ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
1971 թուականի դեկտեմբերին էր, երբ առաջին անգամ մեկնեցայ Ամերիկա` երկրին ծայրագոյն արեւմուտքը եւ հարաւը գտնուող Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքը, ելեկտրոնային մարզին մէջ գործնական մասնագիտացման համար, միահանգոյն երկար ընդմիջումով, մնալով մինչեւ յուլիս 1973:
Այն ժամանակ, միայն շուրջ 700 հազար բնակիչով, այսօր` մէկ միլիոն 400 հազար, փոքր քաղաք մըն էր, նշանաւոր` իր զբօսաշրջային վայրերով: Հոն կը գտնուին, «Պալպոա փարք»-ի ծիրին մէջ, աշխարհի մեծագոյն բնական կենդանաբանական պարտէզը` «Սան Տիէկօ զու» եւ «Սաֆարի փարք»-ը, գիտական, օդանաւային եւ այլ բնագաւառներու յատուկ թանգարաններ, այլ տեղ, մեծագոյն ծովային ձկնարանը` «Սի ուըրլտ», «Սքրիփս» ովկիանոսային գիտազօտութեան աշխարհահռչակ կեդրոնը, Քորոնատօ կղզին, Լա Հոյա եւ լողալու յարմար աւազեայ այլ ծովափներ, պատմական «Հին քաղաքը», համալսարաններ, որոնց կարեւորագոյնը` Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկօ մասնաճիւղը (UCSD), որ այս գրութեան պահուն հանդիսացաւ աշխարհի 7-րդ լաւագոյն հանրային համալսարանը, որուն ճարտարապետական իւրայատուկ ոճով գրադարանը յաճախ կ՛օգտագործէի… եւ այլն:
Սակայն, ասոնց կողքին, հոն կը գտնուի նաեւ Ամերիկայի ծովուժի մեծագոյն Միրամար խարիսխը` նաւազներով, մարտանաւերով, օդանաւակիրներով եւ օդակայանով, ուրկէ բոլոր ժամերուն, անընդհատ զինուորական օդանաւեր փորձ կը կատարեն, թռիչք ու վայրէջք: Անտանելի է այդ շրջանին մօտ բնակիլը կամ աշխատիլը: Կլիման` ամբողջ տարին գարուն եւ ամառ, քիչ մըն ալ աշուն, միայն քանի մը օր կ՛անձրեւէ:
Հայկական կամ լիբանանեան կազմակերպ ներկայութիւն չկար, ինչ որ շատ դիւրին է ստուգելը: Եթէ քաղաք մը յատկանշական թիւով համայնք ունենայ, անպայման համայնքին յատուկ նպարավաճառ կամ ճաշարան մը գոյութիւն կ՛ունենայ, որուն հասցէն-ծանուցումը կարելի է գտնել հեռաձայնի գիրքին եւ դեղին էջերուն մէջ` իբրեւ հայկական, յունական այս կամ այն հաստատութիւն: Եթէ գտնուի նպարավաճառը, կամ ճաշարանը, արդէն առաջին այցելութեանդ համայնքին մասին տեղեկութիւն կը ստանաս` եկեղեցի, ակումբ «յայտնի» անձինք, եւ այլն:
Իմ փորձառութեամբս, նաեւ կարելի է հեռաձայնի գիրքին մէջ «արմինիըն» բառը կամ ծանօթ հայկական մականուններ փնտռել. օրինակ` ամէնէն շատ Սարգիսեան մականունը գտած եմ գտնուած քաղաքներուս մէջ. սակայն այս միջոցով ոչ մէկ հայկական հաստատութիւն կամ անուն գտայ Սան Տիէկոյի մէջ: Միայն կամուրջէ մը ինքնաշարժով անցած պահուս, պատահմամբ նկատեցի վարը գտնուող «Աղաճանեան գորգեր» վաճառատան մը նշանակը, եւ երբ հեռաձայնեցի, ոչ մէկ հայ գտայ այնտեղ: Սակայն 1977-ին այդ մականունով անձ մը նախագահած է եկեղեցւոյ համար առաջին դրամահաւաք-ճաշկերոյթին…(1): Երեւակայել, որ միայն 10 տարի ետք գոյացած է կենսունակ համայնք, 1981-ին Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիով ու 1983-ին հիմնուած ՀՄԸՄ-ի «Սեւան» մասնաճիւղով…(2):
Մասնագիտացման գործատեղիս ելեկտրոնային գիտահետազօտական կեդրոն էր, փոքրաքանակ արտադրութեամբ, յատկապէս` ռազմական մարզի զանազան ապսպրանք-ծրագիրներով: Աշխարհէն ընդհանրապէս անտեղեակ, բարձր ուսումով պաշտօնէութեան համար ես «էմիր» մըն էի` ուղտերու երկրէն եկած, քանի որ այն ժամանակ, եւ նոյնիսկ վերջերս, կարգ մը ամերիկեան ժապաւէններու մէջ, երբ Պէյրութը ներկայացնեն, արաբական զգեստով մարդիկ եւ ուղտ մը ցոյց կու տան պանդոկ «Ֆենիսիա»-ի առջեւ… Անօգուտ էր բացատրել հայ ըլլալուս մասին, թէեւ կ՛ըսէին, թէ տարբեր էի իրենց երեւակայած կարծրատիպէն, եւ ընդհանրապէս զարմանք կը պատճառէի զանազան ունակութիւններովս, յատկապէս` լեզուական:
Սեղանի համակարգիչը ընդհանրացած չէր տակաւին, մինչ գոյութիւն ունեցողները կը գործածուէին իբրեւ «արդիական» գրամեքենայ: Գիտական հետազօտութեան համար կ՛օգտագործէինք «թայմշեր» դրութիւնը, որ հեռաձայնի ընկալուչը զետեղելով յատուկ սարքի մը մէջ` կը կապուէինք Քոլորատօ նահանգին մէջ գտնուող համակարգչային կեդրոնին հետ: Նախ պէտք էր սորվէինք այդ համակարգիչին յատուկ «լեզուն», իսկ ծրագիրը կը պատրաստէինք յատուկ սարքի մը վրայ, որ կը շինէր համապատասխան ծակոտկէն երիզ: Այն ժամանակ ալ ծածկաբառ կար, եւ բաւական սուղ էր գործածութեան իւրաքանչիւր վայրկեանը: Կեդրոնական համակարգիչը զբաղած ըլլալով` երբեմն պէտք էր ժամեր սպասել մեր հերթին:
Ա.- Շուտով բարեկամացայ խումբ մը ճարտարագէտներու հետ, յատկապէս` հոլանտական արմատներով Լ. Վան-Տորենին, որուն բնակարանը նաեւ տանս մօտ էր: Երեկոյ մը զիս հրաւիրեց իր բնակարանը` ճաշի, ուր ծանօթացայ իր ընտանիքին, յատկապէս` տարեց մօրը, որ ցարդ առաջին անձն էր, որ լսած էր հայերու մասին: Ճաշի ընթացքին խօսքը ուղղելով տան երկու փոքր աղջիկներուն` ըսաւ. «Երբ ձեր տարիքին էի եւ ճաշի սեղանին վրայ ճաշի մասին առարկութիւն ընէի, մայրս բարկանալով կ՛ըսէր` յիշէ հայ որբերը, որոնք կտոր մը հաց իսկ չունին ուտելու, սովահար ու անտէր են»… Ան յիշեց նաեւ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրուան ամերիկեան թերթերու յօդուածները եւ հայ որբերու օժանդակութեան յատուկ տպաւորիչ բացիկ-որմազդները:
Բ.- Իսկ տան տիկնոջ, որուն ձախ աչքը վիրակապով ծածկուած էր, հարցուցի, թէ ի՛նչ պատահած էր: Պատմեց, որ «թեթըրպոլ» խաղալու ընթացքին գնդակին մետաղէ օղակին հարուածին պատճառով աչքը կուրցած է: «Թեթըրպոլը»-ին ինչ ըլլալը բացատրելու համար զիս տարին տան ետեւը գտնուող պարտէզ-գաւիթը եւ ցոյց տուին շուրջ 2 մեթր ձողի մը գագաթէն մէկուկէս մեթր պարանով կախուած, բաւական ծանր գնդակը: Խաղին կանոնն է` դէմ դիմաց կանգնելով հարուածել գնդակը իրարու հակառակ ուղղութեամբ, որով պարանը ձողին շուրջ լման փաթթողը կը շահի: Հարց տուի, թէ ինչո՞ւ տակաւին պահած էին այս փորձանքը տան մէջ, ամենայն պարզութեամբ ըսին, թէ պատահածը արկած մըն էր…
Զարմանալիօրէն չէին ըմբռնած այս խաղին հանդէպ զզուանքս ու դժբախտ պատահարին սրտի ցաւս, որով Լերին առաջարկեց, որ միասին անիծեալ «թեթըրպոլ» խաղայինք, ինչ որ կտրականապէս մերժեցի: Անմիտ մրցակցութիւնը, որ ժողովուրդը կը դասաւորէ շահողներու կամ պարտուողներու, (winners or losers) այդ երկրի ախտերէն մէկն է…
Գ.- Առաջին օրերուն, կէսօր մը, երբ սանտուիչիս գրեթէ կէսը կերած էի, պաշտօնակից մը մօտեցաւ, ու լիբանանեան սովորութեամբ երբ հրամէ ըսի, առանց վարանելու` շնորհակալութեամբ ձեռքէս խլեց զայն ու կերաւ… Հաւանաբար ընդունելի կ՛ըլլար, եթէ չխածուած երկրորդ սանտուիչ մը հրամցուցած ըլլայի: Այդ եղաւ վերջին «հրամէս»:
Դ.- Օր մը ընկերութեան փոխտնօրէն` Արքանսաս (Արքընսօ կը հնչէր) նահանգէն Թրեւիսը, հարցուց, թէ արդեօք փինկ-փոնկ խաղալ գիտէի՞. երբ դրական պատասխանեցի, տան հասցէն տուաւ, որ բաւական հեռու էր, ու ժամադրուեցանք շաբաթ երեկոյ մը փինկ-փոնկ խաղալու: Երբ ճշդուած ժամուն հասայ տունը եւ դուռը թակեցի, զիս ներս չհրաւիրեց` ըսելով, որ շուտով կու գար: Այդ քանի մը վայրկեանները երկար տեւեցին, ու վերջապէս կառատան դուռը բացաւ, ուր զետեղուած էր փինկ-փոնկի սեղանը, ու սկսանք խաղալ. ինք` սրտանց ու աջ ձեռքով, ես` ժամանցելով, ձախ ձեռքով ու փողոցին կողմը: Շուրջ կէս ժամ ետք ջուր խմեց եւ հարցուց, թէ պաղ ջուր կ՛ուզէի՞, սակայն մերժեցի իր այս «հիւրասիրութիւնը»: Քառորդ ժամ ետք, յոգնեցայ ըսելով, սկսաւ դէպի կառատան մէջի տան դուռը ուղղուիլ` առանց այլ խօսք արտասանելու, ստեղծելով ամօթալի վիճակ մը: Զիս ներս չհրաւիրեց, հետեւաբար պէտք էր մեկնէի. մնաք բարով ըսելով` հեռացայ… Շաբաթ երեկոյ մէկ ժամ երթուդարձի յատկացուցի, որպէսզի ոտքի վրայ 45 վայրկեան փինկ-փոնկ խաղայի, ու` առանց հրաւիրողին տունը կամ նոյնիսկ կառատունը մտնելու կամ հիւրասիրութեան, գէթ` գարեջուրի մը արժանանալու…:
Ե.- Չափազանցութեան ու անպատշաճութեան շատ մը օրինակներէն էր, երբ օր մը գործատեղիիս բաղնիքը մտայ, ուր տեսայ ընկերութեան նախագահը Պ. Քրոն, նախասրահին մէջ կանգնած, աշխատանքային թուղթերով ու մատիտը ձեռքին, կը զրուցէր արտաքնոցի դրան ետեւ նստած, ընկերութեան սեփականատիրոջ Ի.Ճէյ.Պի-ին հետ… Անոր նստավայրը Պոսթըն էր, եւ կարճատեւ այցելութիւններով ան իր «սուղ» ժամանակը կը յատկացնէր մեզի…
Զ.- Երեկոյ մը, ընկերութենէն խումբով երբ ճաշարանի մը մէջ էինք, Ի.Ճէյ.Պի.-ն ընտանիքի երկու անդամներով ժամանեց, եւ սպասեակը մեր քովի սեղանը նստեցուց զանոնք: Ժամանակ մը ետք, Ի.Ճէյ.Պի.-ն մօտեցաւ ինծի ու ականջիս փսփսաց, որ դրամապանակը մոռցած էր` խնդրելով, որ գումար մը փոխ տայի: Սիրով, ըսի, սակայն ամօթ պիտի ըլլար բոլորին ներկայութեան գումար փոխանցել, աւելցնելով. «Այսօր դուք իմ հիւրս էք, ինծի ղրկէ հաշիւը»: Բարեկամներս հետաքրքրուեցան, թէ ի՛նչ փսփսացած էր ականջիս, սակայն այդ մէկը մնաց գաղտնիք, թէեւ ոմանք կրցան կռահել պատահածը:
Է.- Գիշեր մը գերվաճառատունէ մը զանազան ապրանքներ զատելէ ետք, վճարելու ժամանակ, պաշտօնեան գնումներուս մէջէն պանիրն ու կաթը մէկդի դնելով` ըսաւ, որ արգիլուած էր կաթնեղէն վաճառելը կէս գիշերէն ետք: Երբ հարցուցի, թէ կատա՞կ կ՛ընէր, պատասխանեց, որ 1800-ական թուականներէն մնացած անիմաստ, սակայն տակաւին ի զօրու եղող օրէնք մըն էր, որ հաւանաբար առնչուած էր օրուան սառնարանային պայմաններուն…
Ը.- Սան Տիէկոն ծովային խարիսխ ըլլալուն պատճառով, երիտասարդ նաւազներուն գոհացում տուող բազմաթիւ գիշերային զբօսավայրեր ունէր: Դասական երաժշտութեան եւ գեղարուեստի ելոյթները, որոնք ընդհանրապէս սահմանափակուած էին համալսարաններուն կամ յատուկ ակումբներ յաճախողներուն, հազուադէպ էին: Սակայն կար «Տը Լայթհաուզ» անունով, ժամանակին յարդի շտեմարան եղած` փայտաշէն հսկայ սրահը, ուր ճազի ու արդի երաժշտութեան յատուկ նուագահանդէսներ տեղի կ՛ունենային:
Ճազի սիրահար` բախտը ունեցայ ներկայ գտնուելու ճազի հսկաներէն` սրինգ ու սաքսոֆոն նուագող Եուսեֆ Լաթիֆի քառեակի նուագահանդէսին: Յայտագիրը սկսաւ ճազի տեղական` «ճերմակամորթ» տասնանդամ խումբով մը, լաւ կատարողութեամբ: Սակայն, երբ Եուսեֆ Լաթիֆը իր քառեակով մուտք գործեց բեմ, եւ անոնք առաջին խազը նուագեցին, աներեւակայելիօրէն զգայացունց էր պահը, փշաքաղութիւն պատճառող, ու նախորդող աւելի մեծ նուագախումբը բոլորովին շուքի տակ ձգելով: Այլ առիթներով բախտը ունեցայ նաեւ ներկայ գտնուելու ճազի այլ հսկայի մը` դաշնակահար Ահմատ Ժամալի եռեակին, ու նաեւ նորակազմ «Շիքակօ» բազմանդամ նուագախումբի ելոյթներուն:
25 սեպտեմբեր 2016
(Շար. 1)
(1) ( http://www.stjohngarabed.net/who_we_are/st_john_garabed_church_history )
(2) ( http://homenetmensevan.com/san-diego-homenetmen-history.html )