Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստագիտութիւն… Երկսայրի Սուր

Հոկտեմբեր 21, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հին ասացուածքը կ՛ըսէ` «Անհրաժեշտութիւնը գիւտին մայրն է»: Գիւտերը եւ յայտնաբերումները արդիւնք են մարդկային կեանքի անհրաժեշտութիւններուն եւ մարդկային բաղձանքին` աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու: Օրական նոր եւ աւելի նոր նուաճումներ կ՛արձանագրուին, յատկապէս արհեստագիտութեան մարզին մէջ: Ընկերութեան եւ անհատներու կեանքերը ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով կ՛ազդուին արհեստագիտութեան զարգացումով: Ընկերութիւնը շատ աւելի կախեալ դարձած է արհեստագիտութենէն, այն աստիճան, որ յաճախ մտածելու կամեցողութիւնը կը նուազի նախքան քայլ մը առնելը: Այստեղ կը ներկայացնենք քանի մը նոր նուաճումներ, որոնցմէ ոմանք կրնան վիճելի ըլլալ:

Ն.

Հայկական «Լոքալզ»-ը
10 Երկիրներու Մէջ

localz_102116

Զբօսաշրջիկներն ու զբօսավարները կապող հայկական «Լոքալզ» հարթակը յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին  կը սկսի գործել միեւնոյն ատեն 10 երկիրներու մէջ: Այս մասին տեղեկացուց ընկերութեան տնօրէն Արտաւազդ Սոխիկեան:

«Լոքալզ»-ը զբօսավարը եւ զբօսաշրջիկը կապող հարթակ է, որ կը նպաստէ տեղական զբօսաշրջութեան զարգացման: «Ուէպ» տարբերակով ատիկա սկսած է գործել մայիս 2016-էն, իսկ յուլիսէն արդէն հասանելի էր «Էնտրոյտ», «Այ.Օ.Էս.» եւ «Ուինտոզ» համակարգերուն համար:

Արձանագրուելով համակարգին մէջ, զբօսաշրջիկը կը յաջողի գտնել իրեն յարմար ծառայութիւններ մատուցող զբօսավարը: Հարթակին մէջ կրնայ արձանագրուիլ տուեալ երկրին մէջ ապրող ոեւէ մարդ, որ կը փափաքի զբօսավարի  ծառայութիւններ մատուցել: Միջազգային շուկային մէջ կան նմանատիպ բազմաթիւ հարթակներ, որոնցմէ թերեւս կարելի է առանձնացնել «Վիաթոր»-ը, որ 2014 թուականին 200 միլիոն տոլարի գնուեցաւ «Թրիփ Էտվայզըր»-ի կողմէ: Սակայն շուկային մէջ արդէն գործող հարթակներէն «Լոքալզ»-ը կը տարբերի անով, որ այստեղ զբօսաշրջիկը կը թելադրէ շրջագայութեան իրեն համար փափաքելի պայմանները` առաջարկուող դասական շրջագայութիւններուն փոխարէն:

Ըստ Արտաւազդ Սոխիկեանի, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս միջոցով ծառայութիւններ մատուցող զբօսավար գտնելը բաւական արագ է եւ աժան: «Լոքալզ»-ի  միջոցով զբօսավար եւ շրջագայութիւն գտնելով` զբօսաշրջիկը  շուկայականէն 2.5 անգամ նուազ կը վճարէ», կ՛աւելցնէ «Լոքալզ»-ի տնօրէնը:

Զբօսաշրջութեան մարզը վերջին տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ կրած է` կապուած արհեստագիտութեան յառաջընթացին հետ: Այժմ տոմսերը կը գնեն ելեկտրոնային տարբերակով, կը շրջագային «Իւպեր» կամ նմանատիպ ծառայութիւններուն առաջարկած մեքենաներով, եւ «Լոքալզ»-ի առաջարկած լուծումը այս շղթայի տրամաբանական օղակը կը դառնայ: Հարթակը այս պահուն կը գործէ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ: Համակարգին մէջ արդէն արձանագրուած են 150 զբօսավար  եւ 800 զբօսաշրջիկ, իսկ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին «Լոքալզ»-ը պիտի սկսի գործել 10 երկիրներու մէջ միեւնոյն ատեն:

«Հայկական շուկան շատ փոքր է` բաղդատելով Եւրոպական շուկային հետ, ուր տարեկան մօտ 380 միլիոն զբօսաշրջիկ կը ճամբորդէ: Հայաստանի մէջ այդ թիւը 1.2 միլիոնի կը հասնի, որուն 10 տոկոսը միայն կ՛օգտուի զբօսավարի ծառայութենէն: Եւրոպական շուկայ մտնելը մեզի համար առաջնային խնդիր է, զոր յառաջիկային պէտք է փորձենք լուծել», կ՛ընդգծէ Արտաւազդ Սոխիկեան:

Խօսելով հայկական սկսնակ ընկերութիւններու խնդիրներուն մասին,  Արտաւազդ Սոխիկեան նշեց, որ յաջողութեան պատմութիւններու սակաւութեան պատճառով Հայաստանի մէջ կը զգացուի խորհրդատու կառոյցներու պակաս:

Սկսնակներու համակարգի զարգացման գործին մէջ գնահատելի աշխատանք կը տարուի նաեւ սփիւռքի արհեստագիտական մարզի մասնագէտներուն կողմէ: Արտաւազդ Սոխիկեան կը նշէ, որ արտասահմանին մէջ կան մարզին մէջ ազդեցիկ հայ մասնագէտներ, որոնք մեծ ներդրում ունին Հայաստանի մէջ խորհրդատուական մարզին մէջ նիւթական օգնութիւն տրամադրելու գծով:

Անդրադառնալով հայկական սկսնակ ընկերութիւններու համաշխարհային շուկային մէջ տեղ գտնելու խնդիրներուն, Արտաւազդ Սոխիկեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ շատ յաճախ պատկերացում չկայ համաշխարհային շուկայի պահանջներուն ու խնդիրներուն վերաբերեալ:

Նշենք, որ 3-5 հոկտեմբերին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան շուրջ համաշխարհային համաժողով»-ի (WCIT) ծիրին մէջ  «Լոքալզ»-ը մրցանակի արժանացած է Զարգացող թուային լուծումներու անուանակարգին մէջ: 2019 թուականին WCIT-ը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ:

 

Հայ Համալսարանականները  Ստեղծած  Են
«5 Ճի» Կապի Որակը Ստուգող Սարք

5g_102116

Սարքին շնորհիւ կարելի է փորձարկել հաղորդիչին մէջ  ազդանշանի թուային մշակման զանազան տեսակներ (մոտիւլէյշըն), իսկ փորձարկումներու իբրեւ արդիւնք հասկնալ, թէ ո՛ր տեսակը նախընտրելի է գործածել կապի  համար: Նոր գերարագ կապի համար հիմնաչափ տակաւին չէ  որոշուած, բայց ատիկա արդէն հիմա պէտք է փորձարկել` կողմնորոշուելու համար, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ:

«Սարքը ինքը «5 Ճի» ցանցերուն մէջ պիտի չկիրառուի, բայց ատոր օգնութեամբ կարելի է  այդ ցանցին մէջ սարքերու համար բնութագիրներ կազմել: Այսինքն ատոնց համար սահմանել պահանջներ, թէ ինչպէս պէտք է թուայնացնել եւ գաղտնազերծել ազդանշանը, հաղորդել եւ ընդունիլ, որպէսզի կապը աւելի արագ եւ որակեալ ըլլայ», յայտնեց նախագիծը մշակող, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի ռատիոարհեստագիտութեան եւ կապի համակարգերու  բաժանմունքի շրջանաւարտ Լեւոն Գրիգորեան:

Սարքը կազմելու բաղադրիչները Գրիգորեանին եւ անոր ընկերներուն տրամադրած է Նէշընըլ Ինսթրումընց ընկերութիւնը: Փորձարկման համար ալկորիթմերը համալսարանականները իրենք ստեղծած են:

Սարքը արդէն ներկայացուած է նոր սերունդի ցանցերու բնաբանով գիտաժողովի ժամանակ, որ տեղի ունեցած է  Սան Փեթերսպուրկի Պոնչ-Պրուեւիչի անուան հեռահաղորդակցութիւններու պետական համալսարանին մէջ: Իսկ հոկտեմբերի սկիզբը ատիկա ցուցադրուած է Երեւանի մէջ «ՏիճիԹեք Էքսփօ – 2016» ճարտարագիտական ցուցահանդէսի ժամանակ:

«5 Ճի» անլար կապի հիմնաչափը կը մշակուի իբրեւ  ներկայի ամէնէն արագ կապի` «Էլ.Թի.Ի.» (4 Ճի)-ի ապագայ փոխարինող: «5 Ճի»-ի համար միասնական հիմնաչափ ցարդ չկայ, բայց մշակողները կը կողմնորոշուին երկվայրկեանի մը մէջ 1 ճիկապայթ հզօրութեամբ: Նոր սերունդի կապի մոտըմները ապագային կը ծրագրուի աւելի լայնօրէն կիրառել ո՛չ միայն համակարգիչներուն եւ բջջային հեռաձայններուն մէջ, այլ նաեւ կենցաղային ճարտարագիտութեան, ինքնաշարժներու վրայ` զանոնք հեռաւորութեան վրայ կառավարելու նպատակով:

 

«Այ.Պի.Էմ.» Դասաւանդումը
Արդիւնաւէտ Կը Դարձնէ

«Այ.Պի.Էմ.»-ը Միացեալ Նահանգներու ուսուցիչներու համադաշնակցութեան հետ միասնաբար, «Այ.Պի.Էմ.  Ուաթսըն»  ծառայութեան հիման վրայ  ստեղծած է «Թիչըր Էտվայզըր» միջավայր, որ նախատեսուած է ուսուցիչներու աշխատանքը եւ դասաւանդման հոլովոյթը աւելի արդիւնաւէտ եւ թիրախային դարձնելու: Նախագիծի ստուգման արդէն կը մասնակցին հարիւրաւոր ուսուցիչներ:

«Թիչըր Էտվայզըր»-ը կը ներկայացնէ անհատականացած տեղեկութեան աղբիւր`  ուսուցիչներու համար: Ատիկա կ՛օգնէ անոնց աւելի լաւ պատրաստուելու դասերուն` ստանալով տուեալ բնաբանին առնչուող ամէնէն վերջին տեղեկութիւններն ու նիւթերը: Բացի ատկէ, «Թիչըր Էտվայզր»-ի օգնութեամբ ուսուցիչները տեղեկութիւն կը ստանան դպրոցականներու դասաւանդման մեթոտներու եւ կրթական չափանիշներու մասին:

Նախագիծին վրայ երկու տարի աշխատանք տարուած է: Մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու ուսուցիչներու համադաշնակցութիւնը: Աշխատելով «Թիչըր Էտվայզր» միջավայրին մէջ, ուսուցիչը կրնայ որեւէ հետաքրքրական բնաբանով հարցում ուղղել եւ ստանալ անհատականացած պատասխան, օգնութիւն եւ խորհուրդներ, օրինակ`  դասաւանդութեան ծրագրաւորման վերաբերող հարցումներու պատասխաններ:

Մարդու կատարած հարցումին պատասխանելու համար «Այ.Պի.Էմ.  Ուաթսըն» յաւելեալ հարցումներ կրնայ ուղղել: Երբ համակարգը կ՛անհատականացնէ հարցումը, ուսուցիչը կը ստանայ զինք հետաքրքրող հարցումին պատասխանը:

«Թիչըր Էտվայզր»-ի ներկայ տարբերակը աստիճանաբար պիտի կատարելագործուի: Բովանդակութեան շտեմարանը աստիճանաբար կը համալրուի նոր նիւթերով, որոնք կը տրամադրուին հեղինակաւոր  կազմակերպութիւններու կողմէ:

 

«Սամսոնկ». Անմիջապէս Անջատեցէ՛ք
Ձեր Կալաքսի 7-ը Սմարթֆոնները

galaxy_102116

Աննախընթաց քայլով մը «Սամսոնկ», դադրեցնելէ ետք արտադրութիւնը վտանգաւոր  նոր սարքերու,  օգտագործողներուն պատուիրեց անմիջապէս անջատել «Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայինները, որոնք  անսպասելիօրէն կը բռնկին: Հոկտեմբեր 11-ին ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ինքնաբռնկման եւ բարդերու պայթելու պատճառով «Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայիններու արտադրութիւնն ու վաճառքը կը դադրեցնէ: Ընկերութիւնը նաեւ բոլոր ծախողներէն պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել սարքին վաճառքը, մինչ կը քննարկուի բռնկումներուն պատճառը: Յաճախորդները բողոքած են, որ բջիջայինները կը բռնկին:

Ընկերութիւնը բացատրեց, որ թերի նիւթեր պարունակող բարդերը պէտք եղածէն աւելի կը տաքնան եւ կը բռնկին:

Սեպտեմբերի սկիզբը «Սամսոնկ» ամբողջ աշխարհէն հաւաքեց 2.5 միլիոն բջիջային: «Սամսոնկ» առաջարկեց նաեւ պայթածները փոխարինող հեռաձայններ:

Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը արգիլեց օդանաւերով «Սամսոնկ Կալաքսի Նոթ 7» բջիջայիններ փոխադրել: Ըստ նախարարութեան հրամանագիրին, ճամբորդներուն կ՛արգիլուի հեռաձայնը իրենց մօտ պահել կամ յանձնել ճամբորդութեան պայուսակներուն հետ: Օրինազանցներուն տուգանք կամ սարքի գրաւում կը սպառնայ: Նաեւ քրէական հետապնդման կ՛ենթարկուին:

Ըստ կարգ մը տուեալներու, ընկերութիւնը 17 միլիառ տոլար կորսնցուցած է սարքերուն պատճառած բողոքներուն իբրեւ հետեւանք:

Արտադրութեան անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Էլիոթ Քէյ վերջերս հաւաստեց, որ ոչ ոք պէտք է մտահոգուի, որ իրենց բջիջայինը կրնայ վտանգի ենթարկել զիրենք, իրենց ընտանիքը կամ ինչքերը:

 

«Սքայփ» Արդէն 9 Լեզուի
«Կը Տիրապետէ»

skype_102116

Տեսահեռաձայններու թարգմանութիւններու «Սքայփ» հարթակը արդէն 9 օտար լեզու «գիտէ»` ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, չինարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն: Հարթակին նաեւ մատչելի են գրութիւններու  հաղորդագրութիւններու թարգմանութիւններու համար 50-է աւելի լեզուներ:

«Սքայփ Թարգմանիչը» մատչելի է ամէն տեսակի  համակարգերով օժտուած համակարգիչներու տէրերուն: «Մայքրոսոֆթ»-ի ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ «Սքայփ թարգմանիչ»-ի գործունէութիւնը  հիմնուած է մեքենայով ուսուցման ճարտարարուեստին վրայ  եւ կը կատարելագործուի` «որքան շատ օգտագործողներ կ՛ունենայ, այնքան համակարգի աշխատանքի որակը կը կատարելագործուի» սկզբունքով:

«Սքայփ»-ի թարգմանչական համակարգին հիմքը կը հանդիսանայ «Մայքրոսոֆթ թարգմանիչ» հարթակը, որ կ՛օգտագործուի ընկերութեան այլ նախագիծերու մէջ, ինչպիսիք են` «Պինկ թարգմանիչ»-ը, «Էնտրոյտ» եւ «Այ.Օ.Էս.»-ի համար  «Մայքրոսոֆթ Թարգմանիչ»-ի յաւելուածները, ինչպէս նաեւ յատուկ «Մայքրոսոֆթ թարգմանիչ զրոյց Էյ.Փի.Այ.»-ը:

Նշենք, որ «Սքայփ»-ին մէջ ձայնային զանգերու համար թարգմանիչի ներդրման մասին «Մայքրոսոֆթ» յայտարարած էր 2014 թուականի մայիսին, իսկ առաջին տարբերակին մէջ միայն անգլերէն-սպաներէն թարգմանութեան ծառայութիւնը մատչելի էր:

 

Դիմատետրը Կ՛օգնէ Ընկերներու Հետ
Ճիշդ Զրոյցի Սկսելու

Դիմատետր օգտագործողները նկատած են, որ այնտեղ նոր գործառոյթ յայտնուած է: Զրուցակիցներու անուններու  տակ սկսած են յայտնուիլ նշումներ, թէ ինչ բանէ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ սկսիլ խօսակցութիւնը այդ մարդուն հետ: Ընկերները խօսակցութեան «դրդելու» համար Դիմատետրը ցոյց կու տայ տուեալ օգտագործողին վերջին գործողութիւնը, անոր լսած վերջին երգը, վայրը, ուր ան  այցելած է կամ ծրագրած նախաձեռնութիւնը:

Այս գործառոյթը այժմ կը փորձուի  սահմանափակ թիւով «Այ.Օ.Էս.»  օգտագործողներու համար: Ցարդ  յայտնի չէ, թէ  ատիկա  հասանելի կ՛ըլլա՞յ արդեօք բոլորին:

faebook-vs-google_102116

Լոս Անճելըսէն Հոնք Քոնկ Ստորգետնեայ
Պողպատեայ Պարան (Քէյպըլ) 

 

Ամերիկեան «Կուկըլ» եւ «Ֆէյսպուք» ընկերութիւններու գործակցութեան ծիրին մէջ` Լոս Անճելըսի եւ Հոնք Քոնկի միջեւ պիտի հաստատուի 12.874 քմ երկարութեամբ գերարագ պողպատեայ պարան, որ պիտի անցնի Խաղաղական ովկիանոսի յատակէն: Յատուկ մալուխը, որ պիտի կոչուի «Փասիֆիք լայթ քէյպըլ նեթվորք», պիտի կարենայ երկվայրկեանի մը մէջ 120 «թերապայ» արագութեամբ տուեալներ փոխանցել: Հիմնուելով ասոր վրայ` «Կուկըլ» յայտարարեց, որ ատիկա կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ասիոյ միջեւ ամէնէն արագ եւ հզօր պողպատեայ պարանը:

Ատոր շնորհիւ,  «Կուկըլ» եւ Դիմատետր  օգտագործողները  շատ աւելի արագ համացանցի կապ կ՛ունենան:

Կը նշուի, որ «Փասիֆիք լայթ քէյպըլ նեթվորք» շահագործման կը յանձնուի 2018 թուականին:

 

Նախորդը

Կանաչ Այց Արցախ

Յաջորդը

Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Քեսապը, Այնճարը Սփիւռքի Թթխմոր Են

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?