Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պսակ» Ժողովածուն

Օգոստոս 29, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Իր «Կեանքի ուղիներով» շարքի երկրորդ հատորին մէջ(1) Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը:

1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը` նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի: Սգահանդէսի աւարտին կը յղացուի գաղափարը` Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին ժողովածու մը հրատարակելու: Կ’ընտրուի խմբագրական մարմին մը, որ կը բաղկանայ հինգ անդամէ` Խաչիկ Կարճիկեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Միշա Արզումանեան, Հայկ Թորոսեան եւ Սիմոն Վրացեան: Ժողովածուն պիտի կոչուէր «Պսակ»(2): «Խմբագրական մարմինի պարտականութիւնը պիտի լինէր հաւաքել եւ խմբագրել նիւթերը, ապահովել ծախսը եւ հոգալ ժողովածուի տպագրութեան բոլոր կարիքները»(3):Կարճիկեանն ու Արզումանեանը պիտի զբաղէին դրամ հաւաքելու գործով. Տէրտէրեանն ու Վրացեանը` յօդուած հաւաքելով:

Մեծ թիւով մտաւորականներ կ’ընդառաջեն խմբագրական մարմինի յօդուածագրութեան առաջարկին: Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան Պաքուի բանտէն կ’ուղարկէ երկու գրութիւն, Ռուբէն Զարդարեան`Պոլիսէն` գրական կտոր մը, Վահան Փափազեան` ուսումնասիրութիւն մը Թուրքիոյ ազգային եւ քաղաքական կազմի մասին, եւ ուրիշներ, որոնց գրութիւնները կը ներկայացնենք այս յօդուածով:

Խաչիկ Կարճիկեան եւ Միշա Արզումանեան չեն յաջողիր ապահովել ժողովածուին տպագրական ծախսերը` համալսարանական քննութիւններու եւ այլ զբաղումներու պատճառով: Ամբողջ աշխատանքը գործնականօրէն կը մնայ Սիմոն Վրացեանի վրայ(4): Կարելի է հաստատել, որ «Պսակ» ժողովածուի գլխաւոր խմբագիրը փաստօրէն Սիմոն Վրացեանն է: Իրեն օժանդակած է Համբարձում Տէրտէրեանը:

1910 մայիսի կէսերուն Ս. Վրացեան կը ստիպուի հեռանալ Փեթերսպուրկէն` «ոստիկանութեան ճանկը չընկնելու համար»: Ան իրեն հետ կ’առնէ ժողովածուի նիւթերը եւ իր դասընկերոջ` Միշա Արզումանեանին հետ կը մեկնի Մոսկուա:

Երկուքով կ’երթան Ե. Աւետիքեանի «Էլեքտրաշարժ» տպարանը: Տպարանատէրը հաշուելէ ետք ժողովածուի թերթերը, կու տայ գին մը, որ` «մեր կարողութիւնից վեր գումար էր»: Սակարկութիւնը երկար չի տեւեր սակայն: «Աւետիքեանը յանձն առաւ տպագրութեան սկսել փոքրիկ կանխավճարով: Մնացեալ գումարը պիտի վճարէինք ժողովածուի լոյս տեսնելուց յետոյ»(5):

Ժողովածուին տպագրութիւնը իր վախճանին չհասած, Սիմոն Վրացեան լուր կը ստանայ անմիջապէս հեռանալ Մոսկուայէն` ցարական կառավարութեան խստութիւններուն պատճառով: «Առանց սրբագրութիւնները լրացնելու, հաւաքեցի`  ինչ որ ունէի եւ ճանապարհ ընկայ ուղիղ դէպի Ռոստով-Նախիջեւան` մի քանի օր ծնողներիս հետ անցընելու համար եւ այնտեղ որոշելու անելիքս»(6): Հազիւ մէկ օր կը մնայ իր ծնողներուն հետ, երբ կը ստիպուի երթալ Խրիմ, ուրկէ` Պաթում, ապա`Պոլիս եւ վերջապէս` Կարին: Ժողովածուի վերջին մասի սրբագրութիւնը կը մնայ Միշա Արզումանեանին վրայ:

Կարին գտնուած ժամանակամիջոցին Սիմոն Վրացեան «Պսակ» ժողովածուի «մամուլի տակից լոյս տեսած առաջին թիւը կը ստանայ տպարանատէր Աւետիքեանի նամակին հետ միասին»(7): Տպարանատէրը կը յայտնէր, որ ժողովածուի տպագրութիւնը պատրաստ է: Տպուած է 3000 օրինակ եւ հրապարակ պիտի հանուի գրաքննիչէն արտօնութիւն ստանալէ եւ տպագրութեան ծախսը ստանալէ ետք: Գրաքննիչը` Գալուստ Կարպովիչ Չարըխեան, որ Վրացեանի յաճախած Թեմականի նախկին տեսուչն էր, եւ` «պետական խորհրդական եւ ասպետ», կ’արգիլէ ժողովածուին ցրւումը: Այդպէս է, որ Մոսկուայի ոստիկանական վարչութիւնը կը գրաւէ 2999 հատորները եւ կ’այրէ: Կը մնայ միայն մէկ օրինակ, որ, ինչպէս յայտնեցինք, Սիմոն Վրացեանին հասած էր Կարին, ուր եւ կազմել տուած էր զայն:

«Պսակ»-ի միակ օրինակը կ’ապրի ոդիսական մը եւս: «Կեանքի ուղիներով»-ը չի յիշատակեր այս պարագան: Ս. Վրացեան «Ճեմարանի թանգարանին» խորագրեալ մեքենագրուած էջի մը վրայ տեղեկութիւններ կու տայ «Պսակ» ժողովածուին մասին(8): Այս էջը կցուած է ժողովածուի վերջընթեր կողքին: Ան կը յայտնէ, որ 1914-ին, երբ պիտի վերադառնար Միացեալ Նահանգներէն, իր բոլոր գիրքերը (ներառեալ` «Պսակ»-ը) եւ գոյքերը կը թողու «Հայրենիք»-ի շէնքին մէջ: Գոյքերը, իբրեւ յիշատակ, Ամերիկայի ընկերները իրարու մէջ բաժնած են «եւ ի վերայ պատմուճանի վիճակս արկանէին»(9) կը գրէ Վրացեան իրեն յատուկ սրամտութեամբ: «Պսակ»-ն ալ, այլ գիրքերու հետ, տարած էին «գրասէրները»: «1956 սեպտեմբերին, տոքթ. Ա. Մարգարեան տուեց ինձ «Պսակ»-ը մէկ հատիկը` ամբողջ տիեզերքում»(9):

Այժմ «Պսակ»-ը կը գտնուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի թանգարանին մէջ:

***

«Պսակ» գրական-գիտական ժողովածուն, 264 էջ, ինչպէս խորագիրը կը թելադրէ, ունի երկու բաժին` գրական եւ գիտական-ուսումնասիրական: Թէեւ ժողովածուի ներքին էջին վրայ գրուած է` «Հրատարակութիւն` Պետերբուրգի մի խումբ ուսանողների», սակայն մէկ էջնոց յիշատակարանին վրայ Սիմոն Վրացեան կը յայտնէ, որ ատիկա հրատարակութիւնն է «Պետերբուրգի ՀՅԴ ուսանողութեան»:

Գրական բաժինին մէջ գրութիւններ ունին Աւետիս Ահարոնեան` «Յոգնութիւն (պարտուածներ սերիայից)», արձակ, Ոնոփրիոս Անոփեան` «Տերեւընկէցի ժամեր», բանաստեղծութիւն, Անոփեան նաեւ թարգմանած է Եան Կասպրովիչի «Իրիկնաժամի երգս» խորագրեալ երկար պոէման, Լէյլի` «***» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը. Ռուբէն Զարդարեան` «Բարձունքի փառաբանութիւն» ընդարձակ պոէման, Վ. Արեան (ըստ Սիմոն Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի)` «Մահը» խորագրեալ արձակ գրութիւնը, որ նուիրուած է Եղիշէ Թոփչեանին, Գ. Քեալաշեան ունի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը,  «կ.շ.-ից», «Բալմոնտից» եւ «* * * ». Մ. Մասուրեան` «Ջրապտոյտը», արձակ, Սիմ. Բաբիեան` «Քո դրան առաջ», բանաստեղծութիւն, Ա. Նալբանդեան` «Աչեր» եւ  «* * * » խորագրեալ բանաստեղծութիւնները, Հր. Ֆալեան` «Ողջակէզը» բանաստեղծութիւնը, Միստիկ` «* * * » բանաստեղծութիւնը, վերջապէս` Յովս. Միրզոյեան` «Էքսելսի՛որ» բանաստեղծութիւնը, որ թարգմանուած է անգլերէնէ:

***

«Պսակ»-ի գիտական բաժինը աւելի ընդարձակ է. ընդհանրապէս ուսումնասիրութիւններ են` ազգային, ազգագրական, ընկերային եւ տնտեսական նիւթերու վրայ բաժնուած: Գալիք էջերուն մէջ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնները:

Այս բաժինի առաջին գրութեան հեղինակն է Վահ.[ան] Փափազեան, որ ուսումնասիրած է «Ազգերը Թիւրքիայում» նիւթը: Ասիկա ընկերային-քաղաքական թռուցիկ տեսութիւն է Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերու մասին: Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան առաջին իսկ տողէն կը հաստատէ, որ` «ազգութիւններու (իմա՛ ազգերու) հարցը Թուրքիայում սկզբից ի վեր Երիտասարդ թուրքերի ամենածանր մտահոգութեան առարկան է եղել»(10): Երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը ամէն գնով կը ձգտի խեղդել ազգայնական պայքարը. այդպէս է, որ հրապարակ նետած է «օսմանցիութեան» տարազը: Սակայն զուտ թրքական խորհրդարան ունենալու ջանքերը պատճառ եղան, որ հրահրուի ազգային հարցը: Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան գլխաւոր ազգերէն արաբները, քիւրտերը, յոյները եւ պուլկարները իրենք զիրենք օսմանցի չեն նկատեր, այլ կապուած են իրենց ազգին եւ երկրին: Կը մնան հայերը,  որ եթէ ուզեն իսկ, աշխարհագրական եւ ազգագրական անկարելիութեան պատճառով չեն կրնար անջատում ցանկալ: Անկախութեան ձգտումներու ծագման եւ զարգացման մէջ, իբրեւ ընդհանուր օրէնք, մեծ դեր կը խաղայ ազգերու միատարր ըլլալը: Երիտասարդ թուրքերը մահմետական գաղթականներ տեղաւորեցին քրիստոնեայ միատարր շրջաններու մէջ այն աստիճան, որ մէկ-երկու տարիէն անոնք կը հեղեղեն եւրոպական եւ ասիական Թուրքիոյ քրիստոնէաբնակ մասերը:

Հեղինակը կը ներկայացնէ կայսրութեան ընկերատնտեսական կացութիւնը, դասակարգերը, շահագործման եւ կեղեքումի ձեւերը: Ինչ կը վերաբերի հայ քաղքենի դասակարգին (ամիրաներէն սկսեալ), ան իր ուժը կեդրոնացուցած է պատրիարքարանին վրայ. անիկա վնասակար կը գտնէ քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ կը պահանջէ, որ անոնք ձուլուին պատրիարքարանին մէջ: Այսօր կղերապահպանողական ոգին կը սաւառնի մա- նաւանդ կեդրոնական վայրերու մէջ(11): Փափազեան կը հաստատէ, որ հայերու եւ պուլկարներու ապագան կը կայանայ գաւառին մէջ, որ ուղղութիւն պիտի տայ կեդրոնին` մտաւորական-հասարակական  խնդիրներու մէջ:

Իշխող տարրը ` Իթթիհատ վէ թերաքքը, լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի փոքր ազգերու արտաքին-գաղտնի եւ ներքին-խորհրդարանական գործունէութեան` աշխատելով չէզոքացնել անոնց ազգայնական քայլերը: Արդեօք երիտասարդ թուրքերը պիտի յաջողի՞ն օսմանցիացնել քրիստոնեայ եւ մահմետական ազգերը: Վերջիններուն մէջ կան ոմանք, որոնց մէջ չափազանց զօրաւոր է ազգայնական ոգին` ազգայնամոլութեան հասնելու չափ(12): Արաբները, քիւրտերը եւ ալպանները, թէեւ քաղաքակրթական տեսակէտէ աւելի ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, սակայն անոնք միատարր են, ունին փառաւոր անցեալ: Քրիստոնեայ ազգերը կը ձգտին իրենց գոյութիւնը պահպանել քաղաքակրթական գերազանցութեամբ, ներքին ինքնավարութեամբ եւ տնտեսական նուաճումներով, իսկ մահմետականները` քաղաքական ինքնուրոյնութեան կեդրոնախոյս ձգտումներով: Երիտասարդ թուրքերը պիտի պայքարին երկու թեւի վրայ, մէկ կողմէ քաղաքակրթական, միւս կողմէ` քաղաքացիական: Բոլոր պարագաներուն, պայքարը աւելի եւ աւելի սուր կերպարանք պիտի ստանայ, բան մը, որուն նախօրեակին ենք:

Ն. Ա.13 ուսումնասիրած է «Պարսկաստան»-ը: Ան կը յայտնէ, որ Պարսկաստանի մէջ հինէն ի վեր գոյութիւն ունի չորս դասակարգ` ազնուական, հողագործ, հոգեւորական եւ առեւտրական: Երկու տեսակ ազնուականութիւն կայ ` արիւնի եւ դիպուածի: Արիւնի ազնուականները այլեւայլ ցեղերու գլխաւորներն են, իսկ դիպուածի ազնուականները անոնք են, որոնք ժամանակի ընթացքին գիւղերու եւ ագարակներու տէր դարձած են: Գիւղացին չունի իր սեփական հողը, որ կը պատկանի ազնուականին, հոգեւորականին, դրամատէրին կամ պետութեան: Գիւղացին կը ստանայ չնչին վարձատրութիւն(14):

Շատ զօրաւոր դասակարգ է պարսիկ հոգեւորականութիւնը: Ան ունի հողեր եւ կ’իշխէ ժողովուրդի սիրտին ու միտքին վրայ: Հոգեւորականը միեւնոյն ատեն Պարսկաստանի մտաւորական դասն է. դպրոցները կը գտնուին անոր հակակշիռին տակ:

Առեւտրական դասակարգը բաւական մեծ թիւ կը կազմէ եւ կեդրոնացած է քաղաքներուն մէջ: Անոր ձեռքին կը գտնուի երկրին դրամագլուխը:

Վերոյիշեալ դասակարգերու յարաբերութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան: Ազնուականները, կեանքի նոր պահանջներէն մեկնելով` կարիքը կը զգան հնչուն դրամի. գիւղացին աւելի կը շահագործուի. հոգեւորականին ազդեցութիւնը կը թուլնայ, իսկ առեւտրական դասին մէջ երեւան կու գան ազգային ինքնագիտակցութեան նշաններ: Դասակարգերու յարաբերութեան մէջ ծնունդ կ’առնեն միջնորդներ, իսկ առեւտրական դասակարգը հետզհետէ կը զօրանայ: Հակամարտ դասերու մրցակցութենէն կը ծնի սահմանադրու- թիւն ունենալու հարցը: Պարսկաստանի մէջ չկայ հարկերու արդար եւ համաչափ բաշխում: Իսկ հարկերը մեծաւ մասամբ գանձարան չեն մտներ:

Երկիրը հնարաւորութիւն չունի իր տնտեսական վիճակը բարելաւելու: Ներածումները աւելի շատ են, քան` արտածումները: Դրամական առումով, երկիրը կը քայքայուի եւ կ’ընթանայ դէպի սնանկութիւն:

Ելեւմտական այս թշուառ վիճակին առընթեր, վարչական նոյնքան թշուառ դրութիւն մը գոյութիւն ունի:Պարսկաստանը մինչեւ այսօր եւրոպական իմաստով չէ ճանչցած կառավարութիւն եւ վարչութիւն: Կաշառակեր են կառավարական պաշտօնեաները: Այլ երկիրներու մէջ յեղափոխութիւնները կը նպատակադրեն նորոգել հին կառավարութիւնները, մինչդեռ Պարսկաստանի մէջ ո՛չ կառավարութիւն կայ, ո՛չ օրէնք, ո՛չ գործադիր եւ ո՛չ դատական իշխանութիւն: Եփրեմի(15)  ստեղծած նոր խորհրդարանը դարձեալ կազմուած է անկարող մարդոցմէ: Կը պակսի ընդհանուր հայրենիքի եւ համապետական շահերու անկեղծ գիտակցութիւնը, որովհետեւ ամէն մարդ կը հետապնդէ իր անձնական շահերը(16):

Ն. Ա. իր ուսումնասիրութեան վերջին բաժինով կը ներկայացնէ առաջարկներ` երկրի բարելաւման համար: Այդ առաջարկներն են.

Առաջին. ստեղծել զօրաւոր իշխանութիւն, որուն հնազանդին բոլորը, եւ որ, իր կարգին, հնազանդի խորհրդարանին: Իշխանութիւնը պէտք է որ ունենայ հմայք եւ բոլորին մէջ արթնցնէ Իրանի քաղաքացիութեան գաղափարը:

Երկրորդ. Պարսկաստանի մէջ պէտք է ստեղծել զօրաւոր բանակ, որմէ պատկառին բոլոր իրանցիները, եւ որուն մաս կազմեն բոլոր իրանցիները անխտիր: Բանակը պէտք է ենթարկուի իր հրամանատարին եւ այս վերջինը` խորհրդարանին: Աւելի՛ն. բանակը իր իշխանութիւնը պէտք է հաստատէ բոլոր ցեղապետներուն վրայ:

Երրորդ. լաւ բանակ ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ դրամ: Ասիկա չի կրնար գոյանալ արտաքին փոխառութիւններով, այլ պէտք է գոյանայ ներքին միջոցներով: Պէտք է փոխել երկրին հարկային դրութիւնը եւ կազմակերպել հարկերու գանձումը: Բարեկարգումները պէտք է կատարել աստիճանական կերպով:

Չորրորդ. ապակեդրոնացնել երկրին վարչութիւնը` լայն ինքնավարման հիմքերով: Ասիկա կը նպաստէ, որ արթննան քաղաքական-վարչական քնացած կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ խթանուի անոնց կորովը: Այս ձեւով գաւառն ու քաղաքները կարելիութիւն կ’ունենան զարգանալու:

Հինգերորդ. ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգութեան պէտք է յաջորդէ ժողովրդական կրթութեան վերակազմութիւնը, այսինքն` դպրոցի աշխարհականացումը:

Վեցերորդ. ստեղծել ընտրովի դատարաններ, որոնք դուրս մնան հոգեւորականներու իրաւասութեան սահմաններէն:

(Շար. 1)

Արտատպուած «Բագին»-էն

1.- Ս. Վրացեան, «Կեանքի ուղիներով», դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ, Բ. հատոր, տպարան Մշակ, 1960, էջ 121-127:
2.- Նոյն տեղ, էջ 122:
3.- Նոյն տեղ:
4.- Նոյն տեղ, էջ 126-127:
5.- Նոյն տեղ, էջ 125:
6.- Նոյն տեղ, էջ 126:
7 Նոյն տեղ:
8.- Տեսնել «Պսակ» ժողովածուի ներսի վերջին կողքը:
9.- Նոյն տեղ:
10.- «Պսակ» գրական-գիտական ժողովածու, Մոսկուա, «Էլեքտրաշարժ» տպարան Ե. Աւետիքեանի, 1910, էջ 57:
11.- Նոյն տեղ, էջ 72:
12.- Նոյն տեղ, էջ 76:
13.- Ըստ Ս. Վրացեանի, Ն. Ա. Նիկոլ Աղբալեանն է: Տեսնել «Ճեմարանի թանգարանին», անդ:
14.- «Պսակ», անդ, էջ 78-79:
15.- Ակնարկութիւնը կ’երթայ Եփրեմ Խան Դաւթեանցին (1869-1912), որ Պարսկաստանի մէջ սահմանադրական (խորհրդարանական) կարգ հաստատեց 1909-1912:
16.- «Պսակ», անդ, էջ 87:
Նախորդը

Հայրենի Լուրեր

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայը Ինչո՞ւ Կը Շուարի

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?