Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ստեփանակերտի Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Կատարուած Է Երեկոյեան Ժամերգութիւն Եւ Օրհնութեան Կարգ Փետրուար 4-ին` երիտասարդ զոյգերու եւ սիրահարներու բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարին, անոր որդի Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներու տօնին, Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է երեկոյեան ժամերգութիւն, այնուհետեւ` երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մատթէոս քհնյ. Դրաւանցը անդրադառնալով տօնի խորհուրդին` ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ,...




















