Երկրորդ Աշխարհամարտի Աւարտին`
Քորէայի Բաժանումը Հիւսիսային Եւ
Հարաւային Գօտիներու
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քորէայի մէջ հակաճափոնական համազգային ապստամբութեան ճնշումէն անմիջապէս ետք, Չինաստան տարագրուած քորէացիներ 13 ապրիլ 1919-ին Ռի Սինկմանի նախագահութեամբ Շանկհայի մէջ Քորէայի հանրապետութեան առժամեայ կառավարութիւնը կազմեցին: Առժամեայ կառավարութիւնը ինքզինք քորէացի ժողովուրդին միակ օրինաւոր ներկայացուցիչը հռչակեց:
Առժամեայ կառավարութիւնը քորէացի տարագիրներու շրջանակներուն մէջ կամաւորներ հաւաքագրեց, մայր հայրենիքին մէջ գաղտնի բջիջներ կազմակերպեց եւ ազատագրական զինեալ պայքարի ձեռնարկեց: 21-28 հոկտեմբեր 1920-ին, Մանչուրիոյ արեւելեան Չինկշանլիի շրջանին մէջ իսկական ճակատամարտ մը մղուեցաւ ճափոնական բռնագրաւեալ զօրքերուն եւ քորէացի կամաւորներուն միջեւ:
Գահընկէց եղած վերջին կայսր Սունճոնկի մահէն ետք, 1926-ին, եղբայրը` Եի Ուն կայսերական իշխան եւ Եի տոհմին պետ հռչակուեցաւ եւ ճափոնական կայսերական բանակի զօրավարի աստիճանին բարձրացաւ:
Քորէայի մէջ հակաճափոնական ուսանողական շարժումը սկսաւ 1929-ին: Ճափոնական գրաւեալ իշխանութիւնները 1931-ին զինուորական արտակարգ դրութիւն հաստատեցին եւ շատ խիստ միջոցառումներու դիմեցին: Քորէացի կամաւորներ 1932-ին Չինաստանի մէջ յարձակում մը կազմակերպեցին ճափոնական զինուորական հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին վրայ: 1936-ին ստեղծուեցաւ Հայրենիքի վերածնունդի ընկերութիւնը, նպատակ ունենալով ճափոնական տիրապետութեան վերացումը եւ անկախ ժողովրդավար Քորէայի ստեղծումը:

Ճափոնցիք քորէացիները ճափոնացնելու քայլերու ձեռնարկեցին: Քորէացիներուն պարտադրուեցաւ ճափոնական ազգանուններ եւ անձնանուններ կրել: Կրթական օրէնք հրապարակուեցաւ, որուն հիմամբ դպրոցներէն ներս կրթութիւնը միայն ճափոներէն պէտք է ըլլար: Քորէերէն խօսիլը արգիլուեցաւ: Քորէերէն թերթերու հրատարակութիւնը արգիլուեցաւ: Քորէացիներուն նաեւ պարտադրուեցաւ ճափոնական ազգային շինթօ կրօնին հետեւիլ: Քորէական մշակոյթի պահպանումը օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ եւ մշակոյթի տասնեակ հազարաւոր գանձեր փճացուեցան եւ կամ կողոպտուեցան ու Ճափոն տարուեցան: Ճափոն կ՛աշխատէր քորէացիները ճափոնացնել եւ Քորէան ճափոնական նահանգի վերածել: Նաեւ աւելի քան 850 հազար ճափոնցիներ բնակութիւն հաստատեցին Քորէայի մէջ:
* * *
Ճափոն, որ 1931-ին գրաւած էր Մանչուրիան, 1937 յուլիսին ձեռնարկեց ամբողջ Չինաստանի գրաւման: Ճափոնական բանակները գրաւեցին Փեքինը եւ շարժեցան երկրին խորերը: 1938 հոկտեմբերին անոնք գրաւեցին Քանթոնը եւ հարաւային Չինաստանի քաղաքները: Չինացիք դիմադրութեան օճախներ ստեղծեցին եւ ազատագրուած շրջաններ հաստատեցին: Չինացիք նաեւ քորէացի գաղթականներէն զինեալ խմբակներ կազմեցին, միասնաբար պայքարելու համար հասարակաց թշնամիին դէմ: 1939 սեպտեմբերին սկսաւ երկրորդ աշխարհամարտը եւ աշխարհ կլանուեցաւ պատերազմով:
Ճափոնական ճնշումներէն եւ բռնութիւններէն խուսափելու համար մեծ թիւով քորէացիներ իրենց տունն ու տեղը ձգելով փախուստ տուին դէպի Մանչուրիա եւ Սիպերիա: Մանչուրիոյ մէջ անոնք տոնկնիփկունը (ազատագրութեան բանակ) կազմեցին եւ չին-քորէական սահմանին վրայ հրոսակային պատերազմի ձեռնարկեցին ճափոնական բանակներուն դէմ: Քորէացի ազգայնականներ, Եի Փոմ-Սոքի գլխաւորութեամբ, 1941-էն սկսեալ, Պուրմայի մէջ կեդրոնացած ճափոնական գրաւեալ բանակներուն դէմ կռիւներուն գործօն մասնակցութիւն բերին:

Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան քորէացիներ իրենց հայրենիքին մէջ ահաւոր ճնշումներու ենթարկուեցան: 5 միլիոն 400 հազար քորէացիներ աշխատանքային ճամբարներ ուղարկուեցան, իսկ տասնեակ հազարաւորներու պարտադրուեցաւ զինուորագրուելու ճափոնական բանակներուն: Մօտաւորապէս 200 հազար կիներ եւ աղջիկներ սեռային ստրկութեան դատապարտուեցան եւ ճափոնցի զինուորներու սանձարձակ կիրքերուն ենթարկուեցան: Աշխատանքային ճամբարներ ուղարկուած քորէացիներէն շուրջ 400 հազար հոգի մահացաւ:
* * *
Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, 1943 նոյեմբեր 22-ին կայացած Գահիրէի խորհրդաժողովի ընթացքին Չինաստան, Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցին, որ Քորէա պատերազմի աւարտէն ետք ազատ եւ անկախ պիտի ըլլայ: Իսկ 1945 փետրուարին կայացած Եալթայի խորհրդաժողովի ընթացքին Խորհրդային Միութիւն խոստացաւ միանալ իր դաշնակիցներուն Խաղաղականի պատերազմին մէջ, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ որ դաշնակից չորս պետութիւններէ բաղկացած խնամատարութիւն պիտի հաստատուի Քորէայի վրայ:
Խորհրդային Միութիւն 5 ապրիլ 1945-ին չեղեալ յայտարարեց Ճափոնի հետ կնքած չյարձակելու համաձայնագիրը, եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կնքած համաձայնագիրին հիմամբ 8 օգոստոսին պատերազմ յայտարարեց Ճափոնի դէմ:
Խորհրդային Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ օգոստոս 10-ին համաձայնեցան Քորէան երկուքի բաժնել, 38-րդ հորիզոնականը ունենալով իբրեւ սահման: Կը նախատեսուէր, որ հիւսիսային շրջանի ճափոնական զօրքերը կը յանձնուին կարմիր բանակին, իսկ հարաւային շրջանի զօրքերը` Միացեալ Նահանգներուն: Նոյն օրը կարմիր բանակէն միաւոր մը մուտք գործեց Քորէա: Այսպիսով թերակղզին բաժնուեցաւ խորհրդային եւ ամերիկեան մասերու: Կ՛ենթադրուէր, որ այդ բաժանումը ժամանակաւոր է:
Օգոստոս 14-ին կարմիր բանակի մեծաթիւ միաւորներ մտան Քորէա եւ ստանձնեցին ապահովութեան հսկողութիւնը: Օգոստոս 16-ին անոնք հասան Վոնսան, 24-ին` Փիոնկեանկ:
Ճափոնական Հիրոշիմա քաղաքը` օգոստոս 6-ին, եւ Նակազաքին` օգոստոս 9-ին ամերիկեան օդուժին կողմէ հիւլէական ռումբերով ռմբակոծուեցան եւ աւերուեցան: Ճափոն օգոստոս 15-ին անձնատուր եղաւ դաշնակիցներուն: Անձնատուութիւնը ստորագրուեցաւ սեպտեմբեր 2-ին:
Մինչ այդ խորհրդային կարմիր բանակը արագօրէն կը յառաջանար Քորէական թերակղզիին խորերը եւ ամերիկացիք այն եզրակացութեան եկան, որ համայնավարներ ամբողջ Քորէան պիտի գրաւեն:
Այս պայմաններուն տակ, Քորէա ղրկուած ամերիկեան երկու սպաներ` Տին Ռուսք եւ Չարլզ Պոնեսթիլ, հապճեպօրէն, մօտաւոր կերպով, 38-րդ հորիզոնականին հիմամբ, սահմանագիծ ճշդեցին:
Սէուլի մէջ 6 սեպտեմբեր 1945-ին կայացած ներկայացուցիչներու համաժողովը Քորէայի ժողովրդային հանրապետութիւնը հռչակեց:
Ամերիկացի զօրավար Ճորճ Հոտճ ամերիկեան տասներորդ բանակի 24-րդ գումարտակին հետ սեպտեմբեր 8-ին Ինչոն ցամաք ելաւ, 38-րդ հորիզոնականէն հարաւ գտնուող ճափոնական ուժերու անձնատուութիւնը ստանձնելու համար: Ան Հարաւային Քորէայի զինուորական կառավարիչ նշանակուեցաւ:
Հիւսիսային Քորէայի խորհրդային գօտիին մէջ, զինուորական կառավարիչ նշանակուեցաւ գնդապետ-զօրավար Թերենթի Շթիքով: Ստեղծուեցան քաղաքական ժողովրդական յանձնախումբեր եւ պետական իշխանութեան նախապատրաստման յանձնախումբեր:
Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն 1945 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ համաձայնագիր կնքեցին Քորէայի ժամանակաւոր կառավարման մասին:
Համաձայնագիրը դժգոհ ձգեց քորէացիները եւ ամերիկեան զինուորական իշխանութեան դէմ խռովութիւններ սկսան հարաւի մէջ, անմիջական անկախութեան պահանջով: Զօրավար Հոտճի զինուորական իշխանութիւնը 8 դեկտեմբեր 1945-ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, սպառնալով պատժել խռովարարները եւ խիստ միջոցառումներու սկսաւ դիմել, իսկ 12 դեկտեմբերի հրամանագիրով Քորէայի ժողովրդային հանրապետութեան յեղափոխական կառավարութիւնը եւ ժողովրդական յանձնախումբերը օրէնքէ դուրս հռչակեց:
Ներկայացուցչական ժողովրդավարական խորհուրդի ղեկավար Ռի Սինկման, որ երկար տարիներու աքսորէ ետք, ամերիկեան ուժերուն հետ Քորէա վերադարձած էր, ընդդիմացաւ օտար ամէն ձեւի հոգատարութեան, փաստարկելով որ Քորէա արդէն երկար տառապած է օտար լուծի տակ:
Ճափոնական գրաւման տարիներուն մեծաթիւ քորէացիներ գաղթած կամ բռնագաղթուած էին Ճափոն: Պատերազմի աւարտէն ետք, տակաւին 2 միլիոն 400 հազար քորէացիներ կը մնային Ճափոն: Կարճ ժամանակի ընթացքին անոնց մեծամասնութիւնը վերադարձաւ Հարաւային Քորէա, բայց 650 հազար հոգի մնաց Ճափոն: Նոյն ժամանակ Քորէա հաստատուած ճափոնցիները զանգուածաբար Ճափոն վերադարձան:
* * *

Հիւսիսային Քորէայի մէջ 1946 փետրուաին ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կազմուեցաւ համայնավար հրոսակային պատերազմի հերոս եւ երկար տարիներ աքսորի մէջ կարմիր բանակին հետ գործակցած Քիմ Իլ-սունկի գլխաւորութեամբ: Մարտ 23-ին հրապարակուեցաւ համայնավար կուսակցութեան քաղաքական ծրագիրը` քսան կէտէ բաղկացած:
Հողային բարեկարգումի ծրագիրին համաձայն, բոլոր հողատէրերուն հողերը, ինչպէս նաեւ այն հողերը, որոնք ճափոնցիներու կամ անոնց հետ գործակցողներու կը պատկանէին, հողազուրկ եւ աղքատ գիւղացիներու բաժնուեցան: Նախկին հողատէրերուն մնաց այնքան հող, որքան որ ունէր իւրաքանչիւր հողագործ ընտանիք: Միաժամանակ նաեւ ազգայնացուեցաւ արդիւնաբերութիւնը:
Նշենք, որ Քորէայի ճարտարարուեստական հաստատութիւններուն ու գործարաններուն մեծամասնութիւնը հիւսիսի մէջ կը գտնուէին, մինչ հարաւը աւելի երկրագործական շրջան էր: Հիւսիսի բանուորներէն շատեր նաեւ Մանչուրիա աշխատանքի կ՛երթային:
Շատ մը նախկին հողատէրեր եւ քաղաքացիներ, մօտաւորապէս 400 հազար հոգի, Հիւսիսային Քորէայէն Հարաւային Քորէա անցաւ:
Համայնավար կուսակցութիւնը եւ Նոր ժողովրդական կուսակցութիւնը 1946 օգոստոսին միացան եւ կազմուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի աշխատանքային կուսակցութիւնը: Դեկտեմբերին ստեղծուեցաւ Միասնական ժողովրդավարական ազգային ճակատը:
* * *
Հարաւային Քորէայի մէջ 1946 սեպտեմբերին ժողովրդային ըմբոստութիւն մը բարձրացաւ ամերիկեան զինուորական իշխանութեան դէմ: Սեպտեմբեր 23-ին Պուսանի մէջ ճամբու շինարարութեան ութ հազար բանուորներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին: Հոկտեմբեր 1-ին ոստիկանութիւնը Տեկուի մէջ կրակ բացաւ բողոքող ուսանողութեան դէմ եւ անոնցմէ երեք հոգի սպաննեց: Խռովութիւնները արագօրէն ծաւալեցան եւ 38 ոստիկաններ ժողովուրդին կողմէ բռնուելով սպաննուեցան: Հոկտեմբեր 3-ին Եոնկչոնի մէջ շուրջ տասը հազար հոգի յարձակեցաւ ոստիկանական կեդրոնի մը վրայ եւ սպաննեց քառասուն ոստիկան ու շրջանի գաւառապետը: Տարբեր շրջաններու մէջ սպաննուեցան քսան հողատէրեր եւ ճափոնական բանակին ծառայած սպաներ:
խռովութիւնները ճնշելու համար ամերիկեան զինուորական իշխանութիւնը ստիպողական վիճակ յայտարարեց:
Հարաւային Քորէայի աշխատանքային կուսակցութիւնը, որ Հիւսիսային Քորէայի աշխատանքային կուսակցութեան քոյր ճիւղը կը նկատուէր, 1 մարտ 1947-ին համազգային հակաճափոնական 1 մարտ 1919-ի շարժումին յիշատակի հանդիսութիւն ու ցոյց կազմակերպեց Ճեճու կղզիին մէջ: Զինուորական իշխանութիւնը շրջափակեց կղզին, որ դուրսէն մարդ չմտնէ, եւ ամերիկացի զինուորներ ու քորէացի ոստիկաններ կրակ բացին ցուցարարներուն գլխուն վրայ: Վեցամեայ մանուկ մը զոհուեցաւ եւ մէկ անձ ալ վիրաւորուեցաւ: Շատեր ձերբակալուեցան եւ Զոնկ-մոն բանտը նետուեցան:
Մարտ 8-ին շուրջ հազար ցուցարարներ Զոնկ-մոն բանտին առջեւ ելոյթ ունեցան եւ փորձեցին ներս մտնել, բայց ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ եւ սպաննեց հինգ անձեր:
Աշխատանքային կուսակցութեան անդամներ զինուորական իշխանութեան դիմեցին, որպէսզի ոստիկանութեան այն սպաները, որոնք կրակ բանալու հրաման տուած էին, պատժուին:
Զինուորական իշխանութիւնը ոստիկանութեան 400 սպաներ եւ նաեւ աջակողմեան երիտասարդական խմբակցութեան անդամներ Ճեճու փոխադրեց, հակակշռելու համար կացութիւնը:
Ձախակողմեան ղեկավար Լուհ Վուն-հունկ 19 յուլիս 1947-ին սպաննուեցաւ աջակողմեաններուն կողմէ: Կառավարութիւնը ձախակողմեաններու դէմ խիստ միջոցառումներ որդեգրեց եւ այնուհետեւ համայնավար ու ձախակողմեան նկատուող անձեր հետապնդուեցան ու սպաննուեցան:
* * *
Խորհրդային Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ 1946-ին եւ 1947-ին աշխատեցան միացեալ խնամակալութիւն հաստատել Քորէայի մէջ, բայց չյաջողեցան, մեծ թիւով քորէացիներու ընդդիմութեան եւ նաեւ պաղ պատերազմին պատճառով:
Միացեալ խնամակալութիւն ստեծելու ձախողութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ Քորէայի հարցը 1947 սեպտեմբերին ՄԱԿ հասցուցին: Խորհրդային Միութիւն ընդդիմացաւ Քորէայի հարցին մէջ ՄԱԿ-ի միջամուխ ըլլալու քաղաքականութեան: Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի մէջ աւելի ազդեցիկ էին, քան Խորհրդային Միութիւն: 17 նոյեմբեր 1947-ին Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ ազատ ընտրութիւններ պիտի կայանան Քորէայի մէջ, օտար ուժերը պիտի քաշուին թերակղզիէն եւ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր միջնորդութիւն պիտի հաստատուի: Խորհրդային Միութիւն ընդդիմացաւ, այն հիմնաւորումով որ ՄԱԿ չի կրնար արդար ընտրութիւններ երաշխաւորել: Խորհրդային ներկայացուցչութեան բացակայութեան ՄԱԿ որոշեց 10 մայիս 1948-ին ընտրութիւններ կատարել միայն հարաւի մէջ: Խորհրդային Միութիւն հակադարձեց, յայտարարելով, որ հարաւի մէջ ընտրութիւնները միայն հարաւցիներուն կը վերաբերին եւ յայտարարեց, որ հիւսիսի մէջ 25 օգոոստոս 1948-ին առանձին ընտրութիւններ պիտի կատարուին:
Այս պայմաններուն տակ ընտրութիւններ կայացնելը շատ մը քորէացիներ անժողովրդական կը նկատէին եւ համոզում կը յայտնէին, որ ատիկա երկրին բաժանումը կը նուիրականացնէ:
Հարաւային Քորէայի աշխատանքային կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն գծով իր բացարձակ ընդդիմութիւնը յայտարարեց: Կուսակցութեան ղեկավար Փաք Հոն Եոնկ 1948 յունուարին կոչ ուղղեց կուսակցութեան անդամներուն հրապարակ իջնել, անկարգութիւններ հանել եւ 38-րդ հորիզոնականէն հարաւ ընդդիմանալ ընտրութիւններուն: Նոյն օրերուն կուսակցութեան անդամներ Ճեճուի մէջ յարձակեցան պետական հաստատութիւններուն վրայ եւ բախումներ ունեցան ոստիկանութեան եւ աջակողմեաններուն հետ: Բախումները փետրուարին սաստկացան եւ շարունակուեցան մինչեւ մարտ: