Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 11, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցները Լուծեցին Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Մօտաւորապէս 1300 Ընտանիքի Կեցութեան Եւ Առօրեայ Կենցաղային Հարցերը

ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցները` Հայ օգնութեան միութիւնը, «Թեւանիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը, անհատ քաղաքացիներու օժանդակութեամբ, լծուեցան Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու աջակցութեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն տեղեկացուցին, որ Երեւանի գրեթէ բոլոր վարչական շրջաններու կուսակցական գրաենեակները վերածուեցան աջակցութեան կեդրոններու, ուր ո՛չ միայն կուսակցականներու, այլեւ մեր քաղաքացիներու աջակցութեամբ եւ  օժանդակութեամբ բաժնուեցան հաւաքուած առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները` հագուստ, առողջապահական եւ անկողնային պարագաներ, սնունդ, դեղորայք եւ այլ ապրանքներ:

«Այս պահի դրութեամբ լուծուեցան մօտաւորապէս 1300 ընտանիքի կեցութեան եւ առօրեայ կենցաղային հարցերը: Արցախահայ հայրենակիցներու օժանդակութեան ուղղուած աշխատանքները չեն դադրիր նաեւ այս պահուն:

Բարեսիրական նպատակներով 1909 թուականին հիմնադրուած ՀՅԴ ուղեկից կառոյց Հայ օգնութեան միութիւնը բռնի տեղահանուած արցախահայերուն կարիքները հոգալու նպատակով արդէն իսկ սկսած է համահայկական դրամահաւաքի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Անաւարտ Պատերազմ. Նոր Մարտահրաւէրներ» Խորագիրով Կլոր Սեղանի Մասնակիցները Քննարկած Են Առկայ Իրավիճակը Եւ Դրացիներոււ Հետ Յարաբերութիւնները

Հոկտեմբեր 3-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-քննարկում` «Անաւարտ պատերազմ. նոր մարտահրաւէրներ» խորագրով:

Քննարկման գլխաւոր բանախօսներն էին` ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեանը, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ` թրքագէտ  Վարուժան Գեղամեանը եւ իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեանը:

Կլոր սեղան-քննարկման նիւթն էր վերջին օրերուն համայն հայութիւնը պատուհասած ողբերգութիւնը, մասնաւորապէս` պատերազմն ու ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ` այն մարտահրաւէրները, որոնց առջեւ կանգնած են մեր ազգն ու պետութիւնը` Սիւնիքին սպառնացող վտանգը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն նկատմամբ եւ այդ ծրագիրներուն հանդէպ տարածաշրջանի երկիրներու դիրքորոշումը:

Քննարկման մասնակցած էին նաեւ ոլորտին գիտակ այլ մտաւորականներ` արեւելագէտներ, քաղաքագէտներ, պատմաբաններ եւ հայագէտներ:

«Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ծանր իրավիճակէն բխած հետեւանքները քննարկելու, ուղիներ առաջարկելու, մեր վիճակը ախտորոշելու կամ տեսակէտներ յայտնելու համար… Հաւաքուած են լաւագոյն հայ մտաւորականներ, մասնագէտներ, որոնք հարցին գիտակ մարդիկ են», ըսաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը:

Ան մասնաւորապէս առաջարկեց աւելի շատ կեդրոնանալ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Ռուսիա փոխյարաբերութիւններուն վրայ:

Իրան աւանդաբար Հարաւային Կովկասը համարեց Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտի, իսկ Հայաստանը, անվտանգային առումով, ամբողջ յոյսը կապեց Ռուսիոյ, մինչդեռ հիմա կը նկատուին Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Իրանի մօտեցումներուն մէջ լրջագոյն տեղաշարժեր, որոնք աւելի ակնառու կերպով արձանագրուած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք. քննարկման ժամանակ այս տեսակէտ յայտնեց իրանագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Սարգիս Մկրտչեան:

Անոր դիտարկումով, Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան տնտեսական, գիտական-կրթական, զբօսաշրջային, ռազմական եւ այլ ոլորտներու մակարդակը կրնայ շատ աւելի բարձր ըլլալ, քան` այս պահուն, ուստի փոխգործակցութեան խորացման անհրաժեշտ է վերաբերիլ աւելի լուրջ:

«Իրանի մէջ, տարբեր տուեալներով, կ՛ապրին 15 միլիոն թրքախօսեր, այդ երկրին մէջ կան փանթուրքական հոսանքներ, որոնք ներթափանցած են պետական բազմաթիւ հաստատութիւններէ ներս` սկսեալ Իրանի խորհրդարանէն, վերջացուցած արտաքին գործոց նախարարութեամբ: Իրանի պարագային ամբողջութեամբ հայամէտ կեցուածք ընդունելու համար կան որոշակի խոչընդոտներ, որոնցմէ են այդ երկրին մէջ ապրող թրքախօսներու գործօնը եւ առկայութիւնը փանթուրքական հոսանքներու, որոնք ծաւալուն քարոզչութիւն կ՛իրականացնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օգտին եւ երբեմն ալ Իրանի քաղաքական վերնախաւին կողմէ որոշումներ կայացնելու գործին մէջ որոշակի դերակատարութիւն ունին: Իրանցիներու հաւաստիացումով, Պաքուի մէջ իրանցի դեսպաններէն թերեւս մէկ-երկու հոգի չեն ինկած փանթուրքիզմի ազդեցութեան տակ, սակայն 2020 թուականի պատերազմէն ետք փորձուեցաւ գնուած գործիչները հեռացնելու որոշում կայացնել կեդրոններէն», նշեց Մկրտչեան:

Իրան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ունի քանի մը հազար տարուան սահման, դէմ է տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան, Հայաստանի հետ պետական սահմանը իրեն համար կարմիր գիծ է եւ չի հանդուրժեր, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի գործարկումին: Մկրտչեանի կարծիքով,  Իրան այս ամէնը կ՛ընէ իր ազգային շահերէն մեկնելով եւ այդ պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ 2020 թուականի պատերազմէն ետք Իրանի քաղաքականութեան ուղենիշերէն մէկը` Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութեան բացումը: Իրանի կողմէ փորձ կը կատարուի այդ մարզին մէջ իրականացնելու տնտեսական մեծ նախագիծներ:

Միւս զեկուցողը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան անդրադարձաւ ստեղծուած պայմաններուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, որոնք տակաւին չեն կարգաւորուած զուտ այն պատճառով, որ թրքական կողմին յառաջ դրած նախապայմանները կը մնան Անգարայի օրակարգին մէջ եւ անոնց վրայ ալ աւելցած են նոր նախապայմաններ:

«Խօսքը արցախեան հիմնահարցին մէջ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն էր Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ եւ զինուժի դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղէն: Երկրորդ` հայկական պահանջատիրութենէն հրաժարումն ու Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ որեւէ պահանջ չառաջադրելը: Եւ երրորդ` հայկական սփիւռքի վրայ ճնշում գործադրելը, որպէսզի մեր հայրենակիցները դադրեցնեն հակաթրքական քարոզչութիւնը, որուն տակ կ՛ընկալուի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացէն հրաժարիլը», ըսաւ Մարուքեան:

Ըստ անոր, այսօր ալ Թուրքիոյ կողմէ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած որեւէ լուրջ քայլ չի կատարուիր: Աւելի՛ն. 2020 թուականի պատերազմէն ետք Անգարա Պաքուին հետ յառաջ կը տանի, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի գործարկման պահանջը, որ հերթական նախապայմանն է:

«Այն, ինչ որ վերջին օրերուն տեսանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ըստ էութեան նոյն բեմագրութեամբ իրականացուած ցեղային զտման թրքական քաղաքականութիւնն է, որուն մէջ մեր երկու դրացիները արդէն իսկ հմտացած են եւ այդ գործընթացը կ՛ուղղորդեն տեղեկատուական պատերազմով եւ հակահայկական քարոզչութեամբ: Մենք պէտք է սթափինք եւ փորձենք չկրկնել անցեալի սխալները», նշեց Մարուքեան` յընթացս շեշտելով Հայաստանի մէջ հանգրուանած Լեռնային Ղարաբաղի հայերու շրջանակներուն մէջ փաստահաւաք խումբի ձեւաւորումը, որուն աշխատանքը պէտք է օգտագործուի ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մեղադրանք առաջադրելով Ազրպէյճանի դէմ` վերջինիս պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակադրութեամբ:

Քննարկման ներկայ միւս զեկուցողը, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի նախկին հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, իր կարգին, հաղորդեց, որ Ազրպէյճան յաջողած է Ռուսիոյ մէջ լրացնել բացը` կատարելով լոպիիստական մեծածաւալ աշխատանք, որուն իբրեւ հետեւանք` կաշառքի միջոցով կամ տնտեսական շահերու զուգորդմամբ կրցան յառաջ մղել իրենց օրակարգային հարցերը:

«Արցախեան հիմնահարցը պէտք է շարունակ պահել քաղաքական օրակարգին մէջ, այստեղ պէտք է գործէ Լեռնային Ղարաբաղի վտարանդի կառավարութիւնը, մեր բոլոր լոպիինկային հնարաւորութիւններով պէտք է հարցը բարձրացնենք միջազգային ատեաններ, որպէսզի ճանչցուին վերջին ցեղային զտումները: Այո՛, հիմա իրավիճակը աղէտալի է, սակայն վաղը կրնայ ամէն ինչ փոխուիլ, մանաւանդ որ անոր նշանները որոշ չափով կը նշմարուին: Մենք չէ, որ պէտք է բացատրենք Ռուսիոյ, թէ ո՛րն է իր շահը: Պարզապէս կեանքն է, որ իր ուղղումներն ու շտկումները պիտի մտցնէ: Ակնյայտ է, որ փանթուրանական ծրագիրներու իրականացումը չի բխիր միանշանակ Ռուսիոյ կենսական շահերէն: Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ հետ կազային մեծ նախագիծը արդէն չեղարկուած է, որուն կրնան հետեւիլ այլ իրադարձութիւններ», նշեց Կարապետեան:

Անոր դիտարկումով, աշխարհի քաղաքականութեան մէջ Հայաստանը պէտք է ընտրէ այն բեւեռը, որուն շնորհիւ կրնայ հոգալ իր անվտանգային հարցերն ու տնտեսական կարիքները, ինչպէս նաեւ առաջարկէ ճանապարհային քարտէս, թէ ինչպէ՛ս կրնայ վերադարձնել կորսնցուցածը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Լիբանանի Ընկերային Հարցերու Եւ Գաղթականներու Հարցերու Նախարարի Պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը

Վերջերս Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան ընկերային հարցերու եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ողջունելով նախարարին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, իր գնահատանքը յայտնեց ընկերային ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ գործակցութեան համար:

Հանդիպումին կաթողիկոսը անդրադարձաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն որդեգրած ցեղասպան քաղաքականութեան, որուն իբրեւ հետեւանք հայաթափուեցաւ Արցախը: Նորին սրբութիւնը խոր մտահոգութեամբ ընդգծեց, որ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը յայտնուած է ընկերային ծանր կացութեան մէջ: Ստեղծուած այս  պայմաններուն մէջ հայոց հայրապետը յատկապէս կարեւոր նկատեց տեղահանուած հայորդիներուն կեցութեան, կրթական հարցերու, աշխատանքի ապահովման առաջնահերթութիւնները: Այս առնչութեամբ Գարեգին Բ. նշեց, որ Հայոց եկեղեցին, ըստ ամենայնի, կը փորձէ իր օգտակարութիւնը բերել կորուստներու, ցաւի ու նեղութիւններու մէջ յայտնուած արցախահայութեան եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ անհրաժեշտ հոգածութիւնը կը ցուցաբերէ անոնց կեցութեան ու կարիքներու բաւարարման հարցին մէջ:

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, խօսելով Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերու մասին, կարեւոր նկատեց հետեւողական ջանքերու ներդրումը անոնց պահպանման գործին մէջ:

Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` ցեղասպանութիւն վերապրած հայորդիներուն իրենց երկրին մէջ ապաստան տալու եւ Հայաստանին մնայուն աջակցութեան համար:

Իր հերթին, նախարար Հեքթոր Հաժժար ընդգծեց, որ Լիբանան եւս անցած է նմանատիպ մարտահրաւէրներէ եւ կը պատկերացնէ Հայաստանի առջեւ ծառացած հարցերը: Նախարարը տեղեկացուց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ իր այցելութիւնը կը նպատակադրէ ծանօթանալու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն ընկերային հարցերուն եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ աջակցելու անոնց յաղթահարման:

Ի Նպաստ Արցախահայութեան Օժանդակութեան` ՀՕՄ–ի Կողմէ Տարուող Աշխատանքներուն Մասին Տեղեկութիւն

Հոկտեմբեր 3-ին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը հրատապ ժողով մը գումարեց շրջանի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ատենապետուհիներուն հետ` մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանի եւ Համեստ Պէօճեքեանի:

Ժողովին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան զեկուցեց ՀՕՄ-ի կողմէ ցարդ իրականացուած ի նպաստ արցախահայութեան օժանդակութեան ուղղուած աշխատանքներուն մասին: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ժողովականներուն, որոնք իրենց մասնաճիւղերուն մէջ, համագործակցելով տեղի մարմիններուն հետ, օգտակար կը հանդիսանան գաղթական դարձած արցախահայերուն:

Իր հերթին, Ն. Տէրտէրեան զեկուցեց նոյն նպատակին ուղղուած լայն ծաւալով տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն մասին: Տէրտէրեան նաեւ քաջալերեց ներկաները` շարունակելու իրենց ազգային պարտականութիւնները արցախահայութեան հանդէպ:

Ազրպէյճան Յայտարարեց, Որ Իբր Թէ Գանձասարի Վանքը Ենթարկուեցաւ «Հայկական Վանտալիզմի»

Հայաստան «Բռնագրաւման ժամանակ» ,ապօրինի վերանորոգման եւ վերականգնման» աշխատանքներ իրականացուց Գանձասարի վանքին մէջ: Այսպիսի յայտարարութիւն տարածեց Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, զարգացման եւ վերականգնման պետական ծառայութիւնը:

Գերատեսչութիւնը յայտնեց, որ իբր թէ Գանձասարի վանքը «Կովկասեան Ալպանիոյ քրիստոնէական ճարտարապետութեան ամէնէն նշանաւոր յուշարձաններէն մէկն է»:

Գերատեսչութիւնը նշեց, որ «բռնագրաւման տարիներուն» յուշարձանը ենթարկուեցաւ «հայկական վանտալիզմի»:

Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներուն Մօտաւորապէս 30 Հազարը Երեխաներ Են. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Արցախի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններուն պատճառով աւելի քան 100 հազար մարդ տուժեց եւ ապաստանեցաւ Հայաստան, հաղորդեցին ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հայաստանի գրասենեակէն:

Ըստ հաղորդումին, Հայաստան տեղափոխուածներուն մօտաւորապէս 30 հազարը երեխաներ են:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ կ՛աշխատի Հայաստանի կառավարութեան հետ: Մեր ուշադրութեան առանցքը կը կազմէ այս երեխաներուն եւ ընտանիքներուն անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը», գրուած է «Էքս»-ի իրենց պաշտօնական էջին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Թատերական Կեանքը

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?