Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր , «Զուարճալի Պատմութիւններ Յօրինողը» (Հեղինակ` Նորեկ Գասպարեան)

Օգոստոս 30, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ստեփանակերտի մէջ լոյս տեսաւ բանաստեղծ Նորեկ Գասպարեանի «Զուարճալի պատմութիւններ յօրինողը» գիրքը, բաղկացած` 383 էջերէ: Խմբագիր` Վարդան Յակոբեան:

Նորեկ Գասպարեան կ՛ըսէ, որ բանաստեղծ մարդու համար մինակ մնալը ուղղակի վտանգաւոր է, որովհետեւ ատիկա անսովոր երեւոյթ է, նոյնիսկ` անհասկնալի, անբացատրելի, անտրամաբանական: Անընդհատ առանձնութիւն փնտռող ու ազատութիւն տենչացող մարդը առանձին մնալով ինքզինք կը կորսնցնէ, կը դառնայ ծիծաղելի ու ողբերգական: Առանձնութիւն կոչուող տարածքը ուղղակի անխնայ կը յօշոտէ զինք, կ՛ենթարկէ նորանոր ու թարմ փորձութիւններու, նուաստացուցիչ խաղեր կը խաղայ, գրած ամէն մէկ տողը ու բանաստեղծութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ ժամանակի ամէնէն խեղճ ու տկար միտքը:

Գասպարեան կը շարունակէ ըսելով, որ բանաստեղծը նաեւ ժամանակի փրկիչն է: Իսկ ողբերգական է, երբ որոշ պալատականներու կը թուի, որ բանաստեղծը հասարակութիւնը զուարճացնելու համար է, համարեա` ծաղրածու, այսինքն` անտուն, անհասցէ, անլուրջ, անհոգ, անիմաստ, անճարակ մէկը հազարներուն մէջ, եւ կարելի է զայն հալածել, քարկոծել, ներկել, դնել երկաթէ վանդակի մէջ ու տանիլ երկրէ երկիր, զարմացած, անտարբեր ամբոխը համոզել, որ ան ուղղակի հրաշքով պահպանուած եզակի ցուցանմուշ է քարանձաւներէն մնացած:

Գասպարեան կը նշէ, որ պալատական, մոլագար, թշուառ մարդիկ մէկ-մէկ մտած են բանաստեղծներու մենութեան տարածքները ու փորձած քարուքանդ ընել դարերով ստեղծուած քաղաքակրթութիւնը, համամարդկային արժէքները, ժամանակէն առաջ անցած մտածողութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը:

Ըլլալ, թէ` չըլլալ, կ՛ըսէ բանաստեղծը եւ կ՛աւելցնէ. անձնասպանութիւն չենք գործեր, անառիկ կը պահենք մեր առանձնութեան տարածքները, կ՛ապաշխարենք եւ առանց վարանելու կ՛ըսենք թագաւորը մերկ է, եթէ թագաւորը իսկապէս մերկ է:

Ուրեմն ըլլալ, կը հաստատէ բանաստեղծը. այլ տարբերակ չկայ: Միայն ըլլալ: Ատիկա է տիեզերքի իմաստը. նաեւ` ապաշխարանքը. իսկ բանաստեղծութիւնը, հաստատ, ապաշխարանք է, հաց, ծաղիկ, կին, մխիթարանք, երկիր, տուն, արժանապատուութիւն, եւ այդ ամէնը ձրի բաժնուող, բոլորին անմնացորդ տրուող, աւելի ճիշդ` շնորհուող: Ամէն ինչ կրկին սկսելու ցանկութիւնը ուժեղ է ու անզուսպ. դիմադրել հնարաւոր չէ. եւ ատիկա Աստուծոյ տաք ու կաւաբոյր ձեռքը կարօտնալն է: Իրեն նման մէկը ստեղծագործելու ներշնչանքի մէջ օծուելու միամտութենէն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Յիշողութիւններ 1878-1924» (Հեղինակ` Յակոբ Սառիկեան)

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?