Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հանդիպում` ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Երիտասարդական Ճամբարի Մասնակիցներուն Հետ
Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ` Քրիստինէ Վարդանեան, Ասպրամ Կրպէեան, երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, «Ճենեսըս Արմէնիա» ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի ղեկավար Աբրահամ Գասպարեան, դաշնակցական Համբիկ Սասունեան առցանց զրոյց ունեցան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ երիտասարդական ճամբարի մասնակիցներուն հետ:
Անոնք իրենց ողջոյնը փոխանցեցին ճամբարի մասնակիցներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին` հաւատացնելով, որ Արցախի ժողովուրդը այս օրերուն մինակ չէ, եւ համայն հայութիւնը կը սատարէ իրենց:
Աւարտին երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեցին բանախօսներուն եւ երգեցին իրենց համար:
Արցախի Մէջ ՀՕՄ–ի Իրականացուցած Ծրագիրներուն Մասին Զեկուցում
Յուլիս 2-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղի 18-րդ տարեկան Ընդհանուր անդամական ժողովը: Արցախի շրջափակման եւ տարբեր հարցերու առկայութեան պատճառով հրաւիրուած ժողովը քննեց միաւորի վարչութեան 21-ամսեայ գործունէութիւնը եւ նախանշեց յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Ժողովին առցանց մասնակցեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճեքեանը: Հաշուետու ժողովին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեանը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան նոր կազմը` Լիլիթ Մարտիրոսեան, Մելանեա Բալայեան, Տաթեւիկ Յովհաննիսեան, Իրինա Գրիգորեան, Անահիտ Գասպարեան:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի գործունէութեան ու կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցեց ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը: Ան նշեց` շրջափակման պայմաններու մէջ շատ դժուար էր նոյնիսկ Ընդհանուր անդամական ժողովի կայացումը ապահովելը, որովհետեւ վառելիքի սղութեան պատճառով շարք մը բնակավայրերու ընկերուհիներ չկրցան հասնիլ Ստեփանակերտ, իսկ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճեքեան ժողովին առցանց մասնակցեցաւ:
Լիլիթ Մարտիրոսեան հաղորդեց, որ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը` իբրեւ Արցախի մէջ արձանագրուած եւ գործող բարեսիրական-հասարակական կազմակերպութիւն, պետական կառոյցներու կողմէ ճանչցուեցաւ եւ համագործակցեցաւ Արցախի կառավարութեան, տարբեր նախարարութիւններու, պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: «ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը` իբրեւ ուղեկից կազմակերպութիւն, համագործակցեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին հետ, որուն իբրեւ արդիւնք` կազմակերպուեցան միացեալ ձեռնարկներ, վարչութիւնը ստացաւ փոխադարձ գործակցութիւն եւ օժանդակութիւն», ըսաւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին` աւելցնելով, որ շարք մը ծրագիրներ իրականացան նաեւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ:
Լ. Մարտիրոսեանի խօսքով, հաշուետու ժամանակաշրջանին ՀՕՄ-ը Արցախի մէջ շարունակեց իրականացնել կրթութեան ոլորտի զարգացման միտուած իր մնայուն ծրագիրները: «2021-2022 ուսումնական տարուան համար ՀՕՄ-ի կրթաթոշակին արժանացաւ Մարտունի քաղաքի բնակչուհի, Երեւանի պետական համալսարանի «Եւրոպական լեզուներ եւ հաղորդակցութիւն» բաժանմունքի ուսանողուհի Անի Մկրտչեանը: 2022-2023 ուսումնական տարուան համար Կեդրոնական վարչութեան գնահատանքին ներկայացուեցան երկու ուսանողներու դիմումնագիրներ` Արցախի Ասկերանի շրջանի Խնածախ գիւղէն Պաւել Աւագիմեանին եւ նոյն շրջանի բռնագրաւուած Ակնաղբիւր գիւղէն Սօսէ Մարգարեանին. երկու ուսանողներն ալ բարձր յառաջադիմութեամբ ուսանած են Երեւանի Մխիթար Հերացի անուան պետական համալսարանին մէջ»:
ՀՕՄ-ը Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ նաեւ «Ուսանող» ծրագիրը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան մտայղացումով 2020-2022 ուսումնական տարուան համար ծրագրի շահառուները Արցախի բոլոր համալսարաններու 105 ուսանողներն էին, որոնք մասնակցեցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին: Արցախի պետական, «Մեսրոպ Մաշտոց», «Գրիգոր Նարեկացի», ինչպէս նաեւ Շուշիի արհեստագիտական համալսարաններու որոշ ուսանողներ 100-ական ամերիկեան տոլար դրամական պարգեւ ստացան:
Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով Արցախի մէջ գործող ՀՕՄ-ի 8 «Սօսէ» մանկապարտէզներէն 4-ը` Մեծ Թաղերու, Շուշիի, Տողի եւ Քարեգահի մանկապարտէզները, կը գտնուին թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Ներկայիս կը գործեն ՀՕՄ-ի 4` Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի, Աշանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզները: «Պատերազմի ընթացքին կրած մեծ կորուստներով հանդերձ, «Սօսէ» մանկապարտէզները կը շարունակեն գործել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներու հոծ բանակի, ինչպէս նաեւ իրենց աշխատանքին ու առաքելութեան նուիրուած ընկերուհիներու, աշխատակիցներու շնորհիւ», ըսաւ ատենապետուհին:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին հակիրճ խօսեցաւ իրականացուած այլ ծրագիրներու մասին եւս: 2021 թուականի դեկտեմբերին ՀՕՄ-ի Քանատայի միաւորին հանգանակած գումարով թշնամիին անմիջական ազդեցութեան տակ գտնուող Ասկերանի, Մարտունիի, Մարտակերտի, Շուշիի շրջաններու 22 համայնքներու 1190 երեխաներ ստացան 20 ամերիկեան տոլարի համարժէք ամանորեայ նուէրներ եւ 581 ընտանիք` 20-ական ամերիկեան տոլար դրամական նուէր: Ծրագիրը իրականացուեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:
Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք «Նահատակուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրի ծիրին մէջ հաւաքուեցաւ Արցախէն 662 երեխայի մասին տեղեկութիւն: 2021-2023 թուականներուն ծրագրի շրջանակներուն մէջ փոխանցուեցաւ 411 երեխայի գումար:
2022 թուականի օգոստոս 3-ին Արցախի Մարտակերտի շրջանի Կոճողոտ գիւղի դպրոցականներուն համար ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութիւնը դպրոցի տնօրէնութեան հետ միասին 50 երեխայի համար կազմակերպեց միօրեայ հանգիստի ծրագիր:
«2023 թուականի փետրուար 6-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժին պատճառով յառաջացած մարտահրաւէրներուն դիմակայող մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու համար, արձագանգելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը, Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպեց դրամահաւաք, որուն իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին` պետական կառոյցներու աշխատակիցները, ՀՅԴ Արցախի կառոյցը, ՀՕՄ-ի ընկերուհիները, աշխատակիցները, մանկապարտէզներու սանիկներու ծնողները, Արցախի տարբեր համայնքներու բնակիչները», տեղեկացուց Լ. Մարտիրոսեան` աւելցնելով, որ սուրիահայ համայնքը բարձր գնահատեց այս դժուարին պայմաններու մէջ Արցախէն իրենց հասած օժանդակութիւնը:
2022-ի սեպտեմբեր-դեկտեմբերին ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնենք արցախահայ ընտանիքին» ծրագրի ծիրին մէջ աջակցութիւն տրամադրուեցաւ Քաշաթաղի շրջանէն 2022-ի օգոստոսին հարկադրաբար տեղահանուած Աղաւնոյ գիւղի այն 6 ընտանիքներուն (թիւով 21), որոնք բնակութիւն հաստատեցին Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով Աղաւնոյ գիւղի մեր հայրենակիցներուն չորս ամիս շարունակ, ըստ ընտանիքներու շունչերուն, իւրաքանչիւրին տրամադրուեցաւ 40 հազար հայկական դրամ` իբրեւ աջակցութիւն:
2022 թուականի սեպտեմբեր 23-ին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցով ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կողմէ 52 վիրաւորներուն տրամադրուեցաւ 200-ական ամերիկեան տոլար (80 հազար հայկական դրամ) նիւթական աջակցութիւն: Ծրագիրը իրականացուեցաւ Արցախի ընկերային զարգացման եւ գաղթի հարցերու նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ:
Յետպատերազմեան շրջանին Արցախի մէջ իրականացուած ամէնէն մեծ ծրագիրներէն է ՀՕՄ-ի «Արեւային Արցախ» ծրագիրը, որուն նպատակն է ապահովել արցախահայութեան կեանքի բնականոն ընթացքը հայրենի հողին վրայ: ՀՕՄ-ի «Արեւային Արցախ» ծրագրի ծիրին մէջ 101 արեւային ջրատաքացուցիչներ տեղադրուեցան ընկերային խոցելի խաւերու եւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակ ունեցած ընտանիքներուն համար: Սարքաւորումներուն որոշ մասերու ներմուծման դժուարութիւններու, տուներու տանիքներու հետ կապուած հարցերու պատճառով որոշ առանձնատուներու մէջ տեղադրման աշխատանքները աւարտին չեն հասած: Արցախի ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, կազմաւորուեցաւ յանձնախումբ` ՀՅԴ կուսակցութեան ուղեկից կառոյցներու, այդ շարքին` ՀՕՄ-ի վարչութեան անդամներուն հետ: Յանձնախումբը ապրիլ 7-ին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը` նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան, Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին առիթով: Ձեռնարկին մասնակցեցան` արցախեան պատերազմներու ընթացքին նահատակուած ՀՅԴ եւ ուղեկից կառոյցներու անդամներու կիներ, մայրեր, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչներ եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամներ: Յանձնախումբին յաջորդ ձեռնարկը նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնին: Հայոց պետականութեան վերականգնման` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակին առիթով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մայիս 29-ին կազմակերպուեցաւ տօնական ձեռնարկ, որուն ընթացքին երկու համարներով հանդէս եկան նաեւ ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի սաները: Ծրագիրները ֆինանսաւորուեցան ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
«1992 թուականին մուտք գործելով Արցախ` ՀՕՄ-ը իր հետեւողական, յամառ աշխատանքով իրականացուց բարեսիրական, հասարակական եւ մարդասիրական շարք մը ծրագիրներ եւ նպաստեց կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, ընկերային ու տնտեսական այլ ոլորտներու զարգացման: ՀՕՄ-ը իր կամաւոր անդամուհիներով 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ անոր յաջորդած տարիներուն անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցեց հայրենիքին, թիկունք կանգնեցաւ մեր հայրենակիցներուն, սատարեց զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն, տեղահանուածներուն, սահմանին կանգնած հայ զինուորին եւ առ այսօր ալ կ՛աջակցի արցախցիին` թշնամիին կողմէ շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման գործին մէջ: Վստահ ենք, որ Հայ օգնութեան միութիւնը հաւատքով եւ նուիրումով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ի կարգախօսին` «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար», հաստատեց ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին:
Արցախի Մէջ Առաջին Դասարանցիները Այս Տարի Պիտի Կրեն Արցախի Մէջ Արտադրուած Դպրոցական Պայուսակներ
Արցախի նախագահի խորհրդական Լուսինէ Գարախանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ, ուր կ՛երեւի, որ պայուսակի մակնշման տեղը գրուած է. «Արտադրուած է Արցախում` շրջափակման պայմաններում»:
«Այս գեղեցիկ ծրագիրը ի կատար կ՛ածուի Հայ կրթական հիմնարկութիւն հիմնադրամին շնորհիւ: Միասնական հայրենիք ունենալու անփոխարինելի զգացում», գրած է ան:
Գործարկուած Է Artsakhx Messenger Յաւելուածը` Յատուկ Արցախի Մէջ Կայուն Եւ Անվտանգ Հաղորդակցութեան Համար
Արցախի կառավարութեան եւ «Զանգի Լայվքոմ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ ստորագրուած յուշագիրին համաձայն, յատուկ արցախցիներուն համար ստեղծուած է ArtsakhX messenger յաւելուածը, որ նախատեսուած է Արցախի մէջ կայուն եւ անվտանգ հաղորդակցութեան համար:
«ArtsakhX յաւելուածին միջոցով օգտատէրերը կրնան ամբողջութեամբ` սկիզբէն մինչեւ վերջ (End-to-End) գաղտնագրուած ձեւով իրարու փոխանցել անձնական հաղորդագրութիւններ, ֆայլեր, կատարել լսատեսազանգեր: Ի տարբերութիւն այլ յայտնի messenger-ներու` ArtsakhX-ի հաղորդագրութիւնները, ֆայլերը, զանգերը չեն պահպանուիր server-ներուն վրայ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ խուսափելու կայքահէններու յարձակումներէն:
«Տուեալներու ցած օգտագործման եղանակը» կ՛արտօնէ հաղորդակցելու նոյնիսկ ցած թողունակութեամբ, ոչ կայուն եւ նոյնիսկ աշխարհէն անջատուած համացանցի բացակայութեան պարագային: Նշուած համակարգի աշխատունակութիւնը ապահովելու համար պարտադիր է ունենալ Wi-Fi կամ բջիջային տուեալներու կապի հասանելիութիւն: Այսինքն անիկա կը գործէ նաեւ Արցախի Հանրապետութենէն դուրս` կապի խափանման, ընդհատման պարագային:
Ինչո՞ւ օգտագործել ArtsakhX հաղորդագրութիւններու յաւելուածը:
- Բոլոր հաղորդագրութիւնները առաւելագոյնը պաշտպանուած են` սկիզբէն մինչեւ վերջ,
- Համակարգը պաշտպանուած է հսկողութենէ եւ կայքահէններու յարձակումներէն,
- Ամբողջութեամբ գաղտնագրուած` նիւթեր, ֆայլեր, ձայնային զանգեր եւ տեսազանգեր,
- Խմբային զրոյցներ, բարձր որակի լսատեսազանգեր,
- Կապի խցանման խնայողութիւն` «Տուեալներու ցած օգտագործման եղանակի» կիրարկումով,
- Կարելիութիւն` շփուելու նոյնիսկ ցած թողունակութեամբ եւ/կամ տատանուող կապի պարագային,
- Պետական մարմիններէն հրատապ ու նպատակային ծանուցումներ ստանալու կարելիութիւն:
Օգտատէրերը կրնան ներբեռնել եւ օգտագործել յաւելուածը Google Play-էն, App Store-էն կամ ArtsakhX-ի պաշտօնական կայքէն` արձանագրուելով միայն արցախեան բջիջային հեռախօսահամարով:
Շնորհակալութիւն Zangi ընկերութեան «ArtsakhX» համակարգը անհատոյց սկզբունքներով ստեղծելու եւ սպասարկելու համար», նշուած է Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Իրանական «Karzar.Net» Կայքին Մէջ Մեկնարկած Է Ստորագրահաւաք` Բերձորի Միջանցքի Արգելափակման Վերացման Պահանջով
Իրանական «Karzar.net» կայքին մէջ մեկնարկած է ստորագրահաւաք, որ կը դատապարտէ Բերձորի միջանցքին ապօրինի շրջափակումը եւ կոչ կ՛ընէ քայլեր ձեռնարկելու` Արցախի մէջ մարդկային աղէտը կանխելու ուղղութեամբ:
Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած է «Անահիտ» գիտական մշակութային եւ գրական հանդէսի խմբագրական խորհուրդի քարտուղար Ապպաս Էղպալ Մեհրանը:
«Սննդամթերքի եւ դեղորայքի առաքման արգելափակումը եւ Արցախի 120 հազար հայ բնակչութեան շրջափակումը Արցախի հայութեան հանդէպ Պաքուի կազմակերպած ցեղասպանական գործողութիւններէն են, որոնք կ՛իրականացուին Բերձորի անցակէտին արգելափակումով` դէպի Արցախ պարենային եւ դեղորայքի օգնութեան մատակարարումը կանխելու նպատակով:
Իրանի հարեւանութեամբ գտնուող Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները ցաւ կը պատճառեն իւրաքանչիւր մարդու` անկախ դաւանած կրօնէն կամ ազգութենէն:
Պաքուի կողմէ միանգամայն կեղծ պատճառներով Արցախի մէջ բնակող 120 հազար հայերուն ապօրինի շրջափակումը կը փաստէ, որ այդ երկիրը կ՛իրականացնէ պետականօրէն կազմակերպուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն:
Արցախի մէջ սննդամթերքի բացակայութիւնը, դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու պակասը, տեղի երկու հազար յղի կիներու եւ 30 հազար երեխաներուն շրջափակումը կը փաստէ, որ Պաքու ակնյայտօրէն կ՛անտեսէ միջազգային պայմանագրերը եւ յայտարարութիւնները: Մասնաւորապէս` Լա Հէյի միջազգային դատարանին վճիռը, որ կը դատապարտէ Բերձորի անցակէտին անօրինական արգելափակումը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ Բերձորի անցակէտի արգելափակման անտեսումը, Արցախը սնունդով ու դեղորայքով ապահովելու պատրաստակամութեան պակասը կը վկայեն աղէտի խորութիւնը ընկալելու մարդկային անտարբերութեան մասին, որուն ականատեսն ենք այսօր Արցախի մէջ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու անգործութիւնը Ազրպէյճանը դարձուցած են աւելի մեծամիտ` արցախցիները ձգելով դժուարութիւններու մէջ:
Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ընդունի բանաձեւ, որ պիտի պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանին` վերացնելու Բերձորի անցակէտին արգելափակումը` ապահովելով Արցախի բնակիչներուն անվտանգութիւնը:
Այս առումով, որեւէ ձախողում կը յանգեցնէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան կրկնութեան, իսկ այդ կը նշանակէ, որ ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի հայութեան ցեղային զտումները կը շարունակուին Ազրպէյճանի կառավարութեան գիտակցութեան մէջ», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Հաղորդենք, որ ստորագրահաւաքին մասնակցելու համար կրնաք այցելել https://www.karzar.net/82029 կայքը:
«Գիտութիւն Եւ Մոտիվացիա Խթանում». Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Artsakh Stem Expo 2023»-ը
6 օգոստոսին Արցախի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիտութիւն եւ մոտիվացիա խթանում» խորագրով «Artsakh STEM Expo 2023» կրթական-արհեստագիտական ձեռնարկը:
Ձեռնարկին նպատակն էր բնագիտական, արհեստագիտական, «Ճարտարագիտութիւն» եւ «Մաթեմատիկա» առարկաներու նկատմամբ դպրոցականներու եւ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը մեծցնելը, ինչպէս նաեւ` ճարտարագիտական, արհեստագիտական եւ IT ոլորտներուն ծանօթացնելը եւ կրթութիւն-աշխատաշուկայ կապի ընդլայնումը: Բացման արարողութեան Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեանը ողջունելով մասնակիցներն ու կազմակերպիչները` երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու համար կարեւոր նկատեց գիտութեան եւ արհեստագիտութեան սրընթաց յառաջընթացէն ետ չմնալը:
«Որեւէ միտք, գաղափար պիտի ներդնենք Արցախը հզօրացնելու համար: Այս հարթակը բարենպաստ է, որպէսզի կարենանք ընդհանրացնել մեր գաղափարները, մտայղացումները եւ որոշ չափով յառաջ մղենք գիտութեան զարգացումը Արցախի մէջ», յայտնեց նախարարը` արգասաբեր աշխատանք մաղթելով ձեռնարկի մասնակիցներուն:
Հեռավար կերպով ողջունելով ներկաները` «Artsakh STEM Expo 2023»-ի կազմակերպչական աշխատանքներու համակարգող Արտաւազդ Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր խումբին, որուն շնորհիւ կարելի դարձաւ յաղթահարել շրջափակման շատ մը դժուարութիւններ եւ կեանքի կոչել գաղափար մը, որուն նպատակը ուսման, զարգացման եւ յառաջընթացի համար միջավայր եւ կարելիութիւններ ստեղծելն է:
Ձեռնարկին աջակից, ամերիկաբնակ Քրիստինէ Զաքարեանի խօսքով, առանց գիտութեան ու արհեստագիտական յառաջընթացի` ուժեղ պետութիւններ չեն ըլլար:
«Աշխարհը կը զարգանայ շատ արագ, իսկ այդ ամէնէն ետ մնալը կը նշանակէ պարտուիլ», շեշտեց ան` անհրաժեշտութիւն համարելով աշխարհի գիտական արհեստագիտական տեղաշարժերուն, նորութիւններուն հետեւիլն ու զանոնք ի շահ Արցախի կիրարկելը:
Ձեռնարկին տեղի ունեցաւ գիտական, ճարտարագիտական եւ աշակերտական-ուսանողական խումբերու հետազօտական արտադրանքի եւ աշխատանքներու ցուցահանդէս: Քննարկումներուն ընթացքին ալ գիտական, ճարտարագիտական, արհեստագիտական եւ առեւտուրի ոլորտներու ներկայացուցիչները անդրադարձան` իրենց փորձին, աշխատանքի առանձնայատկութիւններուն, ոլորտին մէջ առկայ կարելիութիւններուն, նոր տենդենցներուն եւ մասնագիտութիւններուն:
Ըստ կազմակերպիչներուն, պիտի կազմակերպուի նաեւ Արցախի մէջ գործող գիտական, արհեստագիտական, ճարտարապետական գաղափարներու մրցոյթ` նպատակ ունենալով խթանել Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող արհեստագիտական ընկերութիւններու հետ կապերը:
Հաղորդենք, որ այս ձեռնարկին մասնակցեցան հանրակրթական դպրոցներու բարձր դասարաններու աշակերտներ, ուսանողներ եւ հետաքրքրուած անհատներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Նոր Ձեռքբերումները
Անցեալ տարի լրագրող, թրքագէտ Հայկարամ Նահապետեանը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց 1942 թուականին լոյս տեսած ամերիկացի լրագրող Լուի Լոխների «What About Germany» գիրքը, որուն երկրորդ էջին մէջ մէջբերուած է Հիթլերին յայտնի խօսքը. «Եւ ի վերջոյ, ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին»:
Այս տարի եւս Հայկարամ Նահապետեան հիւրընկալուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ` իրեն հետ բերելով արժէքաւոր նիւթեր, որոնք եւս յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին գրադարանը հարստացաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրը» գիրքին անգլերէն առաջին հրատարակութեամբ, որ տպագրուած է 1934 թուականին, Նիւ Եորք (Franz Werfel, The Forty Days of Musa Dagh, Translated From The German, By Geoffrey Dunlop, New York, 1934):
Հայկարամ Նահապետեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց նաեւ Պերքլիի Քերոլ դպրոցի սաներուն 2014 թուականի փետրուար 14-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուղղուած նամակը, որուն մէջ աշակերտները դիմելով Օպամային` յորդորեցին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: