Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հ. Մուսայէլեանի ուսումնասիրութեան խորագիրն է` «Հողային հարցը Անդրկովկասում»: Ան կը հաստատէ, որ շատ հին է Անդրկովկասի հողային հարցը եւ ներկայիս ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկն է: Հողը տնտեսութեան հիմնաքարն է, իսկ գիւղացիութիւնը` ժողովուրդի գոյութեան խարիսխը: Ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղատնտեսութիւնը զիրար լրացնող բաներ են: Եթէ գիւղացիներու վիճակը բարելաւուի, այն ատեն կ’ապահովուի երկրին յառաջդիմութիւնը: Մեր մէջ գիւղացիութիւնը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է: Անդրկովկասի մէջ հողային հարցը ունի ինքնուրոյն բնոյթ մը:
Այս ուսումնասիրութիւնը, որ նախապէս գերմաներէնով իբրեւ աւարտաճառ ներկայացուած է, կը բաժնուի երկու մասի:
Առաջին մասին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը: Նախքան ռուսական տիրապետութիւնը` Անդրկովկասի հողային հարցը կը բաժնուէր վրացիներու, պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ: Ներկայիս գիւղացիութիւնը կարելի է բաժնել հինգ կարգի` պետական, ժամանակաւոր-պարտադրեալ, բէկական, սեփականատէր եւ եկեղեցական գիւղացիներ: Իւրաքանչիւրին սահմանումը կատարելէ ետք Մուսայէլեան կ’եզրակացնէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը աննպաստ եւ վատառողջ ձեւակերպում ունի, եւ շատ անորոշութիւններ ու պակասութիւններ կան այս մարզին մէջ(18):
Երկրորդ բաժինին մէջ, որ հարուստ է վիճակագրական տախտակներով, կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու տնտեսական դրութիւնը: Հեղինակը կը յայտնէ, թէ Անդրկովկասի գիւղատնտեսութիւնը ունի շատ մեծ յարմարութիւններ. հարուստ է անոր բնութիւնը եւ շատ դիւրութեամբ կարելի է զարգացնել գիւղատնտեսութեան զանազան ճիւղերը, մանաւանդ որ Անդրկովկասի ճարտարարուեստը տակաւին կը գտնուի սաղմնային վիճակի մէջ:
Երրորդ եւ եզրափակիչ բաժինին մէջ հեղինակը կը հաստատէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիութեան վիճակը, որ ներկայիս շատ անտանելի եւ վտանգաւոր դարձած է, օրէ օր կը վատթարանայ: Ասոր գլխաւոր պատճառները իրաւական ու տնտեսական են: Դժուարութիւնները հարթելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարենորոգումներ, մանաւանդ որ գիւղացիութեան վիճակը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է կառավարութեան կողմէ: Այդ բարենորոգումներն են` հաղորդակցութեան կանոնաւորում, ոռոգման բարելաւում, գիւղական պզտիկ վարկի համագործակցականներու հաստատում եւ գիւղատնտեսական գիտելիքներու տարածում: Եթէ վերցուին իրաւական աննպաստ պայմանները, եւ եթէ հողաբաժիններ աւելցուին եւ հողի մշակութիւնը աւելի լաւ հիմերու վրայ դրուի, հողային հարցը կրնայ կորսնցնել իր սուր բնոյթը: Պէտք է շեշտը դնել իրերօգնութեան վրայ եւ արտաքին օժանդակու- թիւններուն վրայ յոյս չդնել: «Կովկասի գիւղացիութեան մէջ գոյութիւն ունին համայնական ոգին եւ համայնական գործունէութիւնը. ընկերակցութիւններ հիմնելու պատրաստի հող կայ, միայն դրան պէտք է ձեռնարկել»(19):
***
Յաջորդ ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Հ. Թորեանի, որ, ըստ Սիմոն Վրացեանի, ուսանող Հայկ Թորոյեանն է(20): Ուսումնասիրութեան խորագիրն է` «Անդրկովկասեան արդիւնաբերութիւնը եւ հայ բանուորական շարժումը»:
Ըստ հեղինակին, հայութեան մէջ վաճառականութեան կողքին զարգացած է քաղաքային արհեստաւորութիւնը: Ռուսական տիրապետութիւնը Հայաստանի մէկ մասին վրայ, ինչպէս նաեւ կեանքի, գոյքի ապահովութեան երաշխաւորումը այնտեղ արագացուց երկրի տնտեսական զարգացումը:
Անդրկովկասը իր բնական ու ընկերային պայմաններով արդիւնաբերութեան զարգացման համար աւելի նպաստաւոր միջավայր է, քան` ներքին Ռուսաստանը: Հակառակ այս իրողութեան` Անդրկովկասն ու Ռուսաստանը տնտեսական զարգացման մէջ նոյն աստիճանի վրայ կը գտնուին:
Այս երկար ուսումնասիրութիւնը (էջ 124-164) բաժնուած է ութ մասի.
ա.- Արտադրութեան կեդրոնացում. Ռուսաստանի նօսր արդիւնաբերութիւնը, որ կեդրոնացած է ովասիսներու խորքը, թաղուած է գիւղական անծայրածիր ազգաբնակչութեան մէջ(21): Արտադրութեան միջոցներն են` գործարանը եւ բանուորութիւնը: Ռուսաստանի մէջ 1901-1908 թուականներուն գործարաններուն թիւը պակսած է, իսկ միջին գործարանի վրայ ինկող բանուորներու թիւը արագօրէն աճած է: Ինչ կը վերաբերի Անդրկովկասի արդիւնաբերութեան, անոր կը պակսին վիճակագրական տեղեկութիւններ, իսկ եղածներն ալ թերի են ու անվստահելի:
բ.- Աշխատանքի արդիւնաւէտութիւն. Աշխատանքի արդիւնաւէտ դարձնելը կախում ունի կատարելագործուած մեքենաներ ներածելէն, բա՛ն մը, որ կը պակսի Անդրկովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ: Առանց այդ մեքենաներուն` բանուորներուն արտադրողականութիւնը շատ տկար կ’ըլլայ:
գ.- Գիւղատնտեսութիւն. Եթէ արդիւնաբերութիւնը կը գտնուի նախնական վիճակի մէջ, ապա գիւղատնտեսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի(22):
դ.- Դասակարգային փոխյարաբերութիւններ. Բոլոր եւրոպական երկիրներու մէջ դրամատիրութեան անցած ճանապարհը եղած է կարմիր արիւնով եւ մարդոց բազմաթիւ դիակներով: Դրամատիրութիւնը իր զարգացման համար կարիքը զգացած է դրամական մեծ գումարներու: Այս վերջինները գոյացած են առեւտրական եւ վաշխառուական գործունէութենէն, բայց գլխաւորաբար շնորհիւ այն արիւնահեղ եւ երկարատեւ կռիւներուն, զորս տարած են այդ երկիրները իրարու դէմ եւ երկրագունդի զանազան մասերուն մէջ: Մեր հայրենի կեանքը եւս զերծ չէ գործարանին մէջ աշխատող բանուորի ծայրայեղ կեղեքուելէն: Մասնաւորաբար ուշադրութեան արժանի են վերին աստիճանի հակառողջապահական պայմանները, որոնց տակ կ’ապրի բանուորութիւնը:
ե.- Բանուորական շարժման պատմութիւն. Բանուորական շարժումները տակնուվրայ ըրին աշխատանքի պայմաններու հին հասկացողութիւնները: Քանի մը տարուան մէջ անոնք վախի մէջ պահեցին դրամատիրական դասակարգերը: Այս շարժումը հետեւանք էր մտաւորական շրջանակներու գործունէութեան եւ քարոզչութեան: Հայ բանուորական շարժումը սկիզբ առած է Պաքուի մէջ. 1903-1907 թուականներուն անիկա հասաւ իր գագաթնակէտին: Հայ բանուորութիւնը, գործադուլներու միջոցով տիրացաւ իր իրաւունքներուն. այսինքն` հո՛ն, ուր ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ: Այսպէս, աշխատավարձը բարձրացաւ 20-40 առ հարիւր, աշխատանքի ժամերը կրճատուեցան մինչեւ 9-10 ժամ, բանուորական օրէնքները սկսան հետզհետէ գործադրուիլ: Անդրկովկասի բանուորական շարժումները սկզբնական շրջանին շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, սակայն արտաքին զօրաւոր ճնշումներուն եւ ներքին յոգնածութեան պատճառով թուլցան եւ տեղի տուին` զրկելով բանուորութիւնը իր ձեռք բերած իրաւունքներու մեծ մասէն: Այսօր բանուորական կազմակերպութիւններուն մէջ կատարեալ քայքայում կը տիրէ:
զ.- Բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւններ. Բանուորական շարժման ընթացքը գլխաւորաբար կապուած է բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւններու աշխատանքին հետ: Ներկայիս արհեստակցական միութիւնը կը նկատուի դասակարգային պայքարին օժանդակող գլխաւոր գործօնը: Հայ բանուորութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը ծանօթանար արհեստակցական միութեան նպատակներուն: Այս է պատճառը, որ երբ սկսաւ հալածանքը արհեստակցական միութիւններուն դէմ, ուժեղ դիմադրութիւն չեղաւ. այդպէս է, որ արհես- տակցական միութիւնները սկսան քայքայուիլ(23):
է.- Սոցիալիզմ. Աշխատաւորական գաղափարներով տոգորուած 90-ական թուականներու մեր լաւագոյն մտաւորականները հրապարակ իջան այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդին մեծ մասը ներքին դասակարգային անարդարութիւններէն աւելի` արտաքին ստրկական լուծէն կը տառապէր: Բնական էր, որ այս երիտասարդները ամէնէն առաջ իրենց հարազատ մորթոտուող ժողովուրդը ազատելու մասին մտածէին: Սակայն, երբ ձախողութիւններու հանդիպեցան, հայ մտաւորականները պառակտուեցան: Ռուսահայ մտաւորականները սկսան քարոզել, որ աւելորդ է զբաղիլ Տաճկահայաստանի հարցով:
ը.- Յարատեւ տագնապը. 1900-էն ի վեր Ռուսաստանը կ’ապրի յարատեւ տագնապ մը, որուն մէջ կը գտնուի ներկայիս: Արդիւնաբերութիւնը, հակառակ բոլոր ճիգերուն, կը մնայ հիւանդ: Ցաւալի վիճակի մէջ կը գտնուի մասնաւորաբար Անդրկովկասը: Քանի մը նահանգներու մէջ զգալապէս պահուած է բանուորներուն եւ գործարաններուն թիւը(24): Կ’ըսուի, թէ ասոր պատճառը բանուորական շարժումն է: Ասիկա ճիշդ չէ, որովհետեւ Ֆինլանտան, իբրեւ օրինակ, ռուսական պետութեան այդ ինքնավար մասը, արագ եւ հաստատուն քայլերով առաջ կ’երթայ. ասիկա կ’ըլլայ ընկերվարականներուն շնորհիւ, որոնք շարժման ուղղութիւն տուողներն են: Ինչո՞ւ ճահիճներու մէջ կորսուած երկիրը կը յաջողի բարգաւաճիլ, սակայն բնութեան բոլոր բարիքներով մեր երկիրը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի ազատի ճգնաժամէն:
(Շար. 2)