Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամայի Արձակուրդներու Համար Մսխումներ

Դեկտեմբեր 16, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

obamaholiday2_121616

Տրամաբանական է, որ մարդիկ մտածեն, որ նախագահը, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու նախագահը, հանգիստի պէտք ունի եւ արժանի է արձակուրդներու: Սակայն այդ նպատակով ծախսուած գումարներու շուրջը մարդիկ տարակարծիք են, նոյնիսկ բազմաթիւ դժգոհներ եւ քննադատողներ կան: Բայց ատոնցմէ ազդուողներ կա՞ն, երբ պետութեան գումարները ազատ եւ բացայայտօրէն կը մսխուին:

Ն.

Օպամա Նախագահութեան Շրջանին Ընտանիքին Հետ Արձակուրդի Համար 85 Միլիոն Տոլար Ծախսած Է

obamas-vacation_121616

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամայի ընտանիքը անոր կառավարման 8 տարիներուն ընթացքին արձակուրդի եւ ճամբորդութիւններու համար ծախսած է աւելի քան 85 միլոն տոլար:

«Ճուտիշըլ Ուոչ», որուն մատչելի եղած է նախագահի ընտանիքի ծախսերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը, կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան փաստաթուղթերուն մէջ յայտնի դարձած է, որ Օպամայի ընտանիքը արձակուրդներու համար տարեկան միջինը ծախսած է մօտ 10 միլոն տոլար:

Նշուած գումարը ծախսուած է ընտանիքի անվտանգութեան ապահովման, օդանաւային թռիչքներու եւ ուղեւորման, ինքնաշարժներու եւ պանդոկներու մէջ անձնակազմի եւ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան աշխատակիցներու սենեակներու վարձակալման համար:

Կը նշուի, որ տուեալ գումարին չափը վերջնական չէ: Նախագահին ընտանիքը ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօները կը նշէր Հաուայեան կղզիներուն մէջ , եւ այս տարի բացառութիւն չ՛ըլլար: Ըստ

«Ճուտիշըլ Ուոչ»-ի տեղեկութիւններուն, 2015 թուականին նախագահական ընտանիքի հանգիստը Հաուայեան կղզիներու մէջ արժած է 4,8 միլիոն տոլար:

20 յունուար 2017-ին Օպամա կ’իջնէ  նախագահի աթոռէն, ուր կը բազմի նոյեմբերին ընտրուած միլիառատէր գործարար Տոնալտ Թրամփ:

 

Իր Աշխատավարձէն Անդին Որքա՞ն Ծախսած Է Օպամա Արձակուրդներուն Եւ Ճամբորդութեանց Համար

Օպամայի վարչամեքենան հրապարակեց ճամբորդութիւններու եւ արձակուրդներու ծախսերու վերաբերեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն պերճանքի համար աննախընթաց մակարդակի ծախսեր:

Փաստաթուղթերուն մէջ նշուած են.

– 2001 թուականէն ի վեր նախագահ Օպամա կը ստանայ 400.000 տոլար տարեկան աշխատավարձ,  50.000 տոլար ծախսերու, 100.000 տոլար տուրքերէ զերծ ճամբորդութեանց, 19.000 տոլար հաճոյքներու, զուարճանքի համար:

Օպամայի Մսխումներէն Նմուշներ…

– 2009-ին, 40 միլիոն տոլար ծախսուած է:

– Քալիֆորնիոյ եւ ֆլորիտայի մէջ կոլֆի խաղերուն մասնակցութեան եւ օդանաւային թռիչքներու համար` 3 միլիոն տոլար:

– 2013 թուականին ափրիկեան երկիրներ շրջագայութեան եւ Հոնոլուլուի մէջ արձակուրդի համար Օպամա ընտանիքը ծախսած է 16 միլիոն տոլար:

– 2013 թուականին Իրլանտա այցելութիւնը արժած է 8 միլիոն տոլար:

– Միշել Օպամայի Տապլին երկօրեայ այցելութիւնը արժած է 254 հազար տոլար, ներառեալ երեկոյեան զգեստի ծախսը` 3500 տոլար:

– Ընդհանուր պատկերին մէջ ներկայացնելու համար կը նշուի, որ Օպամայի վարչակազմը իւրաքանչիւր 5 ժամուան մէջ կը ծախսէ ամերիկացի միջին ընտանիքի մը  ամառնային արձակուրդի ծախսին չափ: Եւ ասիկա նկատի առնելով անոնք, որոնք նիւթապէս ի վիճակի են արձակուրդի երթալու: Այլ խօսքով, նախագահական այս ծախսերուն համար իւրաքանչիւր հարկատու տարեկան 926 տոլար կը վճարէ:

Կամ` 70 անգամ աւելի  տարեկան հիմքով նախագահի յատկացումներէն:

Կա՞յ ըմբռնելի ձեւ մը` արդարացնելու համար ճամբորդութիւններու ամսական միջին պիւտճէն, որ 625.000 տոլար է:

Նախագահի մը համար ատիկա եկամուտներու անհաւասարութեան եւ զոհաբերութեան բաժնեկցութեան անլռելի զանգն է: Անոր նախագահական շքեղ ապրելակերպը կեղծաւորութեան մնայուն մարմնաւորումն է:

 

Հինգ Առասպելներ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Արձակուրդներու Մասին

  1. Նախագահները Արձակուրդներ Կ՛ունենան

«Նախագահները արձակուրդներ չեն ունենար, անոնք պարզապէս տեսադաշտը կը փոխեն»», ըսած է Նենսի Ռիկըն, Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի(1981-1989) կինը, ի պաշտպանութիւն իր ամուսնոյն յաճախակի այցելութիւններուն իրենց ագարակը` Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա:

Հիւլէական դարաշրջանին մէջ նախագահները կրնան միայն վայրկեաններ ունենալ` տալու համար որոշումներ, որոնք կրնան ամբողջ աշխարհի վրայ ազդել: Անոնք այնքան ալ չեն լքեր Սպիտակ տունը, որուն մէկ փոքր տարբերակը հետերնին կը տանին, ուր որ երթան: Նախագահ մը, երբ արձակուրդի կ՛երթայ, անոր կ՛ընկերանան շուրջ 200 անձեր, ներառեալ` խորհրդականներ, գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ, հաղորդակցութեանց մասնագէտներ, զինուորական խորհրդատուներ` վստահեցնելու համար, որ նախագահը Ոաշինկթընի մէջ  իր ըրած բաները արձակուրդի ատեն ալ գրեթէ ընէ:

Նախագահը արձակուրդի մէջ եղած ատեն կը շարունակէ ամէն օր ստանալ գաղտնի սպասարկութեանց եւ ազգային անվտանգութեան զեկոյցները: Նախագահները նաեւ կը շարունակեն ձայնագրել ձայնասփիւռային շաբաթական սփռումներ, տալ մամլոյ ասուլիսներ, մասնակցիլ քաղաքական հանգանակութիւններու, եւ ինչպէս նախկին նախագահներ Ֆրանքլին Ռուզվելթ եւ Ռոնըլտ Ռիկըն ըրած են, պարբերաբար հիւրընկալել բրիտանական արքայական ընտանիքը:

Արձակուրդները արգելք չեն ըլլար, որպէսզի նախագահները մեծ որոշումներ տան: Օրինակ` Ռիկըն հանդարտ շաբաթավերջ մը կը վայելէր նախագահական հովոցին` Քեմփ Տէյվիտի մէջ, որոշեց աշխատանքէ արձակել գործադուլ ընող օդանաւային երթեւեկի հսկողութիւնը իրականացնող պաշտօնեաները:

  1. Նախագահական Արձակուրդները Կը Վնասեն Ազգային Օրակարգին

Քանի մը տարի առաջ «Ուաշինկթոն Փոսթ» թերթի յօդուածագիր Տանա Միլպանք Պարաք Օպաման ամբաստանեց «խուլ ձեւանալով» արձակուրդի երթալուն համար, երբ աշխարհը տագնապներու մէջ էր: Բայց աշխարհը ե՞րբ տագնապներու մէջ չէ:

Արձակուրդ մը նախագահին կը հայթայթէ Սպիտակ տան իր գրասենեակին մէջ բացակայ, բայց թանկարժէք յարմարաւէտութիւններ, ներառեալ` հանգստանալու եւ մտածելու ժամանակ (նաեւ ժամանակ` մտածելու, որ ինչպէս պէտք է վարուիլ տագնապներու հետ):

Նախագահ Ռուզվելթ, 1940-ին երրորդ նստաշրջանի համար վերընտրուելէ կարճ ժամանակ ետք, քննադատուեցաւ արձակուրդ առնելով Քարայիպեան կղզիներ շրջապտոյտի նախաձեռնելուն համար, մինչ Բրիտանիա յարձակումի կ՛ենթարկուէր նացիական Գերմանիոյ կողմէ: Բայց Ռուզվելթ այդ հազուադէպ առիթը օգտագործեց մտածելու եւ մշակելու իր հնարամիտ ծրագիրը` «Լենտ լիս», որ կենսական օգնութիւն պիտի հայթայթէր Բրիտանիոյ, որպէսզի կանխէ նացիական յարձակումը:

Նախագահներ յաճախ կարիքը կը զգան ամերիկացիներուն հաւաստելու, որ իրենք արձակուրդները արդիւնաւէտ կ՛օգտագործեն: Ճորճ Պուշ Կրտսերի խորհրդական Քարլ Ռով յաճախ լրատու միջոցներուն կը տեղեկացնէր, որ նախագահը մտադրած է արձակուրդի ատեն գիտելիքները հարստացնող  գիրքեր կարդալ:

  1. Ճորճ Պուշ Կրտսեր Ամէնէն Շատ Արձակուրդ Առած Նախագահն Է

Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ Կրտսեր իր պաշտօնավարութեան ութ տարիներուն (2001-2009) ընթացքին` արձակուրդ առած է 879 օր, ներառեալ` 77 այցելութիւններ Թեքսասի իր հանգստավայր ագարակը:

Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նախագահ Ճոն Ատամզ (1797-1801) իր պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն քննադատուեցաւ  երկարատեւ ուղեւորութիւն մը կատարելու համար իր տունը` Քուինսի, Մասաչուսեց, ամբողջ ութ ամիս հեռու մնալով մայրաքաղաքէն, որ այդ ժամանակ Ֆիլատելֆիան էր: Ատամզ հեռացաւ Ֆիլատելֆիայէն` խուսափելու համար դեղնախտի համաճարակէն, ապա նաեւ` խնամելու համար իր վատառողջ կինը: Եւ իր բացակայութիւնը եկաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի դէմ գրեթէ պատերազմ պիտի յայտարարէին:

Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի ատեն, ըստ պատմաբան Մաթիու Փինսքըրի, նախագահ Աբրահամ Լինքըլն(16-րդ նախագահ,1861- մինչեւ սպաննուիլը`1865 ) իր պաշտօնավարութեան ժամանակին 25 առ հարիւրը, ներառեալ` 1862-ին կէսը, անցուցած է  Ուաշինկթոնի Փիթուորթի մօտ, Զինուորներու տան եւ Փարք Վիուի մէջ:  Պատմաբանը կը պնդէ, որ Լինքըլն հաճոյք կ՛առնէր այդ վայրը յատկապէս տաք օրերուն երթալէ, որովհետեւ հովոցը, ուր կը մնար, Սպիտակ տունէն զով էր:

Այնպէս կը թուի, թէ ոչ մէկ առնչութիւն կայ արձակուրդի օրերու եւ նախագահի մը  ձգած կտակին միջեւ: Ներկայ ժամանակներու ոչ մէկ նախագահ աւելի նուազ արձակուրդ առած է, քան` 1977-1988 պաշտօնավարած նախագահ Ճիմի Քարթըր (79 օր), մինչ Ռոնըլտ Ռիկըն 335 օր անցուցած է իր սիրելի  հանգստավայր ագարակին մէջ, Քալիֆորնիա: Նախագահ Ճոն Քենետի(1961-մինչեւ սպաննուիլը 1963)իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին գրեթէ ամէն շաբաթավերջ անցուցած է իր ընտանեկան կալուածներէն մէկուն մէջ: Ռուզվելթ 134 ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Հայտ Փարք եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յաւելեալ վեց ամիսներ անցուցած է Ուորմ Սփրինկզի մէջ, Ճորճիա, ուր ինք բուժում կը ստանար յօդացաւերուն համար: Ի դէպ, Ռուզվելթ մահացաւ  ուղեղային արիւնահոսութեան պատճառով, երբ արձակուրդի գացած էր  Ուորմ Սփրինկզ, 12 ապրիլ 1945-ին:

  1. Հարկատուները Կը Վճարեն Նախագահական Արձակուրդներու Սուղ Ծախսերը

Նախագահները կը վճարեն արձակուրդի ատեն իրենց անձնական եւ իրենց ընտանիքներու կացարանի, սնունդի եւ յարակից ծախսերը: Այդ պատճառով ալ, հաւանաբար, ընդհանրապէս  կը նախընտրեն մնալ իրենց կալուածներուն մէջ, կամ նախագահական պաշտօնական հովոցին` Քեմփ Տէյվիտի մէջ: Բայց քանի որ նախագահական արձակուրդները միշտ աշխատանքային արձակուրդներ են, հարկատուները կը վճարեն , որպէսզի գլխաւոր հրամանատարը շարունակէ աշխատիլ:

Կացարաններու եւ ուտելիքի վճարումները յաւելեալ ծախսեր են, բայց հարկատուները կը վճարեն աշխատավարձերը Սպիտակ տան պաշտօնեաներուն եւ գաղտնի սպասարկութեան գործակալներուն, անոնք Ոաշինկթոն մնան կամ ոչ: Ուրեմն նախագահական արձակուրդները անձնական ծախսերը չեն աւելցներ:

Յաւելեալ ամէնէն մեծ ծախսը նախագահական օդանաւի եւ ատոր ընկերացող օդանաւերու («Էր ֆորս ուան») օգտագործումին համար կ՛ըլլայ: Այդ օդանաւերը կը փոխադրեն նախագահին համար անհրաժեշտ սարքերն ու գետնի վրայ փոխադրութեան միջոցները: Ներկայացուցիչներու տան հետազօտութիւններու սպասարկութիւնը տեղեկացուցած է, որ «Էր ֆորս ուան»-ի օգտագործման ծախսը ժամական 180 հազար տոլար է:

Ի վերջոյ, նախագահին արձակուրդը հարկատուներուն վրայ կրնայ արժել յաւելեալ  1 միլիոն տոլար:

  1. Նախագահները Որեւէ Տեղ Կրնան Իրենց Արձակուրդը Անցնել

Արձակուրդի շուրջ տարակարծութիւնները սկսան Ճերալտ Ֆորտի նախագահութեան ատեն (1974-1977): Ֆորտ քննադատուեցաւ արձակուրդը  Քոլորատոյի Վայլ դահուկելու լեռնային հանգստավայրին մէջ անցընելուն համար, այն պահուն, երբ տնտեսական ճգնաժամ էր: Բայց գաղտնի սպասարկութեան գործակալները կը նախընտրեն բացառիկ, բարձրակարգ հանգստավայրերը, ինչպէս` Մարթայի կղզին, ուր դիւրին է հետեւիլ բոլոր մտնող եւ ելլողներուն:

Գաղտնի սպասարկոթիւնը տեղեակ էր ամէնէն ողբերգական նախագահական արձակուրդին, երբ Ճէյմս Կարֆիլտ, որ նախագահ ընտրուած էր 1881-ի մարտին, կը պատրաստուէր իր առաջին արձակուրդին համար շոգեկառք բարձրանալու,  մարդասպան մը կրակեց վրան:

Անվտանգութեան առընթեր, բարձրակարգ  հանգստավայրերը ընդհանրապէս անմատչելի են միջին ամերիկացիներուն համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ արձակուրդը անցընող նախագահները իրենց շքախմբերով չեն անհանգստացներ միջին ամերիկացիները:

Պիլ Քլինթըն (1993-2001) մտահոգուելով, որ Մարթայի մէջ հանգստանալով` կրնայ այնպէս թուիլ, թէ հաղորդակցութենէ խզուած է, որոշեց 1995 եւ 1996 թուականներուն  արձակուրդները անցընել Կրանտ Թեթոնի մէջ, Վայոմինկ: Սակայն տեղացիները բողոքեցին, որ ան կը խանգարէ զբօսաշրջութեան եղանակը:

Երբ խօսքը կը վերաբերի այդ բոլոր ըսի-ըսաւներէն հեռու մնալու, նախագահները չեն կրնար հանգիստ ըլլալ, կամ դադար մը առնել, անկախ անկէ թէ անոնք ո՛ւր կ՛երթան:

 

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Մէջ «Լենին»-ներ Փնտռելու Հակադաշնակցականին Բթամտութիւնը

Յաջորդը

Արազ Պուչաքճեանի Պրիսմակէն

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?