ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն աշխարհի մէջ հրատապ հարցի վերածուած են Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքերու եւ միջուկային ու հեռու հասողութեամբ հրթիռներու փորձարկումները եւ Փիոնկեանկի ու Ուաշինկթընի միջեւ փոխանակուած փոխադարձ սպառնալիքները: Այս առիթով, այժմէական եւ հետաքրքրական է ծանօթանալ Քորէայի եւ քորէացի ժողովուրդին, անոր պատմութեան, Բ. Աշխարհամարտի աւարտին` Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու կազմաւորման, եւ այնուհետեւ` 1950-1953-ի քորէական պատերազմին եւ երկու Քորէաներու զարգացման հոլովոյթին:
***
Քորէա թերակղզի մըն է հիւսիս-արեւելեան Ասիոյ մէջ: Հիւսիսը Եալու (Ամնոք) գետը Չինաստանի հետ, իսկ Թումէն (Տուման) գետը Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ սահման է: Արեւմտեան կողմը Դեղին ծովն է, հարաւը` Արեւելեան Չինական ծովը եւ Քորէական նեղուցը, արեւելքը` Ճափոնական ծովը: Թերակղզիին արեւելեան ափերը լեռնոտ են, արեւմուտքը` հարթ եւ կտրատուած: Նաւագնացութեան համար յարմար ծովախորշերը կը գտնուին հիւսիսային եւ հարաւային մասերուն մէջ: Արեւմուտքի մէջ նաւագնացութիւնը կը դժուարանայ մակընթացութեան ուժեղ ալիքներու պատճառով: Հարաւային եւ արեւմտեան ափերու երկայնքին տարածուած են բազմաթիւ կղզիներ:
Մակերեւոյթը լեռնային է: Հիւսիսի մէջ` Հիւսիս-Քորէական, արեւելքի մէջ` Արեւելա-Քորէական լեռներն են: Փեքու լեռը, Չինաստանի սահմանին վրայ, ունի 2744 մեթր բարձրութիւն: Փեքուէն հարաւ Կեմայի բարձրաւանդակն է: Կեմայէն հարաւ, թերակղզիի արեւելեան երկայնքին Պաքտուտական լեռնաշղթան է: Սոպեք լեռ` 1439 մեթր, Քումկանկ` 1638 մեթր, Սորաք` 1708 մեթր, Թեպաք` 1567 մեթր եւ Ճիրի լեռ` 1915 մեթր բարձրութեամբ: Թերակղզիին արեւմտեան եւ հարաւային շրջանները դաշտեր եւ հարթավայրեր են: Գետերը` Եալու, Թումէն, Չոնկչոն, Թետոնկ, Հան, Կում, Եոնկսան, Սոմճին եւ Նաքտոնկ, լեռներէն դէպի դաշտերը հոսելով կ՛ոռոգեն բրինձի դաշտերը. նաւարկելի են:
Ճեճու կղզին, թերակղզիին հարաւը, հրաբխային է. Հալլա լեռը ունի 1950 մեթր բարձրութիւն: Ուլլունկ կղզին եւս, Ճափոնական ծովուն մէջ, հրաբխային է:
Երկրի տարածութեան մեծ մասը խիտ անտառներով ծածկուած է: Կենդանական աշխարհը հարուստ է ու բազմազան` վագր, ընձառիւծ, արջ, լուսան, բծաւոր եղջերու, մարալ, մշկայծեամ, թռչուններ եւ ձուկեր:
Ձմեռը, դեկտեմբերի սկիզբէն մարտի վերջը, հիւսիսային շրջաններուն մէջ սաստիկ ցուրտ է եւ ձիւնառատ, եւ հիւսիսի լեռներուն վրայ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 30-էն 40 աստիճան կ՛իջնէ. հարաւի մէջ աւելի մեղմ է եւ զերոյէն վար մինչեւ 4-էն 5 աստիճան կ՛իջնէ: Ամառը, յունիսէն օգոստոս, մեղմ տաք է. հիւսիսի մէջ` մինչեւ 22 աստիճան, հարաւի մէջ` 26 աստիճան: Գարունը եւ աշունը հաճելի են: Զօրաւոր հովերն ու փոթորիկները կը սկսին ամրան վերջաւորութեան եւ տեղատարափ անձրեւներ կը հոսին. տարեկան տեղումները 700-էն 1500 միլլիմեթր են:
***
Քորէացի ժողովուրդը աւանդութեան համաձայն Հուան Ունկ աստուծմէ սերած է: Հուան Ունկ երբ աշխարհ եկաւ վագր մը եւ արջ մը կ՛ապրէին քարայրի մը մէջ: Անոնք պաշտպանեցին Հուան Ունկը եւ օգնեցին անոր, որ այլափոխուի եւ մարդկային կերպարանք առնէ: Հուան Ունկ վագրին եւ արջին ըսաւ, որ եթէ հարիւր օր արեւ չտեսնեն եւ քսան պճեղ սխտոր ուտեն իրենք եւս մարդկային կերպարանք կ՛առնեն: Այսպիսով արջը դարձաւ կին, բայց վագրը մնաց անասուն, որովհետեւ չկատարեց Հուան Ունկի ցուցմունքը: Կին դարձած արջը ամուսնացաւ Հուան Ունկի հետ եւ ծնաւ Թանկունը: Թանկուն Ն. Ք. 2333-ին Չոսոն («առաւօտեան զովութեան երկիր») թագաւորութիւնը հաստատեց ներկայ Փիոնկեանկի շրջանին մէջ:
Չինական Հան կայսրութիւնը Ն. Ք. 108-ին նուաճեց Չոսոնը: Այնուհետեւ կազմաւորուեցան Կոկուրիօ, Պեքճէ եւ Սիլլա թագաւորութիւնները: Կոկուրիօ կ՛ընդգրկէր Քորէա թերակղզիին հիւսիսային շրջանները, Մանչուրիան եւ Լիաոտոնկ թերակղզին, իսկ Պեքճէ եւ Սիլլա` հարաւային շրջանները: Պեքճէ ծովային մեծ ուժ էր:
Կոկուրիօ Ե. դարուն իր զօրութեան գագաթնակէտին հասաւ, իր սահմանները հասցնելով մինչեւ Մոնկոլիա: Կուանկեթօ Մեծ եւ որդին` Ճանկսու նուաճեցին Պեքճէն եւ Սիլլան: Կոկուրիօ նաեւ յաղթական պատերազմներ մղեց Չինաստանի դէմ: Հետագային Կոկուրիօ տկարացաւ. Չինաստան եւ Սիլլա միացան եւ 668-ին նուաճեցին զայն:
Կոկուրիոյի նուաճումէն ետք Չինաստան եւ Սիլլա պայքարի դաշտ իջան Քորէական թերակղզիին վրայ տիրապետութիւն հաստատելու համար: Սիլլա 676-ին չինացիները դուրս քշեց եւ իր տիրապետութիւնը հաստատեց Քորէական թերակղզիի մեծ մասին վրայ:
Սիլլայի թագաւորութեան ժամանակ սկսաւ քորէական մշակոյթի ոսկեդարը: Պուտտայականութիւնը պաշտօնական կրօն հռչակուեցաւ եւ գեղակերտ վանքեր կառուցուեցան: Ծովային առեւտուրը զարգացաւ եւ առեւտրական կապեր հաստատուեցան Ճափոնի, Չինաստանի եւ մինչեւ Աբասեան խալիֆայութեան հետ: Քորէական համայնքներ հաստատուեցան Չինաստանի Շանտոնկ թերակղզիին մէջ եւ Եանկցէ գետի ափերուն:
Սիլլա աշխարհի ամէնէն հարուստ թագաւորութիւններէն կը նկատուէր եւ մայրաքաղաք Կիոնկճու աշխարհի չորրորդ մեծագոյն քաղաքն էր:
Սիլլայի թագաւորութիւնը սկսաւ տկարանալ, երբ գահի ժառանգութեան համար կռիւներ սկսան եւ տեղական փոքր իշխանութիւններ կազմաւորուեցան: Կոկուրիոյի հին ազնուականներէն սերած Վանկ Կոն 918-ին Կորիօ պետութիւնը հիմնեց, նուաճեց իր մրցակիցները եւ 935-ին միաւորեց Քորէական թերակղզին: Քեսոնկ դարձաւ մայրաքաղաք:
Կորիօ թագաւորութեան ժամանակ օրինագիրք կազմուեցաւ եւ քաղաքային ծառայութեան դրութիւն հաստատուեցաւ: Պուտտայականութիւնը ծաղկեցաւ եւ տարածուեցաւ թերակղզիի չորս ծագերուն:
Խիթաններ 993-ին, 1009-ին եւ 1018-ին ներխուժեցին Քորէա, բայց ջախջախուեցան: Կորիօ իր ոսկեդարը ապրեցաւ. զարգացան փիլիսոփայութիւնը, գրականութիւնը եւ գիտութիւնը. 1100-ին արդէն տասներկու համալսարաններ կային երկրին մէջ:
Մոնկոլներ 1231-ին սկսան դէպի Քորէա ներխուժումներուն: Եօթը մեծ արշաւանքներ կազմակերպուեցան: 39 տարուան կռիւներէ ետք հաշտութիւն գոյացաւ եւ մոնկոլներու Քուպիլայ խան իր աղջիկներէն մէկը ամուսնացուց Կորիոյի գահաժառանգ իշխանին հետ: Կորիօ մոնկոլ արքունիքի գերիշխանութեան ենթարկուեցաւ եւ 80 տարի շարունակ Կորիոյի արքունիքէն ներս մոնկոլ իշխանուհիներ ամբողջական հեղինակութիւն պահեցին:
Մոնկոլներու տկարացումէն օգտուելով Կոնկմին թագաւոր 1350-ական տարիներուն սկսաւ բարեկարգումներու. մոնկոլներուն մօտիկ ազնուականներն ու զինուորականները չէզոքացուեցան եւ պուտտայականներու ու կոնֆուցիոսականներու միջեւ շարունակուող պայքարներուն վերջ տրուեցաւ:
Զօրավար Եի Սոն-կիէ 1392-ին պետական հարուածով մը տիրացաւ իշխանութեան եւ ինքզինք թագաւոր հռչակեց: Այսպիսով հիմնուեցաւ Եի հարստութիւնը: Եի տոհմին նախահայրը` Եի Հան Պեքճէէն էր եւ ամուսնացած էր Սիլլա իշխանուհիի մը հետ. անոր 22-րդ սերունդն էր Եի Սոն-կիէ, որ գահ բարձրանալէն ետք վերակոչուեցաւ Թաէճօ:
Մայրաքաղաքը Քեսոնկէն Հանսոնկ (նախապէս` Հանիանկ, ներկայ Սէուլ) փոխադրուեցաւ: 1394-ին կոնֆուցիոսականութիւնը պետական կրօն հռչակուեցաւ, որմէ ետք պուտտայականութիւնը տկարացաւ:
Եի գահակալներ վարչական, ընկերային եւ տնտեսական բարեկարգումներ կատարեցին: Սեճոնկ Մեծ թագաւորին օրով, 1444-ին քորէական այբուբենը ստեղծուեցաւ եւ մշակոյթը աննախընթաց զարգացում ապրեցաւ: Դասակարգային նոր դրութիւն հաստատուեցաւ. եանկպան (ազնուականներ), ճունճին (միջին դասակարգ), եանկին (ընդհանուր դասակարգ), չոնին (ստորին դասակարգ) եւ նոպի (ստրուկներ):
Ճափոնցիք 1592-ին ներխուժեցին Քորէա եւ ցամաք ուժ հանեցին, բայց ծովու վրայ պարտուեցան եւ ստիպուած քաշուեցան: 1597-ին անոնք կրկին ներխուժեցին, բայց 1598-ին դուրս մղուեցան: Մանչուներ 1627-ին եւ 1637-ին ներխուժեցին Քորէա:

Այնուհետեւ սկսաւ խաղաղութեան շրջան մը: Եոնկճօ (1724-1776) եւ Ճոնկճօ (1776-1800) թագաւորներուն օրով, երկիրը մշակութային ու տնտեսական վերելք ապրեցաւ: Արքունիքին հետ խնամիական կապերով կապուած ընտանիքներուն հեղինակութիւնը զօրացաւ ԺԹ. դարուն, պետութիւնը տկարացաւ, կաշառակերութիւնը համատարած երեւոյթ դարձաւ, տնտեսութիւնը լճացաւ եւ ծայր առին գիւղացիական ապստամբութիւններ: Եի արքունիքը որդեգրեց Քորէան արտաքին աշխարհէն մեկուսացնելու քաղաքականութիւն, այդպիսով դիմագրաւելու համար օտար եւ յատկապէս արեւմտեան կայսերապաշտութեան ներթափանցումները: Բացի չինացիներէն, օտարներու Քորէա մուտքը արգիլուեցաւ:
Քորէա ներթափանցած ֆրանսացի կաթոլիկ միսիոնարներ եւ անոնց հետեւորդ մեծաթիւ քորէացիներ 1866-ին հաւաքաբար սուրի քաշուեցան, որուն իբրեւ հակադարձութիւն ֆրանսական զօրքեր ներխուժեցին Քորէա եւ գրաւեցին Կանկհուա կղզիին մէկ մասը: Քորէական բանակը պարտուեցաւ, բայց յետոյ ֆրանսացիք լքեցին կղզին եւ քաշուեցան:
Ամերիկեան «Զօրավար Շերման» մարտանաւը 1866-ին փորձեց ուժով բանալ Քորէայի նաւահանգիստները եւ խարիսխ նետեց Փիոնկեանկի մօտ: Քորէացի սպաներ հրահանգեցին մարտանաւուն հեռանալ Քորէայի ափերէն, բայց ամերիկացի նաւազներ սպաննեցին չորս քորէացիներ, առեւանգեցին սպայ մը եւ չորս օր շարունակ ընդհատ կերպով ռմբակոծեցին ծովափնեայ գօտին: Քորէացիք երկու անգամ փորձեցին ընկղմել նաւը, բայց չյաջողեցան, մինչեւ որ յետոյ այրեցին զայն:
Իբրեւ հակադարձութիւն, ամերիկեան ուժեր 1871-ին ներխուժեցին Կանկհուա կղզին եւ 243 հոգի սպաննեցին:
Ճափոնցիք 1876-ին ստիպեցին Քորէայի առեւտրական եւ բարեկամութեան դաշինք կնքելու: Մինչեւ այդ ժամանակ ճափոնցի առեւտրականներ միայն Պուսան քաղաքին հետ կրնային առեւտրական գործառնութիւններ հաստատել: Կոճոնկ թագաւոր, նկատի ունենալով որ Քորէա անկարող է զինուորապէս դէմ դնելու Ճափոնի, այլ նաւահանգիստներ ալ բացաւ ճափոնցիներուն առջեւ: Ճափոնական ազդեցութիւնը հետզհետէ զօրացաւ Քորէայի մէջ:
Քորէա 1882-ին նմանօրինակ առեւտրական դաշինքներ կնքեց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ, 1884-ին` Ռուսիոյ եւ 1886-ին ալ Ֆրանսայի հետ:

Կոճոնկ թագաւոր, նկատի ունենալով որ արտաքին աշխարհէն Քորէայի մեկուսացումը բացասաբար կ՛անդրադառնայ երկրի զարգացման վրայ, յատկապէս` արհեստագիտութեան ու ճարտարարուեստի մարզերէն ներս, բարեկարգումներ ներմուծեց, ընկերային հաւասարութիւն հռչակեց եւ փորձեց արեւմտեան արհեստագիտութեան հետ քայլ պահել: Բան մը, որ ժողովրդային ուժեղ ընդդիմութեան հանդիպեցաւ: Քորէական պահպանողական ընկերութիւնը մերժեց արմատական որեւէ փոփոխութիւն:
Սէուլի մէջ 23 յուլիս 1882-ին զինուորներու եւ քաղաքացիներու հակաճափոնական եւ հակակառավարական ապստամբութիւն բարձրացաւ. ապստամբներ այրեցին Ճափոնի դեսպանատունը եւ սպաննեցին զինուորական կցորդը: Ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ Չինաստանի օգնութեամբ: Քորէական կառավարութիւնը ստիպուեցաւ հատուցում կատարելու Ճափոնի եւ նոր դաշինք կնքելու անոր հետ:
Կոնֆուցիոսական տոնկհաք կրօնական շարժումին գլխաւորութեամբ գիւղացիական ապստամբութիւն մը բարձրացաւ 1894-ին: Ապստամբները յայտարարեցին որ իրենք հաւատարիմ են Կոճոնկ թագաւորին, բայց բարեկարգումներ եւ ընկերային հաւասարութիւն կը պահանջեն: Թագաւորը օգնութիւն խնդրեց Չինաստանէն եւ չինական զօրքեր Քորէա ցամաք ելան: Ճափոն եւս Քորէա զօրք ցամաք հանեց: Ստեղծուած կացութեան առջեւ թագաւորը համաձայնութեան եկաւ ապստամբներուն հետ: Բայց ճափոնցիք մերժեցին քաշուիլ: Նոյն օրերուն Չինաստան եւ Ճափոն պատերազմի բռնուեցան, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 17 ապրիլ 1895 եւ աւարտեցաւ Ճափոնի յաղթանակով: 8 հոկտեմբեր 1895-ին ճափոնցիք Սէուլի արքայական պալատին մէջ սպաննեցին Միեոնսոնկ թագուհին, որովհետեւ ան ճափոնական ազդեցութեան դէմ կ՛աշխատէր եւ չինական կամ ռուսական արեւելում ունեցող կը նկատուէր:
Ճափոն եւ Չինաստան 1895-ին Շիմոնոսեքի մէջ դաշինք կնքեցին, որուն հիմամբ Քորէայի մէջ չինական ազդեցութիւնը չէզոքացուեցաւ եւ ճափոնական ազդեցութիւնը զօրացաւ: Իսկ Ճափոնի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1896-ին կնքուած համաձայնագիրով Քորէա ճանչցուեցաւ անկախ, սակայն երկու երկիրներուն համար համապատասխան արտօնութիւններ վերապահուեցան:
Կոճոնկ թագաւոր 1897-ին ինքզինք հռչակեց կայսր եւ Քորէան` կայսրութիւն: Երկիրը արդիականացնելու համար քայլեր առնուեցան. հիւսուածեղէնի առաջին գործարանը բացուեցաւ 1897-ին եւ առաջին մայրուղին, Սէուլէն Ինչոն, կառուցուեցաւ 1901-ին:
Ռուս-ճափոնական 1904-1905-ի պատերազմին ժամանակ Ճափոն զօրք ցամաք հանեց Քորէա, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք գործնապէս գրաւեց զայն: Այսպիսով Քորէա ճափոնական «խնամակալութեան» տակ մտաւ, որուն հիմամբ Ճափոն իրեն կը վերապահէր հակակշռելու Քորէայի արտաքին քաղաքականութիւնը: Այնուհետեւ, 1907-ին Քորէա ստիպուեցաւ ընդունիլ իր ներքին գործերուն մէջ ճափոնական սահմանափակ հակակշիռը, եւ միաժամանակ քորէական բանակը զօրացրուեցաւ: Կոճոնկ կայսեր պարտադրուեցաւ հրաժարելու գահէն եւ փոխարէն զաւակը` Սունճոնկ կայսր հռչակուեցաւ: Ճափոնցի սպայ Իթօ Հիրոպումի Քորէայի կառավարիչ նշանակուեցաւ: Ան սպաննուեցաւ 1909-ին: 22 օգոստոս 1910-ին Ճափոն իրեն կցեց Քորէան նոյն օրը Սունճոնկ կայսր գահընկէց հռչակուեցաւ (ան մահացաւ 1926-ին):
Ճափոն Քորէան գաղութի վերածեց, սննդեղէնի ապահովման համար իրմէ կախեալ վիճակի հասցուց, հետեւողականօրէն ճնշեց քորէական մշակոյթը, ջնջեց տեղական դրամանիշը եւ
արքայական նուիրապետութիւնը, իսկ Սէուլի արքայական պալատը մասամբ քանդեց եւ կառավարական գրասենեակներու վերածեց:
Ճափոնցիք նաեւ կամուրջներ, մայրուղիներ եւ ճամբաներ կառուցեցին եւ շարք մը ձեռնարկութիւններ ու գործարաններ հիմնեցին: Քաղաքային բնակչութիւնը արագօրէն աճեցաւ, թէեւ Քորէա կը մնար երկրագործական երկիր:
Գահընկէց եղած Կոճոնկ կայսր մահացաւ 21 յունուար 1919-ին, 67 տարեկանին: Տարաձայնուեցաւ որ ան թունաւորուած է: Նախկին կայսեր մահը խոր յուզում յառաջացուց: 1 մարտ 1919-ին սկսան համազգային խաղաղ ցոյցերը, որոնք շարունակուեցան մինչեւ 11 ապրիլ. ճափոնցիք արեան մէջ ճզմեցին շարժումը. 7.509 քորէացիներ սպաննուեցան, 15.849 ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ 46.303 անձեր ալ բանտերը լեցուեցան: Բանտարկեալներէն շատեր առանց դատի մահապատիժի ենթարկուեցան:
Ճափոնցիք այնուհետեւ որոշ բարեփոխումներ կատարեցին, կրօնական ազատութիւն հռչակեցին եւ արտօնեցին քորէերէն թերթերու հրատարակութիւնը եւ հաւաքներու կազմակերպութիւնը: