Մշակութային եւ Այլազան

Պատմական.  Քորէայի Տագնապին Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապին Լոյսին Տակ

Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Կազմաւորումը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ: Ճեճու կղզիին բնակիչները 3 ապրիլ 1948-ին ապստամբեցան: Աշխատանքային կուսակցութեան շուրջ 500 հրոսակներ եւ երեք հազար համակիրներ յարձակեցան կղզիին ոստիկանական քսանչորս կեդրոններէն մէկ մասին վրայ եւ ոստիկանական երեսուն սպաներ սպաննեցին: Ճեճուի ոստիկան զօրաց հրամանատար զօրավար Քիմ Իք-ռոլ բանակցութեան մտաւ ըմբոստներուն հետ...

Մարդուն Շահագործումը Մարդուն Կողմէ

Մարդուն Շահագործումը Մարդուն Կողմէ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ նոր չէ այս երեւոյթը, որուն մասին դարերու ընթացքին գրած են, պայքարներ մղած, ըմբոստութեան, յեղափոխութեան դիմած են, պատերազմած... Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դրօշներ պարզած կազմակերպութիւններ, խմբակներ, անհատներ այսօր բազմացած են, նոյնիսկ միջազգային մակարդակով իբր թէ պայքար կը մղուի: Սակայն ցաւը կը մնայ եւ աւելի կը խորանայ. մարդը կը շահագործուի մարդուն կողմէ: Այժմ նորութիւնն ալ այն է, որ...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Երկրորդ Աշխարհամարտի Աւարտին` Քորէայի Բաժանումը Հիւսիսային Եւ Հարաւային Գօտիներու ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քորէայի մէջ հակաճափոնական համազգային ապստամբութեան ճնշումէն անմիջապէս ետք, Չինաստան տարագրուած քորէացիներ 13 ապրիլ 1919-ին Ռի Սինկմանի նախագահութեամբ  Շանկհայի մէջ Քորէայի հանրապետութեան առժամեայ կառավարութիւնը կազմեցին: Առժամեայ  կառավարութիւնը ինքզինք քորէացի ժողովուրդին միակ օրինաւոր ներկայացուցիչը հռչակեց: Առժամեայ կառավարութիւնը քորէացի տարագիրներու շրջանակներուն մէջ կամաւորներ հաւաքագրեց, մայր հայրենիքին մէջ գաղտնի բջիջներ կազմակերպեց եւ ազատագրական...

Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ.  Քորէա` Արեւելքի Հնագոյն Պետութիւններէն

Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ. Քորէա` Արեւելքի Հնագոյն Պետութիւններէն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այս օրերուն աշխարհի մէջ հրատապ հարցի վերածուած են Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքերու եւ միջուկային ու հեռու հասողութեամբ հրթիռներու փորձարկումները եւ Փիոնկեանկի ու Ուաշինկթընի միջեւ փոխանակուած փոխադարձ սպառնալիքները: Այս առիթով, այժմէական եւ հետաքրքրական է ծանօթանալ Քորէայի եւ քորէացի ժողովուրդին, անոր պատմութեան, Բ. Աշխարհամարտի աւարտին` Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու կազմաւորման, եւ այնուհետեւ` 1950-1953-ի քորէական պատերազմին եւ երկու Քորէաներու զարգացման հոլովոյթին:...

Խօսուն Նկարներ

Խօսուն Նկարներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «ՊԻԿՓԻՔՉԸՐ» կայքը հրապարակած է Մուսուլէն փախած իրաքցիներու դիմանկարներ եւ Կազայի պաղեստինցի երեխաներու լուսանկարներ: Շուրջ երեք տարի Մուսուլի բնակիչները ապրած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական հրոսակախումբին սարսափը, իսկ Կազայի պաղեստինցիները տասնամեակներէ ի վեր կը տառապին ու կը տանջուին իսրայելեան անմարդկային վայրագութիւններէ` միշտ ալ անզէն պայքարելով այդ պետութեան զինեալ ուժերուն դէմ: Մուսուլ «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին չորս անգամ արժանացած Քարոլ Քուզի ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հաւատամքի Մեկնութիւն» (Հեղինակ` Զարեհ Արք. Ազնաւորեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Հաւատամքի Մեկնութիւն» (Հեղինակ` Զարեհ Արք. Ազնաւորեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Հաւատամքի մեկնութիւն»-ը, բաղկացած` 635 էջերէ: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են Յակոբ Քորթմոսեան եւ Գէորգ Եազըճեան: Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ «Հաւատամք»-ը մեր հաւատքին արտայայտութիւնն է: Քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնները Քրիստոս Ինք յայտնեց մեզի, թէ՛ Հին Կտակարանով` գրաւոր, թէ՛ ալ Իր մարդեղութեան ընթացքին` բերանացի: Առաքեալները այս ճշմարտութիւններուն պահապանները եւ փոխանցողները եղան, թէ՛ բերանացի քարոզութեամբ...

Ստացուած Գիրքեր. «Ի՞Նչ Կ՛ըսեն Սուրբ Հայրերը Պահեցողութեան Մասին» (Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Ի՞Նչ Կ՛ըսեն Սուրբ Հայրերը Պահեցողութեան Մասին» (Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անթիլիասի տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքի «եկեղեցի եւ ժողովուրդ» մատենաշարի առաջին հրատարակութիւնը` «Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին»,  պատրաստած` Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան: Գիրքը կը բացուի Արամ Ա. վեհափառի ողջոյնի խօսքով: Վեհափառը կ՛ըսէ, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր տարածքներէն մէկն է: Եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ ժողովուրդով, երբ եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ դառնայ...

Արհեստագիտական Նորութիւններ Եւ Հայաստան

Արհեստագիտական Նորութիւններ Եւ Հայաստան

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այլեւս զարմանալի չի թուիր, որ աւելի արագ ընթացք առած են արհեստագիտական գիւտերն ու նորութիւնները, որոնք անշուշտ միշտ կը բխին պահանջներէ: Միշտ ուրախալի երեւոյթը այն է, որ Հայաստան հաստատ քայլ կը պահէ նորարարութիւններու հետ, բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Ն. «Վի.Էս.Թի. Էնթըրփրայս»-ը Հայաստանի Մէջ Բրիտանական «Վի.Էս.Թի.Էնթըրփրայս» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի համացանցային  անվտանգութեամբ,  յայտարարեց  Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու մասին: Ընկերութիւնը կը...

Ստացուած Գիրքեր.  «Համազասպ»  (Հեղինակ` Գէորգ Ստեփանեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Համազասպ» (Հեղինակ` Գէորգ Ստեփանեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» գիրքը, բաղկացած` 1087 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի միջոցներով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է Երեւանի Կեդրոնական բանտին մէջ 1921 փետրուար 14-18 նահատակուած հայորդիներու պայծառ յիշատակին եւ փետրուարեան ապստամբութեան 95-ամեակին: Համազասպ Սրուանձտեանց ծնած է 5 յունուար 1873-ին, Վանի Այգեստան քաղաքամասին մէջ: Սկիզբը եղած է արմենական, յետոյ,...

Ստացուած Գիրքեր. «Ներքաղաքական Գործընթացների Իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքում» (Հեղինակ` Աբրահամ Գասպարեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Ներքաղաքական Գործընթացների Իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքում» (Հեղինակ` Աբրահամ Գասպարեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական գործընթացների իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքում» (դասախօսութեան նիւթերու ժողովածու) գիրքը, բաղկացած` 190 էջերէ: Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է Երեւանի Պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի գիտական խորհուրդը: Աբրահամ Գասպարեան կ՛ըսէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քաղաքական անցման դարաշրջանը սկսաւ 2010-ին, Թունուզէն, երբ բարեփոխումներ պահանջող հասարակութեան պոռթկումի առիթ հանդիսացաւ երիտասարդ Մոհամէտ Պու Ազիզի ինքնահրկիզումը: Լիպիոյ մէջ...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

«Պսակ» Ժողովածուն

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Սակայն ի՞նչ կը հասկնանք` ինտելիգենցիա ըսելով, ի վերջոյ հարց կու տայ Տէրտէրեան իր ուսումնասիրութեան վեցերորդ եւ վերջին մասին մէջ: Մինչեւ այսօր տակաւին չկայ միօրինակ ըմբռնում: Ըստ հեղինակին, ինտելիգենցիա ըսելով` պէտք է հասկնալ մտաւոր աշխատանքով բոլոր պարապողները: Ինտելիգենցիան չի կազմեր առանձին դասակարգ, որովհետեւ ան չունի տնտեսական հիմք եւ չի մասնակցիր հասարակական տնտեսական կեանքին եւ, ինչ որ գլխաւորն է, ան...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

«Պսակ» Ժողովածուն

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Վ. Արեանի ուսումնասիրութիւնն ալ` «Ազգային հարցը եւ սոցիալիստական մտքի զարգացումը» խորագրեալ, նախորդ ուսումնասիրութեան նման, երկար է: Վ. Արեան, ըստ Ս. Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի(25): Վ. Արեան կը յայտնէ, որ ներկայիս, մարդկային պատմութեան այս փուլին, բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման: Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը բաժնած է չորս մասի. Առաջին մաս. «Ժողովրդի դերը...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

«Պսակ» Ժողովածուն

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Հ. Մուսայէլեանի ուսումնասիրութեան խորագիրն է`  «Հողային հարցը Անդրկովկասում»: Ան կը հաստատէ, որ շատ հին է Անդրկովկասի հողային հարցը եւ ներկայիս ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկն է: Հողը տնտեսութեան հիմնաքարն է, իսկ գիւղացիութիւնը` ժողովուրդի գոյութեան խարիսխը: Ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղատնտեսութիւնը զիրար լրացնող բաներ են: Եթէ գիւղացիներու վիճակը բարելաւուի, այն ատեն կ’ապահովուի երկրին յառաջդիմութիւնը: Մեր մէջ գիւղացիութիւնը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է:...

Ստացուած Գիրքեր.  «Յիշողութիւններ 1878-1924»  (Հեղինակ` Յակոբ Սառիկեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Յիշողութիւններ 1878-1924» (Հեղինակ` Յակոբ Սառիկեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Յակոբ Սառիկեանի «Յիշողութիւններ 1878-1924» հատորը, բաղկացած` 418 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի ազգային արխիւին միջոցներով: Հրատարակութեան պատրաստած են պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Էդգար Յովհաննիսեան: Յակոբ Սառիկեան, հայոց ազգային ազատագրական շարժման աշխուժ մասնակից, իր յուշերը գրած է 1920-1930-ական տարիներուն: Այդ յուշերը աղբիւրագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունին հայոց պատմութեան 19-րդ դարու...

Ստացուած Գիրքեր , «Զուարճալի Պատմութիւններ Յօրինողը»  (Հեղինակ` Նորեկ Գասպարեան)

Ստացուած Գիրքեր , «Զուարճալի Պատմութիւններ Յօրինողը» (Հեղինակ` Նորեկ Գասպարեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ստեփանակերտի մէջ լոյս տեսաւ բանաստեղծ Նորեկ Գասպարեանի «Զուարճալի պատմութիւններ յօրինողը» գիրքը, բաղկացած` 383 էջերէ: Խմբագիր` Վարդան Յակոբեան: Նորեկ Գասպարեան կ՛ըսէ, որ բանաստեղծ մարդու համար մինակ մնալը ուղղակի վտանգաւոր է, որովհետեւ ատիկա անսովոր երեւոյթ է, նոյնիսկ` անհասկնալի, անբացատրելի, անտրամաբանական: Անընդհատ առանձնութիւն փնտռող ու ազատութիւն տենչացող մարդը առանձին մնալով ինքզինք կը կորսնցնէ, կը դառնայ ծիծաղելի ու ողբերգական: Առանձնութիւն կոչուող տարածքը...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

«Պսակ» Ժողովածուն

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Իր «Կեանքի ուղիներով» շարքի երկրորդ հատորին մէջ(1) Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը: 1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը` նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի: Սգահանդէսի աւարտին կը յղացուի գաղափարը` Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին ժողովածու մը հրատարակելու: Կ’ընտրուի խմբագրական մարմին մը, որ կը բաղկանայ հինգ անդամէ` Խաչիկ Կարճիկեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Միշա...

Քարիւղի Արդիւնաբերութեան Վերաբերեալ Վէպ Մը, Որ Կը Կարդացուի Ինչպէս Իսկականը

Քարիւղի Արդիւնաբերութեան Վերաբերեալ Վէպ Մը, Որ Կը Կարդացուի Ինչպէս Իսկականը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Զարմանալի չէ, քանի որ հեղինակը տարիներ շարունակ գաղտնակից եղած է ՕՓԵԿ-ի մէջ տեղի ունեցող սադրանքներուն եւ ետեւի սենեակի համաձայնութիւններուն: Ի՞նչ կը պատահի, երբ հանրածանօթ ուժանիւթի խորհրդատու մը վիպագիր կը դառնայ: Ի՞նչ կը պատահի, երբ ան կ՛օգտագործէ հին պատմութիւններու, կապերու, խորհրդաժողովներու եւ նոյնիսկ սիրոյ փորձառութիւնը եւ ատիկա կը վերածէ իսկական վէպի մը, ուր ՕՓԵԿ եւ Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքը, բաղկացած` 651 էջերէ: Նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ 21-րդ դարուն զարգացում կ՛ապրի սփիւռքագիտութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ «սփիւռք» երեւոյթի գրեթէ բոլոր շերտերուն, կ՛ուսումնասիրէ «սփիւռք» հասկացողութիւնը` պատմական, հոգեբանական, ընկերային, տնտեսական, գաղափարական, քաղաքական, իրաւական եւ այլ տեսանկիւններէ: Կը գումարուին սփիւռքի նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ եւ կը կազմակերպուին քննարկումներ: Գիրքին...

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Երկիր Ու Երկինք (Հեղինակ` Արամ Քէթէնճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Արամ Քէթէնճեանի «Երկիր ու երկինք» հատորը, բաղկացած` 122 էջերէ, որ կ՛ընդգրկէ բանաստեղծութիւններ, խոհեր, աղօթքներ եւ թարգմանութիւններ: «Երկիր ու երկինք»-ը Քէթէնճեանի չորրորդ ժողովածուն է: Հեղինակը իր սրտաբուխ խօսքերը կը նուիրէ բարին կամեցողներուն ու բարին սերմանողներուն, ողորմածներուն, խաղաղարարներուն եւ ճշմարիտ ընկերներուն: Յառաջաբանը գրած է Շաքէ Աշճեան-Արծիւեան: Ան կ՛ըսէ, որ գրքոյկին մէջ ամփոփուած քերթուածները կ՛արտացոլեն հեղինակին...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Արհեստական Բանականութիւնը ( Artificial Intelligence)  Աւելի Մեծ Վտանգ Է, Քան` Հիւսիսային Քորէան». Ի. Մասք Ամերիկեան «Սփէյս էքս» եւ «Թեսլա» արհեստագիտական ընկերութիւններու համահիմնադիր եւ ղեկավար Իլոն Մասք «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ մարդիկ պէտք է աւելի շատ մտահոգուին արհեստական բանականութենէն, քան` Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութեան աճի վտանգէն: «Եթէ դուք դեռ մտահոգ չէք արհեստական բանականութեան կապուած վտանգով,...

Page 20 of 35 1 … 19 20 21 … 35

Արխիւներ