Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Յուլիս 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթավերջին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին բացումը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու: Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ, «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու սկաուտական պատուիրակութիւնները:

Համա-ՀՄԸՄ-ական բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, սկաուտական բանակումը եւս տարիով մը յետաձգուեցաւ Քորոնայի համաճարակին պատճառով: Համա-ՀՄԸՄ-ական վերջին բանակումը կատարուած էր միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, յուլիս 2018-ին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը տեղի կ՛ունենայ 21-30 յուլիս 2023, Բիւրական, Հայաստան: Բանակումի նախօրեակին, հինգշաբթի, 20 յուլիսին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ կը կազմակերպուի մամլոյ ասուլիս` ծանօթացնելու համար բանակումին աշխատանքները: Մամլոյ ասուլիսը ուղղակի կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով:

Բանակումը իր աշխատանքներուն բացումը կը կատարէ ուրբաթ, 21 յուլիսին: Օր մը ետք, շաբաթ, 22 յուլիսին, բանակողները Երեւանի մէջ կը կատարեն շքերթ եւ կ’այցելեն Մեծ եղեռնի նահատակաց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ կ’այցելեն նաեւ Եռաբլուրի արցախեան նահատակաց պանթէոն:

Բանակումը հարուստ է սկաուտական յայտագիրներով եւ խաղերով: Օր մը նախատեսուած է մասնակից պատուիրակութիւններու երկիրներու մշակոյթներուն ներկայացման համար: Նախատեսուած է նաեւ «Homenetmen got talent»-ի մրցում մը: Շրջապտոյտներ կազմակերպուած են դէպի Սեւանայ լիճ եւ Գիւմրի: Յայտագիրին վրայ է յեղափոխական երգերու երեկոյ մը` Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին օրը, 27 յուլիս 2023-ին:

Բանակումին փակումը նախատեսուած է շաբաթ, 29 յուլիսին, յատուկ խարուկահանդէսով եւ ծնողներու բանակավայր այցելութեամբ: Փակման հանդիսութեան կը կատարուի միութեան սկաուտական բարձրագոյն կարգի` «Արարատեան» դասընթացքի թեկնածուներուն կարգի տուչութիւնը յատուկ փողկապով եւ հաստատագիրով, պաշտօնական հանդիսութեամբ: Բանակումին գլխաւոր աշխատանքները ուղղակի կը սփռուին ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին նշանաբանն է «Խրոխտ, խիզախ, մի՛շտ պատրաստ»: Բանակումը ունի իր խորհրդանշանը (հեղինակ` Յովիկ Փամփալեան, Սուրիայէն) եւ քայլերգը (խօսք եւ երաժշտութիւն` Ակուսթին Անալեանի, Հարաւային Ամերիկայէն):

Բանակումին ընդհանուր խմբապետն է Պօղոս Մահպուպեան` ՀՄԸՄ-Ֆրանսէն, փոխխմբապետներն են` Գէորգ Օհանեան` Հայաստանէն եւ Շարլին Գէօզալեան` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն: Բանակումին խմբապետական գործադիր կազմը բաղկացած է հետեւեալներէն. Թամար Քէշիշեան (Լիբանան), Մենար Պոյաճեան (Միւնիխ), Յովիկ Փամփալեան (Սուրիա), Արամ Գայսէրեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ), Ակուսթին Անալեան (Հարաւային Ամերիկա), Գրիգոր Տուլգարեան (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) եւ Աւագ Կարապետեան (Քուէյթ):

Յայտնենք, որ այս տարի կը նշուի համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու 45-ամեակը: Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին բանակումը տեղի ունեցած է 1978-ին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին չորս բանակումները կատարուած են Հայաստանէն դուրս` Յունաստան (1978, 1990), Ֆրանսա (1980) եւ Անգլիա (1986): Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1994-էն սկսեալ եւ չորս տարին անգամ մը, անոնք կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ:

 

Նախորդը

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

«Թուր Տը Ֆրանս». Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?