Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Աւարտեցաւ Լուսահոգի Պետրոս Ալահայտոյեանի` Ցեղասպանութեան Վերապրածներու Ձայնային Արխիւի Հրապարակումը. Արթուր Իսպիրեան
Երգիչ, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի ձայնադարանի հրապարակման ղեկավար Արթուր Իսպիրեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Աւարտեցաւ լուսահոգի Պետրոս Ալահայտոյեանի` Ցեղասպանութեան վերապրածներու ձայնային արխիւի հրապարակումը:
Հրապարակուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր հայրենակիցներու աննկարագրելի պատմութիւնները, 487 ձայներիզ` մօտաւորապէս 756 ժամ տեւողութեամբ, եւ այս ամէնը լսելով ու այդ դժոխային պատմութիւններու լացերը ունկնդրելով` վերջապէս աւարտեցինք այս կարեւոր պատմական արխիւը»:
Արցախի Մէջ Ցեղային Զտման Ազրպէյճանական Քաղաքականութեան Նիւթով Գիտաժողով Ստեփանակերտի Մէջ
Մայիս 11-ին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած գիտական համագումար մը` «Արցախի մէջ ցեղային զտման ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը» նիւթով: Գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Գ. Նարեկացի» համալսարանի նախագահ Սեւակ Յակոբեան: Ան ներկաները ողջունելէ ետք մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք եւ քննարկումներ:
«Նիւթը աւելի քան արդիական է, եւ ցաւով փաստեցինք, որ դարաւոր մեր հիմնահարցերը ո՛չ միայն չեն լուծուած, այլեւ կան անոնց սրացման շարժիչ ուժեր եւ նոր սրացման վտանգ», նշեց Ս. Յակոբեան:
Արցախի կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան ողջոյնի խօսքին մէջ համոզում յայտնեց, որ գիտական համաժողովը կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ գործնական ծրագիրներու յառաջացման եւ իրականացման ուղղութեամբ:
«Գիտաժողովի խորագիրն իսկ կը փաստէ քննարկուող նիւթին կարեւորութիւնն ու արդիականութիւնը, վերջին շրջանին տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացները միանգամայն նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցուցած են մեր հանրութիւնը: Քաղաքակիրթ աշխարհի համակ ուշադրութեան պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանը, նուաճելով մեր հայրենիքի նշանակալից հատուածը, աննախադէպ ծաւալներու հասցնելով հայատեացութեան քաղաքականութիւնը եւ քարոզչութիւնը, զուգահեռաբար ձեռնամուխ եղաւ նաեւ հայկական պատմական մշակութային ժառանգութեան բացայայտ ոչնչացման քաղաքականութեան, որ աւելի խորացուց հակամարտութիւնը եւ ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան կարգավիճակի լուծման հրատապութիւնը: Ստեղծուած պայմաններու մէջ առաւել մեծ է թէ՛ հայ քաղաքական գործիչներու եւ թէ՛ մտաւորականութեան դերը մեր ժողովուրդի անվտանգ եւ ճիշդ ճանապարհով առաջնորդելու ու անով իսկ բազում փորձութիւններ յաղթահարած մեր հայրենիքի պահպանումն ու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ», ըսաւ նախարարը:
Անոր խօսքով, որպէսզի նորէն կարենանք հասնիլ մեր բաղձալի յաղթանակներուն եւ ազգային նոր վերածնունդի, պէտք է կարենանք մէկտեղել հայ մտաւոր ներուժը, նորէն միաւորուիլ մեր ազգային նպատակին շուրջ, որ կ՛ուղեկցի դէպի հայրենիքի հզօրացման եւ մեր ազգային իղձերու իրագործման:
Գիտաժողովի ընթացքին Ազրպէյճանի հայահալած, ցեղասպան քաղաքականութեան տարբեր դրսեւորումներու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան` Արցախի վաստակաւոր իրաւաբան Վլատիմիր Յովսէփեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Բաբայեանը, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նունէ Սարումեանը եւ ուրիշներ:
«Թուֆէնքեան» Բարեգործական Հիմնադրամը Ընդլայնեց Արցախի Պարէնային Անվտանգութեան Ծրագիրը
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Գիւղի աջակցութեան հիմնադրամի (ԳԱՀ) հետ ստորագրած պայմանագիրին համաձայն, «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը նուիրեց 154 թոն առաջին անհրաժեշտութեան մշակաբոյսերու սերմնացուները, որպէսզի զանոնք անվճար տրամադրուին Արցախի բոլոր գիւղացիներուն: Այս նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ աւելի մեծ ծրագրի մը մասը. այսպէս, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը միասնաբար իրականացուցին «Օգնութիւն Արցախին» ծրագիրը, որպէսզի Արցախը դառնայ աւելի ինքնաբաւ:
Սերմերը ներմուծուեցան մինչեւ ազրպէյճանական վարչակարգի ապրիլի վերջաւորութեան Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքին մէջ ապօրինի անցակէտին տեղադրումը: Գիւղի աջակցութեան հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ անվճար բաժնուեցան հնդկաձաւարի, ոլոռնի, ոսպի եւ կտաւատի սերմեր` Արցախի այն բոլոր գիւղացիներուն, որոնք ունին մինչեւ 1,5 հեկտար հողատարածք: Անասուններու կերերուն համար օգտագործուող առուոյտի եւ կորնգան բոյսերու սերմերը եւս անվճար բաժնուեցան գիւղացիներուն:
«Այս շատ կարեւոր քայլ է «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի կողմէ` օգնել թեթեւցնելու գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները», ըսաւ Գիւղի աջակցութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վալերի Ղազարեան: «Ի հարկէ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի ծրագիրներով հանդէս կու գայ Արցախի մէջ: Անոնք նպաստեցին նաեւ ընկերային-տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ այլ ծրագիրներու զարգացման», շարունակեց ան:
Արցախի պարէնային մթերքներու արտադրական հզօրութեան մեծացման անհրաժեշտութիւնը աճեցաւ Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհին Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակման պատճառով: Շրջափակումը կը շարունակուի աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր` յառաջացնելով սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելիքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու խիստ պակաս:
«Շարունակուող ճգնաժամի պայմաններուն մէջ մենք կը շարունակենք համագործակցիլ Արցախի կառավարութեան եւ գիւղացիներուն հետ` օգնելով ապահովել այդքան անհրաժեշտ պարէնային անվտանգութիւնը», նշեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գրիգոր Պետեան: «Մենք հպարտ ենք, որ ունինք առատաձեռն աջակիցներ, որոնց անսասան նուիրուածութիւնը Արցախին` օգնեց կարելի դարձնել նոյնանման արդիւնաւէտ ծրագիրներ», եզրափակեց ան:
Ապրիլին «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ «Հայկական ծառ» ծրագիրին հետ միասին 90 թոն գետնախնձորի սերմացու տրամադրեց Արցախի Մարտունի շրջանի գիւղացիներուն: «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը շարունակեց իր աշխատանքը Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ` մշակելով այլ ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են Արցախի պարէնային անվտանգութեան եւ ինքնաբաւութեան բարձրացման:
«Կարեւոր է, որ մենք բոլորս այս դժուար եւ նուրբ պահուն կանգնինք Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ ցուցաբերենք անհրաժեշտ օգնութիւն, յայտնեց Պետեան: «Որքան ալ կարեւոր ըլլայ մեր նիւթական օգնութիւնը, բարոյական աջակցութիւնն ու քաջալերանքը ունին նոյնանման նշանակութիւն» եզրափակեց ան:
Ֆրանսական Հեղինակաւոր Mezzo Հեռուստաալիքը Փաստագրական Ժապաւէն Կը Նկարահանէ Արամ Խաչատրեանի Մասին
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Արամ Խաչատրեան» մշակութային հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, ֆրանսական հեղինակաւոր Mezzo հեռուստաալիքը փաստագրական ժապաւէն մը կը նկարահանէ հայ մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի մասին:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն տեղեկացանք, որ վերջերս Երեւանի մէջ Mezzo-ի ստեղծագործական խումբը հարցազրոյցներ վարած է մշակութային հայ գործիչներու հետ: Անոնք ներկայացուած են Արամ Խաչատրեանի կեանքը, ստեղծագործական ուղին, Խաչատրեանի արուեստին ձգած խոր հետքը հայ եւ համաշխարհային դասական երաժշտարուեստին մէջ: Նկարահանումները կատարուած են այն վայրերուն մէջ, որոնք ոգեշնչած են մեծ յօրինողը:
20 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը կը նկարահանուի Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ:
Հաղորդենք, որ Mezzo պատկերասփիւռի կայանը դասական երաժշտութեան ամէնէն յայտնի հարթակներէն է: Կայանը կը հեռարձակէ` հանրայայտ երաժիշտներու կատարումներ, բացառիկ համերգներու ձայնագրութիւններ, միջազգային փառատօներ, երաժշտական նորութիւններ, մեծահամբաւ երաժիշտներու մասին պատմող ժապաւէններ եւ տեսանիւթեր:
Տարուան ընթացքին Mezzo-ի ստեղծագործական խումբը պիտի լուսաբանէ Հայաստանի մէջ իրականացուող խաչատրեանական յոբելենական միւս ձեռնարկները, որոնց մաս կը կազմեն Արամ Խաչատրեան մրցոյթն ու փառատօնը:
«Արամ Խաչատրեան» մշակութային հիմնադրամը կարեւոր կը նկատէ համաշխարհային ճանաչում ունեցող հարթակներու հետ համագործակցութիւնը. կը ներկայացուի Խաչատրեանի երաժշտական արուեստը` հայ մշակոյթը հասանելի դարձնելով ինչպէս դասական երաժշտութեան սիրահարներու լայն շրջանակին, այնպէս ալ մասնագէտներու եւ երաժշտական ձեռնարկներու կազմակերպիչներուն:
Ստեփանակերտի Մէջ Բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» Օփերան
Մայրաքաղաքի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի պետական ակադեմական երգչախումբին կողմէ բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան:
Արցախի պետական ակադեմական երգչախումբի ղեկավար Նինա Գրիգորեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ երաժշտական արուեստի մէջ` իբրեւ իրադարձութիւն, կարեւոր է բեմադրութիւնը:
Զանգուածային տեսարաններու ներկայացման մասնակցեցան երգչախումբին անդամները, իսկ մենակատարները կատարեցին գլխաւոր դերերու սոլոները:
Բեմադրիչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան այնպիսի լաւ աշխատանք կատարեց, որ այս անգամ հեռավարի կարիք չունէինք, մասնակիցները կը յիշէին ամբողջ բեմադրութիւնը, ըսաւ Ն. Գրիգորեան:
Գլխաւոր հերոսուհիի դերակատար Էլինա Ջամալեան արդէն երկրորդ անգամն է, որ հանդիսատեսին կը ներկայանայ Անուշի դերով:
«Միշտ երազած եմ «Անուշ» երգել, եւ ահաւաւիկ իրականութիւն դարձաւ: Շրջափակման պատճառով բեմադրիչը չկրցաւ գալ, փորձեցի յիշել որոշ դրուագներ ու փորձերէն ետք բեմ բարձրացայ», նշեց Է. Ջամալեան:
Հաղորդենք, որ բեմադրութեան ներկայ գտնուեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեանը:
Luxatic Կայքը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Դասեց Աշխարհի 25 Ամէնէն Գեղեցիկ Եկեղեցիներու Ցանկին Մէջ
Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ընդգրկուեցաւ աշխարհի 25 ամէնէն գեղեցիկ եկեղեցիներու ցանկին մէջ` ըստ Luxatic կայքին:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ցանկին մէջ գրաւեց 17-րդ դիրքը:
Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի նախաձեռնութեամբ կառուցուած եկեղեցին նորագոյններէն է մեր ցանկին մէջ: Նաեւ իբրեւ Երեւանի մայր տաճար յայտնի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ամէնէն մեծ եկեղեցին է աշխարհին մէջ: Համալիրը բաղկացած է 3 եկեղեցիներէ, ընդհանուր տարողութիւնը 2000 տեղ է: Անիկա կառուցուած է աւանդական հայկական ճարտարապետութեան ոճով եւ ամէնէն շատ այցելուներ ունեցող եկեղեցին է երկրին մէջ», նշուած է հրապարակման մէջ:
Յայտնուած է նաեւ, որ 25 եկեղեցիները ե՛ւ ներսէն, ե՛ւ դուրսէն ոչ միայն հիասքանչ կրօնական կառոյցներ են, այլեւ` համաշխարհային պատմութեան մէկ մասը, որոնք շատ բան կը պատմեն իւրաքանչիւր երկրի իւրայատուկ մշակոյթին մասին:
Հաղորդուած է, որ ցանկին մէջ ներառուած հիասքանչ տեսարժան վայրերը ո՛չ միայն կրօնական կառոյցներ են, այլեւ` համաշխարհային պատմութեան մաս, ճարտարապետական հրաշալիքներ, որոնք կը վկայեն իւրաքանչիւր երկրի եզակի մշակոյթին մասին:
Տեղեկացնենք, որ ցանկին մէջ ընդգրկուած են` Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարը, Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, Պոլսոյ Ս. Սոֆիան, Քէօլնի տաճարը, Թիֆլիսի Ս. Երրորդութեան տաճարը եւ այլ կառոյցներ:
«Ապշած Եմ, Որ Այս Հարցը Հայաստանի Մէջ 2,5 Տարի Է Ի Վեր Իր Լուծումը Չստացաւ». Շուշիի Գորգերու Թանգարանի Տնօրէն
Շուշիի գորգերու թանգարանէն 170 գորգ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին փրկուեցան ու Հայաստան տեղափոխուեցան, բայց տակաւին մնայուն ցուցադրութեան վայր չունին: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Շուշիի թանգարանի հիմնադիր տնօրէն Վարդան Ասծատրեանը: «Հանդիպեցայ նախարար Ժաննա Անդրէասեանին հետ, ու միասին քննարկեցինք այս հարցը, բայց տակաւին կը սպասեմ իրենց արձագանգին ու որոշումին, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ այս թանգարանին ճակատագիրը»:
Ան շարունակեց` ընդգծելով, թէ քիչ մը ապշած է, որ 2,5 տարի է ի վեր Հայաստանի մէջ այս հարցը իր լուծումը չստացաւ:
«Քիչ մը անյարմար կը զգամ այս մասին խօսիլը: Ընդհանրապէս մեզի բոլորիս պատիւ չի բերեր, որ այս թանգարանին վիճակը այսպիսին է», ըսաւ Վարդան Ասծատրեան:
Ասծատրեան մայիս 9-ին գորգերը ցուցադրեց Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակը եւ այդպիսով իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց քանի մը օր շարունակուող «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» ստորագրահաւաքին:
Շուշիի գորգերու թանգարանը ունեցած է 300 գորգ: Յաջողեցանք փրկել միայն 170-ը, որոնք կը թուագրուին 17-20-րդ դարերով: «Մնացեալ գորգերը ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ թալանուեցան», տեղեկացուց Վ. Ասծատրեան:
Գծանկարային Ժապաւէններու Շաբաթ` Երեւանէն Մինչեւ Գորիս
Հայ շարժանկարի 100-ամեայ յոբելենական ձեռնարկներու պետական ծրագրի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Շարժանկարի արուեստի գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, մայիս 8-15 Հայաստանի մէջ իրականացուեցաւ «Գծանկարային ժապաւէններու շաբաթ» մայիս 9-10-ին` Գորիսի, մայիս 11-12-ին` Գիւմրիի եւ մայիս 13-14-ին` Ստեփանաւանի մէջ:
Գորիսի, Գիւմրիի, Ստեփանաւանի մշակութային օճախներու մէջ ցուցադրուեցան հայկական հին ու նոր գծանկարային շարժանկարներ, վերջին տարիներուն նկարահանուած գծանկարային ժապաւէններ, կայացան հանդիպումներ շարժանկարի արուեստի գործիչներու, գծանկարային բեմադրիչներու եւ նկարիչներու հետ: Ամբողջ տեւողութեան ցուցադրութիւնները ուղեկցուեցան քննարկումներով եւ ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճներով:
Ի դէպ, այս տարին յոբելենական է ո՛չ միայն հայ շարժանկարի, այլեւ հայկական գծանկարային ժապաւէններու համար: «Եթէ 1923-ին երկու համարձակ մարդիկ` Համօ Բեկնազարեանը եւ Դանիէլ Դզնունին, Հայաստանի մէջ ստեղծեցին հայկական շարժանկարը, ապա 1938-ին եւս շատ համարձակ մարդ մը` Լեւ Ատամանեան անունով, Հայաստանի մէջ ձեռնարկեց հայկական գծանկարային ժապաւէններու ստեղծումը, եւ 1938-ին նկարահանուեցաւ «Շունն ու կատուն» գծանկարային ժապաւէնը` Յ. Թումանեանի ստեղծագործութեան հիման վրայ», իր խօսքին մէջ նշեց Արայիկ Մանուկեան, որմէ ետք մեծ պաստառի վրայ դպրոցականներու համար ցուցադրուեցան տարբեր ժամանակներու գծանկարային ժապաւէններ, որոնց շարքին առաջին հայկական գծանկարային ժապաւէնը` «Շունն ու կատուն»: