Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ աշխարհը գիտէ եւ դպրոցական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գրուած է, որ Հիթլեր անձնասպան եղաւ 1945-ին: Սակայն տարիներու ընթացքին կը յայտնուին նոր տեղեկութիւններ, որոնք տարբեր բաներ կ՛ըսեն: Այդ հրապարակումները այլազան նպատակներ կը հետապնդեն: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ Հիթլերի մարմինը պատերազմէն ետք չէ գտնուած, պատճառ դառնալով առեղծուածային տեսութիւններու:
Նաեւ կրնա՞յ ըլլալ, որ մեզ խաբած են…:
Ն.
Ատոլֆ Հիթլեր Փրկուած Է
Եւ Փախած Արժանթին
«Ատոլֆ Հիթլեր սուզանաւով փախած է Արժանթին Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Նացի բռնապետը մեծահարուստ հողատիրոջ մը օգնութեամբ գաղտնի ապաստանած է Արժանթին եւ մինչեւ կեանքին վերջը ապրած է հարաւային Ամերիկայի մէջ»:
Պատկերասփիւռի «Ո՞վ կը ցանկայ միլիոնատէր ըլլալ» յայտագիրի 70-ամեայ յայտնի հաղորդավար Քրիս Թարանթ կը պատմէ, որ դէպի Փաթակոնիա գնացքով ճամբորդած ատեն այս մասին իրեն ըսած է տեղացի պատմաբան Ապել Պասթի` յայտնելով, որ Հիթլեր նոյն այս գնացքով փախած է պատերազմէն, 1945-ին:
Պատմականօրէն կ՛ըսուի, որ Հիթլեր իր ընկերուհիին` Էւա Պրաունի հետ անձնասպան եղած է:
Սակայն պատմաբանը կը պնդէ, որ ճամբորդելով «Փաթակոնիըն Էքսփրես»-ի մէկ վակոննոց գնացքով, Հիթլեր Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին Պերլինէն Արժանթին փախած է: Ըստ պատմաբանին, գերմանացի մեծահարուստ հողատէր մը Հիթլերը սուզանաւով փախցուցած է Արժանթին, ուր ածիլած է անոր մազերն ու պեխը:
Պասթի կ՛ըսէ, թէ ինք զրուցած է վարորդին եւ սենեկակիցին հետ: Ան ըսած է. «Բազմաթիւ գերմանացիներ եւ նացիներ, ինչպէս` Ժոզէֆ Այքման, եկած են Արժանթին, ինչո՞ւ անոնցմէ ամէնէն յաջողը պիտի չգար հոս»:
Պատմաբան Ապելի գիրքին արժանթինեան նոր հրատարակութիւնը` «Հիթլեր աքսորի մէջ» անունով վերնագիրները կը խլէ նոյնիսկ «Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի նման հեղինակաւոր լրատու միջոցներու եւ կայքերու:
«Միացեալ Նահանգներու հետ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որ Հիթլեր պիտի փախչի, եւ որ ան պիտի չիյնայ սովետներու ձեռքը», կը գրէ Պասթի: «Այդ համաձայնութիւնը նաեւ կը վերաբերէր բազմաթիւ գիտնականներու, զինուորականներու եւ լրտեսներու, որոնք աւելի ուշ մաս կազմեցին Խորհրդային Միութեան դէմ պայքարին»:
Պասթի կը հաւատայ, որ Հիթլեր խոյս տուած է գետնուղիի մը մէջէն` հասնելով Թեմփելհոֆ օդակայան, ուր ուղղաթիռ մը կը սպասէր բռնապետը Սպանիա փոխադրելու համար: Նախ` Քանարեան կղզիներ ճամբորդելով, Հիթլեր սուզանաւով ուղղուած է Արժանթին, ուր ապրած է 10 տարի, նախքան հաստատուիլը Թարակուէյ, բռնապետ Արֆրետօ Սթրոյսնըրի պաշտպանութեան ներքեւ:
Մեծահարուստ ընտանիքներ, որոնք տարիներու ընթացքին օգնեցին Հիթլերի, կազմակերպեցին նաեւ անոր յուղարկաւորութիւնը:
Հիթլեր թաղուած է ստորգետնեայ ածուխի ամբարի մը մէջ, որ այժմ Ասունսիոն պանդոկն է: 1973-ին ամբարին մուտքը փակուեցաւ, կնքուեցաւ, եւ 40 անձեր եկան վերջին հրաժեշտը տալու Հիթլերի: Յուղարկաւորներէն մէկը` պրազիլցի պաշտօնատար Ֆերնանտօ Նոկուէյրա տը Արուխօ, աւելի ուշ թերթի մը տեղեկութիւն տուաւ արարողութեան մասին:
Պասթի առանձին չէ իր տեսութեան մէջ:
21 տարիներու փորձառութիւն ունեցող «Սի.Այ.Էյ.»-ի գործակալ Պոպ Պայէր, որ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ընտրանի հետախուզական պաշտօնատարներէն է, նման բան մը պատմած է «Հիթլերի որս» վաւերագրական հաղորդաշարին մէջ, որ պատկերասփռուեցաւ 2015-ին:
Պայէր եւ իր խումբը պնդեցին, որ իրենք գտած են փաստ մը, ըստ որուն, Հիթլեր փախած է օգտագործելով «Էֆ.Պի.Այ.»- ի 700 գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր: Այդ փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կայ առաջին տպաւորութիւնը Կիտանօ անունով անձի մը, որ ղրկուած է հանդիպելու Հիթլերի եւ անոր 50 հոգինոց խումբին, անմիջապէս, որ սուզանաւէն դուրս գալով հասած են Արժանթին, Պերլինի անկումէն երկուքուկէս շաբաթ ետք:
Կիտանօ բացատրած է, որ այս գործը դասաւորած են արժանթինցի 6 բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, եւ թէ ինք պատրաստ է բացայայտելու անոնց անունները, երբ Հիթլեր ձերբակալուի:
«Էֆ.Պի.Այ.»-ի 14 օգոստոս 1945 թուակիր փաստաթուղթէն հատուածներ. («Էֆ.Պի.Այ» Փաստաթուղթ 65-53615. էջ.1 եւ էջ.2)
«Կիտանօ մէկն էր այն չորս անձերէն, որոնք տեսակցեցան Հիթլերի եւ անոր խումբին հետ , երբ անոնք սուզանաւէն ցամաք ելան Արժանթինի մէջ, Պերլինի անկումէն երկուքուկէս շաբաթ ետք:
«Հիթլեր…երկու կիներ, բժիշկ մը եւ այլ անձեր, բոլորը միասին շուրջ 50 հոգի, ծովեզերք հասան եւ ուղղուեցան ագարակը, ուր այժմ պահուըտած են:
«Ըստ Կիտանոյի, այս գործը 1944-ին կազմակերպած են, արժանթինցի 6 պաշտօնատարներ, եւ եթէ Հիթլեր ձերբակալուի, Կիտանօ կը տեղեկացնէ, որ պիտի բացայայտէ անոնց անունները:
«Կիտանօ նաեւ պատրաստ է բացայայտելու անունները երեք այլ անձերու, որոնք օգնած են Հիթլերին` ցամաք ելլելէ ետք ուղղուելու իր թաքստոցը:
«Կիտանօ ըսած է, որ այս գործին օգնելու համար իրեն տուած են 15 հազար տոլար… եւ ինք կը խորհի, որ Հիթլերի ձերբակալութիւնը ժամանակի հարց է, եւ ինք կը ցանկայ իր անունը մաքրել այն ատեն»:
Այլ փաստաթուղթ մը, 14 յուլիս 1945 թուականը կրող, կը տեղեկացնէ նացիներու սուզանաւերու ժամանումը Արժանթին:
Ատոլֆ Հիթլերի վերաբերեալ փաստաթուղթերը «Էֆ.Պի.Այ.»-ի կեդրոնատեղին ուսումնասիրողներու համար, որոշ խմբագրումով, սկսաւ հրապարակել 26 ապրիլ 1976-ին, Տեղեկատուութեան ազատութիւն օրէնքի հիման վրայ:
Առաջին փաստաթուղթը 65-53615-35` ծանրօրէն խմբագրուած, որ յայտնուեցաւ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի կայքէջին վրայ, ուսումնասիրողներու համար ամբողջովին բացուեցաւ 1991-ին եւ տասնամեակներէ ի վեր բաց է Ազգային արխիւին մէջ:
Ոչ Մէկ Ապացոյց, Որ Հիթլեր Մահացած Է Պերլինի Մէջ
Հետաքննիչ մը նշած է.«Միացեալ Նահանգներու բանակի զինուորականները Գերմանիոյ մէջ չեն գտած Հիթլերի մարմինը, ոչ ալ` հաւաստի աղբիւր մը, որ Հիթլեր մեռած է»:
Բայց թերեւս ամէնէն դատապարտելի կտոր մը ապացոյցը կը մնայ Ռուսիոյ մէջ: Գերմանիոյ խորհրդային գրաւումէն ետք, Հիթլերի ենթադրեալ աճիւնները շուտով պահուեցան եւ Ռուսիա առաքուեցան, անգամ մըն ալ չտեսնուելով, մինչեւ 2009 թուական, երբ Քոննեքթիքաթ նահանգէն հնախոյզներու արտօնուեցաւ «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութիւններ ընել գտնուած գանկէն բեկորի մը վրայ:
Պատրաստուած տեղեկագիրին մէջ նշուած է. «Տի.Էն.Էյ.-ի քննութիւնները կը հաստատեն, որ գանկը ո՛չ Հիթլերինն է, ո՛չ ալ` Էւա Պրաունին»:
Հիթլերի Արժանթինի Ապաստարանը Ծախու Է
Ահաւասիկ հետաքրքրական վաւերագրութիւն մը` «Ինչպէ՞ս Հիթլեր փախաւ»:
Հիթլեր իր կեանքին վերջին տարիները անցուցած է նացի գաղթականներով բնակուած Արժանթինի Փաթակոնիա լեռնային շրջանի լիճի մը մօտ գտնուող առանձնատան մը մէջ: Տունը, որ կը կոչուի «Ռեզիտենսիա Ինալկօ», այժմ ծախու է քանի մը սեփականատէր փոխելէ ետք: Առաջին սեփականատէրը եղած է Պուէնոս Այրէսէն փաստաբան Էնրիքէ Կարսիա Մէրու, որ առնչուած է գերմանական կարգ մը ընկերութիւններու, եւ որ մեղսակից է Նացի կուսակցութեան շարք մը անդամներու եւ «Էս.Էս.»-ի պաշտօնատարներու Արժանթին փախուստին: Առանձնատունը 1943-ին կառուցած է եւ Մէրուի վաճառած` Ալեխանտրօ Պասթիլլօ, որ այլ տուներ եւս կառուցած է նացի փախստականներու համար, որոնք աւելի ուշ ձերբակալուած են շրջանին մէջ:
Այժմ վաճառուող տան յատակագիծը, կառոյցը նման է Ալպեան լեռներուն վրայ Հիթլերի պատկանող հովոցին: Աւելի ուշ Մէրու տունը ծախած է Եորկ Անթոնիոյի, որ կ՛առնչուի նախագահ Փերոնի, եւ Արժանթինի մէջ գերման ներկայացուցիչն էր Մերսետես Պենզի:
Ըստ` «Գորշ գայլ.Հիթլերի փախուստը» գիրքին, Հիթլեր արդէն մեռած էր (երկու դուստրեր ձգելով), երբ տունը 1970-ին ծախուեցաւ Խօսէ Ռաֆայել Թրոսոյի: Տարօրինակ կերպով Թրոսօ նաեւ գնեց այլ կալուածներ, որոնք պատկանած են Խուան Մահլերի: Մահլեր կեղծանունն է Ռէյնհարտ Քրոփի, որ «Էս.Էս.»-ի պաշտօնատար եւ պատերազմի ոճրագործ է:
Պատմաբաններու Եւ Յօդուածագիրներու
Պնդումներուն Վերաբերեալ Կայքերու
Ընթերցողներու Կարծիքներէն Հատուածներ
- «Ո՛չ, ան իմ տանս քով կ՛ապրի, դրացիս է»:
- «Հիթլեր ամէն պարագայի մահամերձ էր եւ սկսած էր ծանր դեղեր օգտագործել:Հիթլերի վերջին նկարին մէջ ձախ ձեռքը ցոյց չի տրուիր, քանի որ կը դողար»:
- «Հիթլերի փախուստին մասին տեսութիւնները կատարեալ աղբ են»:
- «Ես շատ հաւաստի աղբիւրի եւ հեղինակութեան տեղեկութիւնը ունիմ. մօրաքրոջս հարսը իր ընկերոջ այս մասին ըսած է, ուրեմն ճիշդ է:Հիթլեր փախած է Հիւսիսային ծով, ուր իր կեանքին վերջին տարիները անցուցած է պաղպաղակ վաճառելով»:
- «Հիթլեր տակաւին ողջ է եւ կ՛ապրի Էլվիս Փրեսլիի, Լէյտի Տայանայի եւ Ֆրանք Սինադրայի հետ, Պրէտ ֆորտի մէջ: Ամէն մարդ գիտէ ատիկա»:
- «Թարանթ այս պատմութեան մէջ հաստատօրէն 70 տարիով ետ է մնացեալ աշխարհէն: Ամէնէն խելացի մարդիկը պատերազմէն անմիջապէս ետք անդրադարձան, որ Հիթլեր փրկուած է, եւ իր մահուան մասին պատմութիւնները դաշնակից ուժերու քարոզչութիւնն են»:
- «Հետաքրքրական նիւթեր են, եւ ասիկա պարզապէս ցոյց կու տայ, որ դիւրին է մեծնալ` հաւատալով, որ գիտենք կարգ մը փաստեր, երբ իրականութեան մէջ մենք կ՛ընդունինք մեր բոլոր կարդացածները»:
- «Պարզապէս նայեցէ՛ք «Եութիւպ»-ին, ոչինչ կը զարմացնէ զիս: Պէտք է բաց միտք ունենալ ամէն բանի հանդէպ` մտածելով, որ նացի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Արժանթին ապաստանած են: Նոյնիսկ այսօր «Գերմանիա» անունով քաղաք կայ Արժանթինի մէջ»:
- «Հիթլերի նմանակը սպաննուեցաւ եւ հրկիզուեցաւ: Հիթլեր փախաւ Արժանթին, ուր մահացաւ 1962-ին: Անժելա Մերքել անոր թոռնուհին է: Արդէն գիտէք»:
Օգտագործուած աղբիւրներ.
«Հիթլեր աքսորի մէջ», «Էֆ.Պի.Այ.-ի փաստաթուղթեր`
Հիթլեր Արժանթինի մէջ պատերազմէն ետք», «Մարդիկ ազատ են»,
«Գորշ գայլ. Հիթլերի փախուստը», «Էքսփրես. քոմ.»: