Մշակութային եւ Այլազան

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութեան Կողմէ Սիկիլիոյ Գրաւումը Եւ Ֆրանսայի Դէմ Յաղթական Պատերազմը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փերէ էլ Կրան թագաւոր Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր: Խայմէ...

Ամրացման Եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Կը   Կատարուին Պատմամշակութային Եօթը Համալիրներու Մէջ

Ամրացման Եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Կը Կատարուին Պատմամշակութային Եօթը Համալիրներու Մէջ

Հայաստանի Արմաւիրի Այգեշատ գիւղի Թարգմանչաց վանքին մէջ, Արագածոտնի Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 7-րդ դարուն կառուցուած Արտաւազիկ եկեղեցւոյ, 12-րդ դարու Քոբայրի վանքին մէջ, Լոռիի մարզի ամենագեղեցիկ վանական համալիրներէն մէկուն` Սանահինի, կրօնական եւ կրթական ու մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի մէջ 2017 թուականին վերականգնման, ամրացման լայնածաւալ աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Այդ աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2018 թուականին: «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ կատարուած աշխատանքի ծաւալները:...

Արհեստական Բանականութիւն 2017.  Մարդամեքենան Քաղաքացիութիւն Կը Ստանայ Գիտնականները Աղէտ Կը  Նախատեսեն

Արհեստական Բանականութիւն 2017. Մարդամեքենան Քաղաքացիութիւն Կը Ստանայ Գիտնականները Աղէտ Կը Նախատեսեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 2017 թուականը յատկանշուեցաւ հետաքրքրական եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ մարդամեքենան  քաղաքացիութիւն ստացաւ: Պարզուեցաւ, որ այդ քայլին դիմած երկիրը պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնն է: Կնոջ տեսքով մարդամեքենայ Սոֆիան մշակած է Հոնկ Քոնկի «Հենսըն ռոպոթիքս» ընկերութիւնը: Մարդամեքենան նախագծուած է այնպէս, որ սորվի եւ յարմարի մարդոց կեցուածքին, նաեւ աշխատի մարդոց հետ: Սոֆիայի հետ ամբողջ աշխարհի տարածքին հանդիպումներ...

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան)

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան)

Ֆրանսահայ Երգիծանկարիչին Գործերը Զարդարած Են «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» Եւ «Փլէյպոյ» Ամսաթերթերու Էջերը Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամէնէն վառ երգիծանկարիչը, որուն  պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը: Ծնած է  Գահիրէ, 25 օգոստոս 1923-ին, Եգիպտոս հասած  Լեւոն Քիրազի եւ Էլիզ Սէթեանի ընտանիքին մէջ, որոնք ունեցած են 4 երեխայ`...

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութիւնը Եւ Անոր Տարածումը Դէպի Լանկըտոք, Պալէարեան Կղզիներ Եւ Վալենսիա ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իպերիական թերակղզիին վրայ հռոմէական տիրապետութիւնը տկարացաւ 406-ին, գերմանական ցեղերու ներխուժումներուն պատճառով: Վիսիգոթեր, Աթհոլֆի գլխաւորութեամբ, 410-ին իրենց ենթարկեցին Թարրաքոնենսիսը եւ Էպրոյի հովիտը: Օրիք 475-ին վիսիգոթերուն առաջնորդը եղաւ, թագաւորութիւն հաստատեց Թոլոսայի (ներկայ Թուլուզ) մէջ եւ Թարրաքոնենսիսը իր տիրապետութեան տակ առաւ: Վիսիգոթեր հետագային կորսնցուցին Փիրէնեան լեռներէն հիւսիս...

Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա Փտածութեան Առանցք

Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա Փտածութեան Առանցք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ զարմանալի չէ, որ Հայաստանի դրացի նշեալ երկիրներուն յատկապէս իշխող խաւն ու անոնց շրջապատի մարդիկ փտածութեամբ ամբաստանուած են եւ... առանց ամչնալու կամ վախնալու: Հետաքրքրական է, սակայն, այդպիսի «գործեր»-ու մէջ անոնց գործակցութիւնը, որ բացայայտուած է այդ երկիրներու իսկ լրագրողներուն կողմէ, որոնք բնականաբար հալածուած են: Ն.  Իլհամ Ալիեւի Մերձաւորներու Առեւտրական Գործերը Վրաստանի Մէջ 2017 թուականի երկրորդ կիսամեակին Ազրպէյճան Վրաստանի...

Պատմական.  Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիա` Պատմական Երկրամաս ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քաթալոնիոյ մէջ 1 հոկտեմբեր 2017-ին անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպուեցաւ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն նուազ քան կէսը, իսկ ընդդիմադիրներ պոյքոթի ենթարկեցին հանրաքուէն: Քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան եւ այնուհետեւ Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ: Սակայն սպանական կառավարութիւնը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ անվաւեր հռչակեց հանրաքուէն: Քաթալոնիոյ խորհրդաբանը լուծուեցաւ եւ Մատրիտ ուղղակի իշխանութիւն հաստատեց ինքնավար մարզին վրայ: Քարլէս Փուչտեմոն...

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

«Նախակատար» Հոսանքը Եւ Սերժօ Օգանովի «Մուն Պայ Ուան Ռինկ»-ը Կամ` «Միօղակ Լուսին»-ը ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Արհեստագիտական բանականութեան սրընթաց զարգացման դրական հետեւանքներէն է «նախակատար» հոսանքի երեւոյթը, որ աւելի ծանօթ է «սթարթ-ափ» անունով: Անգլերէն «սթարթ-ափ» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ` բան մը սկսիլ, մղել: Խորքին մէջ, սակայն, անիկա գոյութիւն ունեցող տուեալներու մտայղացքային համադրումով ձեռք բերուած կատարելագործումի եւ իրագործումի նախաքայլն է, ինչպէս կը հաստատեն այս...

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ճոնի Հալիտէյ երգած է 60 տարիներ շարունակ եւ հրապարակած է 50 ալպոմներ, որոնցմէ ծախուած են միլիոնաւորներ: Բազմահանդիսատես ելոյթներ ունեցած Ֆրանսայի ամէնէն մեծ սրահներուն մէջ եւ իր արտաքին գրաւչութեամբ, շարժուձեւերով եւ յաճախ մեծ յաջողութիւն գտած երգերով գրաւած է Ֆրանսայի ժողովուրդին սիրտը: Ան միշտ ուզած է սիրուիլ ժողովուրդին կողմէ: Մեծ շուքով կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նախագահներ...

Ստացուած Գիրքեր.  Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Իսրայէլեանի «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններն արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման տասնամեակում (2002-2012 թթ.)» գիրքը, բաղկացած` 306 էջերէ: Պատասխանատու խմբագիր` պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ա. Գ. Աւագեան: Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը աւանդաբար Արեւմուտքի հետ տնտեսական ու քաղաքական համարկումին վրայ խարսխուած էր: Սակայն Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման ժամանակ երկրի արտաքին...

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

(Ներածական Եւ Ծանօթագրութիւններ` Դոկտոր Վաչէ Ղազարեան) ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Վաչէ Ղազարեանի պատրաստած Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր) գիրքը, բաղկացած` 480 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Ներածականին մէջ դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ լոյսին բերուող բանակցային արձանագրութիւնները, թղթակցութիւններն ու յուշագրերը կը վերաբերին ազգային պատուիրակութեան գործունէութեան 1915-1916 տարիներու գործունէութեան: Պօղոս Նուպար...

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս` առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են: Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօր ղեկի վրայ եղող ամէնէն տարեց առաջնորդներու խումբ մը: Ն. Էլիզապեթ Բ. Թագուհի Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Քորէայի Պատերազմին Աւարտը Եւ Հիւսիսային Ու Հարաւային Քորէաները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ընտանեկան հաւաք Քորէայի քաղաքացիական պատերազմը 1951-ին մտած էր փակուղի, եւ գլխաւորաբար դիրքային կռիւներ կը մղուէին: Զօրավար Տուայթ Այզընհաուըր 1952 մայիս 31-ին զինուորական ծառայութենէն հրաժարեցաւ եւ պահեց Քոլումպիա համալսարանի նախագահի պաշտօնը, իսկ զօրավար Մաթէու Ռիճուէյ փոխարինեց զայն իբրեւ Եւրոպայի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատար: Իսկ Քորէայի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ  զօրավար...

Ազգային Հերոսը Անբաղձալի…

Ազգային Հերոսը Անբաղձալի…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պատմութեան մէջ անշուշտ նորութիւն չէ երկրի մը ազգային հերոսին հեղինակազրկումը, նոյնիսկ` վարկաբեկումը: Դէպքերու արագընթաց այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ արժէքներու տապալումի ականատես կ'ըլլանք, որեւէ սրբութիւն երկվայրկեանի մը մէջ կարելի է նսեմացնել: Վերջին ցայտուն օրինակը  Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի պարագան է, որուն անդրադարձած են  միջազգային ազդեցիկ գրեթէ բոլոր լրատու միջոցները, յատկապէս` յեղաշրջման առաջին օրերուն: Կը ներկայացնենք հատուածներ` «Նիւ Եորք...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Սէուլի Վերագրաւումը Ամերիկեան Եւ Հարաւքորէական Ուժերուն Կողմէ - Ճակատի Գիծի Կայունացում Եւ Դիրքային Կռիւներ 38-րդ Հորիզոնականին Վրայ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամերիկացի զինուորներ յարձակման պահուն 1951 փետրուարին Չինական եւ հիւսիսքորէական բանակներուն կողմէ Սէուլի գրաւումէն ետք, 1951 յունուարի սկիզբը, ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը արեւմուտքի մէջ` Սուվոնի շուրջ, կեդրոնական գօտիին մէջ` Վոնճուի շուրջ եւ արեւելեան կողմը` Սամչէքի շուրջ կեդրոնացան: Ճակատի գիծը կայունացաւ: Չինական բանակը...

Փեքինի Մէջ` Արքայական Ընդունելութիւն Թրամփի, Բայց…

Փեքինի Մէջ` Արքայական Ընդունելութիւն Թրամփի, Բայց…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կնոջ հետ Փեքինի մէջ արժանացաւ արքայական ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան, սակայն, ինչպէս միջազգային մեկնաբաններ կը նշեն, գործնական գետնի վրայ նուաճում մը չարձանագրեց: Յաճախ կը պատահի, որ ղեկավարներու այցելութիւնները եւ հանդիպումները աւելի քարոզչական, քան առարկայական, գործնական բնոյթ ունենան: Այս պարագային աշխարհի ամէնէն հզօր երկու ղեկավարները նկատուող Թրամփ եւ Ցզինփին, ըստ երեւոյթին, այլ հաշիւներ...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Չոսին Ջրամբարի Կռիւները Եւ Սէուլի Գրաւումը Չինական Ու Հիւսիսքորէական Ուժերուն Կողմէ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարինզներ Չոսին ջրամբարին մօտ Քորէայի հիւսիսային գօտիին մէջ, Չոնկչոն գետի ափերուն, 1950 նոյեմբերի վերջաւորութեան մղուած բուռն կռիւներէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին, իսկ չինացիք աշխատեցան կտրել ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերու ճանապարհները: Թրքական զօրագունդը զօրավար Թահսին Եազըճըի հրամանատարութեամբ կեդրոնացաւ Վավոն գիւղին շուրջ, կասեցնելու համար...

Անպատժելիութեան Վերջ Դնելու Միջազգային Օր

Անպատժելիութեան Վերջ Դնելու Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 2013-ին ընդունեց այն բանաձեւը, որ 2 նոյեմբերը կը հռչակէ իբրեւ «Լրագրողներուն դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը դադրեցնելու միջազգային օր»: Բանաձեւը կոչ ուղղած է անդամ պետութիւններուն` իրականացնելու յստակ միջոցներ, որոնք կը հակադրուին անպատժելիութեան ներկայ մշակոյթին: Թուականը ընտրուած էր 2 նոյեմբեր 2013-ին Մալիի մէջ սպաննուած երկու ֆրանսացիներու յիշատակին: Այս կարեւոր բանաձեւը կը դատապարտէ բոլոր յարձակումները եւ վայրագութիւնները, որոնք...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Արիւնահեղ Գօտեմարտեր Չոնկչոն Գետի Ափերուն Եւ Ամերիկեան Ուժերուն Նահանջը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Չինական ուժերու յարձակում Չինական ուժերու Քորէա մուտքէն քանի մը օր ետք Սթալին որոշեց օդային պաշտպանութիւն տրամադրել: Սակայն խորհրդային «Միկ 15» օդանաւերը ռազմաճակատի գիծերուն պիտի չմօտենային եւ հարիւր քիլոմեթրէն աւելի մօտ պէտք չէ թռչէին: Չինացիք, սահմանային գօտիին մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելէ եւ ամերիկեան ու հարաւքորէական ուժերը որոշ հեռաւորութեան վրայ ետ...

Եւրոպական Մամուլը Քաթալոնիոյ Մասին. «Յանկարծ Պրեքսիթը Այդքան Ալ Գէշ Չի Թուիր»

Եւրոպական Մամուլը Քաթալոնիոյ Մասին. «Յանկարծ Պրեքսիթը Այդքան Ալ Գէշ Չի Թուիր»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններն ու զարգացումները տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են: Լրատու միջոցներ, մեկնաբաններ, քաղաքական գործիչներ, պլոկըրներ եւ ընկերային ցանցեր օգտագործողներ ամէն օր ըսելիքներ եւ կոչեր ունին: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ այս տագնապը 1981 թուականի պետական հարուածի փորձէն ետք ամէնէն ծանրն է: Կը ներկայացնենք եւրոպական հեղինակաւոր թերթերու տեսակէտներէն հատուածներ:  Ն. «Լաւ...

Page 17 of 33 1 16 17 18 33

Արխիւներ