ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1993 յուլիսի սկիզբը հասած էին Աղտամի դուռերուն եւ քաղաքին շուրջ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենային: Շրջանին ազերի բնակիչները եւ յաճախ` անոնցմէ առաջ ալ ազերի զինուորները խուճապահար փախուստ կու տային շրջանէն: Բարոյալքումի վիճակը համատարած էր ազերիներուն մէջ:
Աղտամ գտնուող ազերիական բարոյալքուած եւ յուսահատ ուժերը օգնական ուժեր ստացան Գանձակէն: Անոնք աւելի կարգապահ էին, լաւ զինուած եւ օժտուած` հրասայլերով ու զրահապատներով: Սակայն նորեկները ծանօթ չէին Աղտամի շրջանին եւ կը խուսափէին տեղւոյն ուժերուն հետ կողք-կողքի կռիւի մտնելէ:
Նոր ուժերը հակայարձակումի առաջին փորձ մը կատարեցին յուլիս 6-ին եւ գրաւեցին չորս գիւղեր: Այդ գիւղերը առհասարակ լքուած եւ հրկիզուած էին: Հայկական ուժերը կը պահէին կարեւոր դիրքերը եւ կը շարունակէին ընդհատ ռմբակոծումները, որոնց պատճառով Աղտամէն գաղթի հոսանքը կը շարունակուէր թափով:
Միւս կողմէ, ազերիական հրետանին կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը, Հատրութն ու Լաչինի անցքին հիւսիսային գօտին:
Մարտունիի շրջանի հայկական ուժերը յուլիս 7-ին ամբողջ օրը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուին ազերիական յարձակումներուն եւ ետ մղեցին թշնամի ուժերը:
Աղտամ-Ասկերան ճակատին վրայ յուլիս 8-ին բուռն բախումներ տեղի ունեցան. ազերիները փորձեցին հակայարձակում մը կատարել եւ վերատիրանալ այն դիրքերուն, զորս հայկական ուժերուն զիջած էին: Անոնք ոչ թէ միայն չկրցան իրենց նպատակները իրականացնել, այլ նաեւ հայկական ուժերու հակահարուածին տակ, կարգ մը դիրքեր կորսնցուցին:
Հայկական ուժերը կը պահէին Աղտամի վրայ իշխող դիրքերը, սակայն ազերիներ հոն ունէին հեռահաս թնդանօթներ, որոնցմով կը ռմբակոծէին մինչեւ Ստեփանակերտ տարածուող շրջանը:
Ազերիական ուժերը յուլիս 12-ին լայնածիր յարձակումներ գործեցին մէկ կողմէ` Ասկերանի, իսկ միւս կողմէ Հատրութի ճակատներուն վրայ: Հայ ազատամարտիկները յաջողեցան կասեցնել յարձակումը եւ իրենց նախկին դիրքերուն վերադարձուցին զանոնք:
* * *
«Ազդակ», 24 յուլիս 1993-ի թիւով եւ «Արցախեան խոյանքներ` խանասորեան ներշնչումով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Խանասորը կերտած ֆետայիները հայուն, քիւրտին ու թուրքին դիմաց յստակօրէն քանդակեցին հայ ֆետայիի տիպարին դիմագիծը: Հայուն հետ, քիւրտն ալ երգեց հայ ֆետայիին հերոսական արարքը, ազնուութիւնը, մանուկին ու կիներուն ձեռք չտուող անոր վեհանձն կեցուածքը, անպաշտպանին պաշտպան եղող անոր բազուկին հմայքը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ այսպէս է նաեւ այսօրուան հայ ֆետային` Արցախի մէջ թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ուր ազերի թուրքը կը շարունակէ պատուհասել ու կը փորձէ ասպատակել հայկական շէները, կողոպտել հայուն քրտինքին արգասիքն ու անոր հօտերը:
«Ազդակ» կը նշէր, որ արցախեան շարժումին պայթումէն առաջ, բազմաթիւ էին նմանօրինակ դէպքեր, բայց անոնք կը պահուէին լուսարձակներէ հեռու, Արցախի մէջ, հայուն հողն ու ինչքը կը կողոպտուէր ու կ՛իւրացուէր պետական այնպիսի՛ կազմակերպուածութեամբ մը, որ միայն արցախցին ամէն օր կը զգար թէ դանակը քիչ մը աւելի կը խրի իր մարմինին մէջ: Եւ օր մըն ալ այդ դանակը հասաւ ոսկորին: Ոտքի կանգնեցաւ արցախցի հայը եւ իր անհամեմատօրէն համեստ միջոցներով ձեռնարկեց զինք պատուհասող ձեռքերը կտրելու պայքարին: Ու եղաւ Խոջալու, ու եղաւ Շուշի, անոնց հետեւեցան Լաչինն ու Քելբաջարը, անուններ, որոնք ազերիական ուժերէն մաքրագործուելէ առաջ, դարձած էին Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային մեր քաղաքներուն ու գիւղերուն պատուհաս-խորհրդանիշները:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. Արցախի հայը, ինչպէս երէկ` Խոջալուի կամ Քելբաջարի մասին, նոյնպէս ալ այնուհետեւ` Աղտամի եւ Ֆիզուլիի գծով, կը յայտարարէր ամբողջ աշխարհին, թէ ազերիական Աղտամն ու Ֆիզուլին ամէն օր կ՛ահաբեկեն Ասկերանը, Հատրութը, Մարտունին ու մինչեւ անգամ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, ու եթէ միջազգային ընտանիքը կը յամառէր մնալ անտարբեր, Արցախի ժողովուրդին պաշտպան հայ ազատամարտիկը չէր կրնար մնալ անտարբեր: Պէտք էր լռութեան մատնել չարիքի աղբիւրները, ոչ թէ աշխարհակալական եւ ծաւալապաշտական նպատակներ իրագործելու համար, այլ հաւատարիմ մնալու խանասորեան պատգամին: Արցախի ազատամարտիկը իր վսեմ խոյանքով արտայայտիչն ու մարմնաւորողն է ամբողջ հայութեան կամքին:
* * *
Արցախի պաշտպան հայկական ուժերը ուրբաթ, 23 յուլիս 1993-ին վճռական յարձակում մը գործեցին Աղտամի վրայ եւ կէսօրին մտան քաղաք: Ազերի զինուորները խուճապահար փախուստի դիմեցին եւ հայկական ուժերը ամբողջական հակակշիռ հաստատեցին Աղտամի վրայ:
Աղտամի կռիւներուն աւելի քան 200 հոգի սպաննուեցաւ: Քաղաքը մեծ մասամբ հրոյ ճարակ դարձաւ եւ քար ու քանդ եղաւ: Աղտամէն բարձրացող սեւ ծուխերը ծածկեցին երկնակամարը:
Աղտամէն աւելի քան չորս հազար ազերի գաղթականներ ապաստանեցան Պարտա եւ շոգեկառքերու լքուած վակոններու մէջ կամ վրաններու տակ պատսպարուեցան: Պաքուի իշխանութիւնները ոչինչ ըրին անոնց օգնելու: Գաղթականները խոստովանեցան, որ երբ հայկական ուժերը յարձակման անցան, ազերի զինուորները պարզապէս փախուստի դիմեցին առանց դիմադրելու փորձ ընելու:
Հայկական ուժերը յաջորդող օրերուն յարձակում գործեցին նաեւ Ֆիզուլիի վրայ եւ գրաւեցին անոր մօտակայ երեք գիւղեր: Ֆիզուլին աւելի հարաւ գտնուող Ճիպրայել քաղաքին կապող ճամբան կը գտնուէր հայկական ուժերու հակակշիռին հակ, ինչ որ կը նշանակէր որ Գորիսէն հարաւ, մինչեւ իրանեան սահման տարածուող հայկական շրջանները խզուած էին Ազրպէյճանի միւս շրջաններէն: Լաչինի անցքէն դէպի հարաւ ու արեւելք տարածուող այդ շրջանը ունէր շուրջ 250 հազար բնակիչ:
* * *
«Ազդակ» 27 յուլիս 1993-ի թիւով եւ «Լիզպոնէն հինգ հատիկ` Արցախի պարարտ հողին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն սխրանքը անցեալ ու ամբողջացած պատմութիւն չէ, այլ անիկա պարզապէս ազդանշան մը եղաւ ու հանդիսացաւ հայուն քաղաքական պայքարին մէկ նոր մեկնակէտը, որ իր զարգացումը պիտի ապրէր տարիներ ետք:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ լիզպոնեան պատմական արարքին օրերուն, հայրենի հայութիւնը իր լինելութեանը մէջ չկրցաւ հաղորդակից դառնալ արարքին տարողութեան: Եւ ինչպէս որ պարարտ հողի մէջ ինկող հատիկը կու տայ առաւելագոյն արդիւնքը, ահա եւ Լիզպոնի հինգին պատգամը համապատասխան արդիւնքը տուաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ: 1988-էն ետք, հազարաւոր Սագոներ, Սեդրակներ, Սիմոններ, Վաչէներ եւ Արաներ զէնք վերցուցին հայրենի հողին պաշտպանութեան համար, բազմատասնեակ եւ բազմահարիւր երիտասարդներ արձագանգեցին արձակուած պատգամին ու ձգելով տուն-տեղ, ծնողք ու ընտանիք, Արցախի ու Հայաստանի հողին պաշտպանութեան գուպարին մէջ նետուեցան անսակարկ, իբրեւ ուղեցոյց ունենալով Լիզպոնի քաջերուն օրինակը: Երեւանի հարաւային մէկ բարձունքին` Եռաբլուրի վրայ, այսօր կայ վկայարան մը, որ իր ներշնչումը առած է յատկապէս Լիզպոնէն: Եռաբլուր այցելող հպարտ ծնողներ, քոյրեր եւ եղբայրներ այսօր եղբայրացած ու մէկ հպարտ ընտանիք կազմած են Լիզպոնի հերոսներուն դամբարանին շուրջ համախմբուած հարազատներուն հետ: Ու անոնք` բոլորը, իրենց մեծ ընտանիքին` հայ ժողովուրդին հետ բաժնեկից են այդ հպարտանքին:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ այսօր Արցախի մէջ թշնամիին դէմ կուրծք տուող հայ ազատամարտիկը երդում կու տայ Լիզպոնի հերոսներուն անունով, անոնց պատգամը անշեղ ու աննահանջ գործադրելու վճռակամութեամբ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Երեւանի եւ արտերկրի օճախներուն փողոցներուն մէջ, այսօր հասակ կ՛առնեն հայ մանուկներ ու պատանիներ, որոնց աչքերուն եւ հոգիներուն մէջ կայ, պիտի ծնի նոյն երդումը: Որովհետեւ այսօրուան ազատամարտիկն ու վաղը անոնց ճամբէն քալող մանուկն ու պատանին գիտեն, պիտի սորվին որ հերոսները անմահ են, յաւիտեան խնկելի է անոնց գործը, իսկ անոնց թափած արիւնով ոռոգուած հայրենի հողին մէջ ինկող իւրաքանչիւր հատիկ բազում արդիւնքներով պիտի ուռճացնէ հայ ժողովուրդը եւ անոր արդար պայքարին շարքերը:
* * *
ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը յուլիս 29-ին միաձայնութեամբ դատապարտեց հայերու կողմէ Աղտամի եւ ազերիական այլ հողամասերու գրաւումը եւ պահանջեց անմիջապէս զինադուլ յայտարարել, իսկ գրաւող ուժերէն պահանջեց հեռանալ այդ հողերէն:
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան օրին կը գրէր, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը կոչուած է ըլլալու արդար եւ անաչառ, սակայն այդպէս չէ, գոնէ Արցախ-Ազրպէյճան եւ առհասարակ հայ-ազերի եւ թուրք տագնապին նկատմամբ:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցան Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի ջարդերը, ապա նաեւ` նոյնինքն Արցախի մէջ` Գետաշէնի, Շահումեանի բռնագրաւումն ու այլ հաւաքական ջարդեր: Հայկական կողմը բազմիցս ՄԱԿ-ին ու միջազգային այլ հեղինակաւոր մարմիններու դիմեց, որպէսզի բանաւոր կամ գործնական միջամտութիւններ կատարուին, թրքաբարոյ այդ արարքներուն վերջ տալու համար, սակայն այդ գծով որեւէ շօշափելի քայլի կամ նախաձեռնութեան չդիմուեցաւ, հակառակ անոր որ միջազգային մամուլը եւ մինչեւ իսկ պաշտօնական անձնաւորութիւններ հաստատեցին փոկրոմներու իրողութիւնը: Միջազգային այդ ո՞ր օրէնքն է, որ կ՛արգիլէ երկրի մը սահմաններուն մէջ հաւաքականութեան մը ջարդն ու բռնագաղթը դատապարտելն ու անոնց դէմ արգելակիչ միջոցառումներ որդեգրելը: Այս դիտանկիւնէն, մինչեւ իսկ Արեւմուտքին պաշտպանեալը` Իսրայէլ բազմիցս դատապարտումի եւ պատժամիջոցներու սպառնալիքին ենթարկուած է, մինչդեռ Ազրպէյճանի հանդէպ անտարբեր եւ ձեռնածալ կեցուածքը պարզապէս քաջալերողի ազդակի վերածուեցաւ յաճախ…
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը կոչուած է ըլլալու արդար եւ անաչառ հեղինակութիւն: Ան իրաւունք չունի, պէտք չէ անտեսէ այն չոր իրականութիւնները, թէ Աղտամը, Ֆիզուլին, Քելբաջարն ու Ղուբաթլին հայերու հաւաքական ջարդի աղբիւրներն էին: Իսկ եթէ միջազգային ընտանիքը կը նախընտրէ անտարբեր մնալ այդ դաժան իրականութեանց հանդէպ, թող գոնէ Արցախի հայուն արտօնուի փրկել ինքզինք եւ իր միջոցներով հոգայ իր ինքնապաշտպանութիւնը: Ինքնապաշտպանութիւնը տարրական իրաւունք է: Ոչ մէկ օրէնք կրնայ զայն ոտնակոխ ընել:
* * *
Ազերիները 1993-ի յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը հետեւողական կերպով կը ռմբակոծէին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան Նոյեմբերեանի շրջանի սահմանային գիւղերը, բերքերը փճացնելու եւ արտերը այրելու յստակ դիտաւորութեամբ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ եւ մեծ քանակութեամբ բերք փճացաւ: Ռմբակոծուեցան նաեւ Տաւուշի եւ Կրասնոսելկի շրջանները:
Ազերիական ուժերը նաեւ յարձակում գործեցին Մարտունիի շրջանի հայկական դիրքերուն վրայ, խլելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ազատամարտիկները հակայարձակողականի անցան եւ ետ մղեցին յարձակումը:
* * *
«Ազդակ»-ի 4 օգոստոս 1993-ի թիւով եւ «Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Ազրպէյճանէն» խորագիր ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը հաշիւ կը պահանջէր Արցախի հայկական ուժերէն` Աղտամի եւ ազերիական այլ հողերու «գրաւման» մասին: Իսկ ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէր Ազրպէյճանէն` Արցախն ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները ռմբակոծելու եւ մահ ու աւեր սփռելու ոճիրներուն համար:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ միջազգային ընտանիքին համար հաւանաբար «մանր հարց» են Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող դէպքերը: Ոչ ոք կը մտածէ անոնց համար Ազրպէյճանէն հաշիւ պահանջելու մասին, ինչ որ համազօր է Ազրպէյճանը քաջալերելու, որ շարունակէ իր սանձարձակ յարձակումները, ասպատականութիւնները եւ ինքնավստահ ըլլալ, որ հայ ազատամարտիկին կողմէ ինքնապաշտպանութեան որեւէ աքթ անմիջապէս պիտի դատապարտուի միջազգային ընտանիքին կողմէ:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ «հանելուկ»-ին բանալին` Արցախի հարցը «ներքին հարց» նկատելու սխալ մօտեցումն է. այսինքն, Ազրպէյճանի ազատութիւն կը տրուի ի հարկին հայեր ջարդելու եւ զայն ներկայացնելու իբրեւ «ներքին հարց», իսկ երբ հայ ազատամարտիկը, ինքնապաշտպանութեան համար, կը փորձէ ազերի ջարդարարներու բոյները քանդել, ատիկա կը ներկայացուի իբրեւ «սահմանի փոփոխութիւն», որ արգիլուած բառ է շրջանային տագնապներու բառամթերքին մէջ:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր յիշեցնելով հայասէր բրիտանուհի Քարոլայն Քոքսի այն յայտարարութիւնը, ուր ան միջազգային ընտանիքէն հաշիւ կը պահանջէր բոլոր այն «ներքին հարցեր»-ուն համար, որոնք պետութիւններու կողմէ կը գործուին իբրեւ «իրենց սահմաններէն ներս գտնուող գօտի» ճանչցուած հողամասերու ժողովուրդներուն դէմ (ջարդ, հալածանք, խտրական վերաբերմունք եւ այլ տեսակի ճնշումներ), իսկ միջազգային ազդու կողմեր իրենք զիրենք կը դնեն լուռ հանդիսատեսի դիրքին մէջ, որովհետեւ հալածանքի ենթարկուողը պաշտօնական խողովակ չունի իր բողոքը տեղ հասցնելու համար, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը պետութիւնները կը ճանչնայ իբրեւ խնդրարկու, իսկ հալածողն ու ճնշողը ե՞րբ բողոք ներկայացուցած է ինքն իր արարքին դէմ: