Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ազատ Սիւնիք» Գրքոյկ – ՀՅԴ Երիտասարդականի Հրատարակութիւն
Դաւիթբէկեան ուխտերու ծնունդի այս բացառիկ օրը կը ներկայացնենք «Ազատ Սիւնիք» գրքոյկի հրատարակութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:
25 օգոստոս 1920-ին Կապանի Կաւարտ գիւղին մէջ Նժդեհի զինուորները կ՛ուխտեն Դաւիթ Բէկի անունով` «Հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատարին` Նժդեհին, եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը»:
Գրքոյկին վերնագիրը ներշնչուած է ինքնավար Սիւնիքի խորհրդարանի կողմէ տպագրուած նոյնավերնագիր հանդէսէն` Գ. Նժդեհի խմբագրութեամբ, հրատարակուած` 1921 թուականին, Գորիսի «Սասուն» տպարանին մէջ:
Գրքոյկը ՀՅԴ երիտասարդականի «Դէպի Սիւնիք» ռազմավարական ծրագրի ծիրին մէջ գտնուող աշխատանքներէն մէկն է: Այստեղ ամփոփուած են Սիւնիքի պատմական աշխարհագրական բնութագրի, Լեռնահայաստանի հերոսամարտի, Գ. Նժդեհի կենսագրութենէն եւ խօսքերէն, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի ռազմավարական նշանակութեան մասին նիւթեր:
Այս գրքոյկը կը հրամցուի հանրութեան` իբրեւ պատգամ, թէ` հայրենիքի անվտանգութիւնը կը սկսի անոր գերադասումէն` ամէն բանէ վեր ըլլալէն, իբրեւ նախապայման` մեր ազգի գոյատեւման եւ արարումին: Արցախի շրջափակման աղէտալի այս օրերուն կը հաստատենք, որ կարելի է դէմ դնել թշնամիին եւ դաւաճաններուն` կառչած մնալով հայրենի հողին եւ ուժի պաշտամունքին:
Արցախի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ Անդամ, Ստեփանակերտի Առաջին Վաշտի Հրամանատար Բեկոր Աշոտի Յիշատակի Օրը
Օգոստոս 24-ը արցախեան ազատամարտի առաջամարտիկ, ՀՅԴ անդամ, Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր Աշոտ, Ասկոլկա) յիշատակի օրն է: Նոյն թուականին 1992-ին Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման ժամանակ զոհուեցաւ Աշոտ Ղուլեան:
Հերոսին նահատակութեան օրը ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը, Աշոտ Ղուլեանի ընտանիքի անդամները, մարտական, կուսակցական ընկերներ, հարազատներ: Ներկաները նախ ծաղիկներ խոնարհեցուցին դպրոցի բակին մէջ տեղադրուած հերոսի կիսանդրիին մօտ: Այնուհետեւ կայացաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Բեկորի անցած մարտական ուղին, անոր ձգած պատգամներն ու ուղերձները:
Դպրոցի սաները ներկայացուցին Բեկորի կեանքն ու գործը` յուսալով, որ օր մը իրենցմէ մէկը կը հնչեցնէ յայտնի խօսքերը` «Ես նստած եմ Շուշիի բերդի պատին ու սպասում եմ տղաների բարձրանալուն»:
Դպրոցի տնօրէն Վահրամ Յակոբեան իր խօսքին մէջ առանձնացուց Բեկորի մարտական ու կազմակերպչական ունակութիւնները: «Ան լաւագոյն ձեւով կը ղեկավարէր մարտական գործողութիւնները, հմտօրէն կը կազմակերպէր ենթականերու առօրեան ու կենցաղը թէ՛ զօրանոցային պայմաններու, թէ՛ դաշտային պայմաններու մէջ: Մեզ` ողջ մնացածներուս, կը մնայ սերունդները դաստիարակել առասպելական հրամանատար Աշոտ Ղուլեանի եւ նահատակուած մեր մարտական ընկերներու կերպարներով` միեւնոյն ժամանակ արժեւորելով մարտական ուղի անցած ողջ մնացած ազատամարտիկներու կերպարները»:
Բեկորի կիսանդրիի հեղինակ, քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանն ալ ինքզինք երջանիկ մարդ կը համարէր, որովհետեւ ծանօթ էր մեծագոյն հայորդի Աշոտ Բեկորի: «Անոր կերպարին հետ աշխատիլը ինծի համար առանձին երջանկութիւն էր: Այսօրուան ծանրագոյն քաղաքական իրավիճակին մէջ բոլորիս համար անհրաժեշտ է անընդհատ վերարժեւորել մեր հերոսներուն սխրանքները` բարձրացնելու մեր վիրաւորուած հոգիները եւ վերահաստատելու` ոչ մէկ քայլ յետ ազատութեան նշաձողէն», ըսաւ արուեստագէտը:
Ազրպէյճան Սկսած Է Բռնագրաւուած Շուշիի Եկեղեցիներուն Աղուանական Ուղղափառացման Գործընթացին
Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ ազրպէյճանական շրջափակման մէջ: Արդէն մօտաւորապէս 8 ամիս է` Արցախը կտրուած է արտաքին աշխարհէն, փակ է անոր կեանքի միակ ճանապարհը` Բերձորի միջանցքը, որուն իբրեւ հետեւանք` 120 հազար արցախահայեր կանգնած են ցեղասպանուելու շեմին:
Այս պայմաններուն մէջ Արցախի մէջ աստիճանաբար կը վատթարանայ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն իրավիճակը, զբօսաշրջութեան ոլորտը եւս կը գտնուի անդամալուծուած վիճակի մէջ. եթէ 2020 թուականի աղէտալի պատերազմէն ետք այդ ոլորտը աստիճանաբար կը փորձէր վերականգնիլ, սակայն շրջափակման պայմաններուն մէջ այդ ամէնը դարձած է անհնար:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով շրջափակման պատճառով զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս յառաջացած հարցերուն մասին` Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ տակաւին կրած վնասներուն մասին հաշուարկներ չեն կատարած, սակայն անոնք մեծ են:
«Բնականաբար պաշարման ընթացքին մասնաւորապէս ներքին զբօսաշրջութիւնը պէտք էր զարգանար, եւ նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կ՛իրականացուէր «Թուրիզմ-պաս» ծրագիրը, որ շատ քիչ վճարումի դիմաց մարդոց կը տրամադրէր տարբեր ուղղութիւններով զբօսաշրջային երթուղիներ:
Հիմա արդէն գնուած տոմսերը ետ կը վերցնենք, որովհետեւ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով մրցոյթը շահած ընկերութիւնը չի կրնար համապատասխան այդ երթուղիները սպասարկել: Մեծ վնաս հասցուած է նաեւ ներքին զբօսաշրջութեան, որ շատ մեծ հարց է, նշեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Անոր խօսքով, շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ վառելանիւթի խիստ պակաս կայ, որուն պատճառով ալ այս պահուն բոլոր ծրագիրները գրեթէ սառեցուած են:
«Յուրախութիւն բոլորիս` պիտի ըսեմ, որ դեռ որոշակիօրէն կը շարունակուին Ամարասի վանական համալիրի վերանորոգման աշխատանքները, սակայն, եթէ այսպէս շարունակուի, այդ աշխատանքներն ալ պիտի դադարեցուին: Ցաւօք, յուլիսի սկիզբները վանական համալիրներէն մէկուն շինարարական աշխատանքները դադրեցուեցան, որովհետեւ մարդիկ արդէն վառելանիւթի բացակայութեան պատճառով չեն կրնար վերանորոգման աշխատանքները շարունակել», աւելցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ոչնչացման, որ Ազրպէյճան կ՛իրականացնէ «վերանորոգման» անուան տակ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ խեղաթիւրման աշխատանքները Ազրպէյճանի կողմէ սկսած են 2021 թուականէն, եւ ցաւօք հայկական կողմը որեւէ տեղեկատուութիւն չունի, միակ տեղեկատուութեան աղբիւրը հասարակական ցանցերն են եւ Ազրպէյճանի կողմէ հրապարակուած տեսանիւթերը:
«Ազրպէյճան սկսած է բռնագրաւուած Շուշիի եկեղեցիներու ուղղափառացման գործընթացը, որ նորութիւն է, որովհետեւ բռնագրաւուած միւս եկեղեցիներու աղուանական ուղղափառացման այդ գործընթացին ծիրէն ներս աշխատանքներ կատարելով` կը պղծեն մեր եկեղեցւոյ նախկին տեսքը եւ կը վերացնեն հայկականութիւնը», շեշտեց ան:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան վստահ է, որ Արցախը ապաշրջափակելէ ետք զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը Արցախի նկատմամբ պիտի մեծնայ, կը մնայ միայն ժամ առաջ հասնիլ այդ ապաշրջափակման եւ անկէ ետք մտածել ոլորտը զարգացնելու մասին:
«Ծրագիրներ կային Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ, բայց ցաւօք անոնք հիմա սառեցուած են: Աստուած տայ, որ շրջափակումը վերացուի, եւ մենք սկսինք մեր բնականոն աշխատանքին», եզրափակեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ «Աւագների Խորհուրդ»-ի Անդամներուն Հետ
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունեց Արցախի «Աւագների խորհուրդ» կազմակերպութեան անդամները` խորհուրդի նախագահ Միքայէլ Հաճեանի գլխաւորութեամբ:
Կազմակերպութեան նախագահութիւնը ողջունեց Դաւիթ Իշխանեանի` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին վրայ ընտրութիւնը: Միքայէլ Հաճեան հաւաստիացուց, որ «Աւագների խորհուրդ»-ը ամէն ջանք պիտի գործադրէ` ապահովելու քաղաքական առողջ ուժերու համախմբուածութիւնը, պետութիւն-եկեղեցի սերտ համագործակցութիւնը եւ հայոց եռամիասնութեան վերականգնումը:
Դաւիթ Իշխանեան կարեւոր նկատեց փորձառու եւ վաստակաւոր անձերու խորհրդատուութիւնը եւ անմիջական կապի հաստատումը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հանրապետութեան մէջ տիրող ապահովական իրավիճակին, խորացող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին:
Ապրիլ, Աշխատիլ, Արարել` Ի Հեճուկս Թշնամիին. Նոր Բեմադրութիւն` Արցախեան Բեմին Վրայ
Օգոստոս 23-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ցուցադրուեցաւ Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին բեմադրած «Գիշատիչների խնճոյքը» հոգեբանական թատրերգութիւնը` ըստ Վահէ Քաչայի համանուն վէպին: Ստեղծագործութիւնը կը պատմէ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն բռնագրաւուած Փարիզի մէջ ապրող ընկերներու եւ դժուար իրավիճակի մէջ մարդկային որակները պահելու դժուարութիւններուն մասին:
Երկրորդ անգամն է, որ թատրոնը կ՛անդրադառնայ այս ստեղծագործութեան: Առաջին անգամ այն բեմադրուեցաւ 1988-ին` արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման առաջին օրերուն, երբ կանգնած էինք ըլլալու-չըլլալու հարցին առջեւ: «Իսկ այս անգամ բեմադրուեցաւ շրջափակման օրերուն, երբ ընկերային, քաղաքական եւ հոգեբանական ծանր կացութեան մէջ յայտնուած ժողովուրդը պէտք է ընտրութիւն կատարէ` կա՛մ վերջնականապէս ծունկի կու գայ թշնամիին առջեւ, կա՛մ կը մնայ իր կոչման բարձրութեան վրայ: Դարձեալ ըլլալ-չըլլալու հարցն է: Մենք` արցախցիներս, այսօր եւս յայտնուած ենք ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ. ծանր կացութեան մէջ ենք: Եւ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս պիտի յաղթահարէ այս փորձութիւնն ու ինչպէ՛ս պիտի դրսեւորէ իրեն, կախուած է անկէ, թէ որքանով ամուր է մեր բարոյական կողմնացոյցը», խօսելով ներկայացման մասին` ըսաւ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի գրական-գեղարուեստական մասի վարիչ, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Կարինէ Ալավերդեանը:
Անոր խօսքով, Ստեփանակերտի թատրոնը անձնուէր աշխատանք կատարեց ու ծանր պայմաններու մէջ նոր բեմադրութիւն պատրաստեց: Շրջափակման պատճառով թատրոնին բեմադրիչը մնացած է Երեւան, իսկ բեմադրութեան պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցուցած է ժողովրդական արուեստագէտ Քաջիկ Յարութիւնեանը:
«Ապրիլ, աշխատիլ, արարել` ի հեճուկս թշնամիին: Այս է մեր թատրոնի խումբին նշանաբանը: Կը կարծեմ, որ այս ալ մեր իւրատեսակ պայքարն է, ընդվզումը, չարին դիմակայելու ձեւը», համոզուած ըսաւ Կարինէ Ալավերդեան:
Միջազգային Մասնագէտներու Ստեղծած «Անսահմանութեան Արտացոլանք» Քաղաքային Տեղադրումը Պիտի Դառնայ Գիւմրիի Այցեքարտերէն Մէկը
Գիւմրիի մէջ իրականացուած միջազգային MEDS (Meeting of Design Students) աշխատարանի ընթացքին ստեղծուեցան տասէ աւելի նախագիծներ, որոնք իրենց մնայուն տեղը ունին արհեստներու եւ արուեստներու քաղաքին մէջ: Ճարտարապետութեան եւ ձեւաւորումի ոլորտի մասնագէտները համախմբող այս ձեւաչափը 13-րդն է պատմութեան մէջ: Հայաստանի մէջ MEDS Գիւմրի աշխատանոցին մասնակցեցան մօտաւորապէս 28 երկրէ 150 հոգի: Անոնք ձեւաւորեցին խումբեր ու իրականացուցին բազմատեսակ նախագիծներ` ճարտարապետական փոքր ձեւեր, քաղաքային տեղադրումներ, լուսանկարչական մշակումներ եւ այլն:
Ալիւմինիոմէ դռներու եւ պատուհաններու առաջատար արտադրող PROFAL ընկերութիւնը իր ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ կ՛աջակցի իրականացման «Անսահմանութեան արտացոլանք» նախագիծին, որուն հեղինակներն են Ալպերթօ Կոլետն ու Տանիէլէ Մելոնին: Հայաստանը, Պուլկարիան, Իտալիան, Լեհաստանը, Ռուսիան, Իրլանտան, Եգիպտոսը, Հնդկաստանն ու Թուրքիան ներկայացնող մասնագէտները համախմբեցին ջանքերը այս նախագիծի ստեղծման շուրջ:
Ալպերթօ Կոլետն թէեւ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Հայաստան, բայց անոր մասին բազմիցս լսած է իր հայազգի ընկերներէն: Ան նշեց. «MEDS»-ը համագործակցութեան իւրայատուկ ձեւաչափ է, որ մտքերու փոխանակման ու միեւնոյն նախագիծին վրայ աշխատելու կարելիութիւն ստացան տարբեր մշակոյթներ ու մօտեցումներ կրող մասնագէտներ: Նախագիծը, որ մենք յաջողութեամբ իրագործեցինք, քաղաքային տեղադրում է` պատուած արտացոլող մակերեսով, որ շրջանակի մէջ կը վերցնէ բնութիւնը` ստեղծելով իւրօրինակ կտաւ»:
«Անսահմանութեան արտացոլանք» քաղաքային տեղադրումը տեղադրուեցաւ Գիւմրիի «Հայր Հայաստան» յուշարձանի յարակից տարածքին մէջ, որ, ըստ նախագիծի հեղինակին, իւրայատուկ այցեքարտ պիտի դառնայ ինչպէս գիւմրեցիներուն, այնպէս ալ քաղաքի այցելուներուն համար:
«PROFAL ընկերութիւնը մշտապէս կարեւոր կը նկատէ այսպիսի ձեւաչափերուն աջակցութիւնը, որոնք կը նպատակադրեն զարգացնելու հայ եւ արտասահմանցի մասնագէտներու միջեւ միջազգային համագործակցութիւնը` դառնալով լաւագոյն հարթակ ստեղծարար ու նորարար մտքերու գեներացման համար: Բացի այդ` չէինք կրնար անտարբեր անցնիլ Հայաստանի մէջ համայնքային կեանքի զարգացման նպաստող այս կարեւոր նախաձեռնութեան կողքով», ըսաւ PROFAL GROUP-ի գլխաւոր տնօրէն Էտկար Աւետիսեան:
Տեղեկացնենք, որ MEDS Գիւմրի աշխատանոցը կայացաւ օգոստոս 6-20, որուն ծիրին մէջ «Անսահմանութեան արտացոլանք» նախագիծի ղեկավարն ու մասնակիցները հիւրընկալուեցան PROFAL-ի մէջ: Էտկար Աւետիսեան ընդունեց հիւրերը, ներկայացուց ընկերութեան անցած ճանապարհը եւ արձանագրած յաջողութիւններն ու յառաջիկայ մեծ ծրագիրները: Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան ընկերութեան ալիւմինիոմի, ապակիի եւ կահոյքի արտադրամասերը, ծանօթացան արտադրական գործընթացին: Հիւրերը այցելեցին նաեւ PROFAL-ի կանաչապատման եւ տարածքներու ձեւաւորումի ուղղութիւնը ներկայացնող Օ2 Gardens-ը, ուրկէ հեռացան շատ տպաւորուած: