Քոյր Մարօ Քէշիշեան Եւ Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան Կ’արժանանան ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» Շքանշանին
ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը պարգեւատրեց վաստակաշատ երկու միութենականներ: Սկզբունքով պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենար Պատգամաւորական ժողովի բացման հրապարակային պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, սակայն պայմաններու բերումով, բացման հանդիսութեան ջնջումէն ետք, անիկա կատարուեցաւ ներքին հանդիպումով մը, Պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներու ներկայութեամբ: ՀՄԸՄ-ական իրենց երկարամեայ վաստակին եւ անմնացորդ նուիրումին համար, միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին արժանացան...




















