Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Գիրք Բ.) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

Յուլիս 25, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի ծննդեան 85-ամեակին առիթով 2018-ին լոյս տեսաւ անոր «Քարոզներ» Բ. գիրքը` 832 էջ: Կազմող` Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, խմբագիր` Մարիամ Վարդանեան: Տպագրուած է Գրիգոր Մովսիսեան եւ Նայիրա Կարապետեան ամուսիններու մեկենասութեամբ:

Գիրքը կը բացուի Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով:

Վեհափառը կ՛ըսէ, որ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը իր նուիրեալ ու բեղուն սպասաւորութեամբ,  ոգեշունչ քարոզներով, գրական ժառանգութեամբ ամրապնդեց մեր ժողովուրդին հաւատքը առ Աստուած, սէրը առ սուրբ եկեղեցին, նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը առ հայրենին: Անոր խօսքը սերմանուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն մէջ եւ առատ պտուղներ բերած` ի խնդիր հոգեւոր-եկեղեցական կեանքի զօրացման ու յառաջընթացի:

Գարեգին Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ, որ Աստուած մարդուն տուած է մեծ ուժ, ուրիշ էակներէն անջատող հիմնական ուժ մը: Ատիկա միտքն է: Միտքն է մարդուն ղեկավարը:

Շարունակելով, Գարեգին Ա. կ՛ըսէ, որ մեր եկեղեցին քրիստոնէական կրօնքին մարմնացումն է հայ կեանքին մէջ: Անիկա հաւատքի ուժականութեան աղբիւր եղած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

Այս հաւատքին` քրիստոնէութեան գերագոյն իմաստն ու արժէքը եւ ուրիշ կրօններէն ունեցած տարբերութիւնը այն է, որ քրիստոնէութիւնը արժէք կու տայ մարդ էակին: Մարդը ինք Աստուծոյ պատկերին նման ստեղծուած է: Տիեզերքի առարկաներուն իմաստ տուողը մարդն է, մարդու յարաբերութիւնն է, մարդու` անոր հանդէպ ունեցած արժեւորումն է: Քրիստոնէութիւնը մարդ անհատին գերազանց արժէքը ճանչցող կրօնք է: Քրիստոնէութիւնը մարդու փրկութեան համար է:

Քրիստոս Ինք եկած է, որ մարդուն ըսէ, թէ ինք ով է, ըսէ, որ աստուածանման էակ է, որ Աստուծոյ շունչը ունի իր մէջ եւ ըստ այնմ ապրի իր կեանքը: Այդ կեանքի մէջ ամէնէն էականը խաչն է: Խաչը սիրոյ սկզբունքի գերագոյն արտայայտութիւնն է: Սէրը կեանք է, յարատեւութիւն է, ուրիշին հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերմունքի չափանիշն է: Քրիստոնէութիւնը` իբրեւ սիրոյ վարդապետութիւն, մեր ժողովուրդին տուած է այդ սէրը զոհողութեամբ արտայայտելու փիլիսոփայութիւնը:

Մարդը մարդ չէ ինքն իրմով, ինքն իրեն համար: Այն տարածքը, որ համայնութեան, ազգի, համայնքի գաղափարն է, անոր` անհատէ անհատ անցնող կապը սէրն է եւ եղբայրութիւնը եւ իրարու հանդէպ նոյն տեսիլքին, նոյն գաղափարին, նոյն հաւատքին բաժանումն է: Իրարմով, իրարու հետ ըլլալով է, որ մենք ազգ կը նկատուինք, եւ այդ ազգի կապը սէրն է` քրիստոնէութեան ամէնէն մեծ ճշմարտութիւնը, որ խաչով կ՛արտայայտուի:

Գարեգին Ա. կ՛ըսէ, որ մշակոյթը հոգիի յաղթանակն է նիւթի վրայ: Մշակոյթը անմահութիւնն է մեր երկրաւոր կեանքին մէջ թափանցող: Մշակոյթը երկինքը երկրին կը միացնէ, հոգի կու տայ անոնց:

Շարունակելով, Գարեգին Ա. կ՛ըսէ, որ ինչ որ մեզի կը մնայ, այն չէ, ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք: Աստուած տուած է մեզի, մենք անոր տէրը չենք: Մենք անոր տնտեսն ենք: Ինչ որ մենք Աստուծոյ մեզի տուածէն կ՛ընենք եւ Իրեն կը վերադարձնենք, այդ է մերը: Աստուած գիտէ, թէ ինչ ենք եւ ինչ ունինք:

Կեանքը Աստուծոյ է, որ տրուած է մեզի իբրեւ շնորհ, եւ մեր պարտքն է` կեանքը արժեւորել այն գաղափարով եւ նպատակով, որ Աստուած տուած է այդ կեանքին: Այդ արուեստը սորվելու դպրոցն է եկեղեցին, եւ անոր գործունէութիւնը մասնաճիւղերն են այն հիմնական դպրոցի, որուն ուսուցիչը երկնային վարդապետը ինքն է` Յիսուս Քրիստոս: Կրօնը կրօն կը դառնայ, ապրում եւ կեանք կը դառնայ, երբ ուսուցուի ժողովուրդին եւ իւրացուի ժողովուրդին կողմէ` մանուկ հասակէն մինչեւ խոր ծերութիւն:

Պաշտամունքը սիրտն է քրիստոնէութեան: Քրիստոնէութիւնը Աստուծոյ եւ մարդու հանդիպումն է, եւ այդ հանդիպումին մէջ աղօթքը երկինքի մէջ գտնուող զանգակի թելն է: Ծէսը բոլոր կրօններուն մէջ կայ: Կրօն չկայ առանց ծէսի: Կրօնքը կեանք է, եւ կեանքի մէջ հաղորդութիւնն է: Այդ հաղորդութիւնը հաւաքական է եւ ոչ թէ անհատական: Մենք քրիստոնեաներս կոչուած ենք մեր հաւատքը ապրելու իբրեւ մարմնացած հաւատք:

Գարեգին Ա. վեհափառ կ՛ընդգծէ ըսելով, որ կեանքը կեանք չէ առանց փոփոխութեան: Առանց փոփոխութեան կեանք չկայ: Ուզենք կամ չուզենք, փոփոխութիւն պիտի ըլլայ: Բայց երբ մենք դերակատար կ՛ըլլանք այդ փոփոխութեան մէջ, այդ ժամանակ է, որ փոփոխութիւնը մեզի համար իմաստ կը ստանայ` դառնալով բարեփոխութիւն: Այլապէս մենք զոհը կը դառնանք փոփոխութիւններու:

Երջանկայիշատակ վեհափառը կը շարունակէ ըսելով, որ եկեղեցին ծառայութիւն է: Եկեղեցին աղօթք է, հաղորդութիւն մարդ-Աստուած, այսպէս ուղղահայեաց քարոզչութիւն է եկեղեցի – հոգեւորական – ժողովուրդ եւ ծառայութիւն է մարդոց` յանուն Աստուծոյ: Մեր եկեղեցին մեր ազգային միութեան շաղախն է: Մեր եկեղեցին ողջ ժողովուրդը համազանգող հաւաքական այն ներգործութիւնն է, որուն մէջ ժողովուրդը ինք իրեն մէկ կը զգայ: Ատիկա է մեր եկեղեցւոյ միութեան խորհրդանիշը եւ նաեւ ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին վրայ:

Գարեգին Ա. վեհափառ կ՛աւելցնէ ըսելով, որ մեր տկարութեան մէջ, մեր մարդկային փորձութեան մէջ ապաւէն է եկեղեցին, ժողովուրդի ժողովարան, միասնականութեան, հասարակայնութեան արտայայտութիւնը եղող կեդրոն: Հոն հրեշտակները` երկնային էակները ներկայ են երկնաւոր էակներու հետ: Մեղաւորներու սրբութեան, սրբացման հոսանքն է եկեղեցին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Ա. Գիրք) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?