Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ գիւտերը միայն ճարտարագիտական, արհեստագիտական մարզերուն մէջ չեն ըլլար: Հոգեբանները եւս նորութիւններ կը յայտնաբերեն, երբ կ՛ուսումնասիրեն մարդոց զգացումները, հոգեկան աշխարհը, վարուելակերպը, նախասիրութիւնները եւ նաեւ… անունը: Կրնան ոմանց համար ասոնք միայն հոգեբաններու պնդումներ, այլ ոչ ճշգրիտ գիտութիւն նկատուիլ, սակայն կ՛արժէ կարդալ:
ՆԱՐԷ
Երջանիկ Մարդու
Սովորութիւնները
Ուրախութիւնը վարակիչ է: «Ֆրամինկհամ հարթ սթատ»-ի հետազօտողները, որոնք աւելի քան 20 տարիէ կը զբաղին «երջանկութեան տարածում» երեւոյթի ուսումնասիրութեամբ, յայտնաբերած են, որ անոնք, որոնք երջանիկ մարդոցմով շրջապատուած են, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ապագային իրենք ալ երջանիկ մարդիկ կը դառնան: Ատիկա լաւ պատճառ է անընդհատ գանգատող ընկերներու թիւը կրճատելու եւ կենսուրախ մարդոցմով շրջապատուելու համար:
Հետազօտող հոգեբանները կ՛ըսեն.
Անոնք կը ժպտին
Նոյնիսկ եթէ դուք ձեզ ուրախ չէք զգար, մտածեցէ՛ք որեւէ լաւ բանի մասին ու ժպտեցէ՛ք այդ մասին մտածելով: Ատիկա պիտի օգնէ: Բայց կարեւորը` մի՛ ձեւացնէք: Եթէ դուք ժպտիք, բայց միաժամանակ վատ բանի մասին մտածէք, աւելի վատ կը զգաք:
Անոնք կը զարգացնեն վերականգնման ունակութիւն
Ոչ թէ երջանկութիւնը, այլ վերականգնելու այդ ունակութիւնն է ընկճուածութեան յատկանիշը: Երջանիկ մարդիկ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս ուշքի գան ցնցումներէ ետք: Ատիկա իւրայատուկ զէնք է անխուսափելի անախորժութիւններու դէմ, որոնք կան բոլորին կեանքին մէջ:
Անոնք կը ձգտին երջանիկ ըլլալ
Այո՛, ատիկա նոյնքան դիւրին է, որքան կը հնչէ, պարզապէս ձգտելով երջանիկ ըլլալ` կարելի է բարձրացնել ներքին զգացումը:
Անոնք ուշադիր են լաւ բաներու նկատմամբ
Երջանիկ մարդիկ ուշադիր են ոչ միայն մեծ նուաճումներու, այլ փոքր յաղթանակներու հանդէպ: Երբ մենք ժամանակ կը յատկացնենք լաւ մանրուքները նկատելու համար, մենք կը ստանանք աւելի մեծ զգացմունքային պաշար, որուն շնորհիւ մեր կորովը կը բարձրանայ օրուան ընթացքին:
Անոնք կը գնահատեն պարզ հաճոյքները
Հանրային պարտէզին մէջ պաղպաղակ ուտելը, շունը շոյելը, ծիածան տեսնելը… երջանիկ մարդիկ կը գնահատեն նման բաները: Երջանկութիւնը մանրուքներու մէջ գտնելը եւ ամէն բանի համար շնորհակալ ըլլալը ուղիղ ճամբայ է դէպի երջանկութիւն:
Անոնք կը սիրեն ոչ միայն առնել, այլեւ տալ
Դրական տրամադրուած մարդիկ իրենց ծանրաբեռնուած ատեն ալ կրնան ժամանակ գտնել բարի գործ ընելու համար, որովհետեւ գիտեն, որ այդ բարիքը օր մը իրենց կը վերադառնայ եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ: Կամաւոր աշխատանքը կամ պարզապէս անշահախնդիր բարի արարքները լաւ կ՛անդրադառնան ե՛ւ հոգեւոր, ե՛ւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ, եւ նման մարդիկ աւելի հազուադէպօրէն ընկճուածութեան մէջ կ՛իյնան:
Անոնք ունակ են կորսնցնելու ժամանակի զգացողութիւնը
Երբ դուք ծանրաբեռնուած էք որեւէ կարեւոր ու բարդ բանով, դուք կը կորսնցնէք ժամանակի զգացողութիւնը: Երջանիկ մարդիկ ենթագիտակցաբար կը փնտռեն նման զբաղում, որ անոնց առջեւ յստակ նպատակներ կը դնէ, մարտահրաւէր կը դառնայ, որպէսզի յայտնուին այսպէս կոչուած «ժամանակի հոսքի» մէջ, որ յաջողութեան զգացողութիւն կը յառաջացնէ:
Անոնք յարաբերութիւնը կը նախընտրեն թեթեւ շատախօսութենէ
Ոեւէ մէկուն հետ թեթեւ նիւթերու շուրջը մէկ-երկու բառ փոխանակելու մէջ ոչ մէկ վատ բան կայ, բայց լուրջ հարցերու շուրջը երկար զրոյցները հրաշալի կարելիութիւն են ուրախ եւ երջանիկ զգալու համար: Ատիկա նաեւ աւելի մեծ բաւականութիւն կը պատճառէ, քան` դատարկ զրոյցները: Մահացող մարդոց գլխաւոր զղջումներէն մէկը ասիկա է. «Ափսոս, որ իմ զգացումներուս մասին խօսելու համարձակութիւն չեմ ունեցած»:
Ինչո՞ւ Խելացի Մարդիկ
Նուազ Ընկերներ Ունին
Գիտնականներ յայտնաբերած են, թէ ինչո՛ւ խելացի մարդիկ աւելի նուազ ընկերներ ունին:
Հոգեբաններ Նորման Լի եւ Սաթոշի Քանազաուա բրիտանական «Հոգեբանութիւն» ամսաթերթին համար պատրաստած են հետազօտութիւն մը, ուր կը նշուի, որ խելացի մարդիկ ջղային կը դառնան հաղորդակցութեան ընթացքին:
Երկար ժամանակամիջոցի մը մէջ կատարուած հետազօտութեան մասնակցեցան 18-28 տարեկան կամաւորներ: Բացայայտուեցաւ, որ մտային բաւական բարձր կարողութիւն ունեցող անհատներ շատ հաճոյք չեն ստանար բարեկամութենէ, ընկերներէ: Աւելի՛ն. անոնք կեանքէն դժգոհութիւններ ունին: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն տեսութիւնն է, ըստ որուն, խելացի մարդիկ աւելի կեդրոնացած կ՛ըլլան երկարատեւ նախագիծերու վրայ, եւ հաղորդակցութիւնը զիրենք կը շեղէ, կ՛անջատէ ատկէ:
Կը նշուի նաեւ, որ խիտ բնակչութեամբ վայրերու մէջ մարդիկ իրենց ընդհանուր կեանքէն դժգոհ են:
Երբ խելացի մարդիկ իրենց ընկերներուն հետ յաւելեալ ժամանակ կ՛անցընեն, ատիկա զիրենք նուազ երջանիկ կը դարձնէ: Այդ անհատները աւելի ունակ են դիմակայելու (առնուազն` եղափոխական առումով) մարդոց դէմ ցցուող ներկայի մարտահրաւէրները:
«Յաւելեալ թիւով խելացի անհատներ, որոնք ընդհանուրէն աւելի բարձր մակարդակի ուշիմութիւն ունին եւ ուրեմն աւելի մեծ կարողութիւն` լուծելու եղափոխական նոր խնդիրները, կրնան աւելի նուազ դժուարութեանց հանդիպիլ այդ խնդիրները լուծելու ատեն», կ՛ըսեն գիտնականները:
Հետազօտութեան արդիւնքին վրայ հիմնուելով` գիտնականները եզրակացուցած են, որ խելացի մարդիկ նուազ ուշադրութիւն յատկացնելով հաղորդակցութեան` փաստօրէն աւելի լաւ եւ արագ կը յարմարին կեանքին: Ուրեմն, թերեւս, ընկերներու նեղ շրջանակ մը այնքան ալ գէշ չէ, կը մտածեն հոգեբանները:
Կարեւոր է յիշել, որ ասոնք Քանազաուայի եւ Լիի պնդումներն են, այլ ոչ` հաստատուած տեսութիւններ:
Հետազօտողներ Գտած Են
Կեանքի Ամէնէն Երջանիկ Տարիքը
Աւստրալիացի հետազօտողներ ճշդած են այն տարիքը, երբ մարդ ամէնէն երջանիկը կը զգայ, եւ` այն տարիքը, երբ ամէնէն դժբախտը կ՛ըլլայ:
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ամէնէն դրական զգացումները մարդիկ կ՛ունենան 15-20 տարեկանին: Այդ տարիները անոնց կեանքի ամէնէն երջանիկ ժամանակաշրջանը կ՛ըլլայ: Քսան տարեկանէն ետք մարդոց երջանկութեան աստիճանը հետզհետէ կը նուազի (այդ ընթացքին մարդիկ իրենց կեանքէն նուազագոյն հաճոյքը կ՛առնեն), իսկ 50 տարեկանէն ետք կրկին կը սկսի աւելնալ:
Ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած 30-50 տարեկան անհատներ ըսած են, որ այդ տարիները իրենց կեանքի ամէնէն դժբախտ ժամանակաշրջաններն են:
Հոգեբաններ հաստատած են, որ կեանքի մէջ որոշ պահեր կան, երբ մարդոց երջանկութեան աստիճանը կը բարձրանայ:
Սէր, Երջանկութիւն Եւ Ասպարէզ
Գտնելու Լաւագոյն Տարիքը
Բրիտանիայէն գիտնականներ հետազօտութիւն մը կատարելով ճշդած են իտէալական տարիքը` երկրորդ կէսը փնտռելու եւ ասպարէզ կառուցելու:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ անհատ մը ֆիզիքական լաւագոյն վիճակի մէջ կը գտնուի 30-ական տարիքին: Այդ տարիքին մարդիկ ընդհանրապէս առողջութեան գագաթնակէտին վրայ կը գտնուին: 32 տարեկանին անհատ մը առաւելագոյն հաճոյքը կը ստանայ սեռային յարաբերութենէ, ուրեմն գիտնականներ խորհուրդ կու տան այս տարիքին փնտռել ընկերակից կամ կողակից մը:
Ասպարէզի գագաթնակէտին մարդիկ կը հասնին ընդհանրապէս 38 տարեկանին: Երջանկութեան ամէնէն մեծ աստիճանին մարդիկ կը հասնին 39 տարեկանին: Միայն 40 տարեկանին, ըստ հետազօտութեան հեղինակներուն, անհատը կը հասուննայ կազմելու համար իր ընտանիքը: 42 տարեկանին մարդիկ ընդհանրապէս կը հասնին աշխատավարձի ցանկալի մակարդակի, բայց իրենց նիւթական բարգաւաճումով կը գոհանան 47 տարեկանին:
Մարդու Անունը Իր Հետքը
Կը Ձգէ Անոր Ճակատագիրին Վրայ
Գիտնականները կը կարծեն, որ անունը իր հետքը կը ձգէ մարդու ճակատագիրին վրայ: Անունէն կախեալ է մարդուն վարած ապրելակերպը, ինչպէս նաեւ` աշխարհը ընկալելու, ըմբռնելու անոր ունակութիւնը:
Բրիտանացի մասնագէտները հետազօտութեան ժամանակ պարզած են, որ մարդը ենթագիտակցօրէն կ՛ընտրէ կեանքի այն ձեւը, որ կը համապատասխանէ իր անուան: Բացի ատկէ, մարդիկ հակուած են ընկերութիւն ընել անոնց հետ, որոնց անունները համահունչ են իրենց սեփականներուն:
Գիտնականները նաեւ նկատած են, որ բարդ արտասանուող անուններն ու մականունները յաճախ մարդու համար տաղտուկ, անպատեհութիւն կը ստեղծեն, իսկ դպրոցական տարիներուն կ՛ազդեն նաեւ յառաջադիմութեան վրայ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վիճակագրական տուեալները ցոյց տուած են, որ աւելի յաճախ բարձրագոյն ուսում կը ստանան պարզ անուններով մարդիկ: Գիտնականները կը կարծեն, որ կոշտ բաղաձայններով անուն ունեցող մարդիկ աւելի վճռական բնաւորութիւն ունին, քան անոնք, որոնց անուններուն մէջ փափուկ հնչիւններ կան: