ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Յակոբ Սառիկեանի «Յիշողութիւններ 1878-1924» հատորը, բաղկացած` 418 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի ազգային արխիւին միջոցներով: Հրատարակութեան պատրաստած են պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրաբեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Էդգար Յովհաննիսեան:
Յակոբ Սառիկեան, հայոց ազգային ազատագրական շարժման աշխուժ մասնակից, իր յուշերը գրած է 1920-1930-ական տարիներուն: Այդ յուշերը աղբիւրագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունին հայոց պատմութեան 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու պատմութեան լուսաբանման համար: Յուշագրութիւնը հրատարակուած է առաջին անգամ, համապատասխան ծանօթութիւններով եւ նախաբանով:
Յակոբ Սառիկեան ծնած է 1872-ին, Ղազախի Վերին Աղդան, ներկայ Իջեւանի շրջանի Գանձաքար գիւղին մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի եւ Թիֆլիսի դպրոցներուն մէջ: Եղած է ուսուցիչ Սարդարապատի Գեչրլու (ներկայիս` Մրգաշատ) գիւղին եւ Սուրմալուի Կողբ գիւղին մէջ: 1895-ին իբրեւ ուսուցիչ տեղափոխուած է Թաւրիզ եւ ուսուցչութեան կողքին լծուած է յեղափոխական գաղտնի եւ վտանգներով լեցուն աշխատանքին` կազմակերպելով զէնքի գաղտնի տեղափոխութիւններ եւ նորեկ կամաւորներու համար զինավարժութիւններ:
Սառիկեան 1897 յուլիս 25-ին մասնակցած է Խանասորի արշաւանքին իբրեւ յիսնապետ: Անոր վստահուած է Արցախի հայուհիներու կողմէ կարուած արշաւանքի մայր դրօշը, որուն վրայ ասեղնագործուած էր «վրէ՜ժ-վրէ՜ժ» մարտակոչը:
Յարձակման անցնելէ առաջ, մազրիկցիներու վրաններուն դիրքը հետախուզելու եւ յարձակման ծրագիրը կազմելու պարտականութիւնը դրուած է Կարոյի, Սաքոյի եւ Սառիկեանի վրայ:
Խանասորի արշաւանքին հայ կամաւորները տուին 19 նահատակ: Սառիկեան կ՛ըսէ, որ մազրիկցիներէն սպաննուեցաւ 1500 հոգի: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ յաջողեցաւ խոյս տալ եւ փրկուիլ:
Սառիկեան կը յիշէ, որ արշաւանքէն քանի մը օր ետք Ղոթուրի քիւրտերը հայերէն վրէժ լուծեցին մազրիկ ցեղը պատժելուն համար եւ գիշեր մը յարձակեցան Խոյէն քանի մը քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող հայկական Վառ գիւղին վրայ եւ ամբողջ գիւղը սուրի քաշեցին:
Խանասորի արշաւանքի մանրամասն նկարագրութիւնը Սառիկեան ուղարկած է Ժընեւ, որ տպուած է «Դրօշակ»-ի 1897-ի 12 եւ 14 համարներուն մէջ: Խանասորի նուիրուած յօդուածաշարքով հանդէս եկած է նաեւ Պաքուի մէջ լոյս տեսնող «Արեւ» թերթին մէջ:
Խանասորի արշաւանքէն ետք պարսկական իշխանութիւնները, թրքական եւ ռուսական իշխանութիւններու դրդումով, սկսան հալածել Ատրպատականի մէջ կեդրոնացած հայ ֆետայիները: Հայ կամաւորները սկսան հեռանալ Պարսկաստանէն: Յակոբ Սառիկեան եւս 1897-ի օգոստոսի վերջաւորութեան, միւս կամաւորներուն անվտանգ ռուսական սահման տեղափոխութիւնը ապահովելէ ետք, ամէնէն վերջը, Վարդանի, Սաքոյի եւ Բէկի հետ հեռացաւ Պարսկաստանէն:
Պարսկաստանէն վերադառնալէ ետք Սառիկեան աշխատանքի մտաւ Էջմիածնի սինոտին մէջ իբրեւ գրագիր, ապա` տնտեսական բաժինի կառավարիչի քարտուղար: Այդ ժամանակ ռուսական կառավարութիւնը կ՛աշխատէր կրճատել ամենայն հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի իրաւունքները եւ ամբողջ իրաւասութիւնները կեդրոնացնել սինոտի ձեռքը:
Ռուսական կառավարութեան որոշումով փակուած էին հայկական դպրոցները եւ հայ ուսուցիչները աշխատելու ասպարէզ չունէին:
Սառիկեան 1898 սեպտեմբերին Թիֆլիսի մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Գէորգ եպիսկոպոս Սուրէնեանցի ձեռամբ (ապագայ Գէորգ Ե. կաթողիկոս): Քահանայ ձեռնադրուելէն ետք հոգեւոր ծառայութեան անցաւ ծննդավայրին մէջ եւ յետոյ տեղափոխուեցաւ հիւսիսային Կովկաս` Մոզտոկ, այնուհետեւ` Աստրախան եւ Վլատիկաւկաս: Սկսաւ Յակոբ քահանայ Սառիկեանի հասարակական, քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ մանկավարժական գործունէութեան նոր փուլը: Ան երախտարժան դեր կատարեց Վլատիկաւկասի հայ համայնքը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Իր հոգեւոր բեղուն գործունէութեան համար Յակոբ քահանայ Սառիկեան պարգեւատրուեցաւ ծաղկեայ փիլոնով եւ լանջախաչով, իսկ 1906-ին Խրիմեան Հայրիկ անոր թաւշեայ գլխարկ կրելու արտօնութիւն շնորհեց:
Վլատիկաւկասի մէջ Տէր Յակոբ մանկավարժական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ: Ան ստանձնեց նաեւ աղքատախնամ ընկերութեան ղեկավարութիւնը:
Նիկոլայ Բ. ցար 1903-ին հրապարակեց հայկական եկեղեցական գոյքերը բռնագրաւելու հրամանը. Յակոբ քահանայ Սառիկեան չենթարկուեցաւ հրամանին եւ աքսորի դատապարտուեցաւ սկիզբը Աստրախան, ապա Պիատիգորսկ: Հոն եւս Սառիկեան շարունակեց իր կազմակերպչական աշխուժ գործունէութիւնը եւ Կիլսաւոտսկի հայկական համայնքը կազմակերպեց, որ յետոյ ունեցաւ իր եկեղեցին եւ դպրոցը:
1905-ին ծայր առին հայ-թաթարական կռիւները: Սառիկեան արդէն վերադարձած էր աքսորէն: Անհրաժեշտ էր Հարաւային Կովկասի մէջ մղուող բախումներու ժամանակ օգնութիւն ցուցաբերել հայրենակիցներուն: Սկսան զէնք եւ զինամթերք ապահովելու աշխատանքները: Սակայն հայ-թաթարական կռիւները հիւսիսային Կովկաս չհասան:
Ազգամիջեան բախումներ հրահրելու փորձեր եղան նաեւ կովկասեան միւս ժողովուրդներու մէջ: Յակոբ քահանայ Սառիկեան օսէթներու եւ ինկուշներու քուէով մասնակցեցաւ հաշտեցման գործընթացին, կանխելով կովկասեան ժողովուրդներու միջեւ սկսած արիւնալի բախումներու հետագայ ընթացքը:
Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի օրով սկսաւ լայնածաւալ արշաւ մը հայ մտաւորականներու եւ յեղափոխականներու դէմ: Յակոբ քահանայ Սառիկեան եւս դատի քաշուեցաւ, բայց յետոյ ազատ ձգուեցաւ, որմէ ետք վերադարձաւ Վլատիկաւկաս:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ին, կազմաւորուեցան հայկական կամաւորական գունդեր, ռուսական բանակի օգնութեամբ ազատագրելու համար Արեւմտեան Հայաստանը: Այդ օրերուն Սառիկեան կը գրէր, որ Ռուսիոյ` «Հայաստան առանց հայերու» քաղաքականութիւնը «մազի չափ» անգամ չէ փոխուած:
Էջմիածնի սինոտը 1914 օգոստոսին դիմեց ռուսական բանակի սպայակոյտին, թոյլտուութիւն խնդրելով գործող բանակ ուղարկելու հայ քահանաներ, ռուսական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն հոգեւոր պահանջմունքները հոգալու համար: Յակոբ քահանայ Սառիկեան ռազմաճակատ կամաւոր մեկնելու դիմում ներկայացուց: Ան կը գրէ. «Խանասորը գլուխ բարձրացուցած էր մէջս. կ՛ուզէի անձամբ մասնակցիլ պատերազմին, այս անգամ ոչ թէ զէնքով, այլ մխիթարող, սփոփող ու հաւատացնող խօսքերով»: Ռուսական սպայակոյտի պահանջով ան ուղարկուեցաւ նախ հարաւ-արեւմտեան, ապա հիւսիս-արեւմտեան ռազմաճակատ:
Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը, գնահատելով Յակոբ քահանայ Սառիկեանի գործունէութիւնը, զայն պարգեւատրեց Աննայի երրորդ եւ Սթանիսլաւի երրորդ աստիճանի շքանշաններով:
Պոլշեւիկեան 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ծայր առաւ քաղաքացիական պատերազմը: Հիւսիսային Կովկասի մէջ պատերազմը կ՛ընթանար փոփոխական յաջողութիւններով: Թերեքի շրջանը իր կեդրոն Վլատիկաւկասով պարբերաբար կ՛անցնէր կամ պոլշեւիկներուն կամ ալ սպիտակ ռուսերուն ձեռքը:
Այդ խառնակ ժամանակաշրջանին հիւսիսային Կովկասը ողողուած էր տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներով: Յակոբ քահանայ Սառիկեան նշանակուեցաւ Թերեքեան շրջանի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան յատուկ լիազօր, որ պէտք է զբաղէր հիւսիսային Կովկասի հայ գաղթականներու խնդիրներով: Իսկ 1919 հոկտեմբերին ան Վլատիկաւկասի մէջ Հայաստանի հիւպատոս նշանակուեցաւ:
Հիւսիսային Կովկաս կը գտնուէին ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած տասնեակ հազարաւոր հայեր: Սառիկեան ամէն հնարաւորութիւն ի գործ դրաւ, որպէսզի գաղթական հայերը անվտանգ անցնին Ռազմավիրական ճանապարհը եւ հասնին Հիւսիսային Կովկաս:
Հիւսիսային Կովկասի գաղթականներուն մեծ մասը Արեւմտեան Հայաստանէն էին, սակայն կային նաեւ Արեւելեան Հայաստանէն` Կարսէն, Շիրակէն, Ղազախէն եւ այլ վայրերէ տեղափոխուած հայեր: Հայ գաղթականներուն վիճակը օրըստօրէ կը դառնար օրհասական:
Ընթացող քաղաքացիական պատերազմը Հիւսիսային Կովկասի մէջ սրած էր նաեւ ազգամիջեան յարաբերութիւնները: Սառիկեան կը յիշէ, որ հոն կը գործէին ազրպէյճանցի, թուրք, հրեայ, գերմանացի եւ ռուս գործակալներ: Թուրք գործակալները կը ջանային տեղացի իսլամները տրամադրել հայերուն դէմ: Սառիկեանի ջանքերով ազգամիջեան բախումները կանխուեցան:
Հիւսիսային Կովկասի խորհրդայնացումէն ետք Վլատիկաւկասի հայկական հիւպատոսութիւնը միակն էր, որ շարունակեց իր գործունէութիւնը եւ Հիւսիսային Կովկասի հայ հիւպատոսներէն Սառիկեանը միակն էր, որ չձերբակալուեցաւ: Պոլշեւիկներու առաջարկով Սառիկեան 1920 ապրիլին մեկնեցաւ Երեւան, հայկական կառավարութեան առաջարկելու բանակցութեան մէջ մտնելու Մոսկուայի հետ: Սառիկեան մեկնեցաւ Երեւան եւ կառավարութեան յատուկ նիստին ընթացքին ներկայացուց իրավիճակը: Այնուհետեւ Լեւոն Շանթ մեկնեցաւ Մոսկուա, որուն յաջորդեց Մոսկուայի յատուկ ներկայացուցիչ Լեգրանի այցելութիւնը Երեւան:
Սառիկեան 1920 յուլիսին դիմեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ խնդրեց ազատ կացուցել զինք Վլատիկաւկասի մէջ հիւպատոսի պարտականութիւններէն եւ փոխադրել Հայաստան կամ այլ տեղ, որեւէ պաշտօնով: Ան դիմեց նաեւ Գէորգ Ե. կաթողիկոսին եւ խնդրեց ազատ կացուցել զինք քահանայական կոչումէն:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք (2 դեկտեմբեր 1920) Սառիկեան ժամանակ մը շարունակեց Վլատիկաւկասի մէջ հիւպատոսի իր պարտականութիւնները, յետոյ ալ եղաւ փոխ հիւպատոս եւ ապա Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ:
Հայաստանի ներկայացուցչութեան լուծարքէն ետք Վլատիկաւկասի մէջ շարունակեց գործել հայկական դպրոցը, որուն տեսչութիւնը վստահուեցաւ Յակոբ Սառիկեանի:
Սառիկեանի հետեւողական աշխատանք տարաւ խորհրդային իշխանութիւններուն մօտ, Հիւսիսային Կովկասէն Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելու համար:
Յակոբ Սառիկեան 1924-ին փոխադրուեցաւ Երեւան, որպէսզի իր երեխաները «ճանչնան իրենց երկիրը, սիրեն իրենց ժողովուրդը եւ աշխատին անոր համար»: Ան ստանձնեց Երեւանի ինը մանկատուներու կառավարիչի պաշտօնը եւ յետոյ աշխատանքի մտաւ պատմութեան պետական թանգարանին մէջ իբրեւ պատմագիտութեան բաժինի վարիչ, միաժամանակ «Խորհրդային Հայաստան» թերթի սրբագրիչի պաշտօնը ստանձնեց:
Խորհրդային Միութեան տարածքին ծայր առած էին հակակրօնական հալածանքներ: Հակառակ հալածանքներուն եւ քաղաքական մթնոլորտին, Սառիկեան յաճախ կ՛այցելէր Էջմիածին:
Սառիկեան 1935-1937 տարիներուն հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս եղած է: Ուսուցչութենէն քաշուելէն ետք զբաղած է թարգմանութիւններով: Երեւանի մէջ ան ապրած է Սպանդարեան (ներկայիս` Արամի) փողոցի թիւ 84 տան մէջ: Մահացած է 1945-ին:
Յակոբ Սառիկեանի յուշերը սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն: