Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին` երեխաները: Ծնողներ պաշտպանելու համար իրենց զաւակները հաւանական աղէտէն` կ՛որդեգրեն միջոցառումներ, որոնք կրնան անպայման ազդեցիկ չըլլալ: Պատիժը կամ խստութիւնը լուծումներ չեն: Լաւագոյնը երեխային հետ զրուցելն է: «Պի.Պի.Սի.» երկու յօդուածով անդրադարձած է այս հարցին եւ հրատարակած է...



















