ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Տագնապի Լուծման
Ծրագիրի Բանաձեւ
Արցախեան տագնապի ծնունդէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը 1993-ի ապրիլ 30-ին յատուկ բանաձեւ մը որդեգրեց այս հարցին լուծման առաջադրանքով: Թիւ 822 որոշումը հայկական եւ ազերիական ուժերէն կը պահանջէր զինադուլ հաստատել, իսկ հայկական ուժերէն կը պահանջէր հեռանալ Քելբաջարի շրջանէն եւ տագնապը լուծել քաղաքական բանակցութեանց ճամբով:
Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ կողմէ խաղաղութեան ծրագիր մը մշակուեցաւ, որ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի պատասխանատուներուն ներկայացուեցաւ: Ծրագիրը կ՛առաջադրէր զինադուլ հաստատել, իսկ հայկական ուժերէն կը պահանջէր հեռանալ Քելբաջարի շրջանէն եւ տագնապը լուծել քաղաքական բանակցութեանց ճամբով:
Սակայն ազերիական ուժերը կը շարունակէին խախտել զինադուլը: Ֆիզուլիի շրջանէն կը ռմբակոծէին Մարտունիի գիւղերը, իսկ Աղտամի շրջանէն` Ասկերանի սահմանային դիրքերը:
Արցախի ազատամարտիկները 16 մայիս 1993-ին կարեւոր գործողութիւն մը կատարեցին Արցախի հիւսիսային գօտիին մէջ եւ կտրեցին Մարտակերտի եւ Շահումեանի միջեւ ազերիներու հաղորդակցութեան կապը:
Հայ ազատամարտիկները Թալիշի շրջանին մէջ յարձակման անցան գիւղէն դէպի հիւսիս տարածուող բարձունքներուն ուղղութեամբ եւ գրաւեցին ազերիական կարեւոր դիրքեր:
Միաժամանակ ազերիական ուժեր նոր կեդրոնացումներ կատարեցին Ղուբաթլիի եւ Ֆիզուլիի շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Տաւուշի սահմանամերձ գօտիին մէջ:
***
Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, Մոսկուայի մէջ, Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապին լուծման համար իրենց պատրաստած ծրագիրին բանաձեւը յղեցին առնչակից կողմերուն:
«Ազդակ» օրին կը գրէր. ի՞նչ կ՛ըսէ բանաձեւը. անիկա պարզապէս Հայաստանէն կը պահանջէր քաշուիլ Քելբաջարէն (մինչդեռ Հայաստանէն դէպի Քելբաջար որեւԷ քայլ չէր առնուած, այլ Քելբաջարը գրաւողները` Արցախի ազատամարտիկներն էին) եւ փոխարէնը… ոչինչ ակնկալել եւ ստանալ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով. մինչեւ անգամ եթէ բանաձեւը ներկայացուէր Արցախի` զայն իբրեւ իրողական միաւոր ճանչնալու գնով, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէր հետեւեալ հարցումներուն.
– Ո՞վ իրաւունք տուած է Թուրքիոյ, որ անկողմնակալ միջնորդի դերով մասնակցի այդ նախաձեռնութեան: Ո՞ր տրամաբանութիւնը կ՛ընդունի, որ յանցաւոր կողմ մը իբրեւ դատաւոր ներկայանայ հարցի մը կարգաւորման մէջ:
– Քելբաջարի ազերիական դիրքերուն չէզոքացումը ինչո՞ւ ահազանգի պէտք է մատնէր գեր-ուժերն ու մինչեւ անգամ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը, մինչդեռ Քելբաջարը այն կէտն էր, որ կը պատուհասէր Հայաստանի արեւելեան ու Արցախի արեւմտեան շրջանները` հաւասարապէս: Տրամաբանութեան նոյն գիծին վրայ, Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Թուրքիա եւ դեռ` աշխարհի ու շրջանի միւս հեղինակաւոր կողմերը ինչո՞ւ անտարբեր ու պարզ դիտողի դիրքի վրայ մնացին տարինե՜ր շարունակ, երբ Արցախը քար ու քանդ կ՛ըլլար, Հայաստանի սահմանային գիւղերն ու յատկապէս Զանգեզուրը ամէն օր կ՛ապրէին ռմբակոծումներու մահասփիւռ աղէտին «քմայք»-ին տակ, եւ տակաւին` Արցախն ու Հայաստանը կը պահուէին շնչահեղձութիւն պատճառող պաշարումի մէջ: Ինչո՞ւ անտեսուեցաւ բռնագրաւումը, ոչինչ կատարուեցաւ թուրք-ազերիական մոլուցքին զոհ գացող հայկական շրջաններու պաշտպանութեան համար, երբ Հայաստան ու Արցախ բազմիցս դիմեցին ՄԱԿ-ին ու աշխարհի այլ ազդեցիկ շրջանակներուն, իսկ երբ չմնաց ելք ու ճար…
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ կարելի է շարունակել «ինչու»-ներուն շարքը, որոնց պատասխան չունին, անշուշտ, այդ «չէզոք» նախաձեռնութեան հեղինակները, որովհետեւ անոնց համար, Արցախն ու Հայաստանը կրնան թուիլ լոզանեան ու յետաշխարհամարտեան խաղերու նորագոյն տարբերակին մէջ օգտագործուող խաղաքարտ, Կովկասի մէջ նոր հաւասարակշռութեան որոնումի մէջ լծակ-գործիք: Անդին, սակայն, նորանկախ հայրենիքի մը եւ իր ինքնուրոյնութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու համար պայքարող ժողովուրդի մը ճակատագիրն էր խնդրոյ առարկան:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. պէտք չէ մոռնալ, որ ժողովուրդի մը ճակատագիրը նախ եւ առաջ իրմէ կախում ունի:
***
«Ազդակ»-ի 24 մայիս 1993-ի թիւով եւ «Արցախի ազատամարտիկը նախօրօք տուած է պատասխանը» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ճնշումի տակ է: Եռեակ նախաձեռնութիւնը, որ ծնունդ առաւ Մոսկուայի մէջ, անարդար եւ կամայական հաշիւներով Հայաստանը կը դնէր հարկադրանքի մը դէմ յանդիման, որ անընդունելի էր քաղաքական-ռազմական եւ որեւէ այլ տրամաբանութեամբ: Երեւանէն կը պահանջուէր ստորագրել «խաղաղութեան ծրագիր» մը, որուն միտք բանին հայկական ուժերու հեռացումն էր Քելբաջարէն, իսկ անոր դիմաց, ոչինչ կը տրուէր իբրեւ ապահովութեան երաշխիք, մինչեւ իսկ յիշատակութիւն չէր կատարուեր Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ հաստատուած պաշարման օղակին քանդումին մասին:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ ծրագիրը անտրամաբանական եւ անընդունելի էր ոչ միայն այն պատճառով, որ Թուրքիա չէր կրնար իբրեւ անկողմնակալ միջնորդ ներկայանալ հայ-ազերի տագնապին, կամ այն պատճառով, որ Հայաստան գործնապէս կապ չունէր Արցախի ազատամարտիկներուն նախաձեռնութեամբ վնասազերծուած Քելբաջարի հարցին հետ, այլ նա՛եւ այն պատճառով, որ Քելբաջարը հայկական պատմական հողերուն մէկ մասն է եւ Արցախի ու Նախիջեւանի պէս մէկ այլ զոհն է թուրք-համայնավարական կամայական «առեւտուր»-ին:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշման եւ սեփական հողին վրայ իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր գոյատեւելու պահանջով ոտքի կանգնեցաւ: Ազերիական բիրտ հակազդեցութեան պատմութիւնը արդէն ծանօթ էր աշխարհին: Հայ ազատամարտիկը ի վերջոյ ազատագրեց իր պատմական մայրաքաղաքը` Շուշին, Լաչինի անցքով միացաւ Հայաստանին: Թուրք-ազերիական դաւադիր պատասխանները նոյնպէս ծանօթ են եւ կը կոչուին Գետաշէն, Շահումեան ու Մարտակերտ: Հայ ազատամարտիկը, գերիվեր ուժերու դէմ ծառացումով եւ բազմաթիւ ֆետայիներու կեանքերուն գնով հակահարուած տուաւ Արցախի հիւսիսը: Ազերիին հետեւողական բռնադատութիւնները կանգ չառին Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն դէմ: Քելբաջարը դարձաւ Արցախն ու Հայաստանը հաւասարապէս պատուհասող զօրակայան, որուն դէմ հայկական բողոքի ձայները մնացին անարձագանգ: Արցախի հայ ազատամարտիկը ի վերջոյ վնասազերծեց Քելբաջարը եւ հանգիստ ու խաղաղութիւն շնորհեց Հայաստանի արեւելեան սահմանին մէկ մասին ու Արցախի արեւմտեան գօտիին: Եւ ահա, անոր այս «յանցանք»-ին համար, Հայաստանէն կը պահանջուէր անձնատուութեան համազօր փաստաթուղթ մը եւ ատոր համար ալ, ցեղասպան Թուրքիան կը բերուէր իբրեւ թէ անկողմնակալ դատաւոր…
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ կար պարզ ճշմարտութիւն մը. Արցախն ու Հայաստանը զոհերն էին դաւադիր ծրագիրներու եւ զինուորա-տնտեսական ճնշումներու, որովհետեւ սեփական հող ու անվիճելի իրաւունք կը պաշտպանեն, իսկ զոհերը ճնշումի կ՛ենթարկուին` իբրեւ դատաւոր ներկայացող դահիճի մը մասնակցութեամբ:
***
Ազրպէյճանական ուժերը 1993-ի մայիս 22-ին եւ 23-ին իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին Հատրութի եւ Բերդաձորի վրայ: Հայկական ուժերը հակադարձեցին` յարձակումներ գործելով Ղազախի, Զանգելանի եւ Գետաբեկի վրայ:
Այնուհետեւ ազերիական ուժերը Ղազախի շրջանէն ռմբակոծեցին Իջեւանի Վաղաշէն գիւղը: Աւելի ուշ, ռմբակոծուեցան նաեւ Սեւքարի պաշտպանութեան դիրքերը:
Յաջորդող օրերուն ազերիական ուժերը ռմբակոծեցին Հատրութի շրջանի գիւղերը: Միաժամանակ ազերիներ նոր ուժեր կեդրոնացուցին Լաչինի անցքին մօտակայ գօտիներուն մէջ:
***
«Ազդակ», 28 մայիս 1993-ի յաւելուածով եւ «Անկախութենէն աւելին` լինելութեան տօն» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայրենիքն ու ժողովուրդը դէմ յանդիման են մարտահրաւէրներու, իսկ հայուն պատմական հայրենիքին, ամբողջական Հայաստանի մէկ անբաժան մասնիկը` Արցախը կը հանդիսանայ այդ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու գործնական փորձադաշտը: Հայրենի ու սփիւռքի հայութեան համար նոր սարդարապատներ կը մղուին Արցախի մէջ: Արցախի պայքարը գործնապէս կ՛ապրի քրիստափորեան «յարատեւ կռիւ մինչեւ յաղթանակ» նշանաբանը, կը մարմնաւորէ զայն, ցոյց տալով որ նշանախօսքերը գիրքերու կամ մամուլի մէջ արձանագրուած ճշմարտութիւններ չեն միայն: Հայրենի եւ արտերկրի հայը ամէն օր հաղորդակից է մերօրեայ Սարդարապատի ելեւէջներուն, Շուշիի, Լաչինի եւ Քելբաջարի մէջ արձանագրուած սխրանքներուն, բայց նաեւ Գետաշէն-Շահումեանի մէջ արձանագրուած նահանջներուն, որոնք ընկրկումի հետեւանք չեն յամենայնդէպս: Աշխարհի ու պատմութեան «մեծ իրադարձութեանց» ենթադրեալ չափանիշներով, Սարդարապատի ու Շուշիի ազատագրական պատերազմները Ուոթըրլոներ եւ Փըրլ Հարպըրներ չեն, հաւանաբար, սակայն մեզի` գոյատեւելու վճիռ տուող հայ ժողովուրդին համար, Ուոթըրլոները եւ Փըրլ Հարպըրները կը նսեմանան ու կը ճղճիմնան ամենայն պարզութեամբ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ մեծ են այն ժողովուրդներն ու երկիրները, որոնք կ՛ըմբռնեն իրենց սարդարապատներուն իմաստը եւ կը պայքարին անոնցմէ բխած պատգամով: Մեր նահատակներն ու հերոսական Արցախը կը վկայեն որ այդ պատգամը կ՛ապրի բոլոր հայերու կամքին մէջ:
***
1993 յունիսի առաջին օրերուն միջ-ազերիական բախումներ ծայր առին Գանձակի մէջ: Յունիս 7-ին ըմբոստ ուժերը գրաւեցի Գանձակն ու այլ քաղաքներ:
Միաժամանակ, Արցախի հայկական ուժերը, հրասայլերու, զրահապատ կառքերու, օդանաւերու եւ հրթիռարձակումներու զօրակցութեամբ լայնածաւալ յարձակողականի անցան Լեռնային Ղարաբաղի սահմանէն երեք քիլոմեթր արեւելք գտնուող Աղտամ քաղաքին ուղղութեամբ եւ գրաւեցին անոր մօտակայ երեք գիւղեր:
Բուռն բախումներ սկսան նաեւ Արցախէն Պաքու ուղղուող ճամբուն ուղղութեամբ Աղճապատի շրջանին մէջ եւ այդ ճակատին վրայ հայկական ուժերը գրաւեցին Թաուզ գիւղը:
Հայկական յարձակումին պատճառով Աղտամի բնակչութեան մեծ համեմատութիւնը հապճեպօրէն փախուստ տուաւ քաղաքէն:
Յունիս 15-ին Ազրպէյճանի նախկին համայնավար ղեկավար Հայտար Ալիեւ երկրին խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ:
Նոյն ժամանակ ծանր մարտեր սկսան Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային հատուածին մէջ. մինչ Աղտամ քաղաքի շրջանէն հրթիռարձակման կ՛ենթարկուէին Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջանի հայկական բնակավայրերը:
Մարտակերտի ազատամարտիկները ի վերջոյ յաջողեցան կասեցնել զանազան ուղղութիւններով կատարուող յարձակումները:
Ազրպէյճանական բանակը, բիրտ ռմբակոծումներէ ետք յարձակումի անցաւ արեւելեան ճակատի բոլոր դիրքերուն վրայ: Օգտագործելով մեծ քանակութեամբ հրասայլեր եւ այլ տեսակի զրահապատներ, ինչպէս նաեւ մարտադաշտ նետելով մեծ զօրամասեր, թշնամին նպատակադրած էր ներխուժում կատարել արեւելեան ամբողջ գօտիէն ներս: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մարտիկները ոչ միայն յաջողեցան կասեցնել ազերիներուն յարձակումը, այլ նաեւ թշնամի զօրքերը դուրս քշեցին նախապէս գրաւուած հողամասերէն:
Հայկական ուժերը, իրենց հակայարձակողականին ընթացքին օգտագործեցին հրասայլեր, ծանր հրետանի եւ ուղղաթիռ եւ վերստին յաջողեցան հասնիլ Աղտամի դուռերուն:
Տեղի տալով ազերի ըմբոստներու սաստկացող յառաջխաղացքին, Ազրպէյճանի նախագահ Ապուլֆէզ Էլչիպէյ յունիս 18-ին փախուստ տուաւ Պաքուէն եւ անոր փոխարէն իշխանութիւնը ստանձնեց Հայտար Ալիեւ: Էլչիպէյ յատուկ օդանաւով Նախիջեւան ապաստանեցաւ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուժերը յունիս 21-ին յաջողեցան իրենց հսկողութեան տակ առնել Աղտամ-Մարտակերտ մայրուղին:
Յունիս 25-ին Ազրպէյճանի խորհրդարանը նախագահ Էլչիպէյը պաշտօնազրկեց: Հայտար Ալիեւ իրողապէս եւ իրաւապէս ստանձնեց երկրին գերագոյն իշխանութիւնը:
Յունիս 26-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուժերը, ընդարձակ գործողութենէ մը ետք, յաջողեցան ամբողջութեամբ վերագրաւել Մարտակերտը:
Ազերի զինուորական հրամանատարութիւնը յունիս 29-ին կոչ ուղղեց երկրին բոլոր կարող մարդոց, որպէսզի կասեցնեն հայկական ուժերու յառաջխաղացքը` դէպի Աղտամ:
Աղտամի շրջանի զինուորական հրամանատար Նատիր Իսմայիլով կոչ ուղղեց քաղաքէն փախուստ տուած ժողովուրդին, որ վերադառնայ եւ ստանձնէ անոր պաշտպանութիւնը:
Մինչ այդ, հայկական ուժերը կը մօտենային Աղտամի, յառաջանալով երեք ուղղութիւններով, աքցանի մէջ առնելով քաղաքը: Առաջին հերթին անոնք դիրքեր հաստատեցին Աղտամը հակակշռող բլուրներուն վրայ:
Շուրջ 25 հազար ազերիներ փախուստ տուին Աղտամի շրջանէն: Փոխադրութեան միջոցներէ զրկուած գաղթականները ուժասպառ վիճակի մէջ ժամանակաւոր կայք հաստատեցին ճամբաներու երկայնքին: Պաքու ոչ մէկ օժանդակութիւն հասցուց անոնց:
Հայտար Ալիեւ յուլիս 1-ին զինակոչ ուղղեց երկրին ժողովուրդին եւ երկրին մէջ գտնուող բոլոր զինեալ ուժերը միացուած յայտարարեց:
Ազերի ուժերը յուլիս 2-ին երկու ողղութեամբ յարձակումի անցան Հատրութի եւ Մարտակերտի շրջաններուն դէմ:
Իրենց կարգին հայկական ուժերը յարձակումներ գործեցին Ֆիզուլիի եւ Ճիպրայիլի ուղղութեամբ:
Ֆիզուլի 90 հազար բնակիչ ունեցող քաղաք մըն էր, որ կիսովին ամայացած էր: Անոր բնակիչները, սարսափած` հայկական ուժերու յարձակումներէն, խոյս տուած էին քաղաքէն եւ ապաստանած Իրան եւ Ազրպէյճանի այլ շրջաններ:
Յուլիս 4-ին հայկական ուժերը հասան Աղտամի դուռերուն եւ սկսան թափանցել Ասկերանն ու շրջակայքը պատուհասող քաղաքին թաղերէն ներս, որոնցմէ ազերիները փախուստ կու տային խուճապահար:
Հայկական ուժերէն 1700 զինուորներ, 10 հրասայլերու օժանդակութեամբ, խորտակեցին Աղտամը պաշտպանող ազերիական ուժերուն գիծերը եւ յառաջացան դէպի ազերիական քաղաքը: Ազերիները կրակի տուին Աղտամի շրջակայ մշակուած դաշտերը, կասեցնելու համար հայկական ուժերու յառաջխաղացքը, սակայն ի զուր:
Միաժամանակ հայկական ուժերը գրաւեցին Աղտամի մօտակայ Շելլի, Քասամլի եւ Փոլատլի գիւղերը: