Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գիրք, Որուն Էջերուն Մէջ Արեւելքի Լոյսն Ու Ջերմութիւնը Կայ. Շնորհահանդէս` Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանատան Մէջ
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ, նկարիչ Էդուարդ Միլիտոնեան շուրջ հարիւր գիրքերու հեղինակ է: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի տարբեր լեզուներով: Եւ ահա հերթականը` «Բառերի արեւելքը» ժողովածուն` արաբերէնով: Գիրքը լոյս տեսած է Դամասկոսի մէջ` Հայաստանի Գրողներու միութեան հրատարակչութեամբ: Այդ առիթով գեղեցիկ ու ինքնատիպ ձեռնարկ մը նախաձեռնած էր Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատունը: Հոգեհարազատ ու գեղեցիկ էր եւ այն, որ ձեռնարկի հիւրերուն` իբրեւ հարազատներու, անձամբ ու ջերմօրէն դիմաւորեց դեսպանը ինքը` Նորա Արիսեանը:
Ողջունելով ներկաները` դեսպանը անդրադարձաւ Էդուարդ Միլիտոնեանի գրական վաստակին, կենսագրութեան, թարգմանական գրականութեան դերին ու նշանակութեան` ի շահ տարբեր ժողովուրդներու բարեկամութեան ու անոնց սերտացման: Ապա կարեւոր նկատեց «Բառերի արեւելքը»:
Գիրքը ամբողջութեամբ բանաստեղծին` Սուրիոյ բազմիցս այցելութիւններէն ստացած տպաւորութիւններու արդիւնքն է: Յուզիչ են, խոր ու պատկերաւոր` «Ուխտագնացութիւն դէպի Տէր Զօր», «Եփրատ», «Փալմիրա-2015», «Ուխտագնացութիւն Հալէպ», այս շարքի տասնեակ այլ բանաստեղծութիւններ, որոնց մէջ պատկերուած են ջարդերու, կոտորածներու ու մահուան տեսարանները` Եփրատի ջուրերուն մէջ, անոր ափերուն, մերձակայ տարածքներու ու մահուան անապատներու մէջ:
Ապա արաբերէնով հատուածներ կարդաց նորընծայ գիրքէն` աւելցնելով.
«Շնորհակալ եմ բանաստեղծին նաեւ այն բանին համար, որ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ իսկական բարեկամի սիրով ու ջերմութեամբ անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ, անոր ժողովուրդին` հարազատի ջերմութեամբ»:
Այնուհետեւ խօսք արտասանեց Էդուարդ Միլիտոնեան. շնորհակալութիւն յայտնելով Դամասկոսի մէջ հրատարակուած գիրքի համար` ան երախտագիտութեամբ նշեց թարգմանիչին եւ հրատարակման գործը ձեռնարկած Տիգրան Գաբոյեանին կատարած նուիրական աշխատանքը: Այնուհետեւ մեկնաբանեց, թէ ուրկէ յառաջացած է իր սէրը Սուրիոյ, արաբական աշխարհի այլ երկիրներու ու ժողովուրդներու հանդէպ.
«Այդ զգացումը յառաջացած է մանկութենէս: Ծնած եմ Սարի թաղը, ուր հիմնականօրէն հայրենադարձներ էին` Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Յունաստանէն: Մեր փողոցին մէջ մշտապէս կրնայիր լսել արաբական երաժշտութիւն, իսկ տարեցները առաւելապէս արաբերէն կը խօսէին: Կ՛երազէի գտնուիլ անոնց ապրած արեւելքի երկիրներուն մէջ, այդ երկիրները զիս կը կանչէին, ես ալ` իրենց: Բայց, որովհետեւ անոնք չեկան, ես գացի: Առաջին անգամ Սուրիա այցելեցի 1983-ին, գացի Փալմիրա, Ապու Լալա ալ Մահարիի թանգարանը, ինչպէս նաեւ այցելեցի անոր գերեզմանը: Ու երբ վերադարձայ, սկսայ նկարել Փալմիրայի չքնաղ տեսարանները, գրուեցան բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ: Այդուհետեւ Սուրիան զիս կանչեց եւս հինգ-վեց անգամ: Այնտեղ գտնուած եմ նաեւ մեծանուն Օհան Դուրեանի հետ` համերգներու առիթով, գրական հանդիպումներու նպատակով: Գացած եմ Եգիպտոս, արաբական այլ երկիրներ… Այնպէս որ, «Բառերի արեւելքը» գիրքս պատահական չէ ստեղծուած: Անիկա կը թելադրէ արեւելքի ժողովուրդներու հանդէպ իմ խորին յարգանքը, մեր ժողովուրդներու այնքան իրար նմանող ճակատագիրները…», ըսաւ Է. Միլիտոնեան:
Իր ելոյթին մէջ գիրքի թարգմանիչ Տիգրան Գաբոյեան ընդգծեց, որ անիկա հրատարակուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Հայ գիրքը` օտար լեզուներով» ծրագրի ծիրին մէջ: Եղած են նաեւ հովանաւոր-աջակիցներ: Խօսելով Սուրիոյ մասին` ան շեշտեց.
«Ինքս Սուրիայէն եմ, ինծի հոգեհարազատ էր գիրքին թարգմանութիւնը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան ու այս երկրին վերաբերող գործերը: Ես Սուրիոյ մասին այնպէս չեմ խօսիր, այն հայրենիք է բոլորին համար, յատկապէս` հայերուս: Թուրքերը որոշած էին հայութիւնը թաղել սուրիական անապատներու մէջ, բայց անոնք այստեղ հակառակը ըրին: Էդուարդ Միլիտոնեան այս ամէնը հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ իր այս գիրքին մէջ»:
Հայաստանի Գրողներու միութեան հրատարակչութեան տնօրէնը` բանաստեղծ, թարգմանիչ Շանթ Մկրտչեան, շնորհաւորելով գրչընկերը, նշեց, որ իրենք ալ անմասն չեն մնացած գիրքի ստեղծման գործին մէջ: Իբրեւ արդիւնք` «Ուրախ եմ բանաստեղծութիւններու այս փունջին համար, որուն բանաստեղծական աշխարհը տոգորուած է արեւելեան բառերու լոյսով…»: Իսկ արմատներով սուրիացի բանաստեղծ Յակոբ Յարութիւնը խօսեցաւ գորովանքով. «Այս պահին կը գտնուիմ ծննդավայր Սուրիոյ տարածքին: Այս իմ առաջին ուրախութիւնս է: Երկրորդը գիրքին ծնունդն է` սքանչելի վերնագրով` «Բառերի արեւելքը»: Այս երկու բառերուն մէջ լոյս կայ, արեւ կայ ու ջերմութիւն:
Ձեռնարկի աւարտին դեսպան Նորա Արիսեան Էդուարդ Միլիտոնեանին յանձնեց դեսպանատան պատուոյ գիրը` հայ-սուրիական գրական կապերու ամրապնդման գործին անմնացորդ նուիրումին համար:
Հայաստանի Ազգային Շարժանկարի Կեդրոնին, Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանին Միջեւ Ստորագրուեցաւ Յուշագիր
Հայ շարժանկարի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ, Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնին եւ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր:
Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնէն յայտնեցին, որ երկու կառոյցներուն պատասխանատուները` Շուշանիկ Միրզախանեան եւ Վահագն Սարգսեան փաստեցին, որ յուշագիրի վաւերացումը բխած է երկու մշակութային կառոյցներու շահերէն` ընդլայնելով կողմերու գործունէութեան շրջանակը արդէն պաշտօնական հիմքով: Համաձայն յուշագրին, կողմերը պիտի իրականացնեն գիտական, կրթական, մշակութային-ժամանցային միացեալ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ` հայկական շարժանկարի ժառանգութեան բովանդակութեամբ ստեղծագործական-կրթական նախագիծներ:
Յուշագրի ստորագրումը մեծապէս կը խթանէ հայկական շարժանկարի ժառանգութեան պատմութեան ուսումնասիրման եւ հանրայնացման գործընթացները: Յիշեալ փոխգործակցութեան իբրեւ արդիւնք` կը նախատեսուի պարբերաբար իրականացնել հետազօտական, ցուցահանդէսային եւ հրատարակչական նախագիծներ: Այս պահուն ընթացքի մէջ է Ֆրունզէ Տովլաթեանի «Բարե՛ ւ, ես եմ» ժապաւէնի վերականգման նուիրուած հետազօտական գրքոյկի նախապատրաստական աշխատանքները, որով ալ պիտի մեկնարկէ հայ դասական ժապաւէններու նուիրուած նոր մատենաշարի հրատարակութիւնը:
Նշենք, որ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կը պահպանուին հայկական շարժանկարի ամէնէն մեծ ու հարուստ արխիւային ֆոնտերն ու հաւաքածոները, որոնք անսպառ նիւթ են շարունակական ուսումնասիրութիւններու եւ բացայայտումներու համար:
Երեւանի Թիւ 181 Հիմնական Դպրոցի Աշակերտները` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ
Երեւանի թիւ 181 հիմնական դպրոցի 8-րդ դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան մարտ 22-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցած դպրոցականներու համար մշակուած կրթական ծրագիրներու 2023 թուականի հերթական հանդիպումին: Այս անգամ հիւրընկալուած էին Երեւանի թիւ 181 հիմնական դպրոցի աշակերտները: Անոնք ներկայացուած նիւթերէն ընտրեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Վահագն Տատրեանի անուան համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ Սուրէն Մանուկեանի «Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական դերակատարները` ոճրագործներ, զոհեր, ականատեսներ եւ փրկողներ» վերնագրով դասախօսութիւնը:
Սուրէն Մանուկեան դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան` շեշտը դնելով մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու նուիրապետական կարգը ներկայացնելուն: Աշակերտներուն հետ քննարկումներու միջոցով ցոյց տրուեցաւ հիմնական որոշում կայացնողներու` օսմանեան պետութեան բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու, Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան վերնախաւի, տեղական կազմակերպիչներու` վալիներու, մութասարիֆներու, տեղական ոստիկանապետներու, ժանտարմերիայի ղեկավարութեան, կրօնական առաջնորդներու եւ «շարքային» մարդասպաններու միջեւ եղած կապերն ու փոխազդեցութիւնները: Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ հարցում-պատասխանով: Այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակից Ինեսա Ստեփանեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին անունով գիրքեր նուիրեց Երեւանի թիւ 181 հիմնական դպրոցի գրադարանին:
Կրթական ծրագրի շրջանակներուն մէջ աշակերտները շրջեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աւագ ուղեկցող Անժէլ Թեւեքելեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացան թանգարանային ցուցադրութիւններուն:
«Համեղ Սնունդ, Զարմանալի Վայրեր». «Ֆորպզ» Անդրադարձած Է Հայաստանին
Նշանաւոր «Ֆորպզ» ամսաթերթը յատուկ գրութեամբ մը անդրադարձած է Հայաստան այցելելու առաւելութիւններուն եւ թուած` այն տասը պատճառները, որոնք կը մղեն զբօսաշրջիկը Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջային ուղղութիւն նկատի առնելու:
«Անկախ անկէ, թէ ինչպիսի՛ ճամբորդող էք դուք, անպայման Հայաստանի մէջ պիտի գտնէք ձեր սիրած բաներուն մեծամասնութիւնը` համեղ սնունդ, զարմանալի վայրեր, որոնք ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, աշխարհահռչակ քոնեակ, գեղեցիկ ու անբիծ բնութիւն եւ շատ աւելին», գրած է «Ֆորպզ»-ի լրագրող Քարոլին Լուպինին` շեշտելով, որ իր վկայութիւնը հիմնուած է անձնական փորձառութեան վրայ:
«Ամէնէն Տպաւորիչ Ուղղութիւններէն Մէկը». Travel Off Path-ը Խորհուրդ Կու Տայ Այցելել Հայաստան
Յայտնի պարբերականը խորհուրդ կու տայ այցելել Հայաստան` զայն համարելով ամէնէն տպաւորիչ եւ հեռանկարային ուղղութիւններէն մէկը: Պարբերականին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի զբօսաշրջային ուղղութիւնները, անոնց առաւելութիւններն ու առանձնայատկութիւնները: Հայաստան աշխարհի մէջ առաջինը եղած է, որ հրաժարած է հեթանոսութենէն եւ ընդունած` քրիստոնէութիւնը, հակառակ որ ներկայիս շրջապատուած է իսլամական երկիրներով: Անկէ բացի` անիկա ունի շատ հին պատմութիւն եւ մշակոյթ, գրած է պարբերականը: Զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կը տրուի այցելել` Երեւան, Սեւան, Գիւմրի, Նորավանք, Ծաղկաձոր, Դիլիջան եւ այլուր` վայելելով հայ ժողովուրդի հիւրասիրութիւնն ու ջերմութիւնը: Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն:
Նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի «Սուրբ Յարութեան Խորհուրդով» Ցուցահանդէսի Բացում
Գիւմրիի Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահին մէջ, Ս. Յարութեան տօնին ընդառաջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի «Սուրբ Յարութեան խորհրդով» հոգեւոր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը: Շարքը ստեղծուած է տարբեր տարիներու` սկսեալ 1995 թուականէն մինչեւ օրս: «Այս նիւթերով նկարներս սկսած են, երբ նոր գացած էի Միացեալ Նահանգներ եւ հայրենիքէն հեռանալու ու նոր աշխարհի մէջ յայտնուելու հանգամանքը մղեց զիս նորովի անդրադառնալու մեր հոգեւոր հաւատի հիմքերուն: Յատկապէս հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան էջերը ինծի նոր ուժ ու լիցք հաղորդեցին», ողջունելով հիւրերը` նշեց նկարիչը տեղեկացնելով, որ «Քրիստոս Փրկիչը» կտաւը ծնած է արցախեան երկրորդ պատերազմի օրերուն եւ անոնց յաջորդած ժամանակաշրջանին:
Ներկայացնելով եղբօր գործերը` արուեստաբան Լեւոն Լաճիկեան նշեց, որ աշխատանքները առաջին անգամն են, որ կը ցուցադրուին, անոնք հայ միջնադարեան մանրանկարիչներու գործերու նորովի ընթերցումներ են, հեղինակային ինքնատիպ անդրադարձներ: Յաճախ միեւնոյն նիւթը` «Մուտք Երուսաղէմ», «Խորհրդաւոր ընթրիք» եւ այլն, նկարիչին հոգեվիճակով համաձայնուած, տարբեր տարիներու տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացեր են:
Հեղինակին «Խորհրդաւոր ընթրիք»-ներէն մէկը տեղ գտած է աշխարհահռչակ փոփ-աստղ Մայքըլ Ճեքսընի հաւաքածոյին մէջ: Միեւնոյն խորագրին տակ ամփոփուած գործերով հեղինակը իր ուղերձը կը յղէ աշխարհին` փոխանցելով ոչ միայն հրաշափառ Յարութեան, այլ նաեւ հայ ազգի Վերածնութեան աւետիսը:
Նոյն օրը, Գիւմրիի մշակութային աւանդոյթներու պահպանման ու զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդը եւ արուեստի ոլորտին մէջ բազմամեայ գործունէութիւնը գնահատելու նպատակով, ղեկավարուելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրէնքով, քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեան արուեստաբան եւ գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի պարգեւատրեց Գիւմրիի քաղաքապետարանի ոսկիէ յուշամետալով: