Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայրենիքի Մէջ Նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Բագին Պարբերականին 60-Ամեակը
Սեպտեմբեր 18-ին Երեւանի մէջ նշուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պարբերականին` «Բագին»-ի 60-ամեակը, որ կայացաւ Ազգային գրադարանին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքի անդամներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ պարբերականին անցած պատուաւոր ուղիին` նշելով, որ անիկա իր առաքելութեամբ փոխարինելու եկաւ «Հայրենիք» ամսագիրին` շարունակելով վերջինիս որդեգրած ազգային չափանիշները եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ծառայել հոգեւոր Հայաստանի կերտման:
«Հոգեւոր Հայաստանն է, որ մեզ ապրեցուցած եւ նպատակներու մղած է: Առանց հոգեւոր Հայաստանի մենք ֆիզիքական Հայաստան չէինք ունենար: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հասկնայ ու իր մէջը կրէ հոգեւոր հայրենիքը», շեշտեց Ռուզան Առաքելեան, ապա անուն առ անուն նշեց այն բոլոր խմբագիրներուն անունները, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ անվերապահ նուիրումով իրենց ազգանուէր ծառայութիւնը բերած են հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման:
«Բագին» պարբերականի ներկայի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեան բովանդակալից կերպով անդրադարձաւ «Բագին»-ի գործունէութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց «Բագին»-ի 60 տարուան պատմութիւնը եւ հարց տուաւ, թէ` «Արդեօք «Բագին» կրցա՞ւ իրագործել իր իսկ խմբագիրներուն կողմէ մշակուած ուղեգիծը: Այստեղ կ՛ուզեմ նշել քանի մը կարեւոր փաստ եւ կը ձգեմ, որ դուք կատարէք եզրակացութիւնը:
Առաջին` «Բագին» սերունդի մը հանդէսը չեղաւ, այլ իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն դարձաւ երեք ու աւելի սերունդներ հիւրընկալողի հանդէսը: Եթէ խօսինք առաջին տասնամեակին մասին, պիտի ըսենք, որ «Բագին» կամուրջ մը հանդիսացաւ Կարօ Սասունիի, Եդուարդ Պոյաճեանի եւ Վահէ Օշականի սերունդներուն միջեւ:
Երկրորդ` «Բագին» չեղաւ միայն Միջին Արեւելքի կամ Լիբանանի գրողներու հաւաքավայրը կամ խանդավառ բեմը. սփիւռքի համարեա՛ բոլոր գրողները նոյն խանդավառութեամբ ողջունեցին անոր ծնունդը` առաջին օրէն ու հետագային նոյն ոգեւորութեամբ աշխատակցելով անոր, ինչպէս` Արամ Հայկազ, Յակոբ Կարապենց, Գուրգէն Մխիթարեան, Ա. Արփինէ, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի, Արսէն Երկաթ, Բենիամին Թաշեան, Արամ Գառօնէ, Արմանտ, Լեւոն Գարմէն եւ Լեւոն Մկրտչեան:
Երրորդ` սփիւռքի գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ ունեցող երիտասարդ գրողներ իրենց ինքնահաստատման փորձերը կատարեցին «Բագին»-ի էջերուն մէջ:
Չորրորդ` «Բագին» յստակ դիրքորոշում ունեցաւ ձգտումնաւոր գրականութեան անհեթեթութեան դէմ` պաշտպանելով հայրենիքի գրողներու ազատութեան իրաւունքը: Մինչ հայրենիքի մէջ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, «Բագին» իր էջերը լայն կը բանար անոնց առջեւ եւ յանդգնութիւնը կ՛ունենար դէմ կենալու խորհրդային գրաքննութեան իբրեւ արդիւնք` գրական աղճատումներուն, իր արժանաւոր դերակատարութիւնը ունենալով գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ :
Հինգերորդ` «Բագին» տեղ տուաւ թարգմանական գրականութեան: Փիրանտելլօ, Է. Էունեսքօ, Պեքեթ, Հարոլտ Փինթըր, Ժան Ժընէ, Ֆոլքնըր, Ատոնիս… Այս բոլորը եւ ուրիշներ թարգմանուեցան եւ ներկայացուեցան ընթերցողին:
Վեցերորդ` Պօղոս Սնապեանի ջանքերով «Բագին»-ի էջերը տրամադրուեցան շատ մը գրողներու անտիպներուն, ինչպէս, օրինակ, Վազգէն Շուշանեանի եւ Յակոբ Օշականի:
Եօթներորդ` «Բագին» տպեց բացառիկ թիւեր…»:
«Բագին»-ի բովանդակային արժեւորումը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: (Խօսքը յառաջիկային կը հրապարակենք առանձին):
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց «Բագին»-ի 60-ամեակը, այնուհետեւ իրականացուց երաժշտական գեղեցիկ կատարում` նուագակցութեամբ դաշնակահար Լենա Թորոսեանի:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Արտաշէս Շահպազեանը եւս: Ան շեշտեց, որ պարբերականը այսօր ալ կը շարունակէ պատուով կատարել իրեն վստահուած դժուար, բայց կարեւոր առաքելութիւնը:
Յոբելեանին առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Տեմիրճեան «Բագին»-ի 60-ամեակը շնորհաւորելէ ետք կարեւոր նկատեց պարբերականի համագործակցութիւնը Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ, նշեց, որ «Բագին»-ը կարեւոր հարթակ է նոր անուններ ի յայտ բերելու եւ հանրաճանաչ դարձնելու գործին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս կարեւոր համագործակցութիւնը կը շարունակուի:
Խօսք արտասանեց նաեւ բանաստեղծ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանը: Արցախցի երգիչ Արթուր Խաչենցը իր հոգեպարար երգով նոր շունչ հաղորդեց ցերեկոյթին` կատարելով «Արի՛, իմ սոխակ» երգը:
Ձեռնարկին երկրորդ մասը նուիրուեցաւ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում» գիրքի ներկայացման, մինչ գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ վերլուծեց գիրքին բովանդակութիւնը:
Ցերեկոյթը եզրափակեց Ռ.Առաքելեանը` շեշտելով, որ` «Համայն հայութեան սեւեռակէտը պիտի դառնայ Հայաստանը` Արցախով հանդերձ, որովհետեւ առանց հայրենիքի` սփիւռքը կը կորսնցնէ իր ամբողջական բովանդակութիւնը»:
Միջազգային Գիտաժողովի Եւ Ժամանակաւոր Ցուցադրութեան Բացում Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ կայացաւ «Համակեդրոնացման ճամբարները Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն. Ճանապարհ դէպի մահ» խորագրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը:
Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: «Այս նիւթով գիտաժողով հայկական իրականութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կ՛իրականացուի: Ցաւօք անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այժմ ալ արդիական եւ այժմէական են: Այն, ինչ որ կը կատարուի ներկայիս Արցախի մէջ, մեզի կը յիշեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ հայերուն բաժին հասած ճակատագիրը: Սակայն մենք յոյս ունինք, որ արցախահայութիւնը չ՛արժանանար սեփական հողին վրայ ցեղասպանուելու ճակատագրին», նշեց ան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմ. գիտ. դոկտոր, փրոֆեսէօր Ռայմոնտ Գէորգեանը:
Գիտաժողովի բացման արարողութեան յաջորդեց «ճանապարհ դէպի մահ. Հայոց ցեղասպանութեան թեման կերպարուեստին մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան հանդիսաւոր բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեանը, ցուցադրութեան կազմակերպման խորհրդատու, ՀԳՊԱՅ տիզայնի եւ տեքորաթիվ կիրառական արուեստի բաժանմունքի գծանկարչութեան ամպիոնի վարիչ, դոցենտ, արուեստագիտութեան թեկնածու Վահէ Գասպարեանը, յայտնի նկարիչներ եւ ուրիշներ:
Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ վայրերու մէջ հայերուն դէմ շարունակական հալածանքները, համիտեան կոտորածները, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր ծանր հետեւանքները ամրացան հայ ժողովուրդի հաւաքական եւ պատմական յիշողութեան մէջ: Այս ամէնը խոր ապրումներու եւ մտորումներու պատճառ դարձան`իրենց արտայայտութիւնը գտնելով նաեւ արուեստին` (կերպարուեստին, կոթողային արուեստին, երաժշտութեան, թատրոնին…) մէջ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայերէն ու անոնց ժառանգներէն շատերը դարձան վրձինի վարպետներ` բազմաթիւ արժէքաւոր գործեր նուիրելով Հայոց ցեղասպանութեան թեմային: Համազգային ցաւի գոյները արտացոլուեցան հայ ականաւոր այնպիսի գեղանկարիչներու գործերուն մէջ ինչպիսիք են` Գէորգ Բաշինջաղեանը, Փանոս Թերլեմեզեանը, Եղիշէ Թադէոսեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Վանօ Խոջաբեկեանը, Սարգիս Խաչատուրեանը, Արշակ Ֆեթուաճեանը, Էտկար Շահինը, Երուանդ Քոչարը, Յակոբ Կոճոյեանը, Լեւոն Թիւունճեանը, Յարութիւն Կալենցը, Արշիլ Գորկին (Ոստանիկ Ադոյեան), Գառզուն (Գառնիկ Զուլումեան), Ժանսեմը (Յովհաննէս Սեմերճեան), Փափազը (Յակոբ Փափազեան), Մինաս Աւետիսեանը, Յակոբ Յակոբեանը, Գրիգոր Խանճեանը, Սարգիս Մուրատեանը, Սուրէն Սաֆարեանը, Գայեանէ Խաչատուրեանը եւ տասնեակ այլ գեղանկարիչներ:
Այս ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածոյին մէջ պահուող ինչպէս աշխարհահռչակ, այնպէս ալ համեմատաբար քիչ յայտնի նկարիչներու գործեր: Ընտրուեցան Ցեղասպանութեան միայն մէկ դրուագը` հայերու բռնի տեղահանութեան ընթացքն ու հետեւանքները ներկայացնող հայ եւ օտար գեղանկարիչներու գործերը: Ցուցադրուեցան` հունգարացի գեղանկարիչ Գեռոյ Դադայի, ռուս Կոստանդին Իստոմինի, ֆրանսացի Ժան-Լուի Ֆորանի, ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի, պոլսահայ Ասիլուայի (Սիլուա Առաքելեան), լիբանանահայեր Րաֆֆի Թոքաթլեանի եւ Րաֆֆի Ետալեանի, պելճիքահայ Սամուէլ Ասլանեանի, ֆրանսահայ Ժան-Փիեր (Յարութիւն-Պետրոս) Սեֆերեանի, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական նկարիչ Սուրէն Սաֆարեանի եւ այլ արուեստագէտներու գործեր: Ընդհանուր առմամբ, ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուեցաւ 26 արուեստագէտի 33 գործ, որոնցմէ 19-ը գեղանկարներ են, 14-ը` կրաֆիքական աշխատանքներ:
Միջազգային գիտաժողովն ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը իրականացուեցան Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նիւթական աջակցութեամբ:
Հաղորդենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 ապրիլ 2024 թուականը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ Կայացաւ Ձեռնարկ «1918 Թ. Սեպտեմբեր. Պաքուի Հայութեան Կոտորածներ-105» Խորագիրով
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամին գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1918 թ. սեպտեմբեր. Պաքուի հայութեան կոտորածներ-105» խորագիրով ձեռնարկը:
Նախ ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեան: Ան ներկայացուց օրուան բանախօսները, ապա անդրադառնալով նիւթին` զուգահեռներ կատարեց վերջերս Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպան քաղաքականութեան հետ:
Առաջինը ելոյթ ունեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահան Մելիքեանը, որ ներկայացուց «Փանթուրքիզմի առաջին արշաւանքի փորձը Պաքուի մէջ 1918 թ. մարտին» նիւթով բանախօսութիւնը: Վահան Մելիքեան անդրադարձաւ 1918 թուականի Պաքուի մարտ եւ սեպտեմբեր ամիսներու ջարդերուն եւ երիտթուրքերու դերակատարութեան հարցերուն:
Երկրորդ բանախօսը պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Հայրունին էր, որ ներկայացուց «Պաքուի հայերուն կոտորածը 1918 թուականին, ըստ գերմանական սկզբնաղբիւրներու` նախընթաց իրադարձութիւններու քննական լոյսի ներքեւ» վերնագիրով դասախօսութիւնը:
Բանախօսը ներկայացուց Էնվեր փաշայի խորթ եղբայր Նուրի փաշայի գործօն մասնակցութիւնը Պաքուի ջարդերուն, ինչպէս նաեւ` գերմանական աղբիւրներու մէջ պահպանուած Պաքուի հայութեան կոտորածներու մասին արժէքաւոր տուեալներ: