Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յետհաշուարկը սկսած է: Բազմացած են տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները, կարծիքները, գուշակութիւնները: Ըստ երեւոյթին, պատմութեան ընթացքին անարժաններն ալ բազմած են այդ աթոռին, եւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ դարձեալ պիտի բազմին: Ինչպէ՞ս: Անշուշտ միշտ` ժողովրդավարական միջոցներով…
Ամերիկեան զանազան կայքեր բառացիօրէն կը մրցին` այս նիւթին կապակցաբար ցնցիչ լուրեր, տեղեկութիւններ, բացայայտումներ հրապարակելու: Անշուշտ կան խոր եւ մակերեսային, առարկայական եւ ենթակայական վերլուծումներ, ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ` անխուսափելի բամբասանքներ, ոչ միայն ներկայի թեկնածուներու, այլեւ` անցեալի նախագահներու վերաբերեալ:
Կը ներկայացնենք ամերիկեան «ԻնսայտԿով», «ԱլթըրՆեթ» եւ «ԹոփԹեն» կայքերէն հետաքրքրական հրապարակումներ` մեկնաբանութիւնները մեր ընթերցողներուն ձգելով:
Ն.
Որքա՞ն Իմաստուն Են
Միացեալ Նահանգներու
Նախագահները
(Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն նուազ իմաստուն նախագահներու դասակարգում)։
2006 թուականին պատրաստուած ուսումնասիրութեան մը մէջ Ամերիկայի «Եու.Սի. Տէյվիս» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Տին Սիմոնթըն օգտագործած է պատմագիտական- չափական ձեւեր` ճշդելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ուշիմութեան քանորդները (IQ): Սիմոնթըն վերլուծած է իւրաքանչիւր նախագահի ճառերը, կենսագրութենէն տեղեկութիւններ եւ գրութիւններ, որոնք կրնան ցոյց տալ իմաստութիւնը:
Պատրաստուած է ամէնէն նուազ ուշիմութեան քանորդները ունեցող 25 նախագահներու ցանկ մը: Պարաք Օպամա ուսումնասիրութենէն դուրս մնացած է:
Նախագահ | Պաշտօնավարութեան Շրջան | IQ | |
25 | Ռութֆորտ Պ. Հէյս | 1877-81 | 133,9 |
24 | Մարթին Պուրեն | 1837-41 | 133,4 |
23 | Ճորճ Ուաշինկթըն | 1789-97 | 132,5 |
22 | Պենճամին Հերիսըն | 1889-93 | 130 |
21 | Տուայթ Այզընհաուր | 1953-61 | 131,9 |
20 | Ռիչըրտ Նիքսըն | 1969-73 | 131 |
19 | Կրովըր Քլիվլանտ | 1893-97 | 130,9 |
18 | Ճէյմս Փոլք | 1845-49 | 130,2 |
17 | Ուիլիըմ ՄաՔինլի | 1897-01 | 130,2 |
16 | Ճորճ Պուշ | 1989-93 | 130,1 |
15 | Ռոնալտ Ռիկըն | 1981-89 | 130 |
14 | Հերպըրթ Հուվըր | 1929-33 | 129,78 |
13 | Լինտըն Ճոնսըն | 1963-69 | 127,83 |
12 | Հերի Թրուման | 1945-53 | 127,55 |
11 | Քալուին Քուլիճ | 1923-29 | 127,1 |
10 | Ճերըլտ Ֆորտ | 1974-77 | 127,08 |
9 | Ուիլիըմ Թաֆտ | 1909-13 | 126,9 |
8 | Անտրիւ Ճեքսըն | 1829-38 | 126,25 |
7 | Ճէյմս Պուքանըն | 1857-61 | 125,93 |
6 | Զախարի Թէյլըր | 1849-50 | 125,65 |
5 | Անտրիւ Ճոնսըն | 1865-69 | 125,65 |
4 | Ճորճ Պուշ Կրտ. | 2001-09 | 124,88 |
3 | Ուարըն Հարտինկ | 1921-23 | 124,3 |
2 | Ճէյմս Մորօ | 1817-25 | 124,13 |
1 | Եուլիսիս Կրանտ | 1864-69 | 120 |
Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ
Ամէնէն Իմաստուն 5 Եւ
Ամենաբթամիտ 3 Նախագահները
Իմաստուններ
Անտրամաբանական չէ ակնկալելը, որ «Ազատ աշխարհի ղեկավարը» ըլլայ բաւական իմաստուն: Ի վերջոյ ան ընդհանուր հրամանատարն է զինեալ ուժերուն, հիւլէական զէնքերը գործածելու ծածկաթիւերը ունի, կեանքի եւ մահուան որոշումներ տալու իրաւասու է, քաղաքականութիւնները կը ճշդէ, ընդհանուր պատասխանատւութիւնը ունի Միացեալ Նահանգներու 300 միլիոն քաղաքացիներու կեանքերուն: Ուրեմն պէտք է ակնկալել, որ անոնք ըլլան իմաստուն, խելացի: Թէեւ, ինչպէս ընդհանուր բնակչութիւնը, իմաստութեան մեծ անհաւասարութիւն կայ նախագահի պաշտօնը ստանձնած ընտրանի խումբի մարդոց միջեւ: Ոմանք փայլուն էին, ուրիշներ` աղօտ: Եթէ մենք զանոնք պիտի դատենք միայն իրենց բառապաշարի չափով, պիտի թուի, որ մեր նախագահները դարերու թաւալումին հետ հետզհետէ աւելի տխմար կ՛ըլլան:
«Կարտիըն»-ի պատրաստած հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը դասակարգած, աստիճանաւորած է նախագահական ճառերը` ուսման մակարդակով, հիմնուելով ընդհանրական գործածութիւն ունեցող «Ֆլեշ-քինքայտ» ընթեռնելիութեան ստուգումին վրայ: Ճորճ Ուաշինկթըն եւ հիմնադիր միւս հայրերը ընթերցանութեան մակարդակներու 20-է աւելի նիշեր արձանագրած են (օրինակ` 20 կամ աւելի տարիներ արտացոլացնող բառապաշար): Այսօրուան նախագահները հազիւ կ՛արձանագրեն 10: Ասիկա նախագահական իմաստութի՞ւնը կ՛արտացոլացնէ, թէ՞ ընտրական տարբեր զանգուածները` նպատակ ունենալով ժամանակակից ճառեր պատրաստելու մարտավարութիւնը. կրնայ վիճելի ըլլալ, բայց զուգադիպութիւն չէ, որ հայր եւ որդի Պուշերը բոլորին մէջ ամէնէն նուազ բառապաշարը ունէին: Ամէն պարագայի, անկասկած հետեւեալ նախագահները դրսեւորած են արտակարգ տաղանդներ` բարձր եւ ցած:
Դասակարգման Գլխաւորը
ԹՈՄԱՍ ՃԵՖԸՐՍԸՆ. Միացեալ Նահանգներու երրորդ նախագահ (1801-1809), Ամերիկայի հիմնադիր հայրերէն եւ գլխաւոր հեղինակ անկախութեան հռչակագիրին:
Ով որ կրնայ կազմել` «Մենք այս ճշմարտութիւնները կը կրենք բացայայտելու համար, որ բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են» նախադասութիւնը, որոշ յատկանիշներ պէտք է ունենայ: Միացեալ Նահանգներու երրորդ նախագահը ոչ միայն բառեր շարահիւսող քիչ մրցակից ունեցող վարպետ էր, այլեւ տաղանդ մըն էր ուսողութեան, փիլիսոփայութեան, պատմագիտութեան եւ լեզուներու մէջ (ան սահուն կը խօսէր ֆրանսերէն, լատիներէն եւ յունարէն): Եւ ասիկա պարզապէս իբրեւ ուսանող` Ուիլիըմ եւ Մերի քոլեճին մէջ: Ան ապա հեղինակաւոր ճարտարապետ (նախագծած է Վիրճինիայի համալսարանը), պարտիզպանագէտ, հեղինակ, գիւտարար, երաժիշտ (կը նուագէր ջութակ, թաւջութակ եւ քլաւիքորտ` դաշնակի նախատիպը), փաստաբան, թռչնաբան, հնագէտ եւ բանաստեղծ:
Ճէյմս Մետիսըն Միացեալ Նահանգներու չորրորդ նախագահ (1809-1817), քաղաքական տեսաբան
Այլ փայլուն հիմնադիր հայր մը, որ իբրեւ իմացականութիւն` նոյնքան տպաւորիչ է, որքան իր պաշտօնակիցները` Մետիսըն, Ճեֆըրսըն եւ Ատամս: Հակառակ բնաւ փաստաբան մը չըլլալուն` ան հիմնական հեղինակն էր Միացեալ Նահանգներու օրինական համակարգին, սահմանադրութեան եւ ատոր առաջին 10 յօդուածներուն, որոնք հաւաքաբար կը կոչուին Մարդկային իրաւունքներու ցուցակ: Մետիսըն եւս սահուն կը խօսէր` լատիներէն, յունարէն, իտալերէն եւ սպաներէն, տաղանդաւոր էր ուսողութեան, գիտութեան եւ պատմագիտութեան մէջ: Ուսանելով «Նիւ Ճըրզի քոլեճ»-ին մէջ (հետագային` «Փրինսթոն»)` ան ազդուած է փիլիսոփաներ Արիստոտելէն եւ Ճոն Լոքէն, որ իր կարգին ազդած է ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին անոր մտածումներուն վրայ:
ՃՈՆ ԱՏԱՄՍ. Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նախագահ (1797-1801), փաստաբան, դիւանագէտ, քաղաքագէտ:
Իմացական մարզի մէջ հաւասարած, եթէ ոչ գերազանցած է Ճեֆըրսընը, որ Ատամսի եւ այլոց հետ հանդիպումներու շնորհիւ գրի առաւ հռչակագիրը: Մինչ Ճեֆըրսըն լռակեաց անձ մըն էր, Ատամս հռետոր մըն էր: Իրենց նախագահութենէն ետք, երկար ատեն անոնք միշտ նոյն համակրանքով հաղորդակցեցան իրարու հետ: Անոնք փայլուն ոլոռներն էին սերմանօթին մէջ, այնքան սերտ միացած` անոնք մահացան ճիշդ նոյն օրը` 1826 թուականին, հինգ ժամ տարբերութեամբ: Օ՞րը: 4 յուլիս: Անշո՛ւշտ:
ՎՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ. Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ (1913-1921), դիւանագէտ, ակադեմական:
Ուիլսըն հետեւեցաւ նախագահական իր նախորդին` Մետիսընին, իբրեւ ուսանող եւ շրջանաւարտ «Փրինսթոն» համալսարանէն: Ի դէպ, ան բանով մը գերազանցեց Մետիսընը: Ուիլսըն համալսարանին տնօրէնը եղաւ 1902-ին եւ 1912-ին: Միացեալ Նահանգներու 44 նախագահներէն Ուիլսըն միակն էր, որ դոկտորականի վկայական ունէր, եւ քիչերէն մէկը` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին արժանացած, Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ Միացեալ Նահանգները յաղթանակի առաջնորդելու, ինչպէս նաեւ նորաստեղծ Ազգերու լիկայի միջոցով համաշխարհային խաղաղութեան հասնելու իր ջանքերուն համար:
ԹԷՈՏՈՐ ՌՈՒԶՎԵԼԹ. Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ (1901-1909), դիւանագէտ, հեղինակ, երկրախոյզ, զինուորական, բնագէտ եւ բարեկարգիչ:
Թետի Ռուզվելթ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող նախագահներէն մէկն է, պատասխանատուն է Ամերիկայի Ազգային պուրակներու («Նեշընըլ փարքս») համակարգին: Մոլի որսորդ մը ըլլալով` բնապաշտպան եւ բնագէտ մըն էր: Բայց Թետիին իմացականութիւնն ալ շատ փայլուն էր: Ռուզվելթ կը խօսէր ֆրանսերէն ու գերմաներէն եւ խորացած էր գիտութեան ու պատմագիտութեան մէջ: Թետի լուսանկարչական յիշողութիւն ունէր, եւ կ՛ըսուի, որ ատակ էր միտքը պահելու գիրքերու բովանդակութիւնները: Ռուզվելթ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահն էր, որ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը ստացաւ ռուս-ճափոնական պատերազմը դադրեցնելուն համար: Ան առիթով մը գրած է. «Մարմնական եռանդը, կորովը շատ լաւ է, եւ իմացականութեա՛ն եռանդը` նոյնիսկ աւելի լաւ, բայց երկուքէն շատ աւելի բարձր են նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը»: Ռուզվելթ բաւական շատ ունէր այդ երեքէն:
ՃԷՅՄՍ ԿԱՐՖԻԼՏ. Միացեալ Նահանգներու 20-րդ նախագահ (1811-էն մինչեւ իր սպանութիւնը այդ տարեվերջին):
Ճէյմս Կարֆիլտ յարաբերաբար անծանօթ է այսօր ամերիկացիներուն, տրուած ըլլալով, որ ան միայն 200 օր պաշտօնավարած է նախքան խելագար ոճրագործի մը կողմէ սպաննուիլը: Կարֆիլտ իր ժամանակին մէջ նշուած է իբրեւ բացառիկ իմացականութեան տէր անձ մը: Աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած` ան քանի մը աշխատանքներէ ետք ուսուցչութեան, ապա քաղաքականութեան ասպարէզը ընտրած է: Ուսանած է Օհայոյի «Հիամ» եւ Մասաչուսեցի «Ուիլիըմզ» քոլեճներուն մէջ: Կարֆիլտ բուռն բանավիճող էր, եւ իրեն նախորդած եւ յաջորդած իմացականութիւններուն նման կը խօսէր յունարէն եւ լատիներէն: Թէեւ ան ոչ միայն կը խօսէր այդ լեզուները, այլեւ կրնար գրել երկուքն ալ միաժամանակ, մէկ ձեռքով յունարէն, միւս ձեռքով` լատիներէն: Կարֆիլտ հերոսաբար զինուորական ծառայութիւն ըրած է Քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եւ բուռն կերպով ընդդիմացած` ստրկութեան: Իրեն վերագրուած խօսք մը մտածել կու տայ, որ եթէ ան ժամանակ ունենար, լաւ նախագահ մը կ՛ըլլար. «Եթէ մարդ մը սեւամորթ է, ըլլայ ան բարեկամ կամ թշնամի, անոր խորհուրդ տրուած է, որ լաւագոյնը հեռու մնալն է: Անհաւանական է, որ Աստուած մեզի թոյլ տայ, որ յաջողինք, մինչ այսպիսի անկարգութիւններ տեղի կ՛ունենան»:
Բթամիտներ
ՃՈՐՃ ՊՈՒՇ ԿՐՏՍԵՐ (2001-2009)
Ոչ ոք իսկապէս կրնայ զարմանալ ամէնէն բթամիտ նախագահներու ցանկին մէջ տեսնելով Ճորճ Պուշ Կրտսերը: Ան միջինէն նուազ նիշեր ունեցող ուսանող մըն էր «Էյլ» համալսարանին մէջ, ուր անկասկած ընդունուած էր հարուստ եւ քաղաքական ընտանիքի մը պատկանելուն համար, եւ առողջ դատողութիւն ունեցող ոչ մէկ անձ մեծ բաներ կրնար ակնկալել անկէ: Սակայն, ինչպէս Պուշ ըսաւ` «Անոնք ստորագնահատեցին զիս»: Հակառակ բազմաթիւ առեւտրական գործերու մէջ ձախողելուն` ան ձեւով մը ոչինչ ընող կառավարիչը եղաւ Թեքսասի, ապա` Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահը: Իբրեւ նախագահ, վայելեց արձակուրդները` 879 օր ժամանցի յատկացնելով (իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի աւելի քան երկու տարին): Ան նաեւ անտեսեց Քայիտայէն եկող սպառնալիքը, Պըն Լատենի հետապնդման, իրաքեան պատերազմին, տնտեսական ճգնաժամին մէջ անճարակութիւններ ըրաւ եւ երկիրը աւելի խրեց պարտքերու մէջ: Ճորճ Ուաշինկթընի անմահ խօսքով` «Ես շատոնց մեկնած պիտի ըլլամ, մինչեւ որ իմաստուն անձ մը անդրադառնայ, թէ ինչ պատահած է Սպիտակ տան մէջ»:
ԱՆՏՐԻՒ ՃՈՆՍԸՆ (1865-1869)
17-րդ նախագահը եղած է գինեմոլ, մոլեռանդ եւ սարսափելի առաջնորդ մը: Լինքըլնի սպանութենէն ետք Սպիտակ տուն փոխադրուելով` հետագային յստակ դարձած է երկու նախագահներու իմացականութեան եւ ունակութիւններուն տարբերութիւնները: Լինքըլնի կամ անոր կնոջ սիրելի մը չըլլալով, երբ մտած է մահացող Լինքըլնի պանդոկի սենեակը, անոր կինը պոռացած է, որ դուրս ելլէ: Անտրիւ մեկնած է իր սենեակը եւ այնքան խմած է, որ դժուարաւ զայն արթնցուցած են նախագահական երդման համար: Իբրեւ նախագահ` շատ բիրտ իշխած է, եւ թէ՛ Հանրապետական, թէ՛ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու մէջ թշնամիներ ունեցած է: Ի վերջոյ դատական հետապնդումի հոլովոյթի ենթարկուած է, սակայն մազապուրծ փրկուած` պաշտօնազրկումէ:
ՃԵՐԱԼՏ ՖՈՐՏ (1974-1977)
38-րդ նախագահն է, որ աթոռ բարձրացած է Ռիչըրտ Նիքսընի հրաժարականէն ետք: «Էյլ»-ի իրաւաբանական բաժանմունքի շրջանաւարտ` Ֆորտ նաեւ ռուկպի խաղցած է համալսարանի խումբէն: Ան աւելի զաւեշտալի կողմեր ունեցած է, քան` ակադեմական ունակութիւններ: Նախագահ Ճոնսըն առիթով մը ըսած է. «Ֆորտ չափազանց շատ ռուկպի խաղցած է առանց սաղաւարտի»: Քանի մը անգամ ինկած է հանրութեան դիմաց եւ այդ առիթով գունագեղ ճոք մը տարածուած է. «Ֆորտ այնքան բթամիտ է, որ չի կրնար նոյն ատեն երկու բան ընել. ծամոն ծամել եւ քալել»: Անոնց համար, որոնք կրնան կասկածիլ բթամիտներու ցուցակին մէջ Ֆորտի ներկայութեան, թերեւս անոր խօսքէն մէջբերում մը կրնայ ծառայել համոզուելու. «Եթէ Աբրահամ Լինքըլն այժմ ողջ եղած ըլլար, իր գերեզմանին մէջ պիտի թաւալէր»:
Ամենաբթամիտ Նախագահները
«Թոփ Թեն» կայքը հրապարակած է ցանկ մը, որ կը կոչուի «Միացեալ Նահանգներու 10 ամենաբթամիտ նախագահները», որոնց համար քուէարկած եւ կարծիքներ յայտնած են ամերիկացի ընթերցողներ:
Կը ներկայացնենք ցանկին Ա., Դ., Ե., Է. եւ Ը. դիրքերը գրաւած նախագահները եւ անոնց մասին ընթերցողներու կարծիքներէ հատուածներ:
Ա.- ՃՈՐՃ ՊՈՒՇ ԿՐՏՍԵՐ. Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահ: Պաշտօնավարած է 2001-2009 թուականներուն:
Կարծիքներ.
– «Ան ապակայունացուց Միջին Արեւելքը, երբ տապալեց Սատտամ Հիւսէյնը: Անոր մակաբոյծները ըսին, թէ պատերազմը շատ սուղ պիտի չարժէ Միացեալ Նահանգներուն, Իրաքէն առնուելիք քարիւղը պիտի հատուցէ պատերազմի ծախսերը, եւ մենք իբրեւ ազատարարներ պիտի ճանչցուինք: Արդեօք անոնք ուրկէ՞ ստացած են իրենց ուշիմութիւնը…»:
– «Ան մեր երկիրը Տնտեսական մեծ ճգնաժամէն (1929-1939) ի վեր ամենածանր ելեւմտական տագնապին մէջ մխրճեց»:
– «Ան խեղկատակ եւ ծանր հոգի մըն է: Ամօ՛թ այն մարդոց, որոնք իրենց քուէները տալով` այս խամաճիկ նախագահը երկու անգամ պաշտօնի կոչեցին»:
– «Պատերազմը Իրաքի մէջ ողբերգական ձախողութիւն մըն էր, որ շատ աւելի վատացուց միլիոնաւոր մարդոց կեանքերը: Աւելի վատ եղաւ, երբ իր հայրը` նախագահ Ճորճ Պուշ (1989-93) յայտարարեց, որ այդպէս կրնար ըլլալ 10 տարի առաջ, Ծոցի առաջին պատերազմը ծրագրելու ատեն:
Դ. ՃԻՄԻ ՔԱՐԹԸՐ. Միացեալ Նահանգներու 39-րդ նախագահ: Պաշտօնավարած է 1977-1981 թուականներուն:
Կարծիքներ.
– «Ուժանիւթային տագնապները անուանեց Պատերազմի բարոյական համարժէք, որուն կրճատումը «ՄԻԱՈՒ» է, այսինքն կատուին ձայնը` մլաւոց: Իրանէն ամերիկացիները փրկելու գործողութիւնը կազմակերպեց անճարակ ձեւով, միակ ուղղաթիռի մը բացակայութեան պատճառով, երբ Միացեալ Նահանգներու բանակը այն ատեն իր ձեռքին տակ 5000 ուղղաթիռ ունէր»:
– «Խերն անիծացս, ինչո՞ւ քարիւղի սակերը բարձրացուց»:
Ե. ՊԻԼ ՔԼԻՆԹԸՆ. Միացեալ Նահանգներու 42-րդ նախագահ: Պաշտօնավարած է 1993-2001 թուականներուն:
Կարծիքներ.
– «Երբ ան նախագահ էր, մենք սեւի մէջ էինք, եւ ոչ թէ հիմակուան պէս` եռիլիոններով տոլարի պարտքերու մէջ»:
– «Ան, Օպաման եւ Պուշը, մէկ կազմակերպութեան հրահանգներուն կ՛ենթարկուէին. Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստի դրամատան: Աչքերդ բա՛ց, Ամերիկա՛»:
– «Մեր տնտեսութեան անկումին գլխաւոր պատասխանատուն է ան: Ամէն ոք Պուշը կը մեղադրէ, բայց անկումը Քլինթընի ժամանակէն կու գայ»:
Է. ՌԻՉԸՐՏ ՆԻՔՍԸՆ. Միացեալ Նահանգներու 37-րդ նախագահ: Պաշտօնավարած է 1969-1974 թուականներուն, երբ եղաւ Միացեալ Նահանգներու միակ նախագահը, որ հրաժարեցաւ պաշտօնէն:
Կարծիքներ.
– «Ռիչըրտ տխմար մը չէր: Ընդհակառակը, ան բաւական ուշիմ, խորամանկ եւ խաբեբայ էր»:
– «Ռիչըրտ մեծ նախագահ էր: Ապա ներգրաւուեցաւ Ուոթըրկէյթի գայթակղութեան մէջ: Ան Հիլըրի Քլինթընէն ՇԱՏ նուազ կը ստէր, եւ ուրեմն դատական հետապնդումի ենթարկուելով` պաշտօնանկ եղաւ, մինչ տիկին Քլինթընի կ՛արտօնուի թեկնածու առաջադրուելու նախագահի պաշտօնին»:
– «Ամբողջովին` հակասահմանադրական»:
– «Ան Հնդկաստանի վարչապետ Ինտիրա Կանտին վհուկ անուանեց, այդ պատճառով զայն կ՛ատեմ»:
Ը. ՃՈՐՃ ՊՈՒՇ. Միացեալ Նահանգներու 41-րդ նախագահ: Պաշտօնավարած է 1989-1993 թուականներուն: Անոր որդին` Ճորճ Պուշ Կրտսեր 43-րդ նախագահը եղաւ:
– «Իսկապէս ան նախագահ չէր: Ան միայն խամաճիկ մըն էր, որուն թելերը կը շարժէր փոխնախագահ Տիք Չէյնին»:
– «Այո՛, ան վատագոյն նախագահն է, որովհետեւ ծնունդ տուած է Ճորճ Պուշ Կրտսերին»: