«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Մարտակերտի Գրաւումը Եւ Շրջանի Բնակչութեան Բռնագաղթը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարտակերտի շրջանին մէջ 1992-ի յունիսի կէսերուն սաստիկ մարտեր կը մղուէին: Շահումեանի անկումէն ետք ազերի ուժերը կը շարունակէին յառաջխաղացքը եւ Արցախի կացութիւնը կը նկատուէր ճակատագրական: Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը թէեւ ազերիներուն համապատասխան զէնքեր եւ սպառազինութիւն չունէին, սակայն խիզախօրէն կը դիմադրէին յառաջացող ուժերուն: Միւս կողմէ, Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջանի գաղթականները կ՛ուղղուէին դէպի Ստեփանակերտ: Ազերիները հրասայլերով եւ զրահապատներով մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին...

















