Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

July 19, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հադրութի Շրջանին Մէջ Գտնուող Կաւաքավանքի Եկեղեցին Կորսնցուցած Է Իր Նախնական Տեսքը

Ազրպէյճանցի օգտատէրերէն մէկուն կողմէ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսանիւթերէն երեւաց, որ բռնագրաւուած Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող Կաւաքավանք վանքային համալիրի տարածքին շինարարական աշխատանքներ կ՛իրականացուին:

Վանքը կը գտնուի Տողէն Վարանդա (Ֆիզուլի) տանող ճանապարհին ձախ` հարթավայրէն առանձնացող բլուրի մը վրայ: Այս մասին յայտնեց Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:

2020 թուականի հոկտեմբեր 12-14-ին Կաւաքավանքի շրջակայքը ընթացան բուռն մարտեր, տարածքը ենթարկուեցաւ հրետակոծութեան: Ազրպէյճանցի զինուորականները եկեղեցին օգտագործեցին իբրեւ ռազմական յենակէտ, որուն պատճառով կառոյցի զարդաքանդակներն ու հայերէն արձանագրութիւնները զգալիօրէն տուժեցին կամ ոչնչացուեցան: Եկեղեցւոյ վիճակին մասին 44-օրեայ պատերազմէն ետք, մինչեւ այս տեսանիւթերուն ի յայտ գալը, տեղեկութիւններ չկային:

Տեսանիւթէն կ՛երեւի, որ եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը զգալիօրէն տուժած են թշնամիին հրետակոծութենէն, կան փլած հատուածներ, ինկած ու թափած քարեր եւ վնասուած տանիք: Այս վնասները նախքան 2020 թուականի պատերազմը առկայ չէին: Բացի այդ, ինչպէս կ՛երեւի տեսանիւթին մէջ, եկեղեցին իբրեւ ռազմական յենակէտ օգտագործած զինուորականները եկեղեցւոյ տարբեր հատուածներուն մէջ ձգած են ազրպէյճաներէնով կատարուած տասնեակ գրութիւններ: Անհետացած են եկեղեցւոյ կողքին տակաւին 1995 թուականին տեղադրուած` տարածքը ազատագրած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած խաչքարը: Շատ հաւանաբար խաչքարը ոչնչացուցած են ազրպէյճանցի զինուորները: Նկատենք, որ ազրպէյճանական կողմը չի ալ թաքցներ 1994 թուականէն ի վեր կանգնեցուած խաչերուն, խաչքարերուն, տարաբնոյթ յուշակոթողներուն, ինչպէս նաեւ նոր կառուցուած եկեղեցիներուն հանդէպ իր վերաբերմունքը:

Տեսանիւթէն կ՛երեւի, որ ազրպէյճանական կողմը հարթեցուցած է եկեղեցւոյ շրջակայ տարածքը եւ կատարած է հողալցումներ: Դատելով տեսանիւթին մէջ երեւացող թեքնիքէն` դէպի եկեղեցի նոր, կուպրապատ ճանապարհ կառուցուած է: Առաւել մտահոգիչ են եկեղեցւոյ մէջ եւ շքամուտքի վրայ կատարուող աշխատանքները: Դատելով տեսանիւթէն` շքամուտքը զգալիօրէն վնասուած է, համարեա անհետացած են զարդաքանդակ եզրագօտիները: Եւ ի հարկէ, քարոզչական աժանագին հնարքը` հայկական միջավայրին մէջ, հայերուն կողմէ 1742 թուականին կառուցուած եւ հայերէն արձանագրութիւններ կրող եկեղեցին յորջորջած են իբրեւ աղուանական:

Ազրպէյճանական կողմը եկեղեցւոյ կարծես ամրակայման, վերականգնողական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ, որոնցմէ առաւել վտանգաւորը եկեղեցւոյ իրական-պատմական տեսքի աղաւաղումն է, վերականգնման պատրուակի տակ անոր աղճատումը եւ, այսպէս կոչուած,  «աղուանացումը»: Իսկ ազրպէյճանական կողմը իր բազմաթիւ յայտարարութիւններով, որոնք կատարուած են նաեւ երկրի նախագահի մակարդակով, մշտապէս նշած է, որ իբր թէ հայեր բռնագրաւման տարիներուն հայկականացուցին երկրամասին, այսինքն` Արցախի «աղուանական» յուշարձանները, եւ իրենք նախնական տեսք տուած են անոնց: Այս կը նշանակէ, որ վերացուած են խաչային յօրինուածքները, խաչքարերը եւ առաջին հերթին` հայերէն արձանագրութիւնները (մանրամասն տես. Ծակուռու եկեղեցու մասին Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնը-Monument Watch):

Ահա այս վտանգը կը տեսնենք նաեւ Կաւաքավանքի եկեղեցւոյ «Շինարարական աշխատանքներու» պարագային:

Արա Սանճեանի Դասախօսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ

Յուլիս 8-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ «Խորհրդային իշխանութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը (Պատմագիտական գնահատականներու հոլովոյթը, 1920-1991)» խորագրով բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ պատմաբան, հայագէտ, Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Արա Սանճեան:

Մինչ բանախօսութեան մեկնարկը` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Ան հակիրճ ներկայացուց Արա Սանճեանի գիտական կենսագրութիւնը եւ նշեց, որ ուրախ է զայն հիւրընկալելուն համար:

Բանախօսութեան ընթացքին Արա Սանճեան ժամանակագրականօրէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ խորհրդային իշխանութիւններու ունեցած դիրքորոշումները եւ զանոնք ձեւաւորող գործօնները: Բանախօսը նշեց, որ խորհրդային իշխանութիւնները, յատկապէս` Բ. Աշխարհամարտէն ետք, առաւել մեղմ քաղաքականութիւն սկսան վարել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման եւ ոգեկոչման նկատմամբ: Ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իշխանութիւններուն վերաբերմունքը պայմանաւորուած էր նաեւ Խորհրդային Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններով, բայց ինչպէս բանախօսը նշեց, երբեմն կը նկատուէին «հոսանքին հակառակ» երեւոյթներ, մասնաւորապէս` Խորհրդային Հայաստանի զինանշանի վրայ Մասիսներու պատկերումը, կառուցուող նոր աւանները Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերու անուններով կոչելը եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին համազգային ոգեկոչումէն եւ յուշահամալիրի կառուցումէն ետք յաջորդ մեծ ազգային զարթօնքի` արցախեան շարժման տարիներուն Հայոց ցեղասպանութեան թեման նորէն եղաւ առաջնակարգ: Խորհրդային Ազրպէյճանի իրականացուցած հայկական կոտորածները իրենց իրականացման ձեւերով եւ մեթոտներով կը յիշեցնէին դարասկիզբի թուրքերուն իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արա Սանճեան ներկայացուց նաեւ խորհրդային պատմագիտական եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի լուսաբանման ընթացքը:

Աւարտին Արա Սանճեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ բովանդակային քննարկումին համար:

Հերոսներու Վերականգնողական Քաղաքին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Հերոսներու Հացատուն»-ին

Հայաստանի ազգային հերոս Վահագն Ասատրեանի անուան Վերականգնողական քաղաքի հոգեկան առողջութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հացատան, ուր պիտի աշխատին նահատակուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու մայրերն ու հարազատները:

Կեդրոնի հիմնադիր Սուրէն Արենց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմեց, որ հացատան մէջ պիտի աշխատի վեց մարդ, իսկ հետագային անոնց թիւը պիտի բարձրանայ: Այս հացատան բացումը կը հետապնդէ քանի մը նպատակ` դարմանումի, ուսուցողական (նոր հմտութիւններ) եւ ի հարկէ` զբաղուածութիւն:

«Եթէ մարդը բուժես եւ պարապ ձգես, ապա բուժումը թերի կ՛ըլլայ: Բացի այդ` հացատունը թոյլ կու տայ ապահովել կեդրոնի ինքնաֆինանսաւորումը, բոլոր վճարումները պիտի ըլլան ելեկտրոնային, եւ ամբողջ շրջանառութիւնը պիտի ըլլայ վերահսկելի ու թափանցիկ», նշեց ան:

Իսկ նահատակուած Գէորգ Յակոբեանին մայրը` Արեւիկը, պատմեց, որ կեդրոնին մէջ աշխատիլը, ընկերային հարցերը լուծելէ բացի, իրեն համար որդիին երազը իրականացնելու կարելիութիւնը կ՛ընձեռէ: Անոր խօսքով, Գէորգը կ՛երազէր բանակէն վերադառնալէ ետք հացի փուռ բանալ, որպէսզի այն ընտանեկան ասպարէզ դառնայ:

«Պատերազմի օրերուն ես հաց կը թխէի ռազմաճակատի զինուորներուն համար եւ կը մտածէի, որ թերեւս մէկ կտորն ալ որդիիս կը հասնի: Իսկ հիմա կը թխեմ կեդրոնի այցելուներուն համար, կը զրուցեմ անոնց հետ եւ կ՛օգնեմ վերականգնողական աշխատանքներուն», նշեց նահատակ հերոսին մայրը:

Նաթան արք. Յովհաննիսեան օծեց հացատունը եւ անոր բացումը խորհրդանշական համարեց. հայերը, ուր ալ բնակութիւն հաստատեցին, առաջին հերթին թոնիր կառուցեցին, յետոյ` եկեղեցի ու դպրոց: Հոգեւորականը այդ մէկը կը բացատրէ անով, որ հայուն համար կարեւոր են հանապազօրեայ հացն ու հոգիի եւ մտքի սնունդը:

Ազգային հերոս Վահագն Ասատրեանի անուան «Հերոսներու վերականգնողական քաղաք» հոգեբանական առողջութեան կեդրոնին բացումը կատարուեցաւ 28 դեկտեմբեր 2021-ին: Թուային արհեստագիտութեան կիրարկմամբ բուժման զուգահեռ, Արցախի մէջ մարտական գործողութիւններու մասնակիցները կրցան անհրաժեշտ վերականգնողական դասընթացք ստանալ: Կեդրոնի շահառուներ են նաեւ մարտական գործողութիւններու ժամանակ հաշմանդամութիւն ստացած զինուորականներն ու անոնց ընտանիքներու անդամները: 2023 թուականին կը նախատեսուի կեդրոնին մէջ հիւանդանոցային բուժման նոր մասնաշէնք կառուցել: Կեդրոնի մասնաճիւղեր պիտի բացուին Հայաստանի տարբեր մարզերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի մէջ:

Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Երկու Նամականիշով Գեղաթերթիկ` «Կրօն Եւ Մշակոյթ. Մշակութային Ոճիր» Թեմայով

2023 թուականի յուլիս 11-էն շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու նամականիշով գեղաթերթիկ` «Կրօն եւ մշակոյթ. մշակութային ոճիր» նիւթով:

Ըստ «Հայփոստ»-ի տարածած հաղորդագրութեան, 940 հայկական դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը, իսկ 950 հայկական դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ` նոյն գերեզմանատունը 2005 թուականին հայկական խաչքարերու Ազրպէյճանի թիրախաւորուած ոչնչացումէն ետք:

Գեղաթերթիկի խորապատկերին ներկայացուած են Նախիջեւանի տարածքին վրայ գտնուող Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի 16-18 դարերու բազում խաչքարերու ոչնչացման պատկերներ:

Գեղաթերթիկին վրայ նաեւ նշուած են «ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ» եւ «XVI-XVIII ԴԱՐԵՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐԻ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՈՒՄ» գրառումները` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Թողարկման օրը` 11 յուլիս 2023թ.,
Ձեւաւորումը` Դաւիթ Դովլաթեանի,
Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա,
Նամականիշի չափերը` 40,0 x 30,0 մմ,
Գեղաթերթիկի չափերը` 105,0 x 70,0 մմ,
Տպաքանակը` 15000 հ.:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Կրթական Եւ Մշակութային Գործունէութեան Ծաւալում Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Երուսաղէմի «Հայկական Պարտէզ»-ը Կ՛օտարացուի – Ա. – Ի՞նչ Է Տեղի Ունեցածը

RelatedPosts

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»
Հայրենի Կեանք

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»

September 24, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 23, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.