մօտեցումներուն մէջ իրաւացիութիւնը պաշտպանել, եթէ երբեք սոսկ կեդրոնանանք մասնակի երեւոյթներու վրայ` առանց ներառելու համազգային տենչերուն եւ տեսլականներուն անցեալի ու ներկայի համահունչ գործելու պատրաստակամութիւնը:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ սերունդներու դաստիարակութեան կոչուած իր պահուածքով, գեղեցիկին ու վեհին նուիրուելու իր նախանձախնդրութեամբ հայ ուսուցիչի դերակատարութիւնը անփոխարինելի եղած է դարեր շարունակ եւ ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին:

Ինչքան ալ փորձեն նսեմացնել հայ դաստիարակին դերն ու կոչումը հայ կեանքին մէջ, ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ ինքզինք կը պարտադրէ ուժգնօրէն, որ հայ կրթական համակարգի խորապատկերի կիզակէտին քանդակուած կը մնայ հայ ուսուցիչի կերպարին առաքելատիպ դիմագիծն ու հայաբոյր մտածողութիւնը:

Ինչքան ալ ժամանակակից կեանքի ըմբռնումներն ու նորովի ընկալումները մեզ մղեն տարբեր հայեացքներով դիտելու հայ  կեանքին մէջ առկայ դժգոհութիւններն ու մտատանջութիւնները` այս ասպարէզին վերաբերող, կայ հաստատ համոզում մը, որ կը մնայ անբեկանելի, թէ հայ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան ջամբումին մէջ անփոխարինելի կը մնայ լուսամիտ դաստիարակի դերն ու արժէքը:

Պիլալեան կ՛ըսէ, որ յաճախ պատեհութիւններ կը ստեղծուին, յատկապէս արուեստի բնագաւառին մէջ ընդգծելու կամ շեշտադրելու տուեալ ստեղծագործ աշխատանքին վաւերական տարողութիւնն ու անոր ունեցած դերակատարութիւնը` հաւաքական մեր կեանքին դաստիարակութեան մէջ:

Եւ առանց վարանելու կ՛արժեւորենք ամէն արարք, երեւոյթ, մտայղացք թէ արտայայտութիւն, որ իսկապէս շաղախով մը պարուրուած է, գիտակցական ծառայութեամբ օժտուած, խոհական տրամադրութիւններով փայլատակող եւ առհասարակ շրջապատի մը զարգացման միտող իր նպաստով` հետագայ տարիներու հաշուոյն, անիկա ո՛չ միայն ինքնուրոյն եւ ինքնահաստատ քայլ մը կ՛արձանագրէ, այլեւ խրախուսիչ եւ յուսադրող գործունէութեան ուղիներ կը հարթէ: Բնականաբար, այսօրինակ վարքագիծի տէր պէտք է ըլլայ այն հայ ուսուցիչը, որուն առաքելութեան կիզակէտը, այս պարագային, արուեստի մարզն է` իր բազմերանգ դրսեւորումներով:

Մայրենի լեզուի օրուան բաժինին մէջ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ հայերէնը հայրենիք է ինքնին, իր վեհափառ ու ազդու ներկայութեամբ, բովանդակ ու պայծառ հնչեղութեամբ, ազգային ուրոյն գաղափարախօսութեամբ եւ գերազանցապէս պատմակերտի առանձնայատկութեամբ:

Ու այսպէս դարեր շարունակ աղօթք ենք բարձրացուցեր, հաւատք ու քրտինք փոխանցեր, հայաբոյր շունչ ու ոգի սերմաներ. հաճոյքներ ենք սարքեր, տխրեր եւ ուրախացեր հայոց այբուբենով: Արհաւիրքներու մէջ անգամ եւ ամէնէն բարբարոս օրերուն սիրել ենք գիտցեր ու ատով փրկուեր ստոյգ մահէ: Մենք սիրեր ենք մեր լեզուն ու այնքան սիրահարեր անոր, որ անոր պաշտամունքի ու ծէսի հանդերձանք ենք նուիրեր, յանուն ազգային խորախորհուրդ ապրումներու, զգացումներու եւ արժէքներու: Սա է մեր լեզուն իր բովանդակ գեղեցկութեամբ, ուժեղ, առինքնող եւ անգնահատելի արժեհամակարգով:

Հայ վարժարանի, կրթական վերամուտի եւ թարգմանչաց բաժինին մէջ Համբիկ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ տարօրինակ երեւոյթ եւ ճշմարտութիւն մը ինքզինք կը պարտադրէ ըստ ամենայնի: Այն, որ աւելի քան հազար վեց հարիւր տարի է Հայաստանի յարատեւութեան եւ հայութեան գոյութենական պայքարին վերաբերող ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի պատուանդան են եղած հայ վարժարանն ու հայ մտքի հզօրութիւնը:

Երկու զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով սնանող արժեհամակարգեր, որոնց իւրաքանչիւրին դերն ու իմաստը ցարդ կը մնան եզակի եւ առանձնայատուկ:

Հայոց լեզուի ուսուցման, հայ ոգիի բացայայտման եւ ինքնաճանաչման միակ կռուանը կը մնայ հայ վարժարանը, որով կրցեր ենք մենք մեզ պաշտպանել ստոյգ ուծացումէ եւ այլասերումէ, եւ այլապէս ալ, տուեալ կառոյցի բացակայութեան, հայ հանճարն ու իմացական կարողականութիւնը եւ շատ անգամ առանց լեզուի տիրապետումին իսկ հայը կրցեր է իմացապէս ճառագայթել եւ ինքզինք պարտադրել` ի խնդիր ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման:

Երկուստեք պատմութեամբ թաթաւուն եւ պատուաբեր յաջողութիւններով լի օրինակներու յաճախ կը հանդիպինք: Մէկ կողմէ հայկական վարժարան յաճախած սերունդներու յաջողութիւններուն եւ միւս կողմէ` տուեալ միջավայրէ զրկուած հայորդիներու համաշխարհային նուաճումներուն, հայ բազմադարեան հանճարի ու պայծառ մտքի դրսեւորումներու արտասովոր պատկերներու:

24 ապրիլի բաժինին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ. որպէսզի կարենաք ինքնաքննարկումի ճամբով լաւ հասկնալ ներկայ ժամանակներու ներհայկական իրադարձութիւններու տեսադաշտը, ապա պարտաւոր ենք ազգովին ընդգծելի դարձնել կարգ մը հաստատագրուած ճշմարտութիւններ: Զարմանալի երեւոյթներու եւ գործելակերպերու ականատես հայորդին, երբ իր հայեացքն ու միտքը կ՛ուղղէ դէպի քաղաքական հարթակ եւ կը հանդիպի նորայայտ կեցուածքներու, անցեալի դառնութիւններու ուրուականն է, որ անմիջապէս կը մրճահարէ անոր հոգին, եւ կամաց-կամաց ներքին խռովքն է, որ կը պարուրէ զինք, ափսոսանքի ու հառաչանքի ուղեկցութեամբ:

Հայութիւնը ի սփիւռս աշխարհի իր մարդկային թէ նիւթական անսահման կարելիութիւններու եւ կարողութիւններու գնով իսկ այսօր ի վիճակի չէ կեդրոնաձիգ եւ նպատակաուղղուած համահայկական գործելաոճ որդեգրելու:

Պիլալեան կը նշէ, որ երբ թուրքը իր պետական կարգ ու սարքով կ՛ապրի նոր ժամանակներու օսմանեան թէ քեմալական զուգորդութեան քաղաքական այժմու տարբերակը եւ նենգութեան նորանոր հաշուարկներու ասպարէզ կը կարդայ, անդին հայ քաղաքական միտքը փոխանակ անմիջապէս հակադարձելու եւ առճակատումի հրայրքը սնուցելու, քաղաքական «լայնասրտութեան» պատրանքը կ՛ապրի: Տակաւին հայ քաղաքական մտքի ներքին ոլորտներուն մէջ յստակօրէն չեն խարսխուած երկու հիմնական հասկացողութիւններ, թէ զոհի ու դահիճի դրացնութիւնը չեն կրնար գոյակցիլ առանց հիմնարար սկզբունքներու եւ գործընթացներու:

Հայութեան շաղախն ու ապագային նայելու քաջութիւնը կ՛ենթադրեն ներքին տրամաբանութեան հաշտեցում, իւրաքանչիւր հայորդի, ուր որ ալ գտնուի, պէտք է խորապէս ապրի անվտանգութեան ու բարօրութեան զգացումի սնուցիչ ազդուութիւնը եւ ամէնէն էականը` ազգային արժանապատուութեան զգացումի բոցավառումը: Հայութիւնը իր պատմական ու ներկայի թելադրականութեամբ շատ աւելի կարիքը ունի ներազգային կեանքի ուժեղացման ու կամքի կռանումին, քան անտեղի ու սոփեստ փրոթոգոլային վարքագիծերու:

Քաղաքական մտածողութիւնը շարժիչն է այլընտրանքային ճանապարհներու որոնումին, իսկ անոնց գործադրութեան եղանակին համար` պէտք է անյապաղ լծուիլ ռազմավարական համապարփակ ուղղութիւններու մշակումին եւ համապատասխան գործառոյթներու ստեղծումին: Հայոց պետականութեան քաղաքական ու ազգային գաղափարական աշխարհահայեացքը պարտաւոր է ինքզինք հաստատագրել եւ համայն մարդկութեան հարթակին վրայ իր ձայնը լսելի դարձնել: Իսկ նման առաջնահերթութիւններու կայացման համար միայն հայութեան ներուժին ապահովութիւնն է, որ դէպի յաջողութիւն մեզ կը տանի ազգովին:

Հայ մօր նուիրուած բաժինին մէջ Համբիկ Պիլալեան կը գրէ, որ ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած է ամէն նկրտում, որ կը միտի հայ մօր կերպարի ուժական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը ժամանակակից կեանքի պահանջներուն ագուցել` պարզապէս մոռնալով անոր առանձնակի դրոշմն ու անպարագծելի նուիրաբերումը` յանուն անհատական կեանքի ծլարձակումին, յաջողութիւններուն, բարեբեր զարգացումին ու մանաւանդ հաւաքական միջավայրի առաւել պայծառացումին:

Ազգային շտեմարանի մեր պատմագրութիւնը արդարօրէն ընդգծած է հայ մօր տիպարի անփոխարինելիութիւնն ու յաւերժահունչ արձագանգը: Դարերու խորքէն հնչած է անոր մայրական կանչին ու գուրգուրանքին տարողութիւնը: Տոկունութեան ցուցանիշ է եղած` դիմակալել ամէն յորձանուտի: Կամք կռանող ասպար է շինած` ինքնութեան թէ քրիստոնէական հաւատամքի:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ մերօրեայ հաւաքական կեանքին մէջ ներկայ է ան` տարբեր սերունդներու ներկայացուցչական հանգամանքով եւ տիրական դիմագիծով: Գիտութեամբ զրահաւորուած մասնագիտական ոլորտներու քաջածանօթ եւ ունակութիւններով շնորհալի հայ մայրը, տարբեր ասպարէզի մէջ ներգործուն ու անայլայլ կը շարունակէ բերել իր անփոխարինելի ներդրումն ու նպաստը` իբրեւ անդուլ կամքի ու հրաբորբ կորովի առանձնայատուկ տիպար: Քրիստոնէական հաւատամքի ու հայկական շունչի անսպառ իր եռանդը բնորոշ գիծեր են, ուր եւ ամէնէն ընդգծելին կը մնան երկու յատկութիւններ` արժանիքներու քաջալերանքին ու օրհնաբեր մաղթանքները:

Գաղութահայ կեանքի պատառիկներ բաժինին մէջ Համբիկ Պիլալեան կ՛ըսէ, որ հայ քաղաքական մտքի վերընձիւղման ռահվիրայ Խրիմեան Հայրիկի բովանդակալից պատգամը յաւերժահունչ է իր թողած ազդեցութեամբ: Խրիմեան Հայրիկի ցուցաբերած ազգադրոշմ եւ բիւրեղացած ազգային գաղափարախօսական յղացքը փաստօրէն ամրագրեց մեր ժողովուրդի գոյերթին ամբողջ յենակէտային ռազմավարութիւնը:

Ազգային լինելութեան հարիւրամեայ վերջին հոլովոյթը պահանջատիրական մեր երթին լաւագոյն եւ վաւերական ապացոյցն է ժողովրդային-ապստամբական, ֆետայական, ցուցական-ահաբեկչական իր երանգաւորումով, որոնց բնական անդրադարձը կը հանդիսանայ ստրկամտութենէն դուրս ժայթքելու ցեղային առանձնայատկութեան բորբոքումը եւ որոնց վարակիչ բնոյթին ականատես եղանք ազգովին Արցախեան պայքարով ընթացք առած համահայկական վերազարթօնքը:

Պիլալեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ սփիւռքահայ զանգուածը տակաւ կը շարունակէ իր երախտարժան ազգային երթը: Գիտակից նորօրեայ ստեղծուած կացութիւններուն` կ՛երկնէ հրաշագործ տաղանդներ, որոնց լիարժէք հայկականութեամբ բոցկլտուն արարչագործութիւնները կը նպաստեն ընդհանուր տեսիլքի նուիրագործումին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Իմաստուն Խօսքեր, Ժողովրդական Ասոյթներ, Մտածումներ, Խորհուրդներ Եւ Առածներ (Հեղինակ` Շաքէ Մխճեան-Յովակիմեան)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?