Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Յուլիս 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 յուլիս 2023-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով շարունակեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, 10 յուլիսին, ընկերակցութեամբ  Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի, ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան (ԵՊՀ) այցելութեամբ: Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի հետազօտութիւններու փոխտնօրէն Ալիք Ղարիպեան առաջնորդեց ֆորումականները ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր հակիրճ ձեւով ներկայացուց այնտեղ գտնուող մեր հարստութիւնները: Ղարիպեան նաեւ ներկայացուց Հայագիտական ամպիոնն ու անոր առաքելութեան վերաբերող տարբեր աշխատանքները:

Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայ ժողովուրդի մշակոյթի օրրանին` հայկական երաժշտութեան, անկէ ետք ֆորումականները մեկնեցան Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոց, ուր փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան ներկայացուց հայ աշուղներու կենսագրականներն ու անոնց տարած սրբազան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` հայկական նուագարաններն ու անոնց արժէքը` մեր մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման կամուրջը ամուր պահելու առումով:

Հաւաքի մասնակիցներուն յաջորդ այցելութեան վայրը երաժշտական արուեստի կարկառուն ներկայացուցիչ Կոմիտաս վարդապետի թանգարանն էր, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանուած իրերուն:

Աւելի ուշ, ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը տուաւ ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:

11 յուլիսի առաւօտ կանուխ, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանը: Ապա, անոնք այցելեցին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան:

Յետմիջօրէին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները առիթ ունեցան սորվելու հայկական ազգագրական պարեր` «Արենի տենս սթիւտիօ»-ին մէջ:

12 յուլիսին ֆորումականները այցելեցին Արարատի գիրկը բազմող Խոր Վիրապ, ապա` Զուարթնոց: Անոնց յաջորդ այցելավայրը ԹՈՒՄՕ կեդրոնն էր, ուր ծանօթացան կեդրոնի տարբեր աշխատանոցներուն:

Երեկոյեան, մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Սoս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի` «Հրաշագործը» ներկայացումին:

13 յունիսին խումբը ուղղուեցաւ Արմաւիրի մարզ, ուր նախ այցելութիւն տրուեցաւ Էջմիածինի Մայր տաճար, ապա` Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր նաեւ այցելեցին Սարդարապատի հրամանատար Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի եւ Ռաֆֆիի «Խենթ»-ի հերոս Վարդանի շիրմաքարերը:

Կէսօրին ֆորումականները առիթ ունեցան շրջելու, դիտելու եւ մասնակից դառնալու Ռուբէն Նալպանտեանի խաչքարերու վարպետաց դպրոցի արուեստին եւ աշխատանքներուն: Անոնք կատարեցին լաւաշ թխելու եւ խաչքարի փորագրման իրենց առաջին փորձը:

Աւելի ուշ, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան: Յետմիջօրէին, անոնք այցելեցին Մայր Հայաստան եւ ունեցան ընկերային հաճելի պահ:

14 յուլիսին այցելութիւն տրուեցաւ Ծաղկաձոր, ուր բնութեան հրաշալիքին կողքին ֆորումականները վայելեցին ճոպանուղի: Ապա նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով` այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կիսօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ, ընկերային պահ, երաժշտութիւն ու պար:  Իւրաքանչիւր երեխայի սէրն ու ժպիտը, անոնց հետ ուսանողներուն անցուցած ժամերը իւրայատուկ դրոշմ ձգեցին իւրաքանչիւրին մօտ:

Ընթրիքէն ետք, ֆորումականները ունեցան ընկերային պահ եւ ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ:

 

 

 

Նախորդը

Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?