Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուտքը Բացարձակապէս Արգիլուած Է

Նոյեմբեր 25, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

no-entry_112516

Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր ընթացիկ աշխատանոցներու, սեփական կալուածներու եւ գրասենեակներու, ուր հասկնալի կ՛ըլլայ մուտքի արգելքը: Աշխարհի վրայ կան այնպիսի վայրեր, շրջաններ, ուր չեն կրնար մտնել ոչ միայն սովորական մահկանացուներ, այլեւ` մեծահարուստներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ընկերային բարձր դիրքերու վրայ գտնուող  անձնաւորութիւններ: Բնականաբար այսպիսի պարագաներու մարդոց հետաքրքրութիւնը աւելի ու աւելի կը սրի եւ արկածախնդիրներ կը փորձեն թափանցել այդ վայրերը:

Խորհրդաւոր այսպիսի վայրեր անշուշտ առատ  նիւթեր կը հայթայթեն առասպելներու, պատմութիւններու եւ շարժապատկերներու:

Կը ներկայացնենք առեղծուածային, խորհրդաւոր վայրերու փունջ մը` քաղուած «ԱտՄի.Ռու» եւ «Էքսփրես» կայքերէն:

 Ն.

Արտակարգ գործողութիւններու կեդրոն, Վիրճինիա

Ամերիկայի Վիրճինիա նահանգին մէջ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համար կառուցուած գաղտնի թաքստոցը, որ մասամբ տեղակայուած է Մաունթ Ուիզեր լերան տակ: Իրականութեան մէջ ՖԵՄԱ արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը կրնայ կառավարել երկիրը ճգնաժամային իրավիճակի պարագային: Կը նշուի, որ կեդրոնին մէջ կը գործեն խիստ օրէնքներ, իսկ օտարներու մուտքը, նոյնիսկ կեդրոնի հարակից տարածքներ, խստիւ արգիլուած է:

Շփիցպերկընի համաշխարհային սերմնապահոցը, Նորվեկիա

Այս վայրը կարելի է տարատեսակ սերմերու «Նոյեան տապան» համարել: Ասիկա կ՛երաշխաւորէ, որ համաշխարհային տարերային աղէտի պարագային մարդկութիւնը կը կարողանայ վերականգնել ոչնչացած սերմնատեսակները: Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է:

Վալէ տօ Եաւարի արգելոց, Պրազիլ

brasil_112516

Ամազոնի անտառներու արգելոցին մէջ (85 հազար քառակուսի քիլոմեթր) հարիւրամեակներ շարունակ արտաքին աշխարհէն  մեկուսացած պայմաններու մէջ կ՛ապրին զանազան ցեղախումբեր, որոնց անդամներուն թիւը կը հասնի 3 հազարի, որոնց մէջ կան այնպիսի ցեղախումբեր, որոնք բնիկներէ բացի, այլ մարդոց հետ յարաբերութիւն չեն ունեցած: Զանոնք միայն կարելի եղած է նկարել օդէն, իսկ անոնց եւ անոնց լեզուներուն առնչուող քիչ մանրամասնութիւններ յայտնի են: Անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար Պրազիլի իշխանութիւնները արգիլած են մարդոց մուտքը:

«Տիզնիյեան Ակումբ 33», Նիւ Օրլէան,
Միացեալ Նահանգներ

club-33-merch-upstairs-lobby

Ասիկա կը նկատուի Տիզնիլենտի գաղտնի ընկերակցութիւնը, որուն գոյութեան մասին գիտեն միայն անոր անդամները: «Տիզնիյեան ակումբ 33»-ը, իբրեւ գաղտնի ընկերակցութիւն, հիմնադրուած է 1967 թուականին, Ուոլթ Տիզնիի կողմէ: Ակումբին անդամակցած են գործարարներ, քաղաքական գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք այցելած են Տիզնիլենտ: Հետաքրքրական է, որ գաղտնի ընկերակցութեան  անդամակցելու համար անհրաժեշտ է 14 տարի սպասել կարգի, ինչպէս նաեւ` 10.450-27.500 տոլարի սահմաններուն մէջ մուտքի գումար վճարել, առաւել` 18 հազար տոլար տարեկան անդամավճար:

Էս Վետրա երկրամագնիսական կղզեակ, Սպանիա

spain_112516

Քարքարոտ ու ժայռոտ Էս Վետրան ընդգրկուած է Պալեարեան կղզիներու կազմին եւ երկրամագնիսական ուժի առումով աշխարհի մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` զիջելով միայն Պերմուտեան եռանկիւնին եւ հիւսիսային բեւեռին:

Կղզի այցելելը արգիլուած է մարդիկը  անկանխատեսելի ուժէ պաշտպանելու համար: Էս Վետրայի մէջ  ճարտարագիտական որեւէ սարք կը խանգարուի, իսկ կողմնացոյցի սլաքը կը սկսի խառնիխուռն շարժումներ ընել` ցոյց տալով տարբեր ուղղութիւններ:

Սպանիոյ պետութիւնը արգիլած է կղզի այցելութիւնները:

Օձերու Կղզեակ, Պրազիլ

snake-island-in-brazil_112516

Փոքր կղզի մը` Պրազիլի ափամերձ շրջանին մէջ, ուր կը գտնուին աշխարհի ամէնէն մահացու 4000 օձերը: Անոնց թոյնը կը հալեցնէ մարդկային մարմինը: Այնքան վտանգաւոր է, որ Պրազիլի կառավարութիւնը արգիլած է այցելուներու մուտքը:

«Տարածք 51», Միացեալ Նահանգներ

area-51_112516

«Տարածք 51»-ը գաղտնի խարիսխ մըն է Միացեալ Նահանգներու Նեւատա անապատին խորերը: Ոմանք կը հաւատան, որ շրջանին մէջ կը գտնուին այլմոլորակային ճարտարագիտական սարքեր, կամ` գերփորձառական օդանաւեր:

Մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է «Տարածք 51», որ շրջապատուած է ականներով եւ` լաւապէս պաշտպանուած:

Թագուհիին ննջասենեակը, Անգլիա

Ննջասենեակը կը գտնուի Պեքինկհամ պալատին խորքը եւ խիստ հսկողութեան, պաշտպանութեան տակ է: Թէեւ 1982-ին Միքայէլ Ֆական անունով մարդ մը յաջողեցաւ մտնել ննջասենեակը:

michael-fagan_112516

Ասիկա նկատուեցաւ արքայական ամէնէն մեծ անվտանգութեան խախտումներէն մէկը:

Սպիտակամորթ Ազնուականներու Ակումբ, Անգլիա

Ասիկա հնագոյն եւ ամէնէն  անմատչելի ակումբն է Անգլիոյ մէջ: Անդամներն են` արքայական ընտանիքէն անձնաւորութիւններ, ազնուականներ, քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր եւ մեծահարուստ գործարարներ:Կիներու մուտքը արտօնուած չէ, սակայն  Էլիզապեթ Բ. թագուհին 300 տարուան այս օրէնքը խախտեց` 1991 թուականին ակումբ այցելելով:

Լասօ Քարանձաւները, Ֆրանսա 

Պատերը ծածկուած են 17.300 տարուան հնութիւն ունեցող որմնանկարներով, որոնց հեղինակները առաջին մարդկային արարածներն են: Նկարները կը պատկերեն  անասուններ եւ երկրաչափական ձեւեր:

Քարանձաւները, ուր հանրութեան համար մուտքը արգիլուած է 1963 թուականէն ի վեր, սնկային խորհրդաւոր յարձակումներու շարքի մը վտանգին ենթարկուած են:

Պոհեմական Պուրակ, Քալիֆորնիա

Ամէն ամառ, շուրջ 150 տարիներէ ի վեր, այս ծածուկ, գաղտնի վայրը կը հիւրընկալէ աշխարհի ամէնէն հզօր, ազդեցիկ մարդոց հաւաքը: Կիներու ներկայութիւնը արտօնուած չէ:

Պոհեմական պուրակին մէջ այս առանձին, դռնփակ ժողովները ուղղակի պատասխանատու են  «Մանհաթան նախագիծ»-ին, որ առաջնորդած է հիւլէական ռումբի մշակման:

Հիսիսային Պահապան Կղզի, Պենկալի ծոց

north-sentinel-island_112516

Բնիկ փոքր ցեղախումբի մը քանի մը հարիւր անդամներով բնակուած կղզի մը, որ ամբողջովին առանձնացած է:

Հնդկաստանի պետութիւնը այցելութեան համար արգիլեալ շրջան յայտարարած է: Մուտքը նոյնիսկ աւելի դժուար կը դառնայ, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ բնիկները ներքին մղում մը ունին սպաննելու օտարականներ: Ծանօթ է, որ բնիկները նետեր եւ նիզակներ կ՛արձակեն եւ խոշոր քարեր կը նետեն:

 

Իսէի Հոյակապ  Տաճարը, Ճափոն

yasukuni-shrine-tokyo_112516

Այս վաղեմի Շինտօ տաճարը նուիրուած է Ամատերասու աստուածուհիին: Տաճարին ներքնամասին կը գտնուի սուրբ ձեռագործ մը ` Սուրբ Հայելի, որ կը ներկայացնէ իմաստութիւնը կամ ազնուութիւնը: Ժամանակին անիկա գողցուած է, հրկիզուած, կորսուած եւ նոյնիսկ ծով թափուած: Բայց բաւական  խորհրդաւոր կերպով` յայտնաբերուած:

Մորմոն Եկեղեցւոյ Գաղտնի Նկուղը, Միացեալ Նահանգներ

mormon-church_112516

Լերան կողին մէջ խորունկ մխրճուած նկուղը խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուի: Հոն կան 3 միլիառ էջեր` բազմաթիւ ամերիկացիներու ծննդաբանութեան եւ ընտանիքի պատմութեան վերաբերեալ:

Այցելուները միայն նկուղներուն դռները կրնան դիտել, մուտքը արգիլուած է:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղային Աշխատանքներէն

Յաջորդը

Յարգելի Յիշատակ Մը

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?