Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ամերիկա` 70-Ական Թուականներուն. Անկապ Իրողութիւններ Եւ Կենցաղային Դրուագներ (Բ.)

Հոկտեմբեր 25, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Թ. Քալիֆորնիական ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ստանալու համար նախ պէտք է յաջողիլ գրաւոր քննութենէն, որմէ ետք գործնական քննութիւնը տեղի կ՛ունենայ քաղաքին բանուկ կեդրոնին մէջ: Գրաւոր քննութիւնս կատարեցի խճողուած սրահի մը մէջ, ոտքի վրայ, բարձր սեղանի մը վրայ, քով-քովի` այլ մասնակիցներու կողքին, առանց խիստ հսկողութեան. օրինակ` դիւրաւ կարելի էր օգտուիլ քննութեան յատուկ գրքոյկէն: Ներկայիս այս քննութիւնը կարելի է կատարել նաեւ համացանցի միջոցով:

ford_drive-test-center_102516

Գործնական առաջին քննութիւնս տեւեց քանի մը վայրկեան միայն… Այսպէս, քննիչը կը նստի քովդ, ու ցուցմունքներ կու տայ` ա՛ջ դարձիր, ձա՛խ դարձի՛ր, կանգնի՛ր, անցքը փոխէ, ինքնաշարժը շարէ եւ այլն: Քննութիւնը կը կատարուի որեւէ տեսակի սեփական ինքնաշարժով: Ուրեմն, առաջին հրահանգն էր` «Տի Էմ Վի» կեդրոնէն դուրս գալ դէպի աջ դառնալով, իսկ երկրորդը եղաւ. «Վերադարձի՛ր կեդրոն, ձախողեցար»: Ի՞նչ էր պատճառը. ըսաւ, որ երբ ձախ կողմէն ինքնաշարժ մը կու գար, դուն փողոց մտար: Երբ առարկեցի, որ այդ ինքնաշարժը դանդաղած էր, ու մեր փողոցէն առաջ դէպի աջ դառնալու նշան տուած էր, ըսաւ` այո՛, սակայն մենք դիմացինին մտադրութեան վրայ չե՛նք ապաւինիր: Իմաստալի՛ց խրատ:

Երթեւեկի օրէնքները պէտք է լիուլի յարգել, որով համապատասխան նշանները, մայրուղիներու եւ փողոցներու ուղղութիւն տուող վահանակները յստակ են ու կը դիւրացնեն երթեւեկի ապահովութիւնը: Մայրուղիներու վրայ ինքնաշարժ վարելը այլ հարց է. երբեմն երկար ժամանակ, 120-140 քմ առաւելագոյն արագութեան վրայ, երկու կողմի «դրացի» ինքնաշարժները չեն փոխուիր հաւասար արագութեան պատճառով, տարօրինակ զգացում մը յառաջացնելով մէջդ: Սակայն պատահեցաւ, որ երբ առաւելագոյն արագութեամբ կեդրոնի գիծէն կ՛ուղղուէի, ոստիկանական ինքնաշարժ մը մօտեցաւ, ու ոստիկանական ձեռքի շարժումներով հրահանգեց, որ հակառա՛կ օրէնքին, արագացնեմ ընթացքս` հետեւելով ընդհանուրին արագութեան, որ բարձրացած էր. այս պարագային, օրինապահութիւնս կը խանգարէր 7-8 շարք միասնաբար սուրացող ինքնաշարժներու զանգուածը:

san-diego_102516

Ժ. Ընկերութիւնը ինծի յանձնած էր «Ֆորտ էլ Թի Տի» տիպի «Քանթրի սքուայր» մեծ սթէյշըն ինքնաշարժ մը, որուն վրայ գործի ժամերուն ռատարի սարքով մը ինքնաշխատ արգելակի փորձարկումներ կը կատարէին, խիստ գաղտնի` առաջինը այս մարզին մէջ: Պատուիրած էին, որ ոչ մէկ պարագայի շարժակին կափարիչը բանամ: Մոռնալով այս պատուէրը, երբ կայանէ մը վառելանիւթ կը լեցնէի, երիտասարդ պաշտօնեան խնդրեց, որ կափարիչը բանամ, որպէսզի ջուրը եւ իւղը ստուգէ: Ինքնաշարժի «սիրահարը» տեսնելով զետեղուած տպաւորիչ ու անսովոր սարքերը, բացագանչութիւններով հետաքրքրութենէն «օդը ցատքեց»` հարցումներ ուղղելով ինծի: Անմիջապէս ըսի, որ գողութենէ պաշտպանող սարք էր, որ պէտք է գաղտնիք մնար մեր միջեւ… Հաւանաբար իր թոռնիկներն իսկ լսեցին այս մասին:

ԺԱ. Երեկոյ մը, գործէ արձակուելու պահուն, դրան մօտ երկու մտերիմ ընկերներ վիրաւորական ծանր խօսքերով տաք վիճաբանութեան մէջ էին: Երկուքը` նախկին ծովայիններ, հաւանական էր, որ վէճը ծեծկռտուքի վերածուէր, անկանխատեսելի հետեւանքով, օրինակ` մարմնական վնաս, գործէ արձակում եւ այլն:

Մինչ միւս պաշտօնեաները եւ երկուքին մօտիկ բարեկամներ ամենայն անտարբերութեամբ իրենց քովէն անցնելով` կը մեկնէին` արեւելեան սովորութեամբ, միջամտեցի, եւ պարզուեցաւ, որ մէկը մերժած էր միւսին տեղ հասցնել` ըսելով, որ ուրիշ ընելիք ունէր: Իսկ միւսին կնոջ, որ պիտի գար զինք տանելու` ճամբան ինքնաշարժին անիւը պայթած էր, եւ կ՛ուզէր, որ հոն հասցնէր զինք: Բացատրելով, որ առաջինին «ուրիշ ընելիքը» իրապէս զիս տեղ մը տանիլ էր, ըսի, որ ուրիշ օր կ՛երթանք այնտեղ, ու հիմա միասին գացէք եւ անիւը նորոգեցէք, եւ երկուքը յաջորդ օրուան գարեջուրի հրաւիրեցի: Հանդարտութիւն տիրեց, ու միասին մեկնեցան: Յաջորդ առաւօտ երկուքը առանձնաբար, մէկը` յուզուած, շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց բարեկամութիւնը փրկելուս համար` անկեղծօրէն զարմանք յայտնելով, թէ ինչո՞ւ այս «բարիքը» կատարած էի…

ԺԲ. «Լէոնարտոզ» իտալական ճաշարանը ընդհանրապէս կը յաճախէինք բարեկամներով, որով սպասեակները ծանօթ էին մեզի: Օր մը առանձինս երթալով ճաշարան` ամենամեծ (չորսէն հինգ հոգիի բաւարար` 60 սմ) մսածաղը (փիցա) ապսպրեցի, միասին սափոր մը գարեջուր: Այդ տարիներուն նիհարակազմ էի եւ կարողութիւնը ունէի մեծաքանակ ճաշ սպառելու` պահելով ծանրութիւնս` շրջապատիս զարմանք ու երբեմն նախանձ պատճառելով: 40 տարիքը բոլորելէ ետք կը հասկնամ, թէ ինչու կը նախանձէին…

pizza-beer_102516

Սովորականէն շատ երկար սպասեցի ու ո՛չ գարեջուրը եկաւ, ո՛չ ալ մսածաղը: Սպասեակը կանչելով` հարցուցի, թէ ի՞նչ էր ուշացումին պատճառը: Ըսաւ, որ սպասէին խումբին` միաժամանակ հարց տալով, որ խումբին մնացեալ անդամները ե՞րբ պիտի ժամանէին. ըսի, թէ այսօր ես եմ խումբը… Բոլորին ուշադրութեան առարկան դարձայ, երբ անդրադարձայ, որ անձնակազմը, հաշուասեղանին ետին կանգնած, եւ ճաշարանի հիւրերը ակնդէտ զիս կը դիտէին` ստուգելու համար, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր: Վերջաւորութեան ոչ միայն իրենց ծափահարութեան արժանացայ, այլ նաեւ իրենց հաշուոյն գարեջուրի երկրորդ սափորը ու անուշեղէն ալ ճաշակեցի:

ԺԳ. Մասնագիտացումս Յորդանանի ոստիկանութեան յատուկ հաղորդակցութեան նոր սարքերու կը վերաբերէր, եւ մեր հաստատութեան գնումներու պատասխանատու Հերոլտին (Հեպ) աներորդին, Սան Տիէկօ քաղաքը ընդգրկող, Լիբանանի 10 անգամ տարածութիւն ունեցող, Սան Տիէկօ Քաունթի մարզի շերիֆն էր: Դասաւորեց, որ միօրեայ այցելութեամբ իրենց հաղորդակցութեան դրութեան ծանօթանամ: Իմ պատկերացուցած ժապաւէններու շէրիֆը չէր Ճոն Տաֆին (1930-1993). ան պաշտօնական զգեստով, քաղաքին կեդրոնը գտնուող ապահովական հսկայական հաստատութեան մը եւ մարզային պատասխանատուն էր: Ներկայիս, յետմահու, վարչական այս կեդրոնը իր անունով կոչուած է:

Շերիֆը անձամբ առաջնորդեց շրջապտոյտս` սկսելով առժամեայ բանտէն, ուր ծանօթացայ համակարգիչի պատասխանատուին` Հալէպէն, ծագումով արաբ, ալեհեր, կարճահասակ ու զուարճախօս անձ մը, որ մէկ երկու բառ հայերէն արտասանելէ ետք ցոյց տալով այդ ընթացքին կալանաւորներուն մուտքը, կատակելով ըսաւ, թէ դուք Միջին Արեւելքի մէջ պէտք չունիք այս սարքաւորումներուն, գողերուն ձեռքը կը կտրէք, իսկ ոճրագործներուն գլուխը` եւ վե՛րջ…բոլորը խնդացին:

sheriff_102516

Ետքը, ցուցադրելու համար համակարգիչին դրութիւնը, «Լոփեզ» մականունը ներմուծելով, հարիւրաւոր յանցագործներու անունները երեւցան պաստառին վրայ` իրենց մանրամասնութիւններով: Ապա իմ ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրէս անունս ներմուծելով ոչինչ երեւցաւ: Սակայն, երբ Հեպին անունը ներմուծեց, պաստառին վրայ սկսան երեւնալ տեղեկութիւններ` ինքնաշարժ վարելու կանոններու խախտումներու վերաբերեալ. Հեպը անմիջապէս պահանջեց կասեցնել համակարգիչի գործողութիւնը` զինք ձերբակալելու մասին կատակներու միջոցին:

Ապա այցելեցի զանազան բաժանմունքներ, ու վերջաւորութեան ոստիկանական ինքնաշարժով շրջագայեցանք քաղաքին մէջ` պատահմամբ «որսալով» յանցագործ մը: Այսպէս, ցուցադրելու համար ապահովական դրութիւնը` մեր առջեւէն ընթացող ինքնաշարժին համարը կեդրոն փոխանցելէ երկու վայրկեան ետք տպագրիչ սարքը տուեալ ինքնաշարժին եւ տիրոջ նկարով յանցագործութեան ցանկը տպեց… Կապուելով կեդրոն` տուաւ ինքնաշարժին համարը ու գտնուած վայրը, որպէսզի ոստիկանական այլ ինքնաշարժ մը զբաղի այդ հարցով: Այդ տարի յուլիս 4-ի տօնակատարութիւնը Հեպին հետ շերիֆին տան մէջ անցուցինք:

ԺԴ. Առաջին անգամ 180 քմ դէպի հիւսիս` Լոս Անճելըս կ՛երթայի ընկերներէս Բենոյին մօտ: Իր թելադրանքով, քաղաք չհասած, քանի մը անգամ հեռաձայնեցի` տան ուղղութիւնը ստուգելու, թէ մայրուղիի ո՛ր ճամբէն պէտք էր դուրս գայի եւ այլն, գրի առնելով մանրամասն բացատրութիւնը տետրակիս մէջ, առանց փորձելու միտքս պահել զանոնք: Երբ շրջանին մօտեցայ, նկատեցի, որ հեռաձայնի տետրակս վերջին հեռաձայնի խցիկին մէջ մոռցած էի, իսկ բնակարանը իր անունին չըլլալով, չէի կրնար հեռաձայնի գիրքէ մը ստուգել կամ հետը խօսիլ:

Լոս Անճելըսի հարաւային Ինկըլվուտ շրջանէն  «փոքր» հատուած մը
Լոս Անճելըսի հարաւային Ինկըլվուտ շրջանէն «փոքր» հատուած մը

Շուարած` կանգ առի վառելանիւթի կայան մը, թէ՛ վառելանիւթ լեցնելու, եւ թէ՛ ալ ուղղութիւն հարցնելու, եւ ի՞նչ զարմանք…սենեակէն դուրս եկաւ սեփականատէրը` Էշրեֆիէէն հանրածանօթ ըմբիշ ու Լիբանանի ախոյեան, ծանրաբարձ Գէորգ ԼԵհիմճեանը… Ուրախութեամբ ողջագուրուեցանք ու յուզումով գրասենեակ հրաւիրեց զիս, ուր հեռատեսիլը իրեն վայել հռոմէական «Կլատիէյթըր» ժապաւէնը կը ցուցադրէր… Կարօտով, հազար ու մէկ հարցում հարցուց` թաղին, ակումբին ու ծանօթներուն մասին: Ծանօթ էր Բենոյին, բայց տունը չէր գիտեր, ուստի ճամբայ ելայ սկաուտական հետախուզական առաքելութեամբ` հրաշքի համազօր, հազարաւոր իրար նման թաղերուն եւ տուներուն մէջէն զինք գտնելու: Միայն կը յիշէի, որ Ինկըլվուտի արմաւենիի ծառերով եզերուած պողոտայէ մը աջ պիտի դառնայի, եւ թէ` օդանաւերը ճիշդ իր տան վրայէն կ՛անցնէին, եւ ունէր յատկանշական ինքնաշարժ մը: Գէորգին ցուցմունքով գտայ արմաւենիներով պողոտան ու օդանաւերուն հետեւելով` գտայ ինքնաշարժը…

ԺԵ. Շաբաթավերջ մը աշխատակիցներու մեծ խումբով, իրենց կիներով, զբօսաշրջութեան համար Լոս Անճելըս մեկնեցանք, ու վերադարձէն առաջ պէտք էր ընթրէինք ճաշարանի մը մէջ: Առաջարկեցի, որ «Անճելոզ» իտալական ճաշարանը երթանք, որ մտերիմ դասընկերոջս` Անդոյին կը պատկանէր, որով ոսկի առիթ էր զինք ալ տեսնելու, մինչ ցարդ միայն հեռաձայնով խօսած էինք, ճաշարանին հասցէն գիտէի. բայց այս բոլորը գաղտնի պահեցի: Բարեկամներս առարկեցին` ըսելով, թէ լսած էին համբաւին մասին իբրեւ որակեալ ճաշարան, եւ թէ այս հագուստներով ու առանց տեղ ապահոված ըլլալու մեզ չէին ընդունիր, սակայն ամենայն հանդարտութեամբ ըսի, որ փորձ մը կատարենք:

angelos-restaurant_102516

Իսկապէս, երբ հասանք ճաշարան, բացայայտ էր, որ «ընտրանիներու» յատուկ էր: Մուտքին հիւրընկալուհին տարակուսանքով մը հարցուց. թէ որո՞ւ անունով տեղ ապահոված էինք, ըսի, թէ տեղ ապահոված չենք, եւ անունս տալով` խնդրեցի, որ տնօրէնին իմաց տայ: Մինչ այս, բոլորը կը գանգատէին` ըսելով, թէ ի՛նչ պէտք կայ, ուրիշ «պարզ» ճաշարան մը երթանք եւ այլն: Ու եկաւ հսկայ ու լեցուն կազմով Անդոն, որ զիս տեսնելով, ուրախութեամբ ողջագուրուելէ ու քանի մը բառ հայերէն զրուցելէ ետք, մեզ առաջնորդեց «տնօրէնին» յատուկ լաւագոյն սեղանը` լաւագոյն սպասարկութեամբ:

Ընկերակիցներս ափ ի բերան մնացին` կարծելով ու համոզուած ըլլալով, թէ իտալական «կապեր» ունէի, եւ ճաշարանին մթնոլորտէն տպաւորուած` չհաւատացին, որ այս հիւրընկալութիւնը հայկական կապերուս արդիւնք էր…

 

 

25 սեպտեմբեր 2016

(Շար 2 եւ վերջ)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Եւ Հայ Ազգային Իրաւունքներու Վերականգնման Պայքարին Ուժական Շղթայազերծումը

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?