Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այլեւս զարմանալի չի թուիր, որ աւելի արագ ընթացք առած են արհեստագիտական գիւտերն ու նորութիւնները, որոնք անշուշտ միշտ կը բխին պահանջներէ: Միշտ ուրախալի երեւոյթը այն է, որ Հայաստան հաստատ քայլ կը պահէ նորարարութիւններու հետ, բոլոր ասպարէզներուն մէջ:
Ն.
«Վի.Էս.Թի. Էնթըրփրայս»-ը
Հայաստանի Մէջ
Բրիտանական «Վի.Էս.Թի.Էնթըրփրայս» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի համացանցային անվտանգութեամբ, յայտարարեց Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու մասին: Ընկերութիւնը կը մշակէ «Վի.Քոտ» արհեստագիտութիւնը, որ օգտագործողներուն առիթ կ՛ընձեռէ առցանց գործողութիւններու ժամանակ նոյնականացում կատարել:
«Վի.Էս.Թի.Էնթըրփրայս» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Ճէյմս Տեւիս հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու առումով գրաւիչ է ընկերութեան համար:
«Վի.Էս.Թի.Էնթըրփրայս»-ը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու քանի մը ընկերութիւններէն մէկն է, որ յայտարարած է այս տարի Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու մասին: Անդրադառնալով Հարաւային Ափրիկէի եւ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի շարքին մէջ Հայաստանի ընտրութեան` Տեւիս ըսաւ. «Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ Հայաստան «Վի.Էս.Թի.Էնթըրփրայս»-ի գրասենեակի համար կատարեալ վայր է: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը կատարեալ հիմք կը դառնայ կեդրոնական, հարաւային եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ ընկերութիւններու եւ կառավարութիւններու հետ առեւտուրի համար: Մենք կ՛ուզենք հայկական գրասենեակէն աշխատիլ զարգացող շուկաներու հետ, քանի որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ենթակառոյցներու աճը կրնայ աւելի արագ ըլլալ, եւ մեր արհեստագիտութիւնները կրնան առանցքային նշանակութիւն ունենալ, երբ արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղի կ՛ունենայ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու յեղափոխութիւն: Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններուն գրաւիչ պայմաններ կ՛առաջարկէ: Մենք ուրիշ երկիրներու մէջ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունինք, եւ շատ լաւ տեղեակ ենք այնտեղ աշխատելու պայմաններուն: Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու մեր որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ընկերութիւնները արտօնութիւններ ունին: Մեզի նախապէս յայտնի չէր գրաւիչ միջավայրի մասին, սակայն ատիկա, անկասկած, Եւրոպայի մէջ մեր աշխատանքին համար Հայաստանը ձեռնտու վայր կը դարձնէ երկար տարիներու ընթացքին: Մեր առանցքային եւրոպական ներդրողներէն մէկը հայ է, եւ ան կը ղեկավարէ նոր գրասենեակի գործողութիւնները: Մենք յոյս ունինք առ նուազն 25 մասնագէտ ներգրաւել, մշակելով տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նոր կիրարկումներ: Հակառակ անոր որ մեր արհեստագիտութիւնները կրնան օգտագործուիլ առցանց գործարքներու համար, ատիկա նոյնպէս կարելի է օգտագործել ինքնավար դրութեամբ: «Վի.Քոտ»-ը կարելի է տարբեր կերպ օգտագործել: Օրինակ` «Վի.Քոտ»-ը վաւերացուած է Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ նիւթական եւ սարքաւորումներու ապահովման առցանց եւ այլ ձեւով հետեւելու համար եւ կը գերազանցէ այս ասպարէզին մէջ որեւէ նման արհեստագիտութիւն: Այս շուկային մէջ համացանցի եւ բջջային սարքերու ընդգրկման աճի արագութեան շնորհիւ` մենք կատարելապէս կը համապատասխանենք այժմ անվտանգ բոլոր տեսակի գործարքներու ապահովման, իսկ մօտիկ ապագային բացառապէս առցանց գործարքներու համար»:
«Արմսեքիւրիթի-2017» Միջազգային
Ցուցահանդէսը Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան համակարգումով 2-4 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «ԱրմՍեքիւրիթի-2017» անվտանգութեան բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային ցուցահանդէսը` «Անվտանգ Հայաստան» խորագիրով:
Ցուցահանդէսի նպատակներու շարքին էր Հայաստանի փրկարարական ծառայութեան արդիականացման եւ արհեստագիտական վերազինման հարցերուն մէջ օժանդակութիւնը:
«ԱրմՍեքիւրիթի-2017» բարձր արհեստագիտութիւններու միջազգային առաջին ցուցահանդէսին բացման ներկայ էին աշխարհի շուրջ 20 երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւններ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տոնոյեան, կառավարութեան անդամներ, պետական մարմիններու ղեկավարներ, աշխարհի 20 երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւններ:
Միջոցառումը կազմակերպուած էր որպէս համաժողով-ցուցահանդէսային համալիր` նպատակ ունենալով ցուցադրել բարձր արհեստագիտական, նորարարական լուծումներ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ստորաբաժանումներու վերազինման, հասարակական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան կապուած խնդիրներու լուծման, հայկական եւ արտասահմանեան գործարաններու միջեւ գործնական կապերու հաստատման եւ ամրապնդման:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան աղէտներու վտանգներու նուազեցման եւ ատոնց հետեւանքներու չէզոքացման, փրկարարական գործողութիւններու իրականացման, արտակարգ իրավիճակներու հսկելու համար նախատեսուած նորարարական բարձր արհեստագիտական միջոցներն ու սարքերը:
Գործնական ծրագրի ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկօրեայ գիտաժողովներ` նուիրուած արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման եւ վերացման, հրդեհային անվտանգութեան ապահովման, աղէտներու մարտահրաւէրներու դէմ պատրաստուածութեան բնաբաններուն: Նոյնպէս տեղի ունեցան քննարկումներ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ համացանցային անվտանգութեան ասպարէզի ներկայացուցիչներու, ապահովագրական ընկերութիւններու եւ արտադրական վտանգաւոր կեդրոններու միջեւ` յատկացուած արտակարգ իրավիճակներու մէջ բնակչութեան եւ տարածքներու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան համակարգի ստեղծման խնդիրներուն, յատկապէս վտանգաւոր արտադրական կեդրոններու պարտադիր ապահովագրութեան անհրաժեշտութեան եւ այլ բնաբաններու:
Կուկըլ-ի Ձայնային Օգնականը Կը Կառավարէ
Փոշեկուլներն Ու Սառնարանները
Կուկըլ-ի ձայնային օգնականը կը համարկուի ծանօթ արտադրողներու կենցաղային արհեստագիտութեան:
Մշակողները իրենց պաշտօնական կայքին մէջ կը յայտնեն, որ ընկերութեան առաջին գործընկերը կ՛ըլլայ Էլ.Ճի.-ն: Բացի ատկէ, Կուկըլ-ը բանակցութիւններ կը վարէ այլ արտադրողներու հետ, սակայն առայժմ մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուիր:
«Արդէն այս տարի այնպիսի ընկերութիւններ, ինչպէս` Էլ.Ճի., ձեզի կարելիութիւն կ՛ընձեռեն լուացքի մեքենաները, չորցնող սարքերը, փոշեկուլները եւ այլ սարքեր կառավարել ձայնային օգնականով` Անտրոիտ սմարթֆոն-ի կամ ԱյՖոն-ի միջոցով: Անհրաժեշտ է մաքրե՞լ: Բաւական է պարզապէս ըսել. «Լա՛ւ, Կուկը՛լ, սկսէ փոշեկուլով մաքրել»: Կ՛ուզէք գիտնալ` լուացուա՞ծ է ձեր սիրած ճինզը: Հարցուցէ՛ք. «Լա՛ւ, Կուկը՛լ, իմ հագուստս մաքո՞ւր է», բացատրած է Կուկըլ Ասիսթընթ-ը մշակողներու խումբի ղեկավար Էպի Թանէյանը:
Ֆէյսպուք Կ՛ուղղէ
Օգտագործողներու Նկարները
Ֆէյսպուք օգտագործողները իրենց էջերու կողքերուն 360 աստիճանի լուսանկարներ տեղադրելու կարելիութիւն ունեցած են: Սակայն քանի որ նման լուսանկարները շատ յաճախ կատարեալ չեն ըլլար, ընկերային ցանցը մշակողները կը մշակեն արհեստագիտութիւն մը, որ կրնայ այսպիսի լուսանկարները ուղղել:
Ընկերութեան ներկայացուցիչները ըսած են, որ 360 աստիճանի լուսանկարներն ուղղելու մեթոտներու մշակման աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած: Այսպիսի լուսանկարներու ինքնագործ ուղղման ծրագիրը կ՛օգտագործէ Էյ.Այ.Ֆէյսպուքը:
Նկատի առնելով Ֆէյսպուքի հետաքրքրուածութիւնը 360 աստիճանի լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու նկատմամբ, լուսանկարներն ուղղող արհեստագիտութիւնը, հաւանաբար, պատրաստ կ՛ըլլայ մինչեւ այն ատեն, երբ մարդիկ կը սորվին ճիշդ լուսանկարել:
Էլ Ճիի Անծայրածիր
Պաստառով Սմարթֆոնը
Էլ.Ճի. ընկերութիւնը վերջերս ներկայացուց Էլ.Ճի. Վի.30 սմարթֆոնը, որ օժտուած է նոր թուայնացման սարքով:
Այս սարքը երկու նոր գործառոյթ ունի` թուային զտիչներ եւ լսողական կարգաւորիչներ: Ընկերութեան մասնագէտները ուսումնասիրած են տարածուած լսողական հնչիւնները եւ ներկայացուցած են լաւագոյն համադրումները:
Հարաւային քորէական ընկերութեան նորագոյն սմարթֆոնի ծրարին կը ներառուին Պի.Օ.Փլէյ բարձրորակ ականջակալները:
Բացի ատկէ` սմարթֆոնը կը ներկայանայ առանց սահմաններու պաստառով, նոյնպէս 16 եւ 13 մեկափիքսըլ կրկնակի տեսախցիկով եւ 5 մեկափիքսըլ դիմացի տեսախցիկով:
Ճափոնի Մէջ Այֆոն-ը`
Սափրուելու Համար
Ճափոնի մէջ ԱյՖոն-ը յարմարցուցած են սափրուելու համար: ԱյՖոն-ի համար նախատեսուած աքսեսուարներու շարքին մէջ նոյնպէս կը պատահին բաւական համարձակ լուծումներ:
Մշակողները զարմանալի միջոց մը մտածած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է սափրուիլ Լայթնինկի համար նախատեսուած սայրով:
Թհանքօ գրպանի սայրը հագեցած է Լայթնինկ միացուցիչով, որ կ՛ամրացուի ԱյՖոն-ի համապատասխան կողանցքին: Մասնագէտները շարժական սարքի վրայ տեղադրած են ածելիի միայն մէկ պլոք, ուրեմն կարծր, խիտ մազով տղամարդիկ աւելի լաւ է այս տեսակի սարքը չօգտագործեն:
Նորոյթը 9 տոլար կ՛արժէ:
Անիւով Խաղային Համակարգիչ
Էյսըր ընկերութիւնը վերջերս ներկայացուց Փրիտէյթըր Օրիոն 9000 համակարգիչը, որուն կաղապարին մէջ տեղաշարժման համար քանի մը անիւ տեղադրուած է:
Ըստ ընկերութեան ներկայացուցիչին, Փրիտէյթըր Օրիոն 9000-ը ներկայ դրութեամբ ամէնէն հզօր համակարգիչն է:
«Մենք ատոր վրայ իսկապէս փոքր անիւներ տեղադրած ենք: Այսպիսով, այդ փոքրիկ համակարգիչը մենք քիչ մը շարժուն դարձուցինք», յայտարարեցին ընկերութենէն:
Ցարդ չեն յայտնած Փրիտէյթըր Օրիոն 9000-ի յստակ արժէքն ու ատոր վաճառքի առաջին օրը: Յայտնի է միայն, որ ատիկա կը սկսի վաճառուիլ տարեվերջին, իսկ գինը` 2000-3000 տոլարի սահմաններուն մէջ:
«Էփըլ»-ի Նոր Այֆոնը
12 Սեպտեմբերին
Ամերիկեան «Էփըլ» ընկերութիւնը հաստատած է, որ նոր ԱյՖոն-ններու շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ 12 սեպտեմբերին:
«Կը հանդիպինք մեր մօտ: Ձեզ կը հրաւիրենք միանալ մեզի` «Սթիվ Ճոպզ» դահլիճին մէջ առաջին ձեռնարկին», ըսուած է «Էփըլ»-ի հրաւէրին մէջ:
Ատիկա կը նշանակէ, որ շնորհանդէսը կը դառնայ «Էփըլ»-ի նորակառոյց «Էփըլ փարք» կեդրոնին մէջ առաջին ձեռնարկը:
Կը նշուի, որ շնորհանդէսին ընկերութիւնը կը ներկայացնէ երեք նոր ԱյՖոններ` ԱյՖոն 7էս., ԱյՖոն 7էս փլաս եւ ԱյՖոն 8: Ըստ նախատեսումներու, նոր ԱյՖոն 8-ին մէջ պիտի ըլլան ամէնէն շատ փոփոխութիւնները, որոնց շարքին` առանց շրջանակի տիսփլէյ եւ գլխաւոր կոճակի բացակայութիւնը:
Կ՛ենթադրուի, թէ բացի ԱյՖոն-էն, «Էփըլ» կը ներկայացնէ «Էփըլ» Թի.Վի.-ի եւ սեփական բջիջային կապով «Էփըլ ուոչ»-ի նոր տարբերակը, որուն միջոցով սեփականատէրերը կրնան օգտագործել ժամացոյցը` առանց սմարթֆոն ունենալու անհրաժեշտութեան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Էփըլ» ընկերութիւնը մտադիր է նոր արտադրութիւններու ներկայացման իր տարեկան միջոցառումը կայացնել նորակառոյց շէնքին մէջ, որ ստացած է «Էփըլ փարք» անունը: Սմարթֆոններն ու այլ նորութիւններ կը ներկայացուին նորագոյն դահլիճին մէջ, որ անուանուած է ի պատիւ Սթիվ Ճոպզի: Նստելիք տեղերու մեծամասնութիւնը կը գտնուի ստորգետնեայ տարածքի մէջ: Շքեղ գրասենեակը տեղակայուած է բուսականութեամբ պատուած դաշտի կեդրոնը:
Օգտագործուած աղբիւրներ.
«Վըրճ», «Լայֆ», «Նիուզ» , «Թերթ» կայքեր: