Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Զարմանալի չէ, քանի որ հեղինակը տարիներ շարունակ գաղտնակից եղած է ՕՓԵԿ-ի մէջ տեղի ունեցող սադրանքներուն եւ ետեւի սենեակի համաձայնութիւններուն:
Ի՞նչ կը պատահի, երբ հանրածանօթ ուժանիւթի խորհրդատու մը վիպագիր կը դառնայ: Ի՞նչ կը պատահի, երբ ան կ՛օգտագործէ հին պատմութիւններու, կապերու, խորհրդաժողովներու եւ նոյնիսկ սիրոյ փորձառութիւնը եւ ատիկա կը վերածէ իսկական վէպի մը, ուր ՕՓԵԿ եւ Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը հիմնական կերպարներ են:
Արդիւնքը «Սուրբ աւազները» գիրքն է` գրուած Վահան Զանոյեանի կողմէ, պաշտօնաթող «համաշխարհային ուժանիւթի մասնագէտ մը` աւելի քան 35 տարուան փորձառութեամբ, իբրեւ խորհրդատու բազմաթիւ միջազգային եւ ազգային քարիւղի ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ այլ հանրային եւ սեփական ընկերութիւններու մէջ»: Ան նաեւ ընկերս է:
Զարմանալիօրէն չկան բազմաթիւ վէպեր, ուր ՕՓԵԿ եւ քարիւղի քաղաքականութիւնը կեդրոնական նիւթն են, թերեւս միայն «Տը քրեշ 79» (Փոլ Ըրտմեն), որ այսօր կը կարդացուի իբրեւ առօրեայ նիւթ: Պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ 1980-ականներու աւարտին, կը բացատրէ, որ ինչպէս «հում քարիւղի քանի մը մեծագոյն արտահանողներ կը դաւակցին քարիւղին գինը նուազեցնելու», ՕՓԵԿ-ի եւ այլ արտադրողներու ձախողութենէն ետք:
«Սուրբ աւազները» վէպին հիմնական կերպարը ամերիկացի Ճէյմս Պլեքպըրն է, որ` «խորհուրդ կու տայ քարիւղի առեւտրականներուն, քարիւղ արտադրող կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ին եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` բացայայտել Միջին Արեւելքի մէջ ծագող հակամարտութիւն մը» Իրան-Իրաք պատերազմի եւ յաջորդող երկու պատերազմներուն աւարտին:
Ամբողջ տեւողութեան ընթացքին քաղաքականութեան եւ քարիւղի գինի շարժումներուն վրայ ազդեցութիւնը կը նմանի ատիկա կարդալ մասնագիտացած զեկոյցի մը մէջ: Սիրոյ տարրը կու գայ ՕՓԵԿ-ի աշխատակիցի մը միջոցով, որ նոյնպէս կը ծառայէ իբրեւ Պլեքպըրնի աղբիւր: Յարաբերութեան մէջ տեղի ունեցած վէճերը լայն են` քարիւղի շուկային մէջ տեղի ունեցող վէճերուն կամ յաճախորդներու տարբեր հետաքրքրութիւններուն նման:
Ես գրական քննադատ մը չեմ եւ ատիկա կը ձգեմ ընթերցողներուն կամ աւելի մասնագիտացած անհատներու: Բայց ես հետաքրքրուած եմ այս գիրքին կարեւոր դասերով: Ետեւի կողքը մեզի կ՛ըսէ, որ «ներքին ակնարկ մը նետելով արտաքին քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքականացուած քարիւղի արդիւնաբերութեան` «Սուրբ աւազները» գիրքը տարբեր տեսակի առեղծուած մըն է, որ կը դաստիարակէ եւ կը զուարճացնէ միաժամանակ եւ մեզ կ՛ազդարարէ` մեր պատմութենէն զգուշանալ, նախքան, որ ատիկա դառնայ մեր ապագան»:
Մենք գիտենք, թէ ինչպէ՛ս աշխարհաքաղաքական գործօնները ունին եւ կը շարունակեն ունենալ մեծ ազդեցութիւն մը` քարիւղի շուկաներուն վրայ, եւ այս վէպը լի է ատոր մասին փաստերով: ՕՓԵԿ յաճախ կը գանգատի ապագայի շուկային շահադէտներուն մասին, եւ վէպը մեզի յափշտակիչ մանրամասնութիւններով կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առեւտրականները առաջ կը քշեն գինի շարժումները, ինչ որ քարիւղի շուկայի մասնակիցներուն կորսնցնել կամ շահիլ կու տայ միլիոներ:
Յաճախ կը լսենք «հեճ ֆանտ»-երու եւ անոնց դերին մասին` քարիւղի շուկայի գործողութիւններուն մէջ: Անոնք արտադրողին ապագայի գումար մը կ՛ապահովեն` փոքր վճարումի մը փոխարէն: Եթէ գինը նուազի, արտադրողը միայն այդ գումարը կը կորսնցնէ, բայց եթէ գինը բարձրանայ, աճը հաւասարապէս կը բաժնուի արտադրողին եւ «հեճ ֆանտ»-ին միջեւ: Վէպը ասոնք կը բացատրէ իր կերպարներուն ընդմէջէն, ինչպէս` տնտեսագիտութեան դասագիրք մը:
ՕՓԵԿ-ի ժողովները, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնց կը հետեւին խորհրդատուները, ընկերութեան ներկայացուցիչները, առեւտրականները եւ լրատուամիջոցները, հիմնական բաժինը կը գրաւեն մէկէ աւելի գլուխի մէջ: Վիեննայի պանդոկի մը նախասրահները հիմնական վայրերն են, ուրկէ կարելի է հետեւիլ անցուդարձերուն: Կարդալով վէպին այս բաժինը` կը զգայի, որ իսկապէս կ՛ապրիմ 1987 թուականի այդ իրադարձութիւնները, երբ կ՛աշխատէի ՕՓԵԿ-ի քարտուղարութեան մէջ:
Սպառողին կողմը չէ մոռցուած, եւ գրողը մեզ կը տանի Ճափոն` քարիւղի արտադրութեան սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունեցող, արհեստագիտապէս յառաջատար քարիւղ արդիւնահանող երկիր մը: Այնտեղ քարիւղի հիմնական ընկերութիւնները դիտմամբ բացառուած են ճափոնական ընկերութիւններուն մէջ մասնաբաժին ունենալէ: Ճափոնի ձեւը ատիկա փոխելու` տեղեկատուական է եւ Ճափոնի ընկերութիւններուն եւ պետական մարմիններուն միջեւ տեղի ունեցող համաձայնութիւնները եւ տարաձայնութիւնները ներկայացուած են այս գիրքին մէջ:
Հեղինակը` Զանոյեան, վերջերս հրաւիրուած էր Ժընեւի Ուեպսթըր համալսարան` ներկայացնելու իր գիրքը, «Համաշխարհային ուժանիւթի տնտեսութիւն» դասանիւթին հետեւող ուսանողներուն: Վէպը շատ կը նմանի «հում քարիւղի քաղաքական տնտեսութիւնը» դասագիրքի մը, ուր թեքնիք վերլուծումը նուազ կարեւոր է, քան` «քաղաքականութեան երեւոյթները, աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնը առեւտրական մեծ շահերու մրցակցային միջավայրը եւ ռազմավարական մարտահրաւէրները, որոնք պետական եւ առեւտրական տարրերը կը դիմակայեն»:
Զանոյեանի կերպարներուն ընտրանքը այնքան իսկական է, եւ ես հեշտութեամբ կրնամ անոնք կապել մեծ թիւով իսկական անհատներու: Ինծի յատկացուած տեղին մէջ դժուար է այս գիրքին ճիշդ արժէքը տալ, բայց կը յուսայի, որ գրողը աւելի ներքին պատմութիւններ պատմէր ՕՓԵԿ-ի մասին եւ աւելի նուազ անդրադառնար Միջին Արեւելքի դժբախտ պատմութեան»:
Գրողը Վիեննայի մէջ ՕՓԵԿ-ի քարտուղարութեան Ուժանիւթի հետազօտութիւններու բաժանմունքի նախկին ղեկավարն է:
ՍԱԱՏԱԼԼԱՀ ՖԱԹՀԻ
Յատուկ` «Կոլֆ Նիուզ»-ին համար
Նիւ Եորքի Քոլոմպիա Համալսարանի
Փրոֆ. Կերի Սիքի Ակնարկը «Կուտրիծ»-ի ՄէջՎահան Զանոյեան, նախքան գրող դառնալը, եղած է ուժանիւթի վերլուծաբան, որ ունէր իր սեփական խորհրդատուութեան ընկերութիւնը, մասնագիտացած` Միջին Արեւելքի հարցերով: Այս գիրքով ան մեզի կը տանի այդ աշխարհը` Միջին Արեւելքի քարիւղի քաղաքականութեան տագնապային շրջանին: Հակառակ այն հեղինակներուն, որոնք նիւթը կ՛արծարծեն պարզապէս բաւարար հետազօտութեամբ, Զանոյեան լաւատեղեակ է իր նիւթին մասին, եւ մանրամասնութիւնները ուշագրաւօրէն ճշգրիտ են: Գիրքը նաեւ հետաքրքրական հեքիաթ մըն է, ակնարկ մըն է ետեւի խորագիրներուն, եւ շատ լաւ գրուած է:
Մայքըլ Շուլման,
«Մանհաթըն Պուք Ռիվիու»
Վահան Զանոյեանի «Սուրբ աւազները» բացառիկ քաղաքական վէպ է, որ կ՛արծարծէ աշխարհի ամէնէն ուժեղ արդիւնաբերութեան` քարիւղի առեւտուրի գաղտնի աշխարհը: Պատմութեան հերոսն է ուժանիւթի խորհրդատու Ճէյմս Պլեքպըրն, որուն պարտականութիւնն է ներթափանցել ՕՓԵԿ` բացայայտելու մեծ դաւադրութիւն մը, որ կը խոնարհեցնէ Միացեալ Նահանգները եւ աշխարհի տնտեսութիւնները եւ աւելի կ՛ապակայունացնէ արդէն փխրուն Միջին Արեւելքը: Մինչ Պլեքպըրն կը զբաղի ետին բանակցութիւններով, ան ականատես կ՛ըլլայ ՕՓԵԿ-ի եւ աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ դաւադրութեան: Բարդացնելու համար հարցերը` Պլեքպըրն կը սիրահարի ՕՓԵԿ-ի աշխատակիցի մը եւ այլ կնոջ մը, եւ այս սիրավէպը կրնայ իր առաքելութիւնը վտանգել:
Զանոյեան իբրեւ ուժանիւթի խորհրդատու` կը գրէ շատ հաւատալի ուրուագիծ մը: Մինչ այս գիրքը աւելի կը կեդրոնանայ տարբեր տարրերու միջեւ բանակցութիւններուն վրայ, այդուամենայնիւ հաճելի է ընթերցումը: Ատոր պատճառով պատմութիւնը կը թուի, որ կ՛ընթանայ դանդաղօրէն, բայց կերպարի զարգացումը շատ զօրաւոր է: Իւրաքանչիւր հիմնական կերպար իր սեփական օրակարգը ունի, եւ երբեմն դժուար է բացայայտել, մինչեւ որ անոր սեփական օրակարգը աւարտի:
Կարդալով Զանոյեանի գիրքը` ես շատ բան սորվեցայ քարիւղի արդիւնաբերութեան գաղտնի աշխարհին մասին, թէ` ինչպէ՞ս համաձայնութիւնները տեղի կ՛ունենան, եւ ինչպէ՞ս ՕՓԵԿ կը շահարկէ տարբեր կառավարութիւնները` իր սեփական օգտին համար: Ես անպայման կը յանձնարարեմ «Սուրբ աւազները» բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են քաղաքականութեան եւ արդիւնաբերութեան վարագոյրի ետի աշխարհով: